Քրաքով (լեհերէն.՝ Kraków [ˈkrakuf]),Լեհաստանի ամենահին քաղաքներէն մէկն է։ Կ'ենթադրուի, որ հիմնադրուած է մօտաւորապէս 7-9–րդ դարերուն, հակառակ անոր որ հնագէտներու կարծիքով մարդիկ այս տարածքին սկսած են ապրիլպալեոլիթէն (մօտաւորապէս 8 հազար տարի առաջ Ք.ա.)։
Ք.ե.10–րդ դարուն՝ 990 թուականին Միեշքօ Ա. Քրաքովի մէջ Լեհաստանի թագաւորութեան հիմքը դրած է։
Կը յիշատակուի 10-րդ դարէն։ Առաջացած է վիսլեաններ ցեղին 8-9-րդ դարերու բնակավայրի տեղը։ Քաղաքը լեհերէն կը կոչուի Քրաքուվ (լեհ.՝ Kraków)։ Ոմանք կ՛ենթադրեն, որ անուանումն առաջացած է Քրաք անձնանունէն (ամրոցի հիմնադիրը կամ տէրը), ոմանք ալ կ՛ենթադրեն, որ այն առաջացած է լեհերէն kruk ― «ագռաւ» բառէն, այսինքն՝ «ագռաւատեղ»[3]։