Օգոստոս նաեւ՝Աւգոստոս, տարուան ութերորդ ամիսը՝ ըստ Գրիգորեան օրացոյցին, ունի 31 օր։ Օգոստոսբառը կը ծագի Օգոստոսկայսեր անունէն։
Այս ամիսը նախապէս լատիներէն Sextilis կոչուած էր, քանի որ ան Ք.ա. 753-ին ստեղծուած հռոմէական տասնամսեայ օրացոյցին վեցերորդ ամիսը եղած էր, երբ Մարտը կը համարուէր առաջինը: Ք.ա. շուրջ 700-ին անիկա կը դառնայ ութերորդը, երբ Նումա Պոմպիլիուսին կողմէ Մարտէն առաջ Յունուարն ու Փետրուարը կ'աւելացուին: Ք.ա. 45-ին Յուլիոս ԿեսարՅուլեան օրացոյցը ստեղծելու ատեն կ'աւելցնէ երկու օր, անոր տալով ներկայի 31 օր երկարութիւնը: Ք.ա. 8-ին անոր կը տրուի Աւգոստոս կայսեր անունը (հակառակ տարածուած կարծիքին, Փետրուար ամիսէն օր չէ վերցուած): Հռոմի Սենատը այս որոշումը կայացուցած է այն պատճառով, որ այս ամիսը եղած է անոր ամէնէն մեծ յաղթանակներու ամիսը, որոնցմէ ամէնէն կարեւորն է՝Եգիպտոսի նուաճումը:[1]
Եւրոպական լեզուներուն մէջ՝ Օգոստոս անունը, հիմնականօրէն, կը համապատասխանէ լատինական աւանդոյթին։ Սակայն կան նաեւ բացառութիւններ. այսպէս՝ ֆիններէն կը կոչուի elokuu՝ «հացի ամիս», արեւելա-սլավոնական լեզուներուն մէջ՝ անունը կապուած է «մանգաղ» նշանակող բառին հետ, Ուքրաներէն՝ серпень, լեհերէն՝ sierpień, չեխերէն՝ srpen։