Քիքլատեսի մայրաքաղաք Էրմուփոլիին նաւահանգիստը իրիկուան, Օգոստոս 2021Քիքլատեսին բացերը, Էգէական ծովՍեւեռելով Էգէական ծովը, ՍիրոսՆէորիօ նաւարանը, Սիրոս, Քիքլատես
Քիքլատես կղզեխումբ (յուն․՝Κυκλάδες),Էգէական Ծովուն կղզիներու համալիր,Յունաստան։ Քիքլատես անունը հին աշխարհագէտները տուած ենՏիլոս սուրբ կղզիին շուրջը կղզիներուն բոլորաձեւ դասաւորման պատճառաւ․ (Κυκλάδες = բոլորաձեւ /κύκλος = շրջանակ)։ Տարածութեամբ ամենամեծ կղզինՆաքսոսն է, իսկ ամենախիտ բնակչութեամբ՝Սիրոսը։
Հանդարտ կղզի, գեղեցիկ ծովափներով։ Աթենացիները զայն կը նախընտրեն, որովհետեւԱթէնքին մօտ է։ Տարածութիւնն է 131,693 ք․քմ․եւ ծովեզրը՝ 88 քմ․։ Բնակչութեան թիւն է՝ 2 455։ Գլխաւոր նաւահանգիստն է՝ Քորիսիա կամ՝ Լիվատի։
Կը գտնուիՔէա եւՍերիֆօ կղզիներուն միջեւ։ Ունի երկու միջերկրեայ գիւղեր, որոնցմէ Մասարիա (կամ՝ Խորա) մայրաքաղաքն է։ Գլխաւոր նաւակայքն է Մերիխաս։ Տարածութիւնն է 99,432 ք․քմ․։ Բնակչութեան թիւն է՝ 1․310։ Կղզին ունի 92 ծոցիկներ եւ ծովափներ։ Շուրջը կը գտնուին կղզիակներ եւ ժայռակղզիակներ։
Մայրաքաղաքը՝ Հորան, կառուցուած է 200 մ․ բարձրունքի վրայ։ Նաւակայքն է Լիվատի։ Տարածութիւնն է 75,207 ք․քմ․ եւ բնակչութեան թիւն է՝ 1 402։ Անբերի կղզի է։ Ունի 42 գեղեցիկ ծովափներ։ ԺԸ․րդ եւ ԺԹ․րդ դարուն կը զարգանայ շնորհիւ հանքային շահագործման։
Տարածութիւնն է 73,942 ք․քմ․ եւ բնակչութիւնը կը հաշուէ 2 625 հոգի։ Մայրաքաղաքն է Ափոլօնիա, 869 բնակիչներով։ Անունը առած է Ափոլոնաս աստուածէն։ Կղզիին մէջ զարգացած են կաւագործութիւնը, շնորհիւ հողի բաղադրութեան։ Ունի խոհարարութեան մեծ աւանդութիւն։ Ժամանակի ընթացքին Սիֆնոսցի կաւագործներ կը հաստատուին Խիօ,Կրետէ, Քիքլատես եւՍարոնիքոս ծոցին կղզիները եւ կը ծանօթացնեն կաւագործութեան գաղտնիքները։ Կը համարուի մշակոյթի եւ եկեղեցիներով–մատուռներով լեցուն կղզի։ Յունաստանին տուած է նշանաւոր անձնաւորութիւններ․ կաթողիկոսներ, քաղաքագէտներ, հանրածանօթ խոհարար, համալսարանի դասախօսներ, եւայլն։
Հրաբխային կղզի․ ժայռոտ գեղեցիկ կազմաւորումներով, իրարմէ տարբեր եւ գրաւիչ 90 ծովափներով ու հարուստ մշակոյթով։ Տարածութիւնն է՝ 151 ք․քմ․ եւ բնակչութեան թիւը՝ 5․129։ Աշխարհածանօթ են Միլոսի Աֆրոտիթի նշանաւոր արձանը, որՄիլոս գտնուած է 1820 թուականին եւ այժմ կը հիւրասիրուիԼուվրի թանգարանը (անոր ընդօրինակութիւնը կը գտնուի Միլոս կղզիին թանգարանին մէջ), ինչպէս նաեւ Միլոսի հին թատրոնը (Ք․ա․ 1-ին դար), քրիստոնէական առաջին տարիներուն ստեղծուած գետնադամբանները, Քլիմա, Մանտրաքիա եւ Ֆիրոփոթամօ ձկնորսներու ծովեզերիայ բնակավայրները փորուած հրաբխային տուֆ-քարայրներու մէջ։
Կը գտնուիԷվիա կղզիին հարաւ արեւելքը եւՍիրոս կղզիին հիւսիս արեւելքը։ Կղզին կ՛երկարի հիւսիս արեւմուտքէն դէպի հարաւ արեւելք։ Տարածութիւնն է 381 ք․քմ․ եւ բնակչութեան թիւն է՝ 9․170։ Մայրաքաղաքն է Անտրոս կամ՝ Խորա։ Նաւահանգիստն է՝ Ղաւրիօ-ն։ Կղզիին լայնքին եւ երկայնքին շարուած կը գտնուին 4 լեռնաշղթաներ․ անոնք կղզին 5 զուգահեռ մասերու կը բաժնեն։ 19-րդ դարուն եւ 20-րդ դարասկիզբին կը գործէին երեք մետաղի հանքեր։ Բնակիչները գլխաւորաբար կը զբաղին նաւագնացութեամբ եւ վաճառականութեամբ, այսպէս կղզին դարձած է նաւային եւ տնտեսական կեդրոն։ Անտրոս կղզին հարուստ է մշակոյթով․ ունի բազմաթիւ թանգարաններ։ Յունաստանին տուած է նշանաւոր անձնաւորութիւններ․ կաթողիկոսներ, քաղաքագէտներ, հանրածանօթ նաւատէրեր (յատկապէս միջազգային տարողութեամբ, ինչպէս՝ Ղուլանտրի եւ Էմպիրիքոս ընտանիքները), համալսարանի դասախօսներ, բանաստեղծներ, հնագէտներ, բանասէրներ, գրագէտներ, նախարարներ, եւայլն։
Կը գտնուիԱնտրոս կղզիին հարաւ արեւելքը,Միքոնոս կղզիին հիւսիս արեւմուտքը եւՍիրոս կղզիին հիւսիս արեւելքը։ Կէս ծովային մղոն միայն զայնԱնտրոսէն կը բաժնէ, իսկ Միքոնոսէն՝ 5 մղոն եւ Սիրոսէն՝ 12։ Թինոս կը նմանի երկայնաձեւ եռանկիւնի մը։ Ամենաբարձր գագաթը Ցիքնիաս 726 մ,, կը գտնուի կղզիին արեւելքը, իսկ կեդրոնը՝ Էքսոմվուրղօ ժայռը՝ 641 մ․։ Կղզիին ծովեզր 114 քմ․ է եւ կ՛ընդգրկէ կղզիին շուրջը գտնուող ժառակղզիակները։ Աստուածամօր եկեղեցին, Յունաստանի գլխաւոր ուխտավայրերէն է․ անոր տօնին՝15 Օգոստոս, եւ նախորդող ու յաջորդող շաբաթներուն կղզին կ՛ողողուի ուխտեալներով։ Կղզիին տնտեսութիւնը բացի զբօսաշրջիկութենէն, յենուած է նաեւ անասնապահութեան, գիւղանտնեսութեան, մեղուաբուծութեան, ձկնորսութեան, նաւագնացութեան եւ մարմարի գործարկութեան․ մարմարարուեստը ներառնուած է Եունեսքոյի Անշօշափելի Մշակութային Ժառանգութեան Ցանկին մէջ ։ Ունի 41 ծովափներ։
Քիքլատես կղզեխումբին մէջտեղը գտնուող կղզի․Թինոս կղզիին հարաւ-արեւելքը, Միքոնոսին արեւելքը եւՔիթնոսի արեւմուտքը։ Մայրաքաղաքն է էրմուփոլի, որ նաեւ Յունաստանի Հարաւային Էգէականի Շրջանային Միաւորումին նստավայրն է։ Տարածութիւնը 84,069 ք․քմ․ է եւ բնակչութեան թիւը՝ 21․390։ Հարուստ մշակոյթով կղզի է։ Մայրաքաղաքը կը յատկանշուի նոր-դասական ոճի շէնքերով։ Յունաստանին տուած է նշանաւոր անձնաւորութիւններ․ կաթողիկէ դաւանանքի առաջնորդներ, քաղաքագէտներ, գրագէտներ, համալսարանի դասախօսներ, բանասէրներ, եւայլն։ Տե՛ս բուն արձանագրութիւն՝Սիրոս (կղզի)
Կը գտնուիՍիրոս կղզիին արեւելքը,Թինոս կղզիին հարաւ-արեւելքը եւՆաքսոս կղզիին հիւսիսը։ Տարածութիւնն է 106 ք․քմ․ իսկ բնակչութեան թիւն է՝ 10 134։ Յունաստանի առաջին շրջաններէն է, ուր զբօսաշրջիկութիւնը կը զարգանայ (1960 թուականէն)։ Միքոնոս քաղաքապետութիւնը կը բաղկանայՄիքոնոս,Ռինիա եւՏիլոս (հանրածանօթ հնագիտական վայրերուն եւ թանգարանին համար) կղզիներէն եւ անոնց շուրջը գտնուող ցիր ու ցան ժայռակղզիակներէ։ Կղզին բնակուած է Ք․Ա․ 6-րդ հազարամեակէն։
Փարոս – Փարիքիա, մայրաքաղաքը եւ գլխաւոր նաւահանգիստը
Տարածութիւնն է 193․308ք․քմ․ եւ բնակչութեան թիւն է՝ 13 710։ Փարոս քաղաքապետութիւնը կ՛ընդգրկէ նաեւ բազմաթիւ անբնակելի կղզիակներ եւ ժայռագօտիներ։ Կղզիին հարա-արեւմուտքը կը գտնուիԱնտիփարոս կղզին։ Նաքսոս կղզիէն բաժնուած է 8 քմ․ լայնք ունեցող (5 մղոն) ջրանցքով։ Կղզիին արեւելեան ափերը բնական նաւակայքեր եւ գեղեցիկ ծովափներ կը կազմեն։ Ունի երեք գլխաւոր նաւահանգիստներ․ Փարիքիա, Նաուսա եւ Տրիոս։ Զարգացած են գիւղատնտեսութիւնը, ձկնորսութիւնը եւ զբօսաշրջիկութիւնը։
Քիքլատես կղզեխումբին ամենաբարեբեր եւ տարածութեամբ ամենամեծ կղզին՝ 429,79 ք․քմ․։ Բնակչութիւնը 7․070 հոգի կը հաշուէ։Քիքլատեան քաղաքակրթութեան կեդրոնը եղած է։ Կղզին հիւսիսէն դէպի հարաւ կը ճեղքէ Զաս կամ Տրիօ լեռնաշղթան, որուն ամենաբարձր գագաթն է Տիա կամ Զա (1․002 մ․)։ Հնագիտական պեղումներ կը հաստատեն թէՆաքսոս բնակուած է Հին Քարեդարի շրջանէն։ Նշանաւոր է մարմար քարով եւ զմռնիտemery հանքանիւթով։ Անասնաբծութիւնը, գիւղատնտեսութիւնը, ձկնորսութիւնը, հանքագուրծութիւնն եւ զբօսաշրջիկութիւնը տնտեսութեան գլխաւոր աղբիւրներն են։
Կը գտնուիՍիքինոս եւՄիլոս կղզիներուն միջեւ,Սանթորինի կղզիին հիւսիս-արեւմուտքը։ Ափերը դարուվար են եւ բազմաթիւ հրուանդաններ եւ խորշեր կը կազմեն։ Տարածութիւնն է 32,384 ք․քմ․ եւ ունի 291 բնակիչ։ Համեմատաբար հանդարտ կղզի է։
Կը գտնուի Ֆոլեղանտրոս եւԻոս կղզիներուն միջեւ։ Լեռնային կղզի է, 41,676 ք․քմ․ տարածութեամբ եւ 260 բնակիչներով։ Շրջապատուած է բազմաթիւ կղզիակներէ եւ ժայռակղզիակներէ։ Անոր գլխաւոր ծոցիկը նաեւ նաւահանգիստն է։ Բնակիչներուն գլխաւոր զբաղումն է ձկնորսութիւնն եւ գիւղատնտեսութիւնը։
108,713 ք․քմ․ տարածութեամբ եւ 2․030 բնակիչներով կղզին կը գտնուիՆաքսոս,Սիքինոս եւԹիրա կղզիներուն միջեւ։ Բազմաբլուր կղզի, որուն գահաւանդները մինչեւ ծով կ՛իջնեն։ Վարչականօրէն մաս կը կազմէ Թիրա Շրջանային Միաւորին։ Ունի գեղեցիկ ծովափներ եւ կը ներգրաւէ մասնաւորաբար երիտասարդ զբօսաշրջիկներ։
Բնակուած է Ք․Ա․ 4-րդ հազարամեակէն։ Տարածութիւնն է 126,3 ք․քմ․ եւ բնակչութեան թիւը՝ 1․973։ Մայրաքաղաքն ՝ Խորա եւ գլխաւոր նաւահանգիստը՝ Քաթափոլա։ Բնակիչները աւանդաբար կը զբաղին անասնապահութեամբ, ձկնորսութեամբ եւ նաւային աշխատանքներով։ Վերջին տասնամեակին զբօսաշրջիկութիւնը արագօրէն կը զարգանայ։
Աջին՝Սանթորինի եւ ձախին՝Թիրասիա․ մէջտեղը՝ «քալտերա»նՖիրա․ նկարուած հիւսիսէն
Սանթորինի կամ՝ Թիրա։ Բնակուած է Ք․Ա․ 6-րդ հազարամեակէն։ Աշխարհահռչակ կղզի – հրաբուխ, 76,19 ք․քմ․ տարածութեամբ եւ 15․250 բնակիչներով։ Կղզին Էգէական Ծովուն հրաբխային գօտիին կը պատկանի եւ բնորոշուած է իբրեւ աշխուժ հրաբուխ Միլոս եւ Նիսիրօ կղզիներուն ու Մեթանային հետ։ Սանթորինին, ինչպէս նաեւԹիրասիա եւԱսփրոսնիսի կղզիները Սդրոկիլի հրաբխային կղզիին մնացորդացն են․ հետեւանք՝ Ք․ա․ 1613 պատահած հրաբխային պայթումին որ պատճառ եղաւՄինոասեան քաղաքակրթութեան կործանման։ Անջրդի, չոր, առանց լիճերու, գետերու կամ ձորերու կղզի է, սակայն հողը բարեբեր է ու կը նպաստէ որթատունկի, ֆավայի եւ լոլիկի մշակման։ Զբոսաշրջիկութիւնը վերջին տասնամեակներուն շատ զարգացած է։ Մայրաքաղաքն է Ֆիրա, իսկ նաւահանգիստը՝ Աթինիոս։
9,246 ք․քմ․ տարածութեամբ եւ 319 բնակիչներով փոքր կղզի,Սանթորինիին արեւմուտքը։ Մաս կը կազմէր Սդրոկիլի կղզիին, որ Ք․Ա․ 1613 հրաբխային պայթումով կղզիներու կը բաժնուի եւ մէջտեղը կը ստեղծուի «քալտերա»ն։ Մայրաքաղաքն է Մանոլաս։
Լեռնային կղզի, կը գտնուի Սանթորինի կղզիին արեւելքը։ Տարածութիւնն է 38,636 ք․քմ․ իսկ բնակչութեան թիւն է՝ 271։ Լղզիին արեւելեան ծայրամասին կը գտնուի Վրախոս կրաքարէ մենաքար․ Եւրոպայի երկրորդ մեծագոյն մենաքարը կը սեպուի, Ճիպրալթարէն ետք։ Ամբողջ կղզին կը ներառնուի Յունաստանի Բնապահպանման ցանկին մէջ․ անոր արահետներէն հետիետն պտոյտները զբոսաշրջիկներ կը ներգրաւեն։
Երկու կղզիներու եւ քանի մը ժայռակղզիակներու համալիր․Բանօ (կամ Անօ) եւ Քաթօ Քուֆոնիսիա կղզիները իրարմէ կը բաժնուի փոքրիկ նեղուցէ մը։ Կը գտնուին Նաքսոս կղզիին հարաւ արեւելքը եւ Ամորղոյին արեւմուտքը։ Ափերուն հսկայ քարայրներ կը գտնուին։
Քիքլատես կղզիները Ք․Ա․ 1450-ական եւ 1100-ական թուականներուն յաջորդաբար կը հպատակին Ախայեան (Ախէի)Ἀχαιοί եւ Տորեան յունական ծագումով ցեղերուն։ Իսկ, Ք․Ա․ 10-րդ դարուն՝ Յոնիացիներուն, որոնք Ք․Ա․ 7-րդ դարունՏիլոս կղզիակին վրայ կը հիմնեն կրօնական մեծ սրբավայրը։
Պարսիկները Քիքլատես կղզիները կը գրաւեն Ք․Ա․ 490 թուականին։ Հետագային անոնք մաս կը կազմեն Աթէնքի Դաշինքին։
Հռոմէական Կայսրութեան իշխանութեան ժամանակ, կղզիները յաճախ ծովահէններու յարձակումներուն թիրախ կը դառնան։
Հռոմէական Կայսրութեան բաժանումով, Քիքլատեսի կղզիներըԲիւզանդական Կայսրութեան մաս կը կազմեն մինչեւ ԺԳ․ դարասկիզբին։Խաչակիրներու Դ․ արշաւանքէն ետք (1204), Քիքլատես կը գտնուիՎենետիկցիներուն գերիշխանութեան տակ։ Անոնք Քիքլատես կղզիները կը ձգեն լատին իշխանական տուներու լուծին տակ։ 1537 թուականին Քիքլատես կղզիներուն մեծ մասը եւ1579 բոլորըՕսմանեան Կայսրութեան իշխանութեան ձեռքը կ՛անցնին։ Սակայն կղզիներուն վրայ անոնց գերիշխանութիւնը նուազ ճնշիչ է բաղդատաբարՅունաստանի միջերկրիայ մասին։ Սկզբնական շրջանինԲարձր դուռը մահմետական գաղթաբնակներ, դատաւորներ եւ կառավարիչներ կը փորձէ կղզիները ուղղարկել բնակութիւն հաստատելու համար, սակայն անոնք հերթաբար քրիստոնիայ ծովահէններու կողմէ կ՛արեւանգուին եւ Մալթա կը ծախուին։ Սուլթանը կը հրաժարի եւ կղզիներուն առանձնաշնորհումներ կը պարգեւէ՝ ցած տուրքեր, կրօնական ազատութիւն․ Ենիչարիներուն հոն հաստատուիլը կ՛արգիլէ։
1880-ական թուականներուն Աթէնքի Անգլիական Դպրոցին կողմէն տեղի կ՛ունենան կանոնաւոր հնագիտական պեղումներ, որոնց կը գլխաւորէ Խրիստոս Ցուտաս։ Այս պեղումներուն շնորհիւ, Քիքլատես կղզիներուն տարածքին կը գտնուին նախապատմական շրջանէն բազմաթիւ գերեզմաններ եւ բնակավայրեր եւ կը սահմանուի «Քիքլատեան Մշակոյթ» եզրով։