Սոֆոքլիս (յուն․՝ Σοφοκλής -հին յուն․՝ Σοφοκλῆς ὁ ἐκ Κολωνοῦ Սոֆոքլիս Քոլոնոսցին), Ք․Ա․ 496 Քոլոնոս (այժմԱթէնքի թաղամաս) – Ք․Ա․ 406Աթէնք։ Դասական շրջանի հին յոյն ողբերգակ։ Ըստ հին վկայութիւններու, ան գրած է 123 գործեր, որոնցմէ սակայն միայն 7 ողբերգութիւններ մեզի ամբողջութեամբ հասած են։
Սոֆոքլիս ծնած է Իփիոս Քոլոնոս, Աթէնք։ Հայրն է բարեկեցիկ Սոֆիլոս, դանակի պատրաստութեան գործարանատէր եւ ունեցած է համապատասխան կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն։ Երաժշտութեան ուսուցիչը եղած է նշանաւոր Լամպրոս երաժիշտը։ 15 տարեկանին պատանիներու պարին գլխաւորն է եւ կը մասնակցիՍալամինայի նաւամարտի յաղթանակի տօնին։
Սերտ կապեր ունեցած է այդ ժամանակաշրջանի կարեւոր անձնաւորութիւններու հետ․Փերիքլիս,Սոկրատ,Պղատոն եւ արժանացած է քաղաքական, կրօնական, ինչպէս նաեւ արուեստի բարձր պաշտօններու։
Ք․Ա․ 443 – 442 «Ատիկէի նաւային Դաշնութեան» գանձապահն է։ Ք․Ա․ 441 – 440 Փելիքլիսին հետ կը ղեկավարէՍամոս կղզիին արշաւանքը։ Ք․Ա․ 428-ինԹուքիտիտիսին հետ Աթէնքի բանակին զօրավարներէն է եւ Ք․Ա․ 413-ին Աթէնքի սակաւապետական կառավարութեան մաս կը կազմէ։
Ք․Ա․ 420-ին Սոֆոքլիսն է որ աթենացիներուն կը ծանօթացնէԱսքլիփիոսին պաշտամունքը եւ իբրեւ յարգանքի տուրք, ան ընտրեալն է որ իր բնակարանին մէջ կը ստանայ անոր պատկերը։
Սոֆոքլիս ունեցած է երկու մանչ զաւակներ․ Նիքոսթաթիս եւ Սոֆոքլիս (ապօրինի)։ Վերջինս յայտնի գրագէտ եղած է։
Սոֆոքլիսի կիսանդրին, Աթէնքի Ազգային Պարտէզին առջեւ
Մասնակցած է բազմաթիւ թատերական մրցոյթներու։ Ան Աթէնքի մէջ մեծ համբաւի արժանացած է եւ աթենացիներէն յարգուած եղած է։ Հակառակ անոր թէ մրցակցած էԷսհիլոսին (իրմէ 30 տարի մեծ) հետ, ներկայացուցած 30 քառեակներէն 20-ը առաջին տեղը գրաւած են։ Իսկ իրմէ տարիքով փոքր բարեկամը՝Էվրիփիտիս, առանձնացած կեանքին պատճառով աթենացիներէն չէ սիրուած։
Սոֆոքլիս գրած է 123 ողբերգութիւններ։ Անունով ծանօթ են 114-ը, որոնցմէ միայն 7-ն լրիւ պահպանուած ու հասած են մեզի, ինչպէս օրինակ՝ «Անտիղոնի» (Ք․Ա․442), «Իլեքթրա» (Ք․Ա․ 413), «Թրահինիէ», «Իտիփուս Թիրանոս», «Էաս», «Ֆիլոքթիթիս», «Իտիփուս էփի Քոլոնօ»։
Անոր գործերուն գլխաւոր դերակատարը անձն է, որ աստուածներուն հետ անխուսափելի, ողբերգական եւ մեղաւոր հակամարտութեան մէջ կը գտնուի։
Գործերուն փրկուած հատուածներէն ամենէն կարեւորը պրտաթուղթ պապիրոս մըն է որ խնայած է «Իհնեֆթէ» երգիծական ողբերգութեան մեծ մասը։