Փլինիոս Աւագը(Pliny the Elder) վաւերագրած է շուրջ Ք.Ա. առաջին դարու կէսին թերակղզիին բնակիչներուն հետ առնչուող ամէնէն վաղ վկայութիւնը։
Հռոմէացի գրողը իր գործին մէջ Քաթարը յիշատակած էՔաթարէի անուանումով, որ ամենայն հաւանականութեամբ վերցուած է տեղաբնակներու լեզուէն[4][5]։ Մէկ դար ետք, յոյն նշանաւոր աշխարհագրագէտ Քլավտիոս Պտղոմէոսը կը ներկայացնէ թերակղզիին առաջին քարտէսը, ուր երկիրը յիշատակուած էրՔաթառա անուանումով[6]։
Քարտէսին մէջ մատնանշուած էր նաեւ թերակղզիին արեւելքը գտնուող «Քաթարան» անունով քաղաք մը[7]։Քաթառա անուանումը օգտագործուած է մինչեւ ԺԸ. դար[8], որմէ ետք, «Քաթառան» կը դառնայ ամէնէն տարածուած անուանումը[7]։ Ի վերջոյ, ժամանակակից ուղղագրութեամբ «Քաթար»ը կ'ընդունուի իբրեւ երկրին անուանումը[7]։
Ժամանակակից գրական արաբերէնի մէջ երկիրին անուանումը կ'արտասանուի, իբրեւ [qɑtˤɑr], իսկ տեղական բարբառներուն մէջ՝ [ɡitˤar][9][10]։
Վեր խոյացող տարօրինակ քարաժայռ Զակրէթի անապատին մէջ
Քաթար տեղակայուած էԱսիոյ հարաւ արեւմտեան մասին մէջ՝Արաբական թերակղզիին վրայ։ Բացարձակ միապետութեան կառավարման համակարգ ունեցող այս երկիրը կը գտնուի համանուն թերակղզիին մէջ,ծովու մակերեսէն 103 մեթր բարձրութեան վրայ[11]։ Արաբական թերակղզիին արեւելքը գտնուելուն պատճառով, Քաթար թերակղզիին դիրքը ցած է։ Անիկա պայմանաւորուած է նաեւ այն հանգամանքով, որ Արաբիոյ հարաւ-արեւմուտքը գտնուող հնագոյն լեռները, զառիվար իջնելով, կը տարածուին դէպի ենթացամաքին միւս շրջանները՝ ձեւաւորելով արեւելեան հարթավայրային շերտը։ Ամէնէն բարձր կէտը երկրին հարաւը՝ Սէուտական Արաբիոյ հետ սահմանին մօտ գտնուող Քուրայն Ապու ալ-Պաուլ լեռն է՝ 103 մեթր բարձրութեամբ[12]։ Քաթարի գրեթէ ամբողջ տարածքըանապատային է։ Ափերը ցած են, հարթ, տեղ-տեղ կտրտուած ծոցերով՝ եզրաւորուած խութերով։ Մակերեւոյթը կրաքարերէն կազմուած ցած, քարքարոտ, տեղ-տեղ ճահճապատ հարթութիւն է։ Հարուստ է նաֆթի եւ բնական կազի հանքավայրերով։ Երկրին հիւսիսային աւազոտ հարթավայրերուն մէջ տեղ-տեղ կը նկատուին ովասիսներ, որոնք կը զբաղեցնեն խիստ սահմանափակ տարածքներ։ Քաթարը գրեթէ ամբողջութեամբ (բացառութեամբ Սէուտական Արաբիոյ հետ սահմանամերձ հատուածէն) շրջապատուած էՀնդկաց ովկիանոսին մաս կազմողՊարսից ծոցին ջուրերով։ Ծովափնեայ գիծին ընդհանուր երկայնքը կը կազմէ 563 քմ։ Ափերը ցած են, հարթ, տեղ-տեղ կտրտուած ծոցերով՝ եզրաւորուած խութերով։ Մշտական գետեր չկան եւ շատ են չոր հուները։ Անապատային ովասիսներուն մէջ կան ստորգետնեայ քաղցրահամ աղբիւրներ։ Պարսից ծոցին առափնեայ հատուածները հարուստ են նաֆթի եւ բնական կազի պաշարներով։
Կլիման անապատային է, գետեր չկան։ Մեծ տարածքներ կը զբաղեցնեն անապատները, ուր տեղ-տեղ կը գտնուին ովասիսներ։ Անապատային տեղանքն ու ներքին ջուրերու սակաւութիւնը երկրին մէջ կը յառաջացնեն ըմպելի ջուրի տագնապ։ Կ'օգտագործեն ծովու աղազերծուած ջուրը։
Քաթարի տարեկան միջին ջերմաստիճանը կը կազմէ շուրջ 27.15°C։ Ցայտուն կերպով արտայայտուած են տարուան չորս եղանակներէն միայն երկուքը՝ամառն ուձմեռը, իսկ աշունն ու գարունը կը համարուին անցումային եղանակներ։ Տարուան ամէնէն տաք ամիսը Յուլիսն է, իսկ ամէնէն ցուրտը՝ Յունուարը։ Յուլիսեան միջին ջերմաստիճանը կը կազմէ 32°C, իսկ յունուարեանը՝ 16°C։ Տարուան ամէնէն երկարատեւ եղանակըամառն է։ Անիկա կը սկսի Մայիսին եւ կ'աւարտի Սեպտեմբերին։ Քաթարական ամառներուն բնորոշ յատկանիշներն են խիստ ջերմութիւնը, անոր փոխարինող չորութիւնը եւ յարաբերական խոնաւութիւնը։ Ամրան ամէնէն տաք օրերուն Քաթարի ջերմաստիճանը կրնայ գերազանցել 50°C-ը։ Ի տարբերութիւն ամրան՝ ձմեռը չափազանց կարճատեւ է։ Անիկա կը սկսի Նոյեմբերի վերջին եւ կ'աւարտի Մարտի կէսերուն՝ տեւելով 4-5 ամիս։ Տարուան ամէնէն ցուրտ օրերուն ջերմաստիճանը 7°C-էն աւելի ցած չ'իջներ։ Բացասական ջերմաստիճանային պայմաններ վերջին հարիւրամեակին չեն գրանցուած։
Տարեկան տեղումներու միջին քանակը կը կազմէ 100 մմ (3,9 սմ)։ Ունենալով իւրայատուկ կլիմայ՝ Քաթար կը գտնուի բնութեան աղէտներու թիրախակէտին մէջ։ Ձմրան ամիսներուն յաճախ տեղի կ'ունենանփոթորիկներ եւջրհեղեղներ, իսկ ամառնային փոթորկածին քամիները վնաս կը հասցնեն փոխադրամիջոցներու ենթակառոյցներուն եւ այլ ծառայութիւններու։ Այնուամենայնիւ, հարկ է նշել, որ յորդառատանձրեւներ հազուադէպօրէն կը տեղան։ Երկրին տարբեր հատուածներուն բնորոշ են եղանակային կարճատեւ անձրեւներու առատութիւնը։
Հազարամեակներ շարունակ՝ մինչեւ մեզմէ 10,000 տարի առաջ, Արաբական թերակղզին պատուած էարեւադարձային մշտադալար անտառներով, իսկ Հիժազի լեռներէն հոսած են բազմաթիւգետեր, որոնք հասած են մինչեւ թերակղզիին արեւելեան մասերը։ Այս մէկը կը վկայեն այսօրուան չորցած գետահուները,ստորգետնեայ ջուրերու մեծ քանակը եւնաֆթի ու բնական կազի հսկայական պաշարները։ Այսօր այդ անտառներուն փոխարէն տեղ-տեղ մնացած են ովասիսներ, որոնք կը գտնուին թերակղզիին ստորգետնեայ ջուրեր ունեցող վայրերուն մէջ։ Քաթարի տարածքին արեւադարձային անտառներ չեն պահպանուած։ Քաթարի ովասիսներուն մէջ հանդիպող հիմնական ծառատեսակը փիւնիկեան արմաւենին է։ Կան նաեւ այլ լայնատերեւ բոյսեր։ Անապատային շրջաններուն մէջ խոնաւութեան խիստ պակասի պայմաններու մէջ բոյսերու տերեւները վերածուած են փուշերու։ Ուստի հոն կանուղտափուշ,օշինդր եւ այլն։ Քաթարի մէջ տարածուած էթունաւոր եւ անթոյն սունկերու 142 տեսակ[13]։ Քաթարի անասնական աշխարհը բաւական աղքատ է։Ովասիսներուն մէջ եւանապատներուն մէջ հանդիպողմիասապատ եւերկսապատ ուղտերը ընտելացած են մարդու կողմէ։Միասապատ ուղտերու գերշահագործման եւ զանգուածային ոչնչացման իբրեւ արդիւնք, անիկա յայտնուած էԿարմիր գիրքին մէջ։ Կան նաեւ անապատային տարբեր գիշատիչ անասուններ՝ գլխաւորապէսբորենիներ ուշնագայլեր[14]։Վայրի կատուազգիներէն պահպանուած է միայնասիական վագրակատուներու տեսակներ, որոնք անհետացման վտանգին ենթարկուած են։ Քաթարի մէջ տարածուած սնամէջ եղջիւրաւորներու ընտանիքին միակ ներկայացուցիչըարաբական կամ սպիտակ օրիքսն է, որ նաեւ Քաթարի ազգային անասունն է։
Տոհայի իսլամական արուեստի թանգարանին մէջ պահուող հնագոյն սափոր
Քաթարը եղած էՄեծն Բրիտանիոյ խնամակալը։ Անկախութիւն ձեռք բերած է 1 Սեպտեմբեր 1971-ին։ Ի. դարու 40-ական թուականներուն հոն յայտնաբերուած են նաֆթի, աւելի ուշ՝ նաեւ կազի պաշարներ, որոնց արդիւնահանումէն Քաթարը տարեկան կը ստանայ տասնեակ միլիառաւոր տոլարներ։
Ովասիսներուն մէջ կը մշակեն փիւնիկեանարմաւենի,կորեկ,եգիպտացորեն եւադամաթուզ։ Անապատներուն մէջ կը զբաղին ուղտաբուծութեամբ, ափամերձ ջուրերուն մէջ՝ ձկնորսութեամբ եւ մարգարիտի արդիւնահանութեամբ։
Ընդհանուր հաշւով Քաթարի բնակչութեան 67.7%-ը կը դաւանի իսլամութիւնը, 13.8%-ը՝քրիստոնէութիւնը, 13.8%-ը՝ հինտուիզմը, իսկ 3.1%-ը՝ պուտտիզմը[23]։ Մնացեալ կրօններու հետեւորդներն ու կրօնական կողմնորոշում չունեցող անձինք հաշուարկուած են մնացեալ 1.6%-ին մէջ[24]։ Քաթար մասամբ կրօնապետութիւն է, թէեւ պետական կառավարման նման համակարգ մը չէ ամրագրուած օրէնքով։ Այնուամենայնիւ, անոր վառ ապացոյցը կը համարուի այն հանգամանքը, որ Քաթարի օրէնսդրութեան հիմնական աղբիւրըշարիաթն է։
Քաթարի քրիստոնեայ բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը օտարերկրացի է։ 2008-էն քրիստոնեաներուն կը թոյլատրուի օրինական կերպով կառուցելեկեղեցիներ[25]։ Քաթարի նշանաւոր քրիստոնէական եկեղեցիներէն են Մար Թոմա սուրիական, մալանկարա ուղղափառ, կաթոլիկ եւ անգլիական եկեղեցիները[26][27][28]։ Քաթարի տարածքին կան նաեւ երկու մորմոնական եկեղեցիներ։
↑«Քաթարի Պետութիւն»։ Կեդրոնական հետախուզութեան գործակալութիւն։ 8 Փետրուար, 2012։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 24 Դեկտեմբեր 2018-ին։ արտագրուած է՝ 4 Մարտ 2012
↑Ա․Հ․ Մուբաշեր (1993)։Հողի սնկերը Կատարում և այլ արաբական երկրներում։ Գիտական և կիրառական հետազոտությունների կենտրոն, Կատարի համալսարան։ էջi–xvi, 570 էջ, 86 plates։ISBN978-99921-21-02-3
↑Դ․ Բարեթ, Ջորջ Կուրիան, Թոդ Ջոնսոն (2001)։Համաշխարհային քրիստոնեական հանրագիտարան. Ժամանակակից աշխարհի եկեղեցիների և կրոնների համեմատական հետազոտություն1։ Oxford University Press։ էջ617։ISBN978-0-19-510318-2