Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "ref-da" does not exist։
հֆնյ
Քոփենհակըն[4] (դան․՝København [kʰøb̥ənˈhaʊ̯ˀn], հինդան․՝Køpmannæhafn - «Արեւտրականներու նաւահանգիստ»,լատ.՝ Hafnia), Դանիոյ մայրաքաղաքը եւ խոշորագոյն բնակավայրը։ Կը գտնուիԶելանտա,Սթոքհոլմէն եւԱմագեր կղզիներու վրայ։ Պատմական քաղաքի բնակչութիւնը կը կազմէ աւելի քան 500 հազար մարդ, արուարձաններով՝ աւելի քան 1 մլն մարդ։ Քոփենհակընի մէկ մասը կը կազմէՔրիստիանիայ ազատ քաղաքը, որ ունի մասամբ ինքնակառավարութիւն։
Առաջին անգամ Քոփենհակընը պատմական աղբիւրներուն մէջ յիշատակուած է1043 թուականին, Հավն նաւահանգիստի անուամբ։ Իսկ1170 թուականէն անուանուած է Քոփենհակըն։
1254 թուականին ստացած էքաղաքի կարգավիճակ։1416-ին անցած է թագաւորի անմիջական իշխանութեան տակ եւ ստացած լայն արտօնութիւններ, իսկ1433-ին դարձած է թագաւորանիստ քաղաք։
20-րդ դարու սկիզբէն քաղաքն աճած է դէպի հիւսիս-արեւմուտք եւ հարաւ՝ միաձուլուելով արուարձաններուն, ուր կառուցած են բնակելի համալիրներ։ 20-րդ դարու կառոյցներէն ենԳրունդտվիգի եկեղէցին (1921-1940), ռատիօկեդրոնի համալիրը (1938-1945), «ՍԱՍ» օդանաւային ընկերութեան շէնքը (1959)։ Քոփենհակընի զարգացման գլխաւոր յատակագիծը հրապարակած է 1948-ին (ճարտարապետ՝ Ս. Է. Ռասմուսսէն)։