Փասատինա (անգլերէն՝Pasadena), քաղաքԱմերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջԼոս Անճելըս քաղաքի՝Քալիֆորնիա Նահանգի մէջ։ Փասատինան հանրածանօթ է որպէս վարդերու քաղաք, շնորհիւ ամանորեայ Վարդերու Մրցաշարքի Տողանցքին։ Քաղաքին մէջ կայ հոծ հայ բնակչութիւն, ուր կը գործեն Յովսէփեան, Սահակ-Մեսրոպեան Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան՝ ՀԲԸՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանները։
1771 թուականին Փասատինան կը պատկանէր կաթոլիկ առաջնորդ Գաբրիէլի ենթակայութեան տակ գտնուող բնակավայրերու թիւին, ով եւ տուած էր տարածքի հարթավայրերու եւ լեռներու անունները:
Բնակավայրը հիմնադրուած է1874 թուականին Թոմաս Էլլիոթը Ինտիանա նահանգէն: Յաճախ քաղաքի անուանումը կը թարգմանուի որպէս «Դրախտի պսակ»:
Բնակավայրը նախապէս եղեր է կիտրոնազգի (citrus) հողագործութեամբ եւ գիւղատնտեսութեամբ զարգացող փոքր գիւղ, սակայն երկաթուղիի կառուցումէն յետոյ այն զարգացաւ, կառուցապատուեցաւ եւ դարձաւ ձմեռային զբօսաշրջութեան կեդրոն:
Փասատինան Խաղաղական ովկիանոսի ափի գլխաւոր ուսումնական կեդրոններէն մէկն է. այստեղ կը գտնուի Քալիֆորնիայի արուեստագիտական հիմնարկը:
Քաղաքին մօտ կը գտնուի NASA գիտահետազօտական տարրալուծարանը` Jet Propulsion Laboratory: Այն կը զբաղի բարձր ճշգրտութեան սարքաւորումներու արտադրութեամբ, որոնք կ'օգտագործուին ելեկտրոնային եւ օդանաւային ոլորտի մէջ:
Քաղաքին կից կառուցուած են երեքքոլէճներ՝ Pasadena City College (1924), Pacific Oaks College (1945) եւ Art Center College of Design (1930):
Փասատինայի կեդրոնին մէջ պահպանուեր են 20-րդ դարու սկիզբի բազմաթիւ առանձնատուներ, որոնք կը հանդիսանան արուեստի եւ արհեստներու յուշարձաններ: Քաղաքի ոչ պաշտօնական խորհրդանիշը կը համարուի1927 թուականին կառուցուած շքեղ քաղաքապետարանը:
Այլ շէնքերու շարքին կը գտնուի Քոլորատօ սթրիթ կամուրջը, որ կառուցուեր է1913 թուականին:
Խաղաղական ովկիանոսեան Ասիոյ թանգարանը, կը պահպանէ Արեւելեան Ասիայի եւ Ովկիանիայի մշակոյթի մասին պատմող ցուցանմոյշներ:
Հանթինկթընի գրադարանըՍան Մարինոյի մէջ, Փասատինայի մօտ, կը գտնուի բուսաբանական այգիներու տարածքին վրայ, որոնք մշակուած են աշխարհի ժողովուրդներու ազգային ոճերու մէջ:
Ամանորի առաջին օրը, վարդերու շքերթի ժամանակ տեղի կ'ունենայ ամերիկեան ֆութպոլի՝ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող առասպելական իրադարձութիւնը` « Pink Cup » մրցանակի համար լաւագոյն ուսանողական խումբերու թիմերու խաղը: Առաջին խաղը տեղի ունեցեր է 1902 թուականի Յունուար 1-ին: 1922 թուականէն սկսեալ խաղը տեղի կ'ունենայ Rose Bowl խաղահրապարակին վրայ:
1994 թ.-ին «Rose Bowl» մարզադաշտին մէջ հիւրընկալուել էին ՖԻՖԱ-ի աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան կիսաեզրափակիչի, 3-րդ եւ եզրափակիչ տեղերու համար նախատեսուած հանդիպումները[4], իսկ յետագային՝ 1999-ի FIFA Women's World Cup եզրափակիչ խաղերը[5][6]: