Movatterモバイル変換


[0]ホーム

URL:


Jump to content
Ուիքիփետիա
Որոնել

Փոլոնիա

Երկիր
Փոլոնիա
լեհ.՝Rzeczpospolita Polska
լեհ.՝Polska
ԴրօշակԶինանշան


Move your imagination և Dychmyga!
Երկիր Լեհաստան
Ներքին բաժանումՆերքինսիլեզյան վոյեվոդություն?, Լոձի վոյեվոդություն?, Świętokrzyskie Voivodeship?, Lesser Poland Voivodeship?, Լյուբլինի վոյեվոդություն?, Մազովեցի վոյեվոդություն?, Kuyavian-Pomeranian Voivodeship?, Օպոլյան վոյևոդություն?, Subcarpathian Voivodeship?, Լյուբուշ?, Pomeranian Voivodeship?, Warmian-Masurian Voivodeship?, Սիլեզիայի վոյեվոդություն?, Պոդլյասկի վոյեվոդություն?, Արևմտյան Պոմորիեի վոեվոդություն? և Greater Poland Voivodeship?
Լեհաստանի վարչապետ?Դոնալդ Տուսկ?
Օրէնսդրական մարմինԼեհաստանի խորհրդարան?
Հիմնադրուած է՝11 Նոյեմբեր1918
Տարածութիւն312 683 քմ²
ջրայինը 2,6 տոկոս, 2,7 տոկոս
Պաշտօնական լեզուլեհերեն?
Բնակչութիւն37 563 071 մարդ (30 Յունիս2024)[1]
Կը գտնուի ափինՊալթեան Ծով[2], Օդրա?, Lusatian Nysa?, Jizera?, Divoká Orlice?, Opava?, Olza?, Orava?, Białka?, Dunajec?, Poprad?, Արևմտյան Բուգ?, Վիսլա? և Noteć?
Ժամային գօտիԿԵԺ, UTC+1, UTC+2, Europe/Warsaw? և Կեդրոնական Եւրոպայի Ամառնային Ժամանակացոյց
Շրջագայութեան պետ-համարագիրPL
ՊարգեւներThomas Merton Award?
Անուանուած էPolans? և դաշտ?
Սուրբ բարեխօսAdalbert of Prague? և Stanislaus of Szczepanów?

Փոլոնիա կամԼեհաստան[3], պաշտօնական անուանումը՝Rzeczpospolita Polska(կը կարդացուի՝ Ժեչփոսփոլիթա Փոլսքա), պետութիւն էԿեդրոնական Եւրոպայի մէջ՝Վիսլա եւՕտրա գետերու աւազանին մէջ՝Պալթիկ ծովու ափին։

Կը սահմանակցի արեւմուտքէն Գերմանիոյ, հարաւէն՝Չեխիային եւՍլովաքիային, արեւելքէն՝ Ուքրանիոյ եւՊելառուսիոյ, հիւսիս–արեւելքէն՝Լիթվային եւ հիւսիսի փոքր հատուածի մը մէջՌուսաստանիԿալինինկրատի մարզի հետ։ Բացի ատոնցմէ, կը կիսէ ծովային սահմանըԴանիայի եւՇուէտի հետ։

Լեհաստան որպէս պետութիւն առաջացման տարեթիւ ընդունուած համարած է 966 թուականը, երբ Միեշկօ 1 իշխանը ընդունեցքրիստոնէութիւն։

Մայրաքաղաքն էՎարշաւան, իսկ միւս մեծ քաղաքներէն ենԿրակովը,Վրոցլավը,Գդանսկը։

Անուանում

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Կոչուած էլեհ ժողովրդի անունով, որուն նախահայրը, ըստ աւանդութեան, եղած է Չեխի եւ Ռուսի առասպելական եղբայրԼեհը։[4]

Պատմութիւն

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Ժամանակակից Լեհաստանի տարածքին մէջ, մեր թուարկութեան սկիզբը կը բնակէին գերմանական սկիրներու եւ լուգիացիներու ցեղերը։ Այնուհետեւ զանոնք փոխարինեցին վելբարեան մշակոյթի գոթերը, իսկ առաջին հազարամեակի վերջը՝ արեւելեան պոլեանները, որոնց անունով կոչուեցաւ երկիրը, եւլեախերը, որոնց անունէն առաջացաւ միւս ազգերու կողմէն ժողովուրդին տրուած անունը։ Հայերէն «լեհ» անունը նոյնպէս կը ծագի լեախերու ցեղի անունէն։

Լեհաստանի ամբողջ պատմութիւնը լի է տրամաթիք իրադարձութիւններով, հարեւան տէրութիւններու ներխուժումներով ու գրաւումներով։ Իր պատմութեան ընթացքին, Լեհաստանը երեք անգամ իրար մէջ բաժնած են հարեւան պետութիւնները։ Ներկայիս սահմանները ձեւաւորուած ենԵրկրորդ աշխարհամարտէն ետք։ Աւելի քան երեսուն տարի Խորհրդային Միութեան գերիշխանութեան տակ գտնուելէն ետք,Լեհաստանը 2001 թ.-էն Եւրամիութեան անդամ երկիր է։

Նախապատմութիւն

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմաբաններու շրջանին, ընդունուած է կարծել, որ ժամանակակից Լեհաստանի տարածքին մէջ ուշ անտիկ ժամանակաշրջանէն սկսած բնակած են տարբեր ցեղեր։ Այս ցեղախումբերու էթնիկ եւ լեզուական պատկանելիութիւնը բուռն բանավէճերու առարկայ է։ Հիմնական խնդիրը այն հարցն է, թէ սլաւոնական ցեղերը երբ բնակեցուցած են այս տարածքները։[5]

Պիաստներու տոհմ

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]
Լեհաստանի քարտեզը 960-992 թթ.

Լեհաստանը սկսած է կայանալ որպէս միասնական տարածքային միաւոր մօտ 10-րդ դարու կէսերուն՝ Պիաստներու տոհմի կառավարման շրջանին։ Պատմական վաւերագրերուն մէջ որպէս Լեհաստանի առաջին առաջնորդ կը համարուիՄիեշկօ I-ը, որ 966 թ-ին մկրտուած է եւ կաթոլիկութիւնը հռչակած իր հպատակներու նոր պաշտօնական կրօն։ Յաջորդ քանի մը դարերու ընթացքին, մկրտութիւն ընդունած է երկրի գրեթէ ողջ բնակչութիւնը։ 1000 թ-ին Բոլեսլավ Խիզախը, շարունակելով իր հօր՝ Միեշկոյի քաղաքականութիւնը, Գնիեժնոյի մէջ, համաժողով կ'իրականացնէ՝ ստեղծելով Գնիեժնոյի մետրոպոլիտութիւնը ուԿրակովի, Կոլոբժեգի եւՎրոցլավի թեմերը։

1109 թ-ին Բոլեսլավ III-ըՀանդսֆելդի ճակատամարտին, պարտութեան կը մատնէ Գերմանիոյ թագաւորՀենրիխ V-ին։ 1138 թ-ին Բոլեսլավ III-ը կը բաժնէ Լեհաստանը իր որդիներու միջեւ։ 1226 թ-ին Մազովիայէն Պիաստներու դինաստիայէն Կոնրադ I դուքսը հրաւիրուած է Տեւտոնական ասպետներուն Բալթիկ պրուսական հեթանոսներու դէմ համատեղ պայքարելու համար։ Այս որոշումը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ երկրի պատմութեան ընթացքին, Տեւտոնական ասպետներու ներգրաւուածութեան համատեքստին մէջ։ 13-րդ դարու կէսերուն Պիաստներու դինաստիայի Սիլեզիական ճիւղը գրեթէ յաջողութեամբ միաւորեց լեհական հողերը, սակայն, այնուհետեւ, երկիրը կը գրաւեն մոնկոլները։ Անոնք յաղթանակ տարին 1241 թ-ին Լեգնիցայի ճակատամարտին, ուր մահացաւ դուքսՀենրի II Պիաստը։ 1320 թ-ին, լեհական դքսութիւններու համախմբման քանի մը անյաջող փորձերէն ետք, Վլադիսլավ I յաջողեցաւ միաւորել լեհական հողերու հիմնական մասը եւ դառնալ միաւորուած Լեհաստանի առաջին թագաւորը։ Անոր որդիԿազիմիր III-ը (1333-1370 թ.թ.) կը համարուի լեհ ամենահզօր թագաւորներէն մէկը եւ ունեցած է առեւտուրի մեծ հովանաւորի համբաւ։ Ան իր թագաւորական հովանաւորութիւնը կը տարածէ հրեաներու վրայ։ Կազիմիր III-ն իր թագաւորութեան տարածքները կ'ընդլայնէ շուրջ 250%։

12-րդ դարու առաջնորդները մեծ ուշադրութիւն դարձուցած են նաեւ կրթութեան, որուն հետեւանքով Լեհաստանը կը դառնայ այդ ժամանակներու Եւրոպայի ամէնակրթուած երկիրներէն մէկը։Կրակովի եկեղեցւոյ 1110 թ-ի վաւերագրերուն մէջ կը նշուի, որ ժամանակի լեհ մտաւորականները հաղորդակցուած են եւրոպական գրականութեան հետ։[6][7]

Կազիմիր III-ը գիտակցած է, որ երկիրը կրթուած մարդոց, յատկապէս իրաւաբաններու կայուն խաւի կարիք ունի, որոնք կրնան կոդիֆիկացնել պետութեան օրէնքները, աշխատիլ դատարաններուն մէջ։ Անոր ջանքերուն շնորհիւՀռոմի ՊապՈւրբանոս V-ը կը թոյլատրէ հիմնելԿրակովի Համալսարանը։

Կազիմիրի մահէն ետք, գահը չ'ունենար արժանի յետնորդներ. անոր արու ժառանգորդները չափազանց երիտասարդ էին։ Այդ պատճառով ալ կը դադրիՊիաստներու դինաստիա-ն։

Նոյն այս ժամանակաշրջանին, Լեհաստանի մէջ կը նկատուին նշանակալի գաղթականական հոսքեր։ Քաղաքները գլխաւորաբար կը բնակին գերմանացիներու կողմէ, արտօնութիւններ կը ստանան հրէական եւ հայկական համայնքները։

Եագելոնեան Արքայատոհմ

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Եագելոնեան արքայատոհմը Լեհաստանի մէջ, կառավարած է ուշ միջնադարէն մինչեւ նոր ժամանակներու պայմանական բաժանման սկիզբը։ Եագելոնեան արքայատոհմի ժամանակ (1386-1527 թ.թ.) կը ձեւաւորուի լեհ-լիթվական միութիւնը։ Տոհմի հիմնադիրն էԼիթվայի մեծ իշխան Եոգալիան (լեհական տարբերակին մէջ Վլադիսլավ II Եագելոն)։ Այս համագործակցութեան շնորհիւ լեհական ազդեցութեան տակ յայտնուեցան Լիթվայի պատկանող բազմաթիւ ռուսական տարածքներ։ Այս միութիւնը միջնադարեան Եւրոպայի ամէնամեծ եւ ամէնատեւական քաղաքական միաւորն էր։ Այս ընթացքին շարունակուեցաւ պայքարը հիւսիսին մէջ, Տեւտոնական ասպետներու հետ։ 1410 թ-իԳրունվալդի ճակատամարտին, լեհ-լիթվական զօրքերը վստահ յաղթանակ տարին, որ հնարաւորութիւն տուաւ նաեւ ընդլայնել պետութեան սահմանները հիւսիսին մէջ՝ ներառելով Լիվոնիան։[8]

1466 թ-ին տասներեքամեայ պատերազմէն ետք, Կազիմիր IV Եագելոնն արքայական համաձայնութիւն տուաւ Թորնի Խաղաղութեամբ ստեղծելուՊրուսիայի դքսութիւնը, որ լեհական վասալային միաւոր կ'ըլլար։ Եոգելոնեան արքայատոհմը իր ազդեցութիւնը տարածած է նաեւԲոհեմիայի եւ Հունգարիոյ վրայ։[9],[10]

Հարաւին մէջ, Լեհաստանը կը պայքարէրՕսմանեան կայսրութեան եւՂրիմիթաթարներուն դէմ (վերջիններս 1474-1569 թ.թ. ժամանակահատուածին մէջ, 75 անգամ կը յարձակին Լեհաստանի վրայ), իսկ արեւելքին մէջ կ'օգնէր Լիթվային՝ պայքարիլ Մոսկովեան Մեծ Իշխանութեան դէմ։ Որոշ պատմաբաններու գնահատմամբ՝ Ղրիմի թաթարներուն կողմէ ստրկութեան տարուած լեհերու թիւը 1494-1694 թուականներուն կազմած է շուրջ մէկ միլիոն մարդ։[11]

Լեհաստանի մէջ, այս շրջանին, գլխաւորաբար կը զարգանար գիւղատնտեսական ֆեոդալական պետութիւն։ Զգալիօրէն կ'աճէր հողատէր ազնուականութեան դերը։ Լեհական Սէյմի՝ խորհրդարանին կողմէ 1505 թ-ին ընդունուած որոշումով օրէնսդրական իշխանութեան հիմնական մասը միապետականէն կը փոխանցուի խորհրդարանականին։ Այս ժամանակահատուածը յաճախ կ'անուանեն «Ոսկի ազատութեան» ժամանակ, երբ երկիրը կը կառավարուէր ազատ եւ հաւասար լեհական ազնուականութեան կողմէ։ Բողոքական Ռեֆորմացիայի շարժումները էական ազդեցութիւն ունեցան նաեւ լեհ քրիստոնէութեան վրայ, որուն հետեւանքով ընդունուեցան Եւրոպայի մէջ, այդ ժամանակ դեռեւս եզակի կրօնական հանդուրժողականութեան կանոններ։ Ընդունուած է համարել, որ ճիշդ այս կանոններուն շնորհիւ Լեհաստանի մէջ, չբռնկուեցան ներքին կրօնական պատերազմներ, որոնք այդքան բնորոշ էին ուշ միջնադարեան Եւրոպային։ Վերածնունդի ժամանակաշրջանը համընկաւ ուշ Եագելոնեան տոհմի կառավարման հետ (Սիգիզմունդ I եւՍիգիզմունդ II Օգոստոս արքաներու ժամանակաշրջան)։ Այս ընթացքին, մեծ վերելք կ'ապրին լեհական մշակոյթն ու տնտեսութիւնը։ 1543 թ-ին ազգութեամբ լեհՆիքոլայ Կոպեռնիկոսը կը հրատարակէ իր «Երկնային ոլորտներու պտոյտի մասին» (De revolutionibus orbium coelestium) հիմնարար աշխատութիւնը, որմով եւ կը դառնայ հելիոցենտրիկ տեսութեան հիմնադիրը։ Այս տեսութիւնն ալ յետագային կ'ընդունուի որպէս ժամանակակից աստղագիտութեան հիմք։ Այս ժամանակաշրջանի մեծագոյն մշակութային գործիչներ կը համարուի նաեւ բանաստեղծԵան Կոխանովսկին։[12]

Լեհ-լիթվական Միութիւն

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]
Լեհ-լիթվական միութեան քարտէսը՝ 1635 թ.

1569 թ-ի Լիւբլինի դաշնագրով ստեղծուած է Լեհ-լիթվական միութիւնը։ Այն դաշնային պետութիւն էր՝ ընտրովի միապետութեամբ, սակայն ան գլխաւորաբար կը կառավարէր ազնուականութիւնը տեղական ժողովներու եւ միասնական խորհրդարանի՝ Սէյմի միջոցով։ Միութեան կայացման ժամանակը համընկած է Լեհաստանի կայունութեան եւ բարգաւաճման շրջաններէն մէկուն հետ, որուն շնորհիւ ալ միութիւնը յետագային դարձաւ եւրոպական տէրութիւնը՝Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ, զբաղեցնելով գրեթէ մէկ միլիոն քառակուսի քիլոմեթր տարածք։ Այս տէրութիւնը դարձաւ նաեւ Ուքրանիոյ,Պելառուսիոյ եւԱրեւմտեան Ռուսաստանի մէջ «արեւմտականացման», նոյնիսկ «լեհականացման» նշանակալի գործօններէն մէկը։ Լեհաստան-Լիթվայի մէջ տեղի ունեցած են քանի մը տոհմական ճգնաժամեր, մասնաւորապէսՎազա տոհմի թագաւորներՍիգիզմունդ III-ի եւՎլադիսլավ IV-ի օրօք։ Բացի այդ, երկիրը ներգրաւուեցաւ Ռուսաստանի, Օսմանեան կայսրութեան,Շուէտի եւ կոզակներու հետ շարք մը պատերազմներու եւ բախումներու մէջ։[13]

17-րդ դարու կէսերուն ազնուականական ժողովրդավարութեան մէջ կը նկատուին ներքին խնդիրներ, պետութիւնը խոցելի դարձնելով արտաքին ներխուժումներու համար։

1648 թ-ին երկրի հարաւին մէջ, կը բռնկիԲոգդան Խմելնիցկու գլխաւորած ապստամբութիւնը, որուն հետեւանքով կը բաժնուի Ուքրանիան. արեւելեան հատուածը կ'անցնի Ռուսաստանի տիրապետութեան տակ։ Ատոր կը հետեւի շուէտական ներխուժումը, որուն հետեւանքով, մեծ վնասներ կը կրեն Լեհաստանի կեդրոնական շրջանները։ Ներխուժումներուն կը հետեւին սովը եւ համաճարակներ, եւ առ այդ բնակչութեան թուաքանակը 11 միլիոնէն կը նուազի 7 միլիոնի։[14]

Այնուամենայնիւ, Եան III Սոբիեսկուն կը յաջողի վերականգնել Միութեան ռազմական ենթակառուցուածքները, իսկ 1683 թ-ին լեհական զօրքերը մեծ ներդրում կ'ունենանՎիեննանԿարա Մուտաֆայի թրքական զօրքերու շրջափակումէն ազատելու գործին մէջ։ Չնայած այս բոլորին, Եան Սոբիեսկու կառավարման շրջանը դարձաւ լեհական պետութեան ոսկի դարաշրջանի աւարտը. բազմաթիւ պատերազմներու հետեւանքով, Լեհաստանը հսկայական տնտեսական եւ բնակչութեան կորուստներ կը կրէ, հետեւաբար կը կորսնցնէ իր տիրապետող դիրքը Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ։ Միութեան անկման վրայ իրենց ազդեցութիւնը ունեցան նաեւ մագնատներու միջեւ ներքին հակասութիւնները, որուն հետեւանքով բաւական թուլցաւ նաեւ միապետութիւնը։ Այս ժամանակաշրջանը համընկաւ Սաքսոն Վետինն արքայատոհմիԱվգուստ I եւԱվգուստ II արքաներու կառավարման շրջանին հետ։ Բացի այդ, այդ գործընթացին վրայ իրենց ազդեցութինը ունեցան նաեւ Ռուսաստանի եւ Պրուսիայի վերելքը։ Այնուամենայնիւ, այդ դարաշրջանին, Լեհաստանի մէջ դրուեցան Լուսաւորութեան հիմքերը։[15]

18-րդ դարու երկրորդ կիսուն Միութիւնը փորձեց ներքին հիմնարար բարեփոխումներ իրականացնել տնտեսութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ։ ՄայրաքաղաքըԳդանսկէն տեղափոխուեցաւ բնակչութեամբ ամէնամեծ քաղաք՝Վարշաւա։ 1764 թ-ի միապետի ընտրութիւններուն մէջ, ազդեցիկ մագնատներու տոհմէն ընտրուեցաւ Ստանիսլավ Ավգուստ Պոնիատովսկին, որ ժամանակին եղած է Ռուսաստանի կայսրուհիԵկատերինա II-ի սիրեկանը։ Ան կը փորձէ որոշակի ներքին բարեփոխումներ իրականացնել՝ միաժամանակ պահպանելով կապերն իր ռուս հովանաւորներուն հետ։ 1768 թ-ին կը ձեւաւորէ ազնուական համադաշնութիւնը կամ շլյախտան (Լեհերէն՝ szlachta), որ ապստամբութիւն կը բարձրանայ թագաւորի եւ անոր հովանաւոր Ռուսաստանի դէմ՝ պահպանելու համար իրենց աւանդական արտօնութիւնները։ Այս բոլոր զարգացումները 1772 թ-ին պատճառ դարձան Լեհաստանի առաջին բաժանմանՌուսաստանի,Աւստրիայի եւՊրուսիայի միջեւ։ Այսպէս կոչուած «Բաժանման Սէյմը» կանգնեցաւ կատարուած փաստի առջեւ եւ ստիպուած էր վաւերացնել բաժանման մասին աքթը։[16] Չնայած այս հսկայական կորուստներուն՝ 1773 թ-ին թագաւորը կը հիմնադրէ Ազգային կրթութեան յանձնաժողովը, որ կը դառնայ կրթութեան հարցերով զբաղուող առաջին պետական հաստատութիւնը Եւրոպայի մէջ։

Ժամանակագրութիւն[17]

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

960-992 թթ.-Պյաստերու դինաստիայի Մեշկո I-ի տիրակալութիւնը։ Լեհական պետութեան ձեւաւորումը Գնեզնոյի շուրջ։
966 թ.-Մեշկո I-ի քրիստոնէութեան ընդունումը լատինական արարողակարգով։ Լեհական թագաւորութիւնը կը յայտնուի պապի գահի հովանաւորութեան ներքեւ։
992-1025 թթ.-Բոլեսլավ I Խիզախ; պայքար գերմանական կայսր Հենրիխ II-ի հետ։ Արեւմուտքին մէջ, տարածքի ընդլայնումը ծովամերձ Սիլեզիայի, Լուժիցի եւ այլնի հաշուին։ Արշաւանքներ դէպի արեւելք; Քիեւի ժամանակաւոր գրաւումը (1018 թ.)։ Բոլեսլավ I-ը կը թագադրէ որպէս Լեհաստանի թագաւոր։
XI դ.-Ֆեոդալական մասնատուածութեան սկիզբը։ Պայքար գերմանական կայսեր դէմ։ Պապերը, ան մանաւանդԳրիգորիոս VII-ը, առաւել յաճախ հանդէս կու գան Լեհաստանի թագաւորի կողմէն։ Լեհերը կաթոլիկութիւն կը սերմանեն Պոմորիէի մէջ։
1138 թ.-Բոլեսլավ III-ի մահը եւ անոր ժառանգորդներու միջեւ կատաղի պայքարի սկիզբը։
1226 թ.-Պայքարելով հեթանոսպրուսներու դէմ, իշխան Մազովեցկին օգնութեան կոչ կ'ընէ Տեւտոնական օրդենին։ Ասպետները կը գրաւենՊրուսիան եւ կը դառնան հենց Լեհաստանի անկախութեան սպառնալիք։
1241 թ.-Թաթար-մոնկոլական արշաւանքը։Կրակովի թալանը։
XII-XIII դարեր-Լեհական հողերու գաղութացումը լեհական ֆեոդալներու կողմէն խրախուսուող Գերմանիայէն եկած վերաբնակներու կողմէն։
XIII դարու երկրորդ կիսուն-Մագդեբուրգի իրաւունքի հիման վրայ լեհական քաղաքներու (Վրոցլավ, Կրակով, Պոզնան, Տորուն) ինքնիշխանութեան ձեռքբերումը։
1320 թ.-Վլադեսլավ I Լոկետեկի կողմէն լեհական հողերու միաւորումը։
1333 թ.-Կազիմիր III։ Կիեւեան Ռուսիոյ գալիցեան եւ վոլինեան հողերու գրաւումը։
1384 թ.-Լեհ թագուհի Յադվիգայի ամուսնութիւնըԼիթվանիայի Յգայլոյ մեծ իշխանի հետ, որ ընտրուեցաւ Լեհաստանի եւ Լիթվանիայի թագաւորՎլադիսլավ II անունով։
1410 թ.-Գրիւնուալդի ճակատամարտը։ Վլադիսլաւ II-ի գլխաւորութեամբ լեհա-լիթվա-ռուսական զօրքերը կը ջախջախեն Տեւտոնական օրդենի զօրքերը։
1454 թ. եւ 1505 թ.-Նեշավեան ստատուտներն ու Nihil Novi Սահմանադրութիւնը կը սահմանափակեն թագաւորի իշխանութիւնը եւ անոր կը դնենշլյախտէն կախման մէջ։
1543 թ.-Կոպերնիկոսի մահը։
1569 թ.-Լիւբլինի ունիան։ Լեհա-լիթվանականՐեչյ Պոսպոլիտա պետութեան վերջնական ձեւաւորումը։
XVI դ. կեսեր-Կրակովում մշակութային եւ ինտելեկտուալ կեանքի ծաղկումը։
1587 թ.-Pacta Conventa՝շլյախտայի կողմէն թագաւորական իշխանութեան հետագայ սահմանափակումը։
1587-1632 թթ.-Սիգիզմունդ III-ի տիրապետութիւնը։ Ան ջանադրաբար կը սերմանայ կաթողիկէութիւն։
1596 թ.-Բրեստի եկեղեցական ունիան; Ուքրանիոյ մէջ, Հռոմին ենթակայ, բայց ուղղափառ արարողակարգով միասնական եկեղեցւոյ առաջացումը։
1610 թ.-Սիգիզմունդ III-ի որդի Վլադիսլաւ արքայազնի հռչակումը ռուսական ցար, այսպէս կոչուած խռովութեան ժամանակաշրջանին։
1648 թ.-Ուքրանիոյ մէջ կազակներու ապստամբութիւնը։
1651 թ.-Եան-Կազիմիրի զօրքերէն կրած պարտութենէն ետք,Բոգդան Խմելնիցկին կը հակուի Ռուսիոյ կողմը։
1652 թ.-ԼեհականՍէյմի կողմէն Liberum Veto սկզբունքի ընդունումը։ Այսուհետեւ ցանկացած որոշում կ'ընդունուի Սէյմի մասնակիցներու բացարձակ միաձայնութեան պարագային միայն։
1655-1656 թթ.-Շվեդներու ներխուժումը՝ պայքարՊալթիական ծովու վերահսկողութեան համար։ Եասնոգորսկի վանքի (Չենստոխովի) հերոսական պաշտպանութիւնը։
1660 թ.-Շուէտի հետ կնքուած Օլիվի խաղաղ պայմանագիրը։
1667 թ.-Անդրուսովոյի հաշտութիւնը Ռուսիոյ հետ։ Ռուսիոյ մէջ, կ'անցնինՍմոլենսկը, ՁախափնեայՈւքրանիան։
1683 թ.-Թուրքերու դէմՎիեննայի մօտԵան Սոբեսկիի գլխաւորած լեհ-աւստրիականզօրքերու տարած յաղթանակը։
XVIII դ.-Րեչյ Պոսպոլիտայի անկումը, հարեւաններու՝Պրուսիայի,Շուէտի, Ռուսիոյ եւ Աւստրիոյ կողմէն անոր վերածումը տարածքային հաւակնութիւններու։
1772 թ.-Լեհաստանի առաջին բաժանումը Պրուսիայի, Աւստրիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ: Լեհաստանը կը կորսնցնէ իր տարածքներու մէկ երրորդը։
1791 թ.-Ժ. Ժ.Ռուսոյի գաղափարներով ոգեշնչուած սահմանադրութիւնը։
1793 թ.-Լեհաստանի երկրորդ բաժանումը։
1794 թ.-Թադեուշ Կոստյուշկոյի գլխաւորած ապստամբութիւնը; ռուսական զօրքերուն կողմէ զայն ճնշելը;Վարշաւայի Պրագա արուարձանի կոտորածը։
1795 թ.-Լեհաստանի երրորդ բաժանումը եւ լեհական պետութեան անհետացումըԵւրոպայի քարտէսէն։ Անոր տարածքի 45%-ը կ'անցնի Ռուսիոյ, 19%-ը՝ Պրուսիային, 35%-ը՝ Աւստրիոյ։
1807 թ.-Նապոլեոն I-ի եւ Դոմբրովսկու Լեհական լեգէոնի շնորհիւ կը ձեւաւորուիՎարշաւայի հերցոգութիւնը։
1815 թ.-Լեհաստանի վերաբաժանումըՎիեննայի գոնկրէսի պայմաններով։ Լեհական Թագաւորութեան ստեղծումը։
1830-1831 թթ.-Ապստամբութիւն Լեհական Թագաւորութեան մէջ, ռուսական կառավարութեան կողմէն ճնշումը։ «Վարշաւայի մէջ կը թագաւորէ կարգուկանոնը»,-կը յայտարարէՖրանսայիարտաքին գործերու նախարար Սեբաստեանին։
1831 թ.-Լեհական մտաւորականութեան սերուցքի՝ Միցկեւիչի, Շոպենի եւ այլոց վտարման սկիզբը։
1846 թ.-Պրուսական Լեհաստանի մէջ Լ.Մերոսլավսկու գլխաւորած եւ աւստրիական Լեհաստանի մէջ Է.Դեմբովսկու գլխաւորած ապստամբութիւնները՝ 1848 թ. «Ժողովուրդներու գարնան» նախաշեմը։
1853 թ.-Ապստամբութիւն Լեհական Թագաւորութեան մէջ, որ ճնշուեցաւ Պրուսիայի օգնութեամբ։
1916 թ.-«Լեհական Պետութիւն» ստեղծելու մասին աւստրա-գերմանական դեկլարացիան։
1917 թ.-Լենինը կը ճանաչնայ գերմանական պետութիւններու տիրապետութեան տակ գտնուող Լեհաստանի ինքնորոշման իրաւունքը։
1918 թ.-Անկախ Լեհական պետութեան ապստամբութիւնը։
1919 թ.-Առաջին, օրենսդիր Սէյմը։ Պիլսուդսկու կառավարութիւնը։
1919-1920 թթ.-Լեհ-սովետական պատերազմը; Գերմանա-լեհական կոնֆլիկտը Սիկեզիայի պատճառով։
1926 թ. մայիս-Գեներալ Պիլսուդսկու պուտչը։
1938 թ.-Լեհերու հրաժարիլը Ֆրանսայի եւ ֆաշիստական Գերմանիոյ միջեւ պատերազմի դէպքին մէջ, խորհրդային զօրքերուն ճանապարհ տալէն։ Չեխասլովակեան ճգնաժամի ժամանակ Լեհաստանի կողմէն Տեշինեան Սիլեզիայիանեքսիան։
1939 թ. Օգոստոս 23-Գերմանա-սովետական պակտը։
1939 թ.սեպտ.1-Գերմանական զօրքերու Լեհաստան ներխուժումը։
1939 թ.հոկտեմբեր-Խորհրդային Միութիւնը կը գրաւէ Լեհաստանի արեւելեան մասը։ Լոնտոնի մէջ լեհական կառավարութեան ստեղծումը։
1943 թ.-Վարշաւեան գետոյի ապստամբութիւնը։Կատինան կոտորածի բացայայտումը առաջ կը բերէ լոնտոնեան կառավարութեան խզումըՄոսկուայի հետ։
1943 թ. դեկտ.-Մոսկուայի օգնութեամբԿրայովա Ռադա Նարոդովայի ստեղծումը։ Կրայովայի բանակը կը ճանաչնայ միայն Բուրա-Կոմարովսկի մէջ՝ լոնտոնեան կառավարութեան ենթակային։
1944 թ.Օգոստ.1-Վարշաուայի ապստամբութեան սկիզբը։
1944 թ.Դեկտ.31-Խորհրդային եւ Կրայովա Ռադա Նարոդովայի զօրքերու մուտքըՎարշաւա։
1945 թ.-Յալթայի կոնֆերանսը կ'որոշէ Լեհաստանի ապագայ սահմանները։
1947 թ.-Դեմոկրատական «բլոկի»կառավարութիւնը սոցիալիստ Ցիրանկեւիչի գլխաւորութեամբ։
1949 թ.-ՄիութիւնըԽՍՀՄ հետ եւ Լեհաստանիսովետականացումը;Կոմունիստ Գոմուլկայի կալանումը Տիտոյի գործէն ետք; խորհրդային մարշալ Ռակասովսկին կը նշանակուի ազգային պաշտպանութեան նախարար։ Կարդինալ Վիշինսկու կալանումը։
1956 թ.-Պոզնանյի ապստամբութիւնը; Գոմուլկայի վերադարձը։«Լեհական Հոկտեմբերը»; հրաժարում կը բռնէ կոլեկտիւացումէն։ Կարդինալ Վիշինսկու ազատումը; եկեղեցւոյ հանդէպ հանդուրժողականութեան քաղաքականութիւնը։
1968 թ. Մարտ-Ուսանողականցոյցեր Վարշաւայի մէջ, ոստիկանութեան կողմէն ատոնց դաժան ճնշումը; Գոմուլկայի տեղը կու գայԳերեկը։
1970-1980 թթ.-Տնտեսութեան փլուզումն ու բիւրակրատիայի ռեժիմը կ'առաջացնենգործադուլներԳդանյսկի մէջ; «Ազատ»արհմիութիւններու կազմաւորումը։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]
Լեհաստանի աշխարհագրական քարտէսը

Լեհաստանի ընդհանուր տարածքը կը կազմէ 312,685 քառակուսի քմ։ Տարածքային առումով կը գրաւէ աշխարհի 70-րդ, իսկԵւրոպայի մէջ 9-րդ տեղը։ Երկիրը բաժնուած է 16 մարզերու՝ վոյեվոդութիւններու, որոնք իրենց հերթին կը բաժնուին պովիատներու եւ գմինաներու։ Տարածքի ցամաքային մասը կը կազմէ 304,225 քառ. քմ, իսկ ջրայինը 8,430 քառ. քմ[18]։ Տարածքի 35.49 տոկոսը կը կազմեն վարելահողերը։ Ընդհանուր սահմանները կը կազմեն 3,071 քմ (Չեխիա՝ 796 քմ,Սլովակիա՝ 541 քմ,Ուքրանիա՝ 535 քմ,Գերմանիա՝ 467 քմ,Պելառուսիա 418 քմ,Ռուսիա (Կալինինգրադի մարզ)՝ 210 քմ,Լիթվա՝ 104 քմ)[19] Ջրային սահմանը կը կազմէ 440 քմ։ Լեհաստանի ամէնաբարձր կէտը Ռիսի լեռն է, բարձրութիւնը կը կազմէ 2499 մեթր։ Լեհաստանի մայրաքաղաքըՎարշաւան է, մեծ քաղաքներն ենԿրակովը,Վրոցլավը,ՊոզնանըԳդանսկը։

Կլիմայ

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Կլիման չափաւոր ցամաքային է։ Յունուարի միջին ջերմաստիճանը ծովափին եւ երկրի արեւմուտքը -1 °C է, կեդրոնական շրջաններուն մէջ՝ -3 °C, լեռներուն մինչեւ՝ -6 °C, Յուլիսինը՝ հիւսիսին մէջ 11 °C-17 °C է, կեդրոնական շրջաններուն մէջ՝ 18-19 °C, լեռներուն մէջ՝ 10-14 °C: Տարեկան տեղումներու քանակը հարթավայրերուն մէջ 500-700 մմ են, լեռներուն մէջ՝ 800-1800 մմ։ Մեծ գետերն են Վիսլան եւ Օդրան։ Ունի աւելի քան 9000 լիճ, մեծ մասը՝ երկրի հիւսիսը։ Կարպատներու եւ Մուդետներու ստորոտներուն կան հանքային աղբիւրներ։

Հողեր եւ Բուսականութիւն

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Լեհաստանի տարածքի կէսէն աւելին հերկուած է, 27 %-ը կը զբաղեցնեն անտառները՝ փշատերեւ ծառատեսակներու գերակշռութեամբ։ Հարթավայրերուն մէջ տարածուած են պոդզոլային հողերը, արեւելքը եւ հիւսիս-արեւելքը՝ ճահճային, նախալեռներուն մէջ՝ գորշ անտառային, նախալեռնային հարթավայրերուն մէջ՝ սեւահողերը, լեռներուն մէջ՝ լեռնային գորշ, գետերու հովիտներուն մէջ՝ ալիւվիալ հողերը։

Կենդանական Աշխարհ

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Կենդանական աշխարհի ներկայացուցիչներէն կան արջ, գայլ, լուսան, աղուէս, փորսուղ, այծեամ, վարազ, եղջերու։ Կլիմային կը վարժեցուին համարեայ լրիւ ոչնչացուած զուբրերն ու կուղբերը։

Օգտակար Հանածոներ

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Լեհաստանի ընդերքը հարուստ էածուխի,պղինձի,ծծումբի,կազի,արծաթի,կապարի եւաղի պաշարներով[20]։

Պետական Կարգ

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]
Լեհաստանի Սէյմը (խորհրդարան)
Անջեյ Դուդա՝ Լեհաստանի նախագահ

Լեհաստանը խորհրդարանական Հանրապետութիւն է։ Գործող սահմանադրութիւնը ընդունուած է1952-ին։ Պետութեան իշխանութեան բարձրագւյն մարմինը միապալատ Սէյմն է. կ'ընտրուի համընդհանուր, ուղղակի եւ հաւասար ընտրական իրաւունքով՝ փակ գաղտնի քուէարկութեամբ։ Պետութեան բարձրագոյն գործադիր-կարգադրիչ մարմինը կառավարութիւնն է, որուն կը նշանակէ Սէյմը։ Երկրի ղեկավարը կը համարուի նախագահը, որ կ'ընտրուի համաժողովրդական ընտրութիւններու արդիւնքով։ Դատական համակարգը կը կազմեն՝ գերագոյն դատարանը, վոյեվոդութիւնները, պովյատները եւ քաղաքային դատարաններն ու յատուկ դատարանները։

Բնակչութիւն

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]
Լեհաստանի բնակչութեան շարժը

Բնակչութեան աւելի քան 96.9%-ըլեհեր[21] ։ Կ'ապրին նաեւ ուքրանացիներ, Պելառուսներ, սլովաքներ։ Պաշտօնական օրացոյցը Գրիգորեանն է, տիրապետող կրօնը՝կաթոլիկութիւնը։ Բնակչութեան միջին խտութիւնը 1 քմ2 վրայ 123 մարդ է (2015): Քաղաքային բնակչութիւնը՝ 60,5[21]%: Խոշոր քաղաքներն են՝Վարշաւան,Լոձը,Կրակովը,Վրոցլավը,Պոզնանը,Գդանսկը, Գդինեան, Շչեցինը, Բիդգոշչը, Լյուբլինը, Կատովիցէն։

Տնտեսութիւն

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]
Վարշաւա՝ Լեհաստանի տնտեսական եւ ֆինանսական կեդրոն

Լեհաստանը յետարդիւնաբերական երկիր է։ՀՆԱ-ի մեջ արդիւնաբերութեան բաժինը2014-ին կազմած է 32%[22], գիւղատնտեսութեան՝ 3,7%[22]: Արեւմտեան սեկտորի տեսակարար կշիռը ազգային եկամուտի մէջ կազմած է 81,6%: Լեհաստանը ՏՓԽ-ի անդամ է եւ անոր շրջանակներուն մէջ, կը մասնագիտանայ մեքենաշինական արտադրանքի թողարկման մէջ, կը մատակարարէ նաեւ քարածուխ, կոքս, պղինձ, զինք, ծծումբ, կերակուրի աղ, քիմիկատներ, դեղօրայք, լայն սպառման ապրանքներ, գիւղատնտեսական արտադրանք։

Արդիւնաբերութիւն

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]
Լեհաստանի եւ Ուքրանիոյ ՀՆԱ-ների շարժի տեմպերը 1990-2014 թթ.

Արդիւնաբերութեան կարեւոր ճիւղերէն է լեռնագործութիւնը։ Քարածուխի եւ ծծումբի արտահանութեամբ աշխարհին մէջ, կը գրաւէ երկրորդ տեղը։ Քարածուխի արդիւնահանութեան 3/4-ը կեդրոնացած է Վերին Միլեզիայի աւազանին մէջ։ Կոքսացուող քարածուխ կ'արդիւնահանուի նաեւ ներքին Սիլեզիայի աւազանին մէջ։Նաֆթի պաշարները կը կազմեն 156 մլն բարել (2014): Բնական կազի պաշարները2014-ին կազմած են 92 մլր խմ3 գլխաւոր շրջանը Սանդոմեժի գոգաւորութիւնն է։ Մեքենաշինութիւնը աչքի կ'իյնայ մետաղատարութեամբ, արտադրանքի բազմազանութեամբ։ Անոր արտադրանքի արտահանութեան մօտ 1/3-ը կը կազմեն տրանսպորտային միջոցները։ Նաւաշինութեան կեդրոններն են՝Գդանսկ, Գդինյա, Շչեցին, ավիաշինութեան՝Վարշաւա, Մելեց, Սվիդնիկ, վագոնաշինութեան՝ Սվիդնիցա, Զելյոնա Դուրա,Վրոցլավ: Կայ սինթետիկ թելերու կիսարտադրանքի (Տորուն եւ Գոժուվ, Վելկոպոլսկի քաղաքներուն մէջ), դեղագործութեան եւ ֆոտոքիմիայի (Վարշաւա,Կրակով, Զելյոնա Գուրա), օծանելիքներու (Պոզնան,Լոձ,Կրակով), ռետինի (Գլուձյոնձ եւԼոձ), աուտոդողերու (Օլշտին, Դեմբիցա,Պոզնան), ապակիի, յախճապակեայ եւ ճենապակեայ իրերու արտադրութին։ Անտառային եւ փայտամշակման արդիւնաբերութիւնը ներքին պահանջմունքներէն բացի արտահանութեան համար կու տայ սղոցանիւթ, կահոյք, լուցկի, թուղթ։ Տեքստիլ արդիւնաբերութիւնը հնագոյն ճիւղերէն է։ Կը ձգէ բամբակեայ, վուշեայ, բուրդէ, մետաքսէ եւ կիսամետաքսէ գործուածքներ, տրիկոտաժ՝ գլխաւորաբար կեդրոնացած էԼոձի եւ Սուդետներու (Ներքին Սիլեզիայի) շրջաններուն մէջ, Բելսկո Բյալա Չենստոխովա եւ Բելոստոկ քաղաքներուն մէջ ու անոնց շրջակայքին մէջ։ Զարգացած է կաշիի-կօշկեղէնի արտադրութիւնը։ Սնունդի արդիւնաբերութիւնը կը ձգէ շաքար, օղի, հրուշակեղէն, մսամթերքներ, իւղ, ծխախոտ, գարեջուր, մարկարին, ձկնեղէն։

Գիւղատնտեսութիւն

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]
Լեհաստանի գլխաւոր նաւահանգիստԳդինեայ քաղաքը

Գիւղատնտեսութեան մէջ կը գերակշռէ մանր ապրանքային կացութաձեւը։ Անհատական գիւղացիական տնտեսութիւնները կու տան գիւղատնտեսական համախառն արտադրանքի մօտ 80%-ը։ Ընկերային բաժիններուն մէջ, օգտագործուած է գիւղատնտեսական հանդակներու տարածութեան 21 %-ը։ Կը զարգանան ինչպէս արտադրական կոռպերատիվները, այնպէս ալ գիւղատնտեսական խմբակները։ Գիւղատնտեսական համախառն արտադրանքի կառուցուածքին մէջ բուսաբուծութեան բաժին կ'իյնայ 54,8, անասնապահութեան՝ 45,2%-ը։ Ապրանքային արտադրանքին մէջ, յարաբերակցութիւնը հակառակն է՝ համապատասխանաբար 35,4%, 64,6%: Ցանքատարածութեան կառուցուածքին մէջ հատիկային կուլտուրաները կը զբաղեցնեն 57,5, կարտոֆիլը 18,2, տեխնիկական կուլտուրաները 6,3, կերային կուլտուրաները 14,9%: Լեհաստանը աշխարհի 2-րդ տեղը կը գրաւէ տարեկանի եւ կարտոֆիլի բերքով։ Անասնապահութեան գլխաւոր ճիւղերն են խոզաբուծութիւնը եւ խոշոր եղջերաւոր անասուններու բուծումը։ Զարգացած է թռչնաբուծութիւնն ու ձկնորսութիւնը։

Փոխադրութիւն

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]
ԼեհաստանիՎրոցլավի երկաթուղային կայարանը

Երկաթուղիներու երկարութիւնը 19,837 կմ[23] է։ Աւտոճանապարհներու երկարութիւնը 412,035 քմ է, ներքին ջրային նաւարկելի ուղիներինը՝ 6,6 հզ. քմ[24] (գլխաւոր ջրային ուղին Օդրա գետն ու Գլիվիցեի ջրանցքն են): Կարեւոր նաւահանգիստներն են՝ Շչեցին՝ Սվինոույսցեի հետ, Գդինեայ եւԳդանսկ:Վարշաւայի Օկենցէ գլխաւոր օդանավակաԵանը ունի միջազգային նշանակութիւն։

Արտաքին Տնտեսական Կապեր

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Արտահանութեան ծաւալը2014-ին կազմած է 219 մլր տոլար[22], հիմնական գործընկեր պետութիւններն են՝Գերմանիան,Մեծ Բրիտանիան,Չեխիան,Ֆրանսան,Ռուսաստանը,Իտալիան եւՆիդեռլանդները[22]: Կ'արտահանեն մեքենաներ եւ արդիւնաբերական սարքաւորում, լայն սպառման ապրանքներ, քարածուխ, ցինկ, պղինձ, սեւ մետաղներու գլանուածք եւն[22]:

Ներմուծումը2014-ին կազմած է 217 մլր տոլար[22], հիմնական գործնկեր պետութիւններն են՝Գերմանիան,Ռուսաստանը,Նիդեռլանդները,Չինաստանը,Իտալիան,Չեխիան եւՖրանսան[22]: Կը ներմուծեն մեքենաներ եւ կը սարքաւորեն, նաֆթ եւ նաֆթամթերքներ, երկաթի հանքանիւթ, հացահատիկ եւ այլն[22]:

Առողջապահութիւն

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

2014-ին ծնունդը կազմած է 1000 բնակչին 9,74[25] մահացութիւնը՝ 10,9[25], կեանքի միջին տեւողութիւնը (2014)՝ 77,4 տարի է[25]: Տարածուած են սիրտանոթային համակարգի հիւանդութիւնները, չարորակ նորագոյացութիւնները։ Գոյութիւն ունի առողջապահութեան պետական համակարգ։2014-ին Լեհաստանի մէջ եղած է 3,682 հիւանդանոց՝ 1,217 մլն. մահճակալով, 5640 ծննդատուն։ Գործած են շտապ օգնութեան 431 կաԵան։ Բժիշկներ եւ դեղագործներ կը պատրաստեն բժշկական 10 ակադեմիաները (Վարշաւայի, Բելոստոկի,Գդանսկի,Կրակովի,Լյուբլինի,ԼոձիՊոզնանի, Շչեցինի,Վրոցլավի, Կատովիցի) մէջ: Առողջարաններէն յայտնի են՝ Կրինիցա, ժեգեստուվ, Շչավնիցա, Ռաբկա, ՊոլԵանիցա-Զդրույ, Ցեպլիցե, Բուսկո-Զդրույ, Ցեխոցինեկ, Լյոնչեկ-Զդրույ, Սոպոտ, Կոլոբժեգ, Զակոպանէ։

Լուսաւորութիւն

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

10-11-րդ դարերուն եկեղեցիներուն եւ տաճարներուն կից ստեղծուած են լատիներէն լեզուով առաջին դպրոցները։13-14-րդ դարերուն կազմակերպուած են քաղաքային դպրոցներ՝ Լեհերէնով։ Այդ կապուած էր Վերածնունդի եւ Ռեֆորմացիայի հետ, ըստ որուն կարեւոր դեր կատարած է Ցագելլոնի համալսարանը։ Մինչեւ17-րդ դարը ներառեալ դպրոցները կ'ենթարկուէին ճիզվիտական միաբանութեան։1773-1775-ի բարելաւումներով ուսուցումը դարձաւ աշխարհիկ եւԼեհերէն: Լեհաստանի բաժանումը բացասական ազդեցութիւն ձգած է կրթական գործին վրայ եւս։1918-ին դպրոցները եւ համալսարանները վերականգնուեցան, բայց ժողկրթութեան մակարդակը երկար ժամանակ խիստ ցածր էր։ Գերմանա-ֆաշիստական օկուպացիայի ժամանակ դպրոցներու մեծ մասը ոչնչացուած է։ Ժողովրդական Լեհաստանի մէջ, ստեղծուած է պետական դպրոցական համակարգ, մանկապարտէզ (3-7 տարեկան երեխաներու համար), պարտադիր հիմնական դպրոց (8-ամեայ), միջնակարգ հանրակրթական դպրոց, որ աւարտողն իրաւունք կը ստանայ բուհ ընդունուելու։ Ունի նաեւ տարրական եւ միջնակարգ մասնագիտական դպրոցներ։1973-ին որոշուած է անցնիլ համընդհանուր 10-ամեայ միջնակարգ կրթութեան։ Խոշորագոյն բուհերն են Ցագելլոնի եւՎարշաւայի համալսարանները, պոլիտեխնիկական հիմնարները, գիւղատնտեսական եւ մանկավարժական բարձրագոյն դպրոցները, բժշկական ակադեմիան։ Գրադարանները՝ Ազգային գրադարանըՎարշաւայի մէջ, Ցագելլոնի,Վարշաւայի եւՊոզնանի համալսարաններու գրադարանները, թանգարանները՝ Ազգային եւ Պատմութեան (Վարշաւայի եւԿրակովի մէջ):

Մշակոյթ

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Գիտութիւն եւ Գիտական Հիմնարկներ

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Գիտութեան եւ տեխնիկայի պետական կառավարման բարձրագոյն մարմինը բարձրագոյն կրթութեան եւ տեխնիկական գիտութիւններոպ նախարարութիւնն է (կազմակերպուած է1972-ին): Հետազօտութիւնները կը տարուին ԳԱ հիմնարկներու, բուհերու եւ գերատեսչական գիտական հիմնարկներուն մէջ, որոնց մէջ կը մտնեն (1973) 112 ԳՏԻ, 25 լաբորատորիա, 103 գիտահետազօտական կեդրոն, ժողտնտեսութեան գիտատեխնիկական բազայի 651 ինքնուրոյն կեդրոն, 1670 ֆաբրիկագործարանային գիտահետազօտական կեդրոն։ Լեհաստանի գիտական հիմնարկները կապ ունին 116 երկրի գիտական հիմնարկներուն հետ։ Լեհաստանը անդամ է 140 միջազգային գիտական կազմակերպութիւններու։

Ճարտարապետութիւն եւ Կերպարուեստ

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Լեհաստանի տարածքին, հնագոյն ճարտարապետական յուշարձանները Բիսկուպինի փայտեայ կառոյցներն են (մ. թ. ա. մոտ550-400): Պահպանուած X-XI դդ. պաշտամունքային եւ աշխարհիկ քարէ կառոյցներու մնացորդներ։ Հռոմէական ոճի զարգացումը կապուած էր ֆեոդալիզմի հաստատման հետ (Տումի,Կրակովի բազիլիկ կոստյոլները, XI-XII դդ.): XIII դարէն աճած են քաղաքները, կազմաւորուած են անոնց կեդրոններու անսամբլները, ստեղծուած նոր տիպեր (աշտարակաւոր ռատուշա, տնտեսական կառոյցներ եւ այլն): Ժողովրդական իշխանութեան հաստատումէն ետք, վերակառուցուած են1939-1945-ի պատերազմի հետեւանքով աւերուած քաղաքները։ Յետպատերազմեան ճարտարապետական զարգացման ընթացքին, մեծ դեր խաղացած են աւագ սերունդի ճարտարապետ Շ. Սիրկուսը, Բ. Պնեւսկին, Բ. եւ Ս. Բրուկալսկիները եւ ուրիշները։ Պատմական ոճերով հրապուրուելու շրջանէն (Սահմանադրութեան հրապարակը Վարշաւայի մէջ) ետք,1950-ական թթ. վերջը առաջացած է ձեւերու ռացիոնալ պարզեցման ձգտումը։1960-ական թթ. հասարակական շէնքերուն բնորոշ են յատակագիծերու ֆունկցիոնալ նպատակայարմարութիւնը, կառուցուածքային լուծումներու իւրօրինակութիւնը, տիպային կառուցուածքային օղակներու ռիթմիկ համադրումը (Ուսանողուհիներու հանրակացարանըԿրակովի մէջ, «Սուպերսամ» խանութըՎարշաւայի մէջ, «Մերկուրի» հիւրանոցըՊոզնանի մէջ):

Երաժշտութիւն

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Լեհաստանի երաժշտական մշակոյթը իր բնոյթով նման է սլաւ, միւս ժողովուրդներու երաժշտական արուեստին։ Հնագոյն ժողովրդական գործիքներէն պահպանուած են փայտէ թակիչներ, դափեր, սուլիչներ, որոնց նուագակցութեամբ կը կատարուին ծիսական ժողովրդական երգեր։ Ժողովրդական գործիքներէն են նաեւ՝ ջութակը, մազանկան, մարինան (աղեղնաւոր եւ կսմիթաւոր), լիգավկան, բազունան, տրոմբիտան (փողային): Ժողովրդական պարերէն են՝ պոլոնէզը, կրակովեակը, մազուրկան, կույաուեակը, օբերեկը։ Ազգային եւ ժողովրդական երաժշտութեան սկզբունքներուն հետեւելով զարգացման նոր ուղիներ որոնած են «Երիտասարդ Լեհաստան» խմբաւորման կոմպոզիտորներ Մ. Կառլովիչը, Լ. Ռուժիցկին, Կ. Շիմանովսկին։ Լեհաստանի մէջ, կը գործեն 21 սիմֆոնիկ նուագախումբ, 10 օպերային թատրոն, 9 օպերեթային թատրոն, 7 բարձրագոյն, մօտ 120 միջնակարգ եւ տարրական երաժշտական դպրոցներ։ Տեղի կ'ունենան միշազգային մրցոյթներՎարշաւայի մէջ՝ Շոպենի անվ. դաշնակահարներու, Վենյավսկիի անուան ջութակահարներու (1935-էն), որ1952-էն տեղի կ'ունենայՊոզնանի մէջ, փառատօներ (1956-էն ժամանակակէն երաժշտութեան՝ «Վարշաւեան աշուն»,1966-էն Բիդգոշչում՝Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, հնագոյն երաժշտութեան, Սոպոտին մէջ՝ էստրադային երգի): Հանրաճանաչ են ժողովրդական երգի եւ պարի «Մազովշէ» եւ «Շլյոնսկ» անսամպլները։ Տարբեր տիպի միաւորումներէն է1870-էն գոյատեւողՎարշաւայի երաժշտական ընկերութիւնը։

Շարժապատկեր

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Լեհաստանի մէջ, ֆիլմերու կանոնաւոր արտադրութիւնը սկսած է1908-1914-ին։1910-1930-ական թթ. գլխաւորաբար էկրանաւորուած են ազգային գրական երկեր եւ կինոկոմեդիաներ։ Նշանակալի երեւոյթ էր «Ատարտ» (1930) եւ «Կինոհեղինակների գօօպերատիւ» կինոմիաւորումներու ստեղծումը, որոնց ֆիլմերը ուղղուած էին գաղափարազուրկ, շահութաբեր կինոարտադրանքի դէմ։ Կինոյի վերածնունդը սկսած է ժողովրդական կարգերու հաստատումէն ետք։1945-ին կինոարտադրութիւնը ազգայնացուած է, ստեղծուած «Ֆիլմ պոլսկի» պետական ստուդիան։ գլխաւորաբար, նկարահանուած են պատերազմի ու ֆաշիստական օկուպացիայի ողբերգական դէպքերուն նուիրուած կինոնկարներ։ Առաւել նշանաւոր ֆիլմը «Վերջին հանգրուան»ն է (1948, ռեժ. Վ. Եակուբովսկի): 50-ական թթ. նկարահանուած են բնոյթով նորարարական ֆիլմեր՝ «Սերունդ» (1955), «Կանալ» (1957), «Մոխիր եւ ալմաստ» (1958, երեքի ռեժ. Ա. Վայդա), «Մեծ պատերազմի իսկական աւարտը» (1957, սովետական պրոկատում՝ «Դա մոռանալ չի կարելի», ռեժ. Ե. Կավալերովիչ): Յետագային եւս պատերազմի թեման կրկին ու մեծ ուժով բարձրացուած է՝ «Ուղեւորուհին» (1963, ռեժ. Ա. Մունկ), «Բնանկար ճակատամարտէն ետք» (1970, ռեժ. Ա. Վայդա) եւ այլ ֆիլմերու մէջ։ էկրանաւորուած են լեհ դասական գրողներու երկերը՝ Ս. ժերոմսկիի «Մոխիր» (1965, ռեժ. Ա. Վայդա), Բ. Պրուսի «Փարավոն» (1966, ռեժ. Ե. Կավալերովիչ), Հ. Աենկեիչի «Պան Վալադիեսկի» (1969) եւ «Ջրհեղեղ» (1974, ռեժ. Ե. Հոֆման): Զարգացած է վաւերագրական (ռեժ, Ե. Բոսակ, Վ. Կազմերչակ եւ ուրիշներ) գիտամասսայական (ռեժ. Վ. Պուխալսկի Ս. Գրաբովսկի), մուլտիպլիկացիոն (ռեժ եւ նկարիչ՝ Ցա. Լենիցա, Զ. Օլդակ, Վ. Գերշ եւ ուրիշներ) ֆիլմերու արտադրութիւնը։

Հայերը Լեհաստանի Մէջ

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Տակաւին14-15-րդ դարերուն Լեհաստանի մէջ, ապաստան գտած են մեծ թիւով հայ գաղթականներ, որոնք դարեր շարունակ հաշտ ու խաղաղ ապրած են տեղի բնակչութեան հետ։ Լեհաստանի հայ գաղութը ստուարացած է յատկապէս Բագրատունեաց մայրաքաղաք Անիի կործանումէն ետք։ Անոնց մեջ եղած են հմուտ արհեստաւորներ, երկրագործներ, առեւտրականներ, որոնք ըստ ամենայնի նպաստած են լեհական պետութեան զարգացման, հարկ եղած պարագային զէնքով պաշտպանած երկրի անվտանգութիւնը։ Ներկայիս Լեհաստանի մէջ կը բնակի 92.000 հայ, որոնց մեծ մասըՀայաստանէն արտագաղթած են վերջին 10-15 տարիներու ընթացքին։ Անոնց մէկ մասը լեհ հասարակութեան մէջ որոշակի դիրքի հասած է. զբաղուած են պետական կառոյցներու մէջ, գիտութեան ու մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ։1980 թ.-էնԿրակովի մէջ, կը գործեն Հայ մշակոյթի համակիրներու շրջանակը (ընկերութիւն),1985 թ.-էն՝Հայ մշակութային ընկերութիւնըArchived 2015-02-23 at the Wayback Machine., որոնց նպատակն է համախմբել լեհահայութիւնը, վերականգնել անոնց մշակութային աւանդութիւններն ու կապեր հաստատել Հայաստանի հետ։ Կը գործէ Սուրբ Երրորդութիւն հայ կաթողիկէ եկեղեցին Գլիվիցի մէջ, միակ առաքելական Սուրբ Վասիլ եկեղեցին՝ Վարշաւայի մէջ։

Քաղաքի Տեսարաններ

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]
  1. https://demografia.stat.gov.pl/bazademografia/Downloader.aspx?file=pl_lud_2024_00_01_k2.zip&sys=lud
  2. 1 //Limits of Oceans and Seas,Limits of the Oceans and Seas //Nature /M. Skipper — 3 —IHO, 1953. — Vol. 172, Iss. 4376. — P. 484–484. — ISSN1476-4687;0028-0836doi:10.1038/41586.1476-4687
  3. Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան:9-րդ հրաշալիք։ էջ 53։ISBN 99941-56-03-9 
  4. Հ. Ղ. Գրգեարեան, Ն. Մ. Յարութիւնեան (1987)։Աշխարհագրական անուններու բառարան։ Երևան: «Լույս» 
  5. Maciej Kosiński, Magdalena Wieczorek-Szmal (2007). "Z mroku dziejów. Kultura Łużycka". Muzeum Częstochowskie.
  6. Teeple, J. B. (2002). Timelines of World History. Publisher: DK Adult.
  7. Frucht, Richard C., ed. (2004). Eastern Europe: An Introduction to the People, Lands, and Culture
  8. Jerzy Wyrozumski – Historia Polski do roku 1505 (History of Poland until 1505), Państwowe Wydawnictwo Naukowe (Polish Scientific Publishers PWN), Warszawa 1986.
  9. Norman Davies (1996). Europe: a history. Oxford University Press. p. 428.
  10. "Jagiellon dynasty (European history)". Encyclopædia Britannica.
  11. Davies (2007). Warfare, State and Society on the Black Sea Steppe,1500–1700.. p.17.
  12. "The Crimean Tatars and their Russian-Captive Slaves". Eizo Matsuki, Mediterranean Studies Group at Hitotsubashi University.
  13. Józef Andrzej Gierowski – Historia Polski 1505–1764 (History of Poland 1505–1764), Państwowe Wydawnictwo Naukowe (Polish Scientific Publishers PWN), Warszawa 1986.
  14. Józef Andrzej Gierowski – Historia Polski 1505–1764 (History of Poland 1505–1764), p. 105-173.
  15. "Poland – The 17th-century crisis". Britannica Online Encyclopedia.
  16. Józef Andrzej Gierowski – Historia Polski 1764–1864 (History of Poland 1764–1864), Państwowe Wydawnictwo Naukowe (Polish Scientific Publishers PWN), Warszawa 1986, p. 1-74
  17. Marc Ferro. Comment on raconte l'histoire aux enfants. Payot, Paris. 106, Boulevard Saint-Germain, 1986
  18. «Լեհաստանի տարածքը»։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2019-08-18-ին։ արտագրուած է՝2016-04-05 
  19. «Լեհաստանի սահմանները»։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2019-08-18-ին։ արտագրուած է՝2016-04-05 
  20. «Լեհաստանի օգտակար հանածոներ»։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2019-08-18-ին։ արտագրուած է՝2016-04-05 
  21. 21,021,1«Լեհաստանի Բնակչութիւն»։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2019-08-18-ին։ արտագրուած է՝2016-04-05 
  22. 22,022,122,222,322,422,522,622,7«Լեհաստանի Տնտեսութիւն»։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2019-08-18-ին։ արտագրուած է՝2016-04-05 
  23. «Լեհաստանի Փոխադրութեան Համակարգ»։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2019-08-18-ին։ արտագրուած է՝2016-04-05 
  24. Մէջբերման սխալ՝ Invalid<ref> tag; no text was provided for refs namedԼեհաստանի փոխադրութեան Համակարգ
  25. 25,025,125,2«Լեհաստանի Առողջապահութիւն»։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2019-08-18-ին։ արտագրուած է՝2016-04-05 
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/w/index.php?title=Փոլոնիա&oldid=244929» էջէն
Ստորոգութիւններ:
Թաքուն ստորոգութիւններ:

[8]ページ先頭

©2009-2025 Movatter.jp