Արեւմուտքէն սահմանակից էԼիբանանին ուՄիջերկրական ծովուն, հարաւէն՝Իսրայէլին ուՅորդանանին, արեւելքէն՝Իրաքին եւ հիւսիսէն՝Թուրքիոյ։Կիպրոս կղզին կը գտնուի Սուրիոյ ծովեզերքէն 125 Քմ. հեռաւորութեան վրայ։ Սուրիոյ տարածութիւնը շուրջ 185.000 քառ. Քմ. է եւՀայաստանի Հանրապետութեան կը գերազանցէ՝ աւելի քան 6 անգամ։
Տարածաշրջանին ամէնէն վաղ արձանագրուած քաղաքակրթութիւնը Ք.Ա. շուրջ 3500-ին կը վերագրուի: Հիմնուած է Էպլա թագաւորութիւնը[7][8], որ կը գտնուէր ներկայի Սուրիոյ հիւսիսը՝Իտլիպի մօտ։ Էպլան կը զարգանարՄիջագետքի (Շումեր, Ասորեստան եւ Աքքադի թագաւորութիւն), ինչպէս նաեւ՝ հիւսիսի մէջ բնակող հուրրիներուն եւ հաթեթներուն առեւտրական կապերուն շնորհիւ։[9]Փարաւոններու դամբարաններուն մէջ գտնուած նուէրները կը հաստատեն, որ Էպլան հին Եգիպտոսի հետ նոյնպէս շփումներ ունեցած է։ Էպլան կը կործանիՄարիին հետ վարած երկարատեւ պատերազմներուն իբրեւ հետեւանք։ Սարգոն արքայի թոռ՝ Նարամ Սուէնի գրաւումէն ետք, Ք.Ա. 23րդ դարուն Էպլան կը դառնայ Աքքատական տիրութեան մէկ մասը։[10]
Եամհատի թագաւորութեան աստուծոյ գլուխ (Ք.Ա. շուրջ 1600)[11]
Ք.Ա. 23րդ դարու սկիզբը հուրրիներ կը հաստատուին Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան մասին մէջ, իսկ մնացեալ մասին կը տիրեն ամորիտները, որոնց անունով հարեւան աշուրա-բաբելացիներ Սուրիան կը կոչեն Ամուրրու։ Եամհատը (ներկայիսՀալէպը) հիւսիսային Սուրիոյ վրայ կ'իշխէ երկու հարիւրամեակներու ընթացքին, թէեւ արեւելեան Սուրիան Ք.Ա. 19րդ եւ 20րդ դարերուն գրաւուած էր Ասորական տէրութեան կողմէ, որ կը կառավարէր Շամշի Ատատ Ա.-ի հարստութիւնը։ Եամհատ նկարագրուած է Մարիի գրատախտակներու վրայ իբրեւ Միջին Արեւելքի հզօր պետութիւն մը, որ Բաբելոնի Համմուրապիէն աւելի կալուածատէրեր ունէր։ Եամհատ իր գերիշխանութիւնը կը տարածէԱլալախին,[12]Քատնային,[13]հուրրիներու պետութեան եւ Եփրատին հովիտին վրայ մինչեւ Բաբելոնի սահմանը։[14] Եամհատ կը գրաւուի եւ կ'աւերուի Եպլային հետ միասին Փոքր Ասիայէն ներխուժած հնդեւրոպական հիթիթներուն կողմէ շուրջ Ք.Ա.1600 թուականներուն։[15]
Այնուհետեւ Սուրիա կը դառնայ տարբեր օտար տէրութիւններու մարտադաշտ, ինչպէս՝ Հիթիթներու,Միթանիներու, Հին Եգիպտոսի, Ասորեստանի եւ նուազ չափով՝ Բաբելոնի։ Սկիզբը հիքսոս եգիպտացիները կը գրաւեն հարաւի մեծ մասը, իսկ հիթիթները եւ միթանիները՝ հիւսիսը։ Սակայն, Ասորեստան ի վերջոյ կը հասնի առաւելութեան, աւերելով Միթանիներու տէրութիւնը եւ կը գրաւէ մինչեւ հիթիթներու եւ Բաբելոնի տիրապետութեան տակ գտնուող տարածքները։
Ք.Ա. 14րդ դարուն տարածաշրջանին մէջ կը յայտնուին զանազան սեմական ժողովուրդներ, որոնցմէ էին՝արամէացիները: Հիքսոսները կը պայքարէին հիթիթներուն դէմ՝ Սուրիոյ ամբողջ արեւմուտքը վերահսկելու համար, պայքարը կը հասնի իր գագաթնակէտին Ք.Ա. 1274-ինՔատեշին ճակատամարտի ընթացքին:[16]
Հիթիթներու կործանումէն եւ Ասորեստանի անկումէն ետք Ք.Ա. 11րդ դարու վերջը, արամէացի ցեղերը վերահսկողութիւն կը ստանան ներքին տարածքներու՝Պիթ Պահիանիի,Արամէական Դամասկոսի եւՀամաթի (ներկայիս՝ Համա) վրայ։ Անկէ ետք տարածաշրջանը կը ճանչցուիԱրամէա կամ Արամ անունով։ Իսկ սեմական արամէացիներու եւ հնդեւրոպական հիթիթներու միախառնումները կը հիմնեն Սուրիոյ հիւսիսը եւ Փոքր Ասիոյ հարաւը (ներկայիս Թուրքիա) կեդրոնացած կարգ մը մարզեր։ Ք.Ա. 13րդ դարէն սկսեալ Սուրիոյ ծովափնեայ շրջանները (ինչպէս նաեւ՝Լիբանան եւՊաղեստին) կը գրաւեն փիւնիկեցիները եւ կը հաստատեն քանի մը քաղաք-պետութիւններ։ Այս ծովափնեայ տարածքներէն անոնք կը տարածեն իրենց ազդեցութիւնըՄիջերկրական ծովու շուրջը, ներառեալՄալթայի, Սիկիլիոյ, Իպերիական թերակղզիին գաղութները, ինչպէս նաեւ Ափրիկէի հիւսիսը՝ Ք.Ա. 9րդ դարուն մեծագոյն Կարթագեն քաղաքը։
Ք.Ա. 539-ին պարթեւներու Աքեմենեան տէրութիւնը Բաբելոնէն կը գրաւէ Սուրիան, դէպի հարաւ-արեւմուտք Ասիա նուաճելու արշաւին ընթացքին։ Չորս դար ասորիներու տիրապետութեան տակ գտնուած պարթեւները արամերէնը կը վերածեն Աքեմենեան տէրութեան (Ք.Ա. 539 - 330) դիւանագիտական լեզուին, իսկ Սուրիան կ'անուանեն՝ Էպեր-Նարի։ Աղեքսանտր Մեծի գլխաւորութեամբՄակեդոնական տէրութիւնը շուրջ Ք.Ա. 330-ին կը գրաւէ Սուրիան եւ անոր իբրեւ հետեւանք Ք.Ա. 323 - 64 կը հանդիսանայ Սելեւկեան յոյներու Գոելե-Սուրիա նահանգը։ Յոյները տարածաշրջանին կու տան «Սուրիա» անունը։ Սուրիան հայերուն տիրապետութեան տակ եղած է Ք.Ա. 83-ին,Մեծն Տիգրանի նուաճումէն ետք, որ այդ երկրին բնակիչներուն համար փրկութիւն կը համարուի Սելեւկիդներէն եւ հռոմէացիներէն։ Հայերուն վերահսկողութիւնը կը տեւէ երկու տասնամեակ, մինչեւ որ հռոմէացիները կրկին կը նուաճեն Սուրիան։ Հռոմի կայսրը՝Կնէոս Պոմպէոս, որ գրաւած էր Անտիոքը Ք.Ա. 64-ին, Սուրիան կը դարձնէ Հռոմի գաւառներէն մէկը։
Հռոմէական թատրոն Պոսրայի մէջ
Արամէախօս Փալմիրա հարուստ թագաւորութիւնը 2րդ դարուն կը խոյանայ դէպի Սուրիոյ հիւսիսը։ Փալմիրցիներ կը հիմնեն առեւտրական կապերու ցանց մը, ինչ որ շրջանը կը դարձնեն Հռոմէական կայսրութեան ամէնէն հարուստ քաղաքներէն մէկը։
Մինչեւ Հռոմի կողմէ գրաւուիլը, հիւսիսային ՄիջագետքիԱտիապենէ թագաւորութիւնը Ք.Ե.10-էն մինչեւ117 կը վերահսկէր Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը։ Սուրիոյ վրայ վերահսկողութիւնը ի վերջոյ հռոմէացիներէն կ'անցնի Բիւզանդիոնի, Հռոմի կայսրութեան բաժանումէն ետք։
Սուրիա նշանաւոր տեղ կը գրաւէր քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ։ Թարսուսցի Սաւուղը, որ ծանօթ էր Պաւղոս առաքեալ (Պօղոս) անունով, կը յայտնուի իբրեւ քրիստոնէական եկեղեցւոյ նշանաւոր անձ մը ՍուրիոյԱնտիոք քաղաքին մէջ, որմէ ետք ան կը սկսի իր առաքելական ճամբորդութիւնները։
Մուհամմէտի առաջին կապը Սուրիոյ ժողովուրդին հետ եղած էՅունիս 626-ին[17]: Մուհամմէտ մեծ (800ք.մ.) տարածութիւն կտրելով Մետինայէն Սուրիոյ Տումա քաղաքը հասած է իր 1000 հետեւորդներուն հետ, քանի որ ան տեղեկութիւն ստացած էր, որ տեղացի քանի մը ցեղեր նպատակ ունէին յարձակելու Մետինայի վրայ։ Գիտնականներու կարծիքով, ասիկա Մուհամմէտին ամէնէն կարեւոր ճամբորդութիւնը եղած էր, թէեւ վաղ աղբիւրները այս մասին քիչ խօսած են։
640-ին Սուրիան կը գրաւուիԽալէտ իպն Ալ-Ուալիտի գլխաւորած արաբներու Ռաշիտուն բանակին կողմէ։ Է. դարու կիսուն Ումայեաններու հարստութեան առաջնորդները իրենց մայրաքաղաքը կը փոխադրենԴամասկոս։ Յաջորդող տարիներուն երկրին ուժը կը նուազի: 750-ին Ումայեանները գահընկեց կ'ըլլան Աբբասեաններու կողմէ, որոնք տէրութեան մայրաքաղաքը կը փոխադրենՊաղտատ։ Ումայեաններու տիրապետութեան շրջանին պաշտօնական դարձածարաբերէնը կը դառնայ գերակշռող լեզու մը, դուրս մղելով բիւզանդական ժամանակաշրջանինյունարէնը եւ արամերէնը։[18]
1803-ինքարտէս մը, որուն մէջ Սուրիան դեղին գոյնով նշուած է իբրեւ «Պիլատ Ալ֊Շամ»:
1516-ինՕսմանեան կայսրութիւնը կը ներխուժէԵգիպտոսի Մեմլուքներու սուլթանաթ, կը գրաւէ Սուրիան եւ զայն կը ներառէ կայսրութեան մէջ։ Օսմանեան համակարգը տաժանելի չ'ըլլար սուրիացիներուն համար, որովհետեւ թուրքերը կը յարգեն արաբները, իբրեւ Քուրանի լեզուն կրողներ։Դամասկոսը կը դարձնեն հաւատացեալներու դէպի Մեքքա հաճի երթալու մեծ կայան մը, որ սրբավայրի կը նմանէր։[19] Օսմանեան վարչակազմը ստեղծած էր խաղաղ համակեցութեան համակարգ մը։ Իւրաքանչիւր էթնօ-կրօնական փոքրամասնութիւն՝ արաբներ (շիա եւ սիւննի իսլամներ), արամէացիներ, ուղղափառ եւ յոյն ասորիներ, մարոնիթներ, հայեր, քիւրտեր եւ հրեաներ կոչուած էին «միլլեթ»: Իւրաքանչիւր համայնքի կրօնական առաջնորդ կը կարգաւորէր անձերու ապրելակերպի օրէնքները, ինչպէս նաեւ կ'իրականացնէր որոշ քաղաքացիական գործեր։
1864-ին օսմանեան Սուրիոյ վրայ կը կիրարկուիԹանզիմաթը, ըստ որուն երկիրը կը բաժնուի վիլայէթներու՝Հալէպ, Զօրի սանճաք,Պէյրութ եւԴամասկոս։ Աւելի ուշ՝ Լեռնային Լիբանանին եւԵրուսաղէմին կը տրուին առանձին կարգավիճակներ։
1915-ի հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած կանայք:
Ա. համաշխարհային պատերազմին Օսմանեան կայսրութիւնը հակամարտութեան մէջ կը մտնէ Գերմանիոյ եւ Աւստրիա-Հունգարիոյ կայսրութեան կողմէ։ Ան, ի վերջոյ, պարտութիւն կը կրէ եւ կը կորսնցնէ վերահսկողութիւնը ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքին վրայ, իր տեղը զիջելով Անգլիական կայսրութեան եւ Ֆրանսային։ Հակամարտութեան ընթացքին, քրիստոնեայ տեղացիները՝ հայերն ու ասորիները ցեղասպանութեան կ'ենթարկուին եւ Տէր -Զօր կը դառնայ անոնց մահուան արշաւի վերջին հանգրուանը։[20]
1920-ին Հաշեմիթներու ստեղծածՍուրիոյ թագաւորութեան քանի մը ամիս տեւած գոյութենէն ետք տեղի կ'ունենայ Մայսալունի ճակատամարտը։ Ֆրանսական զօրքերը կը գրաւեն Սուրիան, որմէ տարի մը ետք, ըստ Սան Րեմոյի համաժողովին, Ազգերու Լիկան կը վճռէ Սուրիան Ֆրանսայի մանտաթին տակ դնել։ Սուրիա եւՖրանսա անկախութեան պայմանագիր մը կը կնքեն Սեպտեմբեր 1936-ին եւ Հաշիմ ալ-Ատասսի կը դառնայ առաջին նախագահը։ Սակայն, պայմանագիրը երբեք ուժ չ'ունենար, որովհետեւ Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմինը կը հրաժարի զայն վաւերացնելէ։ Ֆրանսա իր զօրքերը Սուրիայէն կը հանէԲ. համաշխարհային պատերազմէն ետք, Ապրիլ 1946-ին, երկիրը յանձնելով մանտաթի ընթացքը ձեւաւորուած հանրապետական կառավարութեան ձեռքը։[21]
Սուէզի ճգնաժամին հետեւանքով[22] Նոյեմբերի 1956-ին Սուրիա համաձայնագիր մը կը կնքէ Խորհրդային Միութեան հետ, ինչ որ համայնավարներուն հնարաւորութիւն կու տայ ռազմամթերքի տրամադրումին դիմաց կառավարութեան վրայ տարածել իր ազդեցութիւնը։ Թուրքիա կը սկսի անհանգստանալ Սուրիոյ ռազմական ուժին հզօրացումէն, քանի որ կը կարծէր, որ Սուրիա փորձեր պիտի ընէր ետ գրաւելուԻսքենտերոնը: Միայն ՄԱԿ-ին մէջ կայացած թէժ քննարկումները թոյլ կու տան նուազեցնելու պատերազմին վտանգը։[23] 1 Փետրուար 1958-ին Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի նախագահներՇուքրի ալ-Քուաթլի եւ Ապտէլ Նասսըր կը ստեղծեն Միացեալ Արաբական Հանրապետութիւնը եւ սուրիական բոլոր կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ համայնավարները, կը դադրեցնեն իրենց գործունէութիւնը։ Այդուհանդերձ, Սուրիոյ Պաասի սպաներ իրենց կուսակցութեան համար կ'որոշեն ստեղծել Ռազմական կոմիտէ մը, որուն առաջին դէմքերը կը հանդիսանան բարձրաստիճան զինուորականներ՝ Մուհամմէտ Ումրան, Սալահ Ժատիտ եւՀաֆիզ ալ-Ասսատ: Սուրիա կ'անջատուի միութենէն 28 Սեպտեմբեր 1961-ին, Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումէն ետք։
Համադաշնութենէն դուրս գալէն ետք երկիրը կը սկսի ղեկավարել ազատական նախագահ Նազիմ ալ-Գուտսի. ան ազգային ծրագիրներուն մեծ մասը նախկին տէրերուն կը վերադարձնէ։ 8 Մարտ 1963-ին տեղի կ'ունենայ յեղաշրջում մը, որուն իբրեւ հետեւանք իշխանութիւնը կը ստանձնէ «Պաաս» (արաբերէն՝ վերածնունդ) կուսակցութիւնը, որուն ղեկավարի դերը կ'ամրապնդուի յաջորդ տարի ընդունուած սահմանադրութեամբ։ Երկիրը կը գլխաւորէ Ամին ալ-Հաֆիզ, որ կը սկսի իրականացնել արմատական ընկերվարական փոփոխութիւններ։ Կ'իրականանայ տնտեսութեան հիմնական ճիւղերու ազգայնացումը։ 23 Փետրուար 1966-ին կը կատարուի հերթական յեղաշրջումը, իշխանութիւնը կ'անցնի Հաֆէզ Ասատի։
1967-ին Վեցօրեայ պատերազմին ընթացքինԻսրայէլ կը գրաւէ Գոլանի բարձունքները։ 1973-ին Սուրիա այլ արաբական երկիրներու հետ միասին կը յարձակի Իսրայէլի վրայ։ Արաբները չեն յաջողիր ջախջախել Իսրայէլը ու 18 օր ետք պատերազմը կը դադրի: Գոլանի բարձունքները կը մնան Իսրայէլի վերահսկողութեան տակ եւ այդպէս կը շարունակուի մինչեւ օրս։ 1976-ին Լիբանանի կառավարութեան խնդրանքով սուրիական զօրքերը կը մտնեն այդ երկիրը՝ քաղաքացիական պատերազմը կանխելու համար։ Պատերազմը կ'աւարտի 1990-ին, սակայն, զօրքերը դուրս կը բերուին միայն 2005-ին, վարչապետ Ռաֆիգ Հարիրիի սպանութենէն ետք։ 1980-1988 թուականներուն Իրան-Իրաք պատերազմին Սուրիան կ'աջակցի Իրանին։ 1976-1982 «Մուսլիմ եղբայրներու» գլխաւորած «իսլամական ապստամբութեան» տարիները կ'ըլլան։ Գլխաւոր իրադարձութիւնը կը դառնայ Փետրուար 1982-ին իրականացած Համայի կոտորածը, որուն զոհ կ'երթայ 40 հազար հոգի[24]: 10 Յունիս 2000-ին, Հաֆէզ Ալ-Ասատի մահէն ետք, որ երկիրը ղեկավարած էր 30 տարի, նախագահ կ'ընտրուի անոր որդին՝Պաշշար Ալ- Ասատ:
Հիմնականյօդուածներ՝ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմ, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի ժամանակագրութիւն, Աղանդաւորութիւն եւ էթնիկ պատկանելիութիւն Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին մէջ, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին զինուած խմբաւորումներու ցանկ
2011 թուականի Մարտին «Արաբական գարնան» շրջագիծին մէջ բողոքի ցոյցեր բռնկեցան գործող ռեժիմին դէմ։ Անոնք արագօրէն տարածուեցան հորիզոնական եւ ուղղահայեաց՝ ընդգրկելով երկրի նահանգներուն մեծ մասը։ Իշխանութիւնները պատասխանեցին բռնաճնշումներով եւ ցուցարարներուն դէմ մարտական փամփուշտներու օգտագործմամբ։ Միջազգային կազմակերպութիւնները մեղադրեցին Սուրիոյ անվտանգութեան ուժերը եւ բանակին՝ ապստամբութեան ընթացքին մարդու իրաւունքներուի խախտումներ կատարելու մեջ։ Ընդդիմադիր ուժերու դժգոհութիւնը իշխանութիւններուն նկատմամբ յանգեցուց զինուած շարժումներու ի յայտ գալուն, որոնք կազմուած էին կանոնաւոր բանակի դասալիքներէն եւ քաղաքացիական կամաւորներէն, ինչպիսին է «Սուրիոյ Ազատ բանակը»։ Առ այդ, բողոքի ցոյցերը ռազմականացուեցան եւ վերածուեցան քաղաքային պատերազմի, ուր օգտագործուեցաւ ծանր զէնք եւ մասնակցեցան օտարերկրեայ զինեալներ եւ բանակներ, ինչպիսիք են Թուրքիան եւ «Հըզպալլահը»։ Միեւնոյն ժամանակ, կառավարութիւնը շարք մը բարեփոխումներ իրականացուց, ինչպիսին է 2012 թուականի սահմանադրութիւնը, որ տեսականօրէն վերացուց «պետութեան եւ հասարակութեան պաասիստական ղեկավարութիւնը»։ Հաշուի առնելով ճգնաժամը լուծելու դիւանագիտական փորձերու ձախողումը եւ ռազմական լուծման բացակայութիւնը, ճգնաժամը, իր բռնկումէն ի վեր, յանգեցուցած է բազմաթիւ սուրիական քաղաքներու ենթակառուցուածքներու լայնածաւալ ոչնչացման, սուրիացի փախստականներու ճգնաժամի՝ ինչպէս երկրին մէջ, այնպէս ալ արտերկրի, հնագիտական վայրերու ոչնչացման եւ տնտեսութեան գրեթէ փլուզման, բացի մահացածներու, վիրաւորներու, հաշմանդամներու, կալանաւորուածներու, առեւանգուածներու եւ անյետ կորածներու անընդհատ աճող թիւէն: Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտարանը գրանցած է 210,060 մարդու մահ՝ սուրիական ճգնաժամի բռնկումէն ի վեր՝ 2011 թուականի Մարտ 18-էն, Տարաա նահանգին մէջ առաջին մահուան օրը, մինչեւ 2015 թուականի Փետրուար 5-ը: Զոհերը բաշխուած են հետեւեալ կերպ. քաղաքացիական զոհեր՝ 100,973, այդ կարգին՝ 10,664 երեխայ, տասնութ տարեկանէն բարձր 6,783 կին եւ ապստամբ եւ իսլամիստական խմբաւորումներու 35,827 զինեալ: Զոհուած զինեալ դասալիքներ՝ 2,498:
Հիմնական յօդուածներ՝ Սուրիական ընդդիմութեան 2024 թուականի յարձակումը եւ Ասատի ռեժիմի անկումը
Ռազմական իրավիճակը 2024 թուականի վերջը ընդդիմութեան յարձակումներէն առաջ։2024 թուականի վերջը իսլամիստական Հայ՛աթ Թահրիր ալ-Շամ խմբաւորման գլխաւորած ընդդիմադիր ուժերու գոալիցիան գրաւեց Հալէպը, ապա խոշոր քաղաքները, այդ կարգին՝ Դամասկոսը։ Սա դրդեց Սուրիական ռեժիմի ուժերը, որ պատասխան օդային արշաւ սկսին՝ ռուսական օդային միջոցներու աջակցութեամբ։ «Սպիտակ սաղաւարտներ» փրկարարական խումբի տուեալներով՝ ընդդիմութեան կողմէ վերահսկուող Իտլիպ քաղաքի բնակավայրերուն եւ քանի մը հիւանդանոցներուն ուղղուած հարուածները խլեցին առնուազն 25 մարդու կեանք։ ՆԱԹՕ-ն համատեղ յայտարարութիւն տարածեց՝ կոչ ընելով պաշտպանել քաղաքացիական անձինք եւ կարեւորագոյն ենթակառուցուածքները՝ յետագայ տեղահանութիւնները կանխելու եւ մարդասիրական հասանելիութիւնն ապահովելու համար։ Անոնք ընդգծեցին Սուրիոյ գլխաւորած քաղաքական լուծման անյապաղ անհրաժեշտութիւնը՝ համաձայն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի 2254 բանաձեւի, որ կոչ կ'ընէ երկխօսութեան Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ: Սա յանգեցուց Ասատի փախուստին երկրէն։
Ռազմական իրավիճակը Ասատի ռեժիմի անկումէն յետոյ՝ 2024 թուականի Դեկտեմբերին։
Ասատի ռեժիմի անկումէն յետոյ Ասատի իններորդ վարչապետ Մոհամմատ Ղազի ալ-Ճալալին, որուն կ'աջակցէին ընդդիմութիւնը եւ Ապու Մոհամմատ ալ-Ճուլանին, ժամանակաւորապէս մնաց պաշտօնին վրայ մինչեւ յաջորդ օրը Մոհամմատ ալ-Պաշիրի գլխաւորած անցումային կառավարութեան ձեւաւորումը: Ալ-Ճալալին կոչ ըրաւ նոր ընտրութիւններ կայացանելու, որպէսզի Սուրիոյ ժողովուրդը կարողանայ ընտրել իր նոր առաջնորդները։
Ասատի ռեժիմի անկումէն կարճ ժամանակ անց, Իսրայէլը սկսաւ ցամաքային ներխուժում Կոլանի բարձունքներուն մօտ գտնուող «Մանուշակագոյն գիծի» պուֆերային գօտի, բացի սուրիական ռազմական պահեստներու եւ ռազմածովային խարիսխներու դէմ շարք մը ավիահարուածներէ: Իսրայէլական զինուորականները կը պնդեն, որ ոչնչացուցած են պաասիստական ռազմական ենթակառուցուածքները, այդ կարգին՝ քիմիական զէնքի գործարանները, որպէսզի ապստամբները չկարողանան զանոնք օգտագործել։
2024 թուականի Դեկտեմբեր 12-ին անցումային կառավարութեան խօսնակը AFP-ին յայտնած է, որ կառավարութեան եռամսեայ ժամկէտի ընթացքին սահմանադրութիւնը եւ խորհրդարանը կը դադարեցուին եւ կը ստեղծուի «դատական եւ մարդու իրաւունքներու կոմիտէ»՝ սահմանադրութիւնը վերանայելու համար՝ փոփոխութիւններ կատարելէ առաջ։
Կլիման մերձարեւադարձային միջերկրածովային է, արեւելքը՝ չոր ցամաքային։ Ամրան Արաբական եւ Սուրիական անապատներէն յաճախ կը փչէ «Խամսին» կոչուող տօթակէզ քամին։ Սուրիոյ տարածութեան մեծ մասին մէջ բուսականութիւնը անապատային եւ կիսանապատային է (հացահատիկ, փշոտ խոտեր եւ թուփեր)։ Ծովամերձ գօտիին մէջ կը գերակշռեն մշտադալար կաղնին, դափնին, մրտենին, դափնեվարդը եւ մայրին: Կան ձիթենիի, թթենիի, թզենիի եւ խաղողի այգիներ։ Լեռներուն մէջ կ'աճին մշտադալար կաղնիներ, նոճիներ, ովասիսներուն մէջ՝ փիւնիկեան արմաւենի։ Բազմազան է նաեւ կենդանական աշխարհը. տարածուած են շերտաւոր բօրէնին, գայլը, շնագայլը եւ աղուէսը։ Լեռներուն մէջ կը հանդիպինք սուրիական արջի, անտառային կատուի եւ այծի։ Մեծ է կրծողներուն ու սողուններուն թիւը։
Սուրիոյ օդը չոր ցամաքային է։ Արեւելեան ծովափը խոնաւ է: Լեռնային շրջանները ցուրտ են, ուր ձմրան կը ձիւնէ։ Նաեւ կլիմայական փոփոխութեան պատճառով, 2010-էն սկսեալ, Հալէպ կը ձիւնէ Յունուար ամսուան ընթացքին։[26]
Ժողովուրդին մեծ մասը կ'ապրի Եւփրատ գետի հովիտին եւ առափնեայ բերրի դաշտավայրերուն մէջ։ 2008-ի տուեալներով երկիրին մէջ գտնուող փախստականներու եւ կացարան փնտռողներուն թիւը կը կազմէ շուրջ 1.852.300 հոգի։ Անոնց մեծամասնութիւնը Իրաքէն եկողներն էին (1.300.000), միւսները՝ Պաղեստինէն (543.400) եւ Սոմալէն (5.200)[27]: ՄԱԿ-ի կողմէ իբրեւ «մեր ժամանակներու մեծագոյն մարդկայնական աղէտ»[28] կ'որակուի շուրջ 9.5 միլիոն սուրիացիներու, բնակչութեան կէսին տեղահանութիւնը Մարտ 2011-ին սկսածՔաղաքացիական Պատերազմէն ետք։[29] Չորս միլիոն սուրիացիներ երկիրէն դուրս կ'ապրին իբրեւ գաղթականներ։[30][31]
Երկիրին բնակչութեան 74%-ը կը կազմեն սուրիացի եւ 600.000 պաղեստինցի արաբները։[32] Երկիրին բնիկ արամէախօս ցեղերը եւ հիւսիսային ու հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ բնակող (Հոմս, Հալէպ, Քամիշլի, Հասաքէ) ասորի քրիստոնեաներու թիւը կը կազմէ շուրջ 400.000:[33] Սուրիոյ բնակչութեան շուրջ 9%-ը կը կազմեն քիւրտերը (1.6 միլիոն հոգի)։[34] Քիւրտերու մեծ մասը սփռուած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան անկիւնը եւ կը խօսի քրտերէնի քուրմանճի բարբառով։
Սուրիոյ ազգակրօնական կազմը:
Սուրիա կը համարուի նաեւ քանի մը այլ ազգային խումբերու հայրենիքը՝ թուրքմեններու (թիւով շուրջ 100. 000)[35], չերքէզներու (100.000),[36] յոյներու,[37] եւ հայերու (շուրջ 100.000), որոնք հոն հաստատուած են Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք։ Հայերը գլխաւորաբար կ'ապրինՀալէպի,Դամասկոսի եւՔեսապի մէջ։
Ումայեաններու մզկիթ Հալէպի մէջ
Ժամանակին Սուրիոյ մէջ կը բնակէին մեծ թիւով հրեաներ, յատկապէս՝ Դամասկոսի, Հալէպի եւ Քամիշլիի մէջ։ Հալածանքներու պատճառով, 19րդ դարու երկրորդ կէսին անոնք կը գաղթենԱնգլիա,Միացեալ Նահանգներ եւԻսրայէլ։ Անիկա կը տեւէ մինչեւ 1948, այսինքն՝ պետութեան ստեղծումը։ Ներկայիս միայն փոքրաթիւ հրեաներ մնացած են Սուրիոյ մէջ։ Արաբական աշխարհէն դուրս, մէկ միլիոն արաբներու եւ այլ Մերձաւոր Արեւելեան ծագումով սուրիացիներու գաղութ մը կը գտնուի Պրազիլի մէջ։[38]Արժանթինի արաբներու մեծ մասը Սուրիայէն եւ Լիբանանէն եկած են։[39]
Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն սկսեալ, սիւննի դաւանանքին հետեւող մահմետականներ, կը սկսին անհանդուրժողութիւն ցուցաբերել հայերուն, ինչպէս նաեւ այլքրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն հանդէպ։[40] Սիւննիներու մեծամասնութիւնըՊաշշար Ասատի կառավարութեան դէմ էր, որովհետեւ Ասատալաւի դաւանանքին կը պատկանէր։ Ալաւիները աղանդաւորներ կը նկատուին սիւննիներուն կողմէ։ Այս պատճառով, անոնք չէին ուզեր աղանդաւորի մը կողմէ կառավարուիլ։ Քրիստոնեաները, մեծ մասամբ Ասատի կառավարութեան կողքին կը կանգնին, որովհետեւ այդ կառավարութիւնը քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները իր հովանիին ներքեւ կը պահէր։ Այս պատճառով, սիւննիները կը սկսին քրիստոնեաները ատել։ Կը սկսին իրենց մզկիթներուն մէջ, քրիստոնէութեան դէմ խօսիլ։ Օրինակ՝ թէ քրիստոնէութիւնը բազմաստուածային եւ հեթանոսական կրօն մըն է, որովհետեւ երեք աստուածներու կը հաւատայ։
Թուրքիան յենարան ունեցող «Սուրիական Ազատ Բանակ» կոչուած ահաբեկչական զօրքը, կը սկսի հայ գործատէրերու գործարանները գողնալ Շայխ Նաժժար, Ռամուսէ եւ Արգուպ ճարտարուեստաքաղաքներուն մէջ։ Ահաբեկիչները հարց կու տային այդ թաղամասի բնակիչներուն, թէ ո՛ր գործատեղը հայու կը պատկանի, ապա կը գողնային զայն։ Ոչ֊իսլամականին գողնալը արտօնուած է ըստ Քուրանին եւ իսլամական աստուածաբանութեան․
«Աստուած աւարը թոյլ տուաւ իբր օրինական եւ բարի: Ան այս մէկը օգտագործեց իսլամներու միասնութեան համար: Ուրեմն վայլեցէ՛ք ձեր գողցածը»:[41]Իպն Իսհաք (327)
«Եւ Ան (Աստուած) ձեզ ստիպեց ժառանգել անոնց երկիրը, անոնց տուները, անոնց ունեցուածքը եւ այն երկիրը, որ դուք չէք տրորած: Եւ Աստուած ամէն ինչի վրայ իրաւասու է:»[42]Քուրան 33․27
Երկրին պաշտօնական լեզունարաբերէնն է։ Սուրիոյ արաբերէնը իր յատուկ բարբառը ունի, որ կը կոչուի՝ սուրիական բարբառ։ Քիւրտերը կը գործածեն քրտերէնի Քումանճի բարբառը։Հայերը կը խօսինարեւմտահայերէն, իսկ թուրքմենները՝ արեւելեան ազերիներու լեզուն։ Օտար լեզուներէն կը տիրապետէրֆրանսերէնը, որ տարածուած էր երկու համաշխարհային պատերազմներու ընթացքին,Ռուսերէնը, որ անկախութեան տարիներուն դուրս կը ձգուի իբրեւ երկրորդ լեզու։ Կը գործածուի նաեւ՝անգլերէնը։
↑Mubarakpuri, The Sealed Nectar, pp. 193-194. (online)
↑«Syria: History»։Encyclopædia Britannica։ արտագրուած է՝25 January 2013
↑«Syria – Ottoman»։ Library of Congress Country Studies։ արտագրուած է՝25 January 2013
↑Pouring a People into the Desert:The "Definitive Solution" of the Unionists to the Armenian Question, Fuat Dundar,A Question of Genocide, ed. Ronald Grigor Suny, Fatma Muge Gocek and Norman M. Naimark, (Oxford University Press, 2011), 280–281.
↑Russell, A. (1856).The Natural History of Aleppo and Parts Adjacent. Containing a Description of the City,... Together with an Account of the Climate, Inhabitants and Diseases: Particularly of the Plague, with the Methods Used by the Europeans for Their Preservation.