Սելանիկ կամ՝Թեսաղոնիկէ (յուն․՝Θεσσαλονίκη), դիրքին գեղեցկութեան պատճառաւ, կ՛անուանուի նաեւԹերմայիքոսին Գեղուհին)[4]։ Քաղաք-նաւահանգիստՅունաստանի հիւսիսը, Կեդրոնական Մակետոնիոյ Շրջանը,Էգէական ԾովունԹերմայիքոս ծոցի հիւսիսային ափին։ Կեդրոնական Մակետոնիոյ եւ Թրակիոյ Ապակեդրոն վարչատարածքին վարչական կեդրոն․ Հիւսիսային Յունաստանի մայրաքաղաքը եւՅունաստանի երկրորդ մայրաքաղաքը։[5]Սելանիկի Վարչական Շրջանային Քաղաքատարածքին բնակչութեան թիւը 1․030․338 է, Քաղաքային Տարածքինը (արուարձաններով միասին)՝ 824․676, իսկ բուն քաղաքապետութեան շրջանը՝ 325․182։[6][7]
Սելանիկը համբաւ ունի իբրեւ փառատօներու քաղաք։Յունաստանի մշակոյթի մայրաքաղաքը կը նկատուի։
Քաղաքը իր աշխարհագրական դիրքին պատճառով,Հռոմէական գերիշխանութեան շրջանին եւ յատկապէս ՂալերիոսGalerius Կասրին որոշումով Կայսրութեան մայրաքաղաքը կը նշանակուի։ Ք․Ա․ 120-ին, երբ Էղնանտիա ՃամբունVia Egnatia շինութիւնը կ՛ամբողջանայ, Սելանիկը գլխաւոր կապը կը հանդիսանայ Արեւելքին եւ Արեւմուտքին միչեւ։Հռոմէական Կայսրութեան բաժանումէն ետք, Արեւելեան Կայսրութեան մայրաքաղաք ըլլալու թեկնածու է, սակայն կ՛ընտրուի Բիւզանդիոնը եւ իրեն կու տան Արքայական Երկրորդ Մայրաքաղաք տիտղոսը․ այս անունով ծանօթ էԲիւզանդական Կայսրութեան եւԲ․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին։
Սելանիկը (Թեսաղոնիկէ) կը հիմնուի Ք․Ա․ 315/6 թուականին, Քասանտրօ ՄակետոնացիէնΚάσσανδρο ο Μακεδόνας (Մեծն Աղեքսանտրի զօրավարներէն եւ հետաքային Մակետոնիոյ թագաւոր)․ Թեսաղոնիկէ կ՛անուանէ ի պատիւ տիկնոջը․ կինը՝ Թեսալոնիքի*,Մեծն Աղեքսանտրի խորթ քոյրն էր, Փիլիպոս (Ֆիլիփոս) Բ․ի զաւակը եւ Մակետոնիոյ իշխանուհին։
Թեսալոնիքի․ ըստ կարգ մը աղբիւրներու անունը յառաջ եկած է Թեսալոսյուն․՝ΘεσσαλόςՅունաստանի համանուն շրջանի եւ Նիքիյուն․՝Νίκη (յաղթանակ) բառերէն․ անունը տրուած է Փիլիպոս Բ․-էն ի պատիւ Մակետոնական բանակին տարած յաղթանակին Ք․Ա․ 353 թ․ Քրոքիու Ռազմավայրի Կռիւին (Μάχη του Κρόκιου Πεδίου - Battle of Crocus Field)։
Սելանիկ անունին կը հանդիպինք 14-րդ դարուն գրուած «Մորէա ժամանակագրութիւն» պատմական գիրքին մէջChronicle of the Morea (յուն․՝ Το χρονικόν του Μορέως)։ Այս անունը նաեւ ընդհանրացած կը հանդիպինք ժողովրդային երգերու մէջ։ Նաեւ՝ թրքախօսները, հրիաները եւ Օսմանցի քաղաքացիները քաղաքը Սելանիկ կ՛անուանեն, իսկ Իտալացիները՝ ՍալոնիկSalonicco։[9]
Քաղաքին աշխարհագրական դիրքը՝ հիւսիսայինՅունաստանի տարածքին, անոր նաւահանգիստին գոյութիւնը իբրեւ բնական ելք դէպի ծով, ինչպէս նաեւ՝ շրջապատող լեռներուն ընծայած բնական ամրացումը, հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերուն Սելանիկը կը հանդիսացնեն ռազմական, առեւտրական, քաղաքական եւ մշակութային խաչմերուկ մը։
Սելանիկին նաւահանգիստըՅունաստանի առեւտուրի գլխաւոր կեդրոններէն է։
Սելանիկը Կեդրոնական Մակետոնիոյ եւ Թրակիոյ Ապակեդրոն վարչատարածքին արեւմտեան մասին կը գտնուի, Թերմայիքոս Ծոցին խորքին։ Շրջաթատերային դիրք ունի․ շրջապատուած է՝
Արեւելքէն Քետրինօ Լոֆօ-էն (յուն․՝Κέδρινος Λόφος,Cedar Hill, թրքերէն անունը՝Σέιχ Σου, Şeyh Su այսինքն՝Շէյխին Ջուրը)։
Հարաւին կը գտնուին օդակայանը, ԹերմիինΘέρμη շրջանը։
Հարաւ արեւելքը կը գտնուի ՓանորամայիΠανοράμα շրջանը եւ ԽորդիադիΧορτιάτη լեռը (քաղաքին բնական ամրացումը եւ ջրամատակարարման կարեւոր վայրերէն մին)։
Հիւսիս արեւմուտքին կը տարածուի Սելանիկի դաշտը, որ կը լրացնէ քաղաքին ջրամատակարարումը։
Հիւսիսը կը բարձրանայ ՍիվրիΣιβρί լեռը․ Խորդիադի լեռէն կը բաժնուի ՏերվենիΔερβένι անցքով։
Սելանիկին դաշտատարածքը գլխաւոր դեր կը խաղայ քաղաքին տնտեսական զարգացման։ Հողը բարեբեր է շնորհիւ գետերուն։
Թերմայիքոս Ծոցը կը թափին արեւմուտքէն՝ ԱքսիոսΑξιός, ԼուտիասΛουδίας եւ ԷհետորոսΕχέδωρος երեք գետերը, իսկ քիչ մը անդին հարաւէն` ԱլիաքմոնասΑλιάκμονας գետը։ Այս գետերը, դժուարանցելի ըլլալով, պատմութեան ընթացքին քաղաքը զանազան պաշարողներէ պաշտպանեցին։
Աքսիոս գետին Տելդան, 22․000 խոնաւ բնավայր արտավարի տարածք կը կազմէ․ կը պաշտպանուի Ռամսարի ԴաշինքովRamsar Convention։[10][11]
ՍելանիկըՄիջերկրականի կլիմայի յատկանիշները ունի եւ քաղաքին դիրքին պատճառով ցամաքային ալ է (ծովէն կ՛ազդուի)։ Ձմեռը ձիւնը յաճախակի է, իսկ ամառները աւելի խոնաւ ենՅունաստանի մնացեալ մասէն։[12]
Սելանիկը նաեւ ենթակայ է յաճախակի զօրաւոր երկրաշարժներու։ Վերջին դարաշրջաններուն արձանագրուած են՝1759,1902,1978,1995, 2019 թուականներուն ցնցումները։[13]
Սելանիկը իր հիմնումէն, Ք․Ա․ 315/6 թուական մինչեւ Օսմանեան գրաւման շրջանին հարատեւ կը զարգանայ, կ՛օգտագործէ եւ կ՛արժեւորէ իր աշխարհագրական դիրքը․ բազմամշակութային քաղաք կը դառնայ։
1912 թուականէն ետք, Պալքանեան պատերազմներու վերջաւորութեան, կը վերամիանայ մայրՅունաստանին․ այդ օրէն ասդին,Յունաստանի երկրորդ մեծ քաղաքն է, մայրաքաղաքԱթէնքէն ետք (կ՛որակուի երկրորդ մայրաքաղաք, բնակչութեան թիւով եւ ճարտարարուեստի, առեւտուրի աճով)։
Հին դրամ․ Քասանտրոն - յունարէն գրութեան թրգ/նը՝ ԹԱԳԱՒՈՐ ՔԱՍԱՆՏՐՈՆ
Հելլենիստական ժամանակաշրջանի ընթացքին է որ Սելանիկը կը հիմնուի,Մեծն Աղեքսանտրի զօրավարներէն եւ հետագային Մակետոնիոյ Թագաւոր Քասանտրոսին կողմէն, Ք․ա․ 315/6։
Մինչեւ Ք․Ա․ Զ․ դարուն, Սելանիկի Շրջանային Տարածքին մէջ յոյները մեծամասնութիւն կը կազմեն, իսկ յունական ցեղերէն՝ գլխաւորաբար ԹրակիացիներըΘράκες-Thracians։ Նաեւ հոն կը բնակին ուրիշ ցեղեր ալ՝ ՖրիքիացիներΦρύγες -Phryges, ՓէոնեսΠαίονες-Peoni, ՄիղտոնեսΜύγδονες-Migdons եւայլն․։ Ք․Ա․ Զ․ դարուն, շրջանի յունական ցեղերէն Մակետոնացիները կը փոխադրուին Թերմայիքոս Ծոցին ափերուն։
Քաղաքը պարսիկները կը գրաւեն՝ Ք․Ա․ 510 - Ք․Ա․ 480։
Սելանիկը եւ Թերմայիքոս Ծոցը, արփանեակէ դիտուած
Այս ժամանակին, ԹերմինΘέρμη կարեւոր կեդրոններէն է եւ դիրքով՝ ապահով նաւահանգիստ (կը գտնուի Թերմայիքոս Ծոցին հիւսիս արեւելքը, Սելանիկ քաղաքին հարաւ-արեւելքը)։ Պարսիկ արքայ Քսերքսես Ա․ հոն կը հաւաքէ իր նաւատորմիղը։Տե՛սՅունաստան#Յունապարսկական պատերազմներ
Մեծն Աղեքսանտրի մահէն ետք, կը յաջորդեն երկարատեւ կռիւները զօրավարներուն միջեւ կայսրութեան տիրութեան համար։ Ի վերջոյ հսկայ կայսրութիւնը իրար միջեւ կը բաժնուին։ Մակետոնիոյ շրջանը, ինչպէս եւՅունաստանի մնացեալ շրջանները կ՛անցնինՄեծն Աղեքսանտրի զօրավարներէն Անդիղոնոս Ա․ ՄիակնանիինἈντίγονος Μονόφθαλμος -Antígonos Monóphthalmos ու անոր յաջորդներուն իշխանութեան տակ։
Քասանտրօ Մակետոնացին, կը զգայ շրջանին կարեւոր ռազմական դիրքը՝ միջերկրեային կապը ծովուն հետ։ Պայմանները կան ամրացած շրջանին մէջ առեւտուրի ապահով բարգաւաճման համար։ Ան, ունենալով մեկնակետ Թերմի հին քաղաքը, շրջանի ծովեզերիայ եւ արեւմտեան ԽալքիտիքիիΧαλκιδική 26 գիւղաքաղաքներու եւ գիւղերու բնակիչները բռնի կը տեղափոխէ եւ կը հիմնէ նոր քաղաք մը որ Թեսաղոնիկէ (Սելանիկ) կ՛անուանէ ի պատիւ իր տիկնոջ՝ Թեսալոնիքիին։
Քաղաքը արագօրէն կը զարգանայ։ Անոր առեւտրական կարեւորութիւնը տարբեր ազգութեան պատկանող գաղթականներ (եգիպտացիներ, ասորիներ, հրիաներ) կը հրապուրէ։ Անմիջական հետեւանքն է՝ բնակչութեան թիւի աճ, տեղագրական տարածում եւ արեւելքի նաւահանգիստներուն հետ կապ։ Պատմական տուիալներու համաձայն, քաղաքը կ՛ունենայ մնայուն պահակագունդ, բաղկացած գաղիացի վարձկաններէ։[8][14]
Ք․Ա 187-ին, Սելանիկը կ՛ ունենայ իր դրամը,ΘΕΣΣΑΛΟΝΙΚΗΣ (ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷ) արձանագրութեամբ։
Նոյն ժամանակաշրջանին, Հռոմէացիները արդէն մտած են Հիւսիսային Յունաստան։ Ք․Ա․ 169-ին, Յունիսին, տեղի կ՛ունենան Մակետոնացիներուն եւ Հռոմէացիներուն միջեւ կռիւները։ Մակետոնացիներուն օգնութեան կը հասնին դրացի յունական իշխանութիւններ, ինչպէս նաեւՓոքր Ասիոյ յունական թագաւորութիւններէն (Վիթինիա եւ Փերղամօ) բանակներ եւ մարտանաւեր։
Անդիղոնիտես Հարստութեան տապալումէն ետք, Սելանիկը (Ք․Ա․ 148) Հռոմէական Մակետոնիա նահանգին մայրաքաղաքը կը նշանակուի։ Իսկ Ք․Ա․ 41-ին, Մարք Անտոնիի օրովՀռոմէական Հանրապետութեան ազատ քաղաքελεύθερη πόλη -Civitas Libera կը դառնայ։ Հռոմի Հանրապետականներուն եւ Կայսերականներուն ներքին վէճերուն ընթացքին, Սելանիկը վերջիններուն կողմը կ՛առնէ, ու երբ անոնք յաղթական դուրս կու գան, անոր լայն իրաւասութիւններ կու տան։ Քաղաքը կը շարունակէ աճիլ ու բարգաւաճիլ, շնորհիւ իր դիրքին եւ մանաւանդ Ք․Ա․ 120-ին կառուցուած Էղնանտիա ՃամբունΕγναντία Οδός -Via Egnatia եւ գլխաւոր խաչմերուկ կը դառնայ։ Էղնանտիա Ճամբան Տիրախիոն (նաւահանգիստ, այժմ՝ արեւմտεանԱլպանիա) Բիւզանդիոնին կը կապէ, կը դիւրացնէՀռոմի եւԲիւզանդիոնի միջեւ առեւտուրը։ Հռոմէական արեւելեան վարչամեքենային գլխաւոր անցքն է եւ Ատրիադիք ծովը Տարտանելին (Էլիսփոնտօ) ու Փոքր Ասիոյ կը կապէ։[15][16]
Սելանիկի Հին Շուկան․ Հռոմէական թատրոն
Մակետոնիոյ շրջանը Հռոմէական Անտոնեան Հարստութեան ընթացքին, խաղաղութեան եւ բարգաւաճութեան շրջան մը կը բոլորէ, շնորհիւ «Հռոմէական Խաղաղութեան»Pax Romana (հռոմէական կայսրութեան մէջ մօտաւորապէս 200 տարուայ խաղաղութեան եւ բարգաւաճման շրջան)։ Սելանիկին բազմաթիւ քաղաքացիներուն Հռոմի Քաղաքացիի տիտղոսըcivitas Romana կը շնորհուի։[16]
Ղալերիոս Կայսրի Կամարը 4րդ դար, Rotunda of Galerius․ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկ
Այս ժամանակաշրջանին, Սելանիկցիները կը պաշտեն բազմաթիւ չաստուածներ։ Բացի 12 (երկոտասան) աստուածներէնΔωδεκάθεο, կը պաշտեն նաեւ ՏիոնիսոսըΔιόνυσος -Dionysos, եգիպտական կրօնէն՝ Սերափիս, Իսիտա եւ Արփոքրադի չաստուածները։
Նախաքրիստոնէական վերջին դարուն, Սելանիկի մէջ հրեաները զանգուածային բնակութիւն կը հաստատեն․ կ՛առաջանայ հրէական մեծ համայնք մը նաւահանգիստին մօտ։
Սելանիկի մէջ քրիստոնէութեան առաջին քարոզիչը Պողօս Առաքեալը կ՛ըլլայ, 50 թուականին։ Արագօրէն Սելանիկի եւՅունաստանի բնակչութեան մեծ մասը քրիստոնէութեան կը հետեւին։ Քաղաքին քրիստոնէական համայնքը կը զօրանայ եւ օրինակ կը դառնայՅունաստանի ուրիշ քաղաքներու քրիստոնեաներուն․ Պողօս Առաքեալ կը գովէ Սելանիկի տեղական եկեղեցին իր Ա․ նամակին մէջ։
Հաւատքի ազատութիւնը կամ անաստուածութեան վիճակը կը դադրի, երբ ՂալերիոսGalerius Կասրը Սելանիկ կը հաստատուի։ Քրիստոնեաներուն դէմ բուռն հալածանք մը կը սկսի, Սուրբ Տիմիթրիսը (305-ին) առաջին զոհերէն կ՛ ըլլայ։ Ի պատիւ անոր, Ե․ դարուն Սուրբ (Այ․) Տիմիթրիս եկեղեցին կը կառուցուի․ այժմԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկին մէջն է։
Սակայն, հալածանքներուն հակապատկերն է ՍելանիկիԿայսրութեան Վարչական կեդրոն դառնալը, Ղալերիոս Կայսրին կողմէն։ Քաղաքը կը հարստանայ բազմաթիւ պետական շէնքերով, յուշարձաններով։ Հետագայ տարիներուն անոր զարգացումը կը շարունակուի։ Կոստանտինոս Ա․ Կայսրը քաղաքին պատերուն առջեւ նաւահանգիստ մը կը կառուցէ․ կը գործածուի մինչեւԲիւզանդական Կայսրութեան անկումը։[15][17][16]
Բիւզանդական Կայսրութեան շրջան / Արքայական երկրորդ մայրաքաղաք
Բիւզանդական կայսրութեան առաջին օրերէն իսկ, Սելանիկ գլխաւոր դեր կը խաղայ կայսրութեան մէջ։
Մեծն Թէոտոսիոս կայսրը, Սելանիկ կը հաստատուի եւ կը դիմադրէ Գոթերու (Ղոթ) յարձակումներուն։ Ան, 378-ին քրիստոնեայ կը դառնայ եւ Սելանիկէն կայսերական հրովարտակովՔրիստոնէութիւնը պետական կրօնք կը հռչակէ։ Այս բոլորին հանդերձ, Սելանիկի բնակիչները իրմէ դժգոհ են, որովհետեւ բիւզանդական բանակին եւ կայսերական պահակագունդին մէջ վարձկան Գոթեր կը թափանցեն։ Ու երբ գոթերու պահակագունդին հրամանատարը ժողովուրդին համբաւ վայելող սայլարշաւի մարզիկ մը կը ձեռբակալէ, խռովութիւններ կ՛առաջանան եւ Թէոտոսիոն 7․000 Սելանիկցիներու սպանդը կը հրամայէ Ձիարձակարանին մէջ։ Այդ օրէն ասդին սոյն վայրը այլեւս չ՛օգտագործուիր։
Բիւզանդական կայսրութեան ուրիշ կայսրեր ալ Սելանիկը իբրեւ վարչական կեդրոն կը գործածեն, որպէսզի ետ քշեն պետութեան սահմանները ներխուժողներուն եւ կամ բարբարոս ցեղերու արշաւները։ Գոթերու յարձակումները կը շարունակուին մինչեւ Ե․ դարու վերջաւորութեան, սակայն քաղաքը կը կարողանայ շարունակել իր բնականոն կեանքը։ Այս կանոնաւորութեան մասնաւոր դեր կը խաղայ Յուստինեանոս Ա․ (Իուստինիանոս) կայսրըΙουστινιανός Α´-Justinien․ ան ծագումով Մակետոնացի ըլլալով, յատուկ ուշադրութիւն կու տայ Սելանիկի հարցերուն վրայ եւ քաղաքը Իլիրիքի կուսակալութեան (Պալքանեան թերակղզիին) մայրաքաղաքը կը յայտարարէ։[18]
527-688 երկարող ժամանակաշրջանին, Սելանիկ կը դիմագրաւէ հիւսիսէն արշաւող ցեղերուն յարձակումները․ Սլաւներ եւ անոնց ազգակից այլ սլաւ ցեղերΣλάβοι-Slavs, ԱվարներΆβαροι-Pannonian Avars, Պարսիկներ եւայլն։ Սլավները քանիցս կ՛արշաւեն, սակայն միշտ ետ կը քշուին եւ 688-ին Յուստինեանոս Բ․ կայսրը անոնց արշաւանքներուն վերջ կը դնէ ու մեծ շուքով Սելանիկ կը մտնէ։
904-ին, Սելանիկին վրայ Սարաքիները (արեւմուտքի արաբները)Σαρακηνοί Saracen կ՛արշաւեն․ անոնց առաջնորդն է իսլամացած Լէոն ԹրիփոլիդինΛέοντα τον Τριπολίτη - արաբերէն՝Rashīq al-Wardāmī (رشيق الوردامي),ժ եւGhulām Zurāfa (غلام زرافة) ։ Յարձակումի սաստկութիւնը եւ Սելանիկի անպատրաստութիւնը դիմագրաւելու նման պաշարում, պատճառ կ՛ըլլան քաղաքի գրաւման եւ կողոպուտին։ Բնակչութենէն հազարներով կը ջարդուին, գերի կը տարուին ու իբրեւ ստրուկ կը ծախուին։ Յաջորդող դարերը կը յատկանշուին շարունակի յարձակումներով եւ Բիւզանդական կայսրութեան տարած պատերազմներով, որոնք տեղի կ՛ունենան Պալքանեան թերակղզիին հողերուն վրայ։ Սակայն Ժ․ դարուն եւ ԺԱ․ դարսկիզբին, Սելանիկը վերանորոգման շրջան մը կը բոլորէ։ Կայսրութիւնը Թեմերու (թեմ՝ զինուորական/վարչական բաժանում) կը բաժնուի։ Սելանիկը այս Թեմերէն մէկուն մայրաքաղաքը կը դառնայ։[19]
Նորմանտիներու եւ Խաչակիրներուն կարճատեւ գերիշխանութեան շրջան
1185 թուականին, Նորմանտիները Տիրախիոն կը գրաւեն ու յաջորդաբար Սելանիկը։ 1185, 15 Օգոստոսին ցամաքէն եւ ծովէն քաղաքին պաշարումը կը սկսի․ պաշարողները կ՛ունենան 200 նաւ եւ 80․000 զինուոր։ Սելանիկին բնակիչներուն սնունդի հայթայթումը անբաւարար ըլլալով եւ կառավարիչի Դաւիթ Կոմնինոս չկարողանալով պատրաստել պէտք եղած ձեւով քաղաքին պաշտպանումը (Կոստանտնուպոլիսէն օգնական ուժերը շատ ուշ կը հասնին), պատճառ կ՛ըլլան քանի մը օրուան ընթացքին, 24 Օգոստոսին, Նորմանտիները քաղաք ներխուժեն ու սպանդի տալ 7․000 անզէն բնակիչներ։
1204 թուականին,Խաչակիրներուն Դ․ արշաւանքին ընթացքին, Սելանիկը եւ այլ հիւսիսային շրջաններ կ՛իյնան անոնց գերիշխանութեան տակ։ Խաչակիրները հիւսիսային շրջանները միացնելով կը հիմնեն Սելանիկի Թագաւորութիւնը (1204-1224)։ 1230 թուականին Սելանիկի Թագաւորութիւնը կը հպատակիՊուլկարիոյ Երկրորդ Կայսրութեան եւ կ՛ազատագրուի Նիքէայի* Կայսրութենէն։
Նիքէայի Կայսրութիւն․ Երբ Խաչակիրները 4րդ արշաւանքին ընթացքին Բիւզանդական կայսրութեան մայրաքաղաքԿոստանտնուպոլիսը կը գրաւեն (13/04/1204), վերջինին կողմէն կը ստեղծուին ժառանգական պետութիւններ։ Նիքէայի Կայսրութիւնը անոնցմէ մէկն է։
ԺԴ․ դարուն Սելանիկը կը վերագտնէ իր հմայքը․ նկատելով թէԲիւզանդական կայսրութիւնը այլեւս կը կեդրոնանայ Պալքանեան թերակղզիին մէջ, Սելանիկը ընդհանրապէս կը կառավարուի կայսրին զաւակ/ներէն (բիւզանդական կայսրութեան գահաժառանգներէն)։
1354 թուականին, Կէլլիպոլի գրաւումը օսմանցիներէն, կ՛արագացնէ անոնց տարածումը Պալքանեան թերակղզիին հարաւային շրջանները։ 1369 թուականին, անոնք Ատրիանուպոլիսը (Ատրիանուփոլի, ներկայ անունով՝ Էտիրնէ) կը գրաւեն եւ զայն իրենց կայսրութեան մայրաքաղաքը կը դարձնեն մինչեւ Կոստանտնուպոլսոյ գրաւումը՝ 1453։
Սավուայի Աննա կայսրուհին
1383 -1387 թուականներուն Սելանիկը երկար պաշարումէ ետք, կառավարիչ Մանուէլ Փալէոլողոս քաղաքը օսմանցիներուն հսկողութեան կը յանձնէ, յանձն առնելով վճարել տարեկան տուրքըχαράτσιkharaj։
1403-էն մինչեւ 1423, օգտուելով օսմանցիներու ներքին կռիւներէն, Սելանիկը խաղաղ շրջան մը կը բոլորէ։ 1423-ին, օսմանցիները քաղաքը կը պաշարեն։ Կառավարիչ Անտրոնիքոս Փալէոլողոս կը նախընտրէ քաղաքը դնելՎենետիկի Հանրապետութեան իշխանութեան հսկողութեան տակ․ այդպէս ալ կը մնայ մինչեւ 1430 թուականին, երբ վերջնականապէս Սելանիկը կը գրաւէ Սուլթան Մուրատ Բ․ Մարտ 29-ին։[20][21][22][23]
Զիլոթիներուն շարժումը եւ Բիւզանդական արուեստը (Փալէոլողոսեան Վերածնունդ)
Սելանիկը իբրեւ Կայսրութեան երկրորդ մայրաքաղաք, երկու ներքին քաղաքացիական կռիւներուն մէջ կը մխրճուի․ 1320-1328, Անտրոնիքոս Բ․ եւ Անտրոնիքոս Գ․ միջեւ եւ 1341-1354, Յովհաննէս Ե․ եւ Յովհաննէս Զ․ Քադաքուզինոներուն միջեւ։ 1342 թուականին կը պայթի Զիլոթիներուն շարժումը․ հակա-ազնուական շարժում, առաջացած քաղաքին միջին եւ աղքատ դասակարգերէն։ Անոնք կը յաջողին եւ կարճ ժամանակի համար քաղաքին ղեկը կը ստանձնեն։ 1349 թուականին, երբ Սելանիկին կը շնորհուի ինքնակառավարում, Զիլոթիները կը փորձեն կապի մէջ մտնել Սերպ կառավարիչին հետ, որպէսզի զօրացնեն իրենց դիրքը։ Սակայն բնակիչները, ազնուականներուն ղեկավարութեամբ կը հակազդեն եւ Զիլոթիներուն կը տապալեն։
1350 թուականին, Սելանիկ կը հաստատուի Սավուայի Աննա-նAnna of Savoy (1327-1341Բիւզանդիոնի կայսրուհի)․ ան կը կառավարէ իր տղուն հաշւոյն, Յովհաննէս Ե․ Բիւզանդիոնի կայսր։ Այդ ժամանակաշրջանի քաղաքական խռովութիւնները, արգելք չեն ըլլար քաղաքին հոգեմտաւոր զարգացման։ ԺԴ․ դարուն, Սելանիկ կ՛ապրին բազմաթիւ մտաւորականներ, կը կառուցուին եկեղեցիներ, վանքեր եւ պետական շէնքեր։ Սելանիկի արուեստի դպրոցները կ՛ազդեն պալքանեան քրիստոնիայ աշխարհը եւՌուսիան։
Այս ամբողջ շարժումը «Փալէոլողոսեան Վերածնունդ» կը կոչուի․ Սելանիկը կայսրութեան հոգեմտաւոր կեդրոնն է։[20][21][23]
1354 թուականին, Օսմանցիները Արեւելեան Թրակիոյ սահմանները կը հասնին, գրաւելով ԿէլլիպոլըΚαλλίπολη,Gallipoli: Այս գրաւումով, անոնք արագօրէն Պալքանեան թերակղզին կը ներխուժեն ու յաջորդող քանի մը տարիներուն ընթացքին կը գրաւեն զայն։ 1369 թուականին, օսմանցիները ԱտրիանուպոլիսըΑνδιανούπολη, Edirne իրենց կայսրութեան մայրաքաղաքը կը հռչակեն մինչեւ 1453 թուականին, երբ վերջնականապէսԿոստանտինուպոլիսը կը գրաւեն։
1383 - 1387 թուականներուն, չորս տարուան պաշարումէ ետք, Սելանիկի իշխան Մանուէլ Բ․ Փալէոլողոս կը ստիպուի քաղաքը օսմանցիներուն յանձնել, իսկ ինքը Կոստանտնուպոլիս կը փախչի եւ հոն կայսր կը հռչակուի, յաջորդելով իր հօրը։
Սպիտակ Բերդը եւ կամ Արիւնի Բերդը (Kanli Kule)․ Գծանկար 19-րդ դարու․ Գործեց իբրեւ Օսմանեան բանտ 400 տարի․ կ՛երեւի նաեւ անոր շրջապատող պարիսպը։
Այս ժամանակաշրջանին, օսմանցիներուն կողմէ գրաուած քաղաքները ինքնիշխան են։ Սակայն ծանր տուրք կը վճարեն, խարաճը*։ Նաեւ, օսմանեան տարածքին քրիստոնիայ բնակչութիւնը մանկահաւաքի*Devshirme կ՛ենթարկուի։
խարաճKharaj ՝ հողատարածքի եւ անշարժ գոյքի տուրք։
մանկահաւաքDevshirme՝ մօրը գիրկէն մանուկները բռնի կ՛առնեն եւ անոնց մոլի օսմանցի զինուորի՝ ԵնիչարիJanissaries կը վերածեն։
1403 թուականին, Մանուէլ կայսր, օսմանցիներուն ներքին ժառանգական փախումներուն ընթացքին, Պայազիտ սուլթանին մեծ տղուն՝ Սուլէյմանին կողմը կ՛առնէ։ Սուլէյման, երբ գահ կը բարձրանայ, իբրեւ գնահատանք, Սելանիկը եւ քանի մը շրջաններ իբրեւ ՍեփականութիւնAppanage Բիւզանդական կայսրութեան կը շնորհէ։
1423 թուականին, օսմանցիները կրկին քաղաքը կը պաշարեն։ Անոր մենատէր կառավարիչը՝ Անտրոնիքոս Փալէոլողոս, քաղաքը Վենետիկի Հանրապետութեան կը յանձնէ եւ այսպէս Սելանիկը Օսմանցիներուն ձեռքը չ՛իյնար։
Օսմանցիները քաղաքին պարիսպը կ՛ամրացնեն։ Քաղաքը հսկելու եւ իշխելու համար բերդեր կը կառուցեն եւ կամ կը վերանորոգեն․ օրինակ՝ բիւզանդական շրջանին կառուցուած Սպիտակ Բերդը՝ այսօր քաղաքը յատկանշող յուշարձան-թանգարան։ Սպիտակ Բերդը կը հիմնուի 12-րդ դարունԲիւզանդական Կայսրութեան ատեն․ հետագային Օսմանցիները Ենիչարիներու բնակատեղի կը վերածեն, ապա՝ մահուան դատապարտեալներու բանտ։
Գրաւումէն անմիջապէս ետք, քաղաքին բնակչութեան 1/5ը գերի կը բռնուի․ ասոնցմէ մեծամասնութիւնը կ՛ազատուի ազգականներէն, որոնք կը վճարեն փրկագինը, իսկ մնացեալները կը հեռացուին քաղաքէն։ Քաղաքին գրաւումէն ետք, բնակչութեան թիւը զգալիօրէն կը նուազի․ 2․000 բնակիչ միայն։ Բնակչութենէն լուրջ թիւ մը քաղաքէն անդարձ կը մեկնի․ անոնց կալուածները Սուլթանը կ՛իւրացնէ եւ կը բաժնէ թուրք եւ այլ իսլամ բնակիչներուն (իսլամացած յոյներ, պուլկարներ եւ ալպանացիներ) որոնց Սելանիկ կը բերէ ու կը տեղաւորէ լքուած բնակարաններուն մէջ։ Քաղաքին մտաւորականներէն շատեր կը յաջողին փախչիլ։ Կը բռնագրաւին եկեղեցիներ եւ վանքեր ու անոնց հարստութիւնը․ ասոնցմէ շատեր մզկիթի եւ իսլամ կրօնի դպրոցի կը վերածուին։
Քաղաքին բնակչութեան դիմագիծը բոլորովին կը փոխուի երբ Սելանիկ կը հաստատուին (Սուլթանին հրաւէրով) կեդրոնական եւրոպայէն Ասքենազի հրիաներAshkenazi Jews եւ 1492 թուականէնՍպանիայէն Սեֆարտի հրէական ցեղախումըSephardi Jews։ Մինչեւ ԺԵ․ դարավերջը, Սելանիկ կը հաստատուին մօտաւորապէս 20․000 հրիաներ։ Ըստ 1519 թուականի մարդահամարին, Սելանիկին բնակչութեան թիւը 29․220 հոգի կը հաշուէ․ 53,8% հրիայ, 23,5%իսլամ եւ 22,7% քրիստոնիայ։ Քաղաքը, դանդաղ քայլերով ինքզինքը կը գտնէ եւ կը շարունակէ պահել առեւտուրի կարեւոր կեդրոնի իր համբաւն ու գործունէութիւնը։ Կարգ մը պատմաբաններ կ՛ենթադրեն թէ հրիաներուն ուղղուած հրաւէրը՝ գալ ու հաստատուիլ Սելանիկ, Օսմանցիներուն ռազմաքաղաքականութիւնն է․ արգիլել յոյն բնակչութեան քաղաքին ղեկը առնել։
Այս համայնքները կ՛ունենան մարն մունր ներքին խնդիրներ։ Սակայն շատ աւելի լուրջ ենիսլամներուն միջեւ ծագած հարցերը, որոնք հետեւանքն են ընկերային անարդարութեան եւ օսմանեան վարչակարգին դէմ Ենիչարիներուն ապստամբութիւններուն։
1520-էն, քաղաքին տնտեսութիւնը կը սկսի բարգաւաճիլ։ Ձերարհեստը (հիւսք, ոսկերչութիւն, գորգաշինութիւն, կաշեգործութիւն) եւ միջազգային առեւտուրը կը զարգանան։ Տնտեսական այս աճը կը շարունակուի մինչեւ ԺԷ․ դարուն կէսերը, երբ համաշխարհային վաճարականութիւնը կը տեղափոխուի Ադլանտեան Ովկիանոսին կողմը եւՕսմանեան Կայսրութիւնը կը նուաղի։ Այս վիճակը կը դադրի ԺԸ․ դարուն երրորդ տասնամեակին, որովհետեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, մանաւանդ եւրոպական մասին, առեւտուրը կրկին թափ կ՛առնէ դէպիԱւստրիա եւՌուսիա (գլխաւորաբար ծխախոտի, բուրդի եւ փամպակի վաճառք)։
ԺԹ․ դարուն սկիզբներէն իսկ, յունական համայնքը կը սկսի իր բնակչութեան թիւով ե՛ւ տնտեսական վիճակով մրցակցիլ հրէական համայնքին։ Սակայն համաշխարհային գետնի վրայ, Սելանիկը միակ քաղաքն է որ ունի հսկայ հրէական համայնք մը, որ հրիաները կ՛անուանեն «Պալքաններուն Երուսաղեմը» եւ «Մայր Իսրայէլի»։
Նաեւ, մինչեւ ԺԸ․ դար, բնակչութեան թիւը ելեւէջներ կ՛ունենայ․ հետեւանք՝ քաղաքին մէջ ծագած հրդեհներուն եւ համատարած հիւանդութիւններուն։
Սելանիկը,Օսմանեան տիրապետութեան շրջանին, վարչական, տնտեսական եւ կրօնական կարեւոր կեդրոն կը հանդիսանայ, նմանԲիւզանդական Կայսրութեան ընթացքին։ Կը կառուցուին բաղնիքներ, իսլամ կրօնի վանքեր, իսկ բազմաթիւ եկեղեցիներ մզկիթի կը վերածուին։ Ե․ դարուն կառուցուած Սուրբ (Այ․) Տիմիթրիս եկեղեցին 1491 թուականէն մինչեւ 1912 (քաղաքին ազատագրութեան թուական) մզկիթի կը վերածուի։ Մինչեւ1856 թուականը, ուր որ եկեղեցին չկայ, նոր եկեղեցիի կառուցումը կ՛արգիլուի։1669 թուականին ֆրանսացի կրօնաւոր Ռոպեր Տը Տռօ իր արձանագրութիւններուն մէջ կը նշէ թէ ՍելանիկըՅունաստանի ամենագեղեցիկ եւ համբաւաւոր քաղաքներէն է։1737 թուականին, նոյնպէս Ֆրանսացի կրօնաւոր Ժօզէֆ Տը լա Փորդ կը նշէ որ Սելանկը ունի 48 մզկիթ, 30 եկեղեցի եւ 36 հրէական ժողովատուն։
Մինչեւ1826 թուականին Թեսաղոնիկէն մայրաքաղաքն է Սելանիկի ՍանճակինSanjak of Selanik եւ մինչեւ1867 թուական՝ Սելանիկի Վիլայէթին։[24][25][26][27][28]
Յունաստանի ապստամբութեան ծագումին առաջին իսկ օրէն, Սելանիկի կառավարիչ Եուսուֆ ՊէյYusuf Bey քաղաքին երեւելիներէն 400 հոգի կը բանտարկէ իբրեւ պատանդ։ Ան, երբ կ՛իմանայ թէ Խալքիտիքիի գիւղերը ապստամբութեան դրօշ պարզած են, սպանդի կ՛ենթարկէ պատանդներուն կէսը, կը զինէ քաղաքին թուրք բնակչութեան 16-60 տարեկան տղամարդիկը եւ քաղաքին մէջ սարսափ կը տարածէ։ Երկու տարուան ընթացքին, մինչեւ1823՝ երբ օսմանցիները վերջնականապէս կը սանձեն Մակետոնիոյ տարածքին ծագած ապստամբութիւնները, կը սպանուին 25․000 յոյն բնակիչներ, նաեւ յոյն բարձրաստիճան կրօնաւորներ եւ մտաւորականներ, հրոյ ճրագ կը դառնան վանքերն ու վանականները։ Մնացեալ յոյն բնակչութիւնը, որպէսզի կարողանայ վճառել իրեն պարտադրուած ծանր տուրքերը եւ կեանքը ազատէ, կը պարտաւորուի ծանր փրկագին տալ․ ծախել անշարժ եւ շարժական գոյքը չնչին գինով եւ կամ փրկագինին վճարման համար բարձր՝ 30-50%, տոկոսով դրամ փոխ առնել։ Սակայն հազարներով չեն կարողանար դիմագրաւել այս կացութիւնը․ հետեւանքն է՝ տղամարդիկ բանտարկուին կամ սպաննուին, կիներ եւ երեխաներ ծախուին իբրեւ ստրուկ։ Արեւելեան Սելանիկի եւ Խալքիտիքիի շրջանները կ՛ամայանան, յոյն բնակչութիւնը գրեթէ կ՛ոչնչանցուի։ Սելանիկը 60 տարի ետք միայն, պիտի կարողանայ բուժել իր վէրքերը։[27][29][30] 1826 թուականին, Սուլթան Մահմուտ Բ․ օսմանեան բանակին վերակազմութիւնը կ՛որոշէ։ Սելանիկի 10․000է աւելի ԵնիչարիներըJanissaries վախնալով թէ պիտի կորսնցեն իրենց լայն իրաւասութիւնները եւ ինչքը կ՛ապստամբին։ Սուլթանի հրամանով Յունիս ամսուն օսմանեան բանակի զինուորներ կը յարձակին անոնց կեդրոնը եւ բոլորը կը սպաննեն։ Այս դէպքը կը կոչուի Ուրախ Պատահար,Vaka-i HayriyeAuspicious Incident։[31]
Ռուս-թրքական պատերազմին (1828–1829) աւարտով եւ Թանզիմադի՝ (Սուլթանի «դիւանագիտական» մուրհակ - Կայսրութեան Վերանորոգումի Հրովարտակ - «պահանջուած»Եւրոպայի Մեծ Ուժերէն)1839 թուականէն ետքՕսմանեան տարածքին եւրոպական հողերուն վրայ խաղաղութիւնը կը վերատիրէ եւ կը սկսի տնտեսական աճը։ ՍելանիկըՕսմանեան կայսրութեան հայելին էեւրոպային համար․ առեւտրական գլխաւոր կեդրոն կը դառնայ, միաժամանակ վարչական, կրթական եւ անձնական շէնքերու վերակառուցումը կը սկսի։ ԺԹ․ դարավերջին բնակչութեան թիւը շարունակ կ՛աճի, յոյն բնակչութիւնն ալ։Ռուսական կայսրութենէն վտարուած հազարներով հրիաներ Սելանիկ կը հաստատուին։ Քաղաքին բնակչութեան թիւը1865-ին 50․000 է,1880-ին 90․000,1895-ին 120․000, հասնելով1917-ին 135․000։
1869-1889 թուականներուն քաղաքին պարիսպները մաս առ մաս կը փլուին, որպէսզի Սելանիկը կարողանայ ընդարձակուիլ։
1888 թուականին Սելանիկ կ՛ունենայ իր տրամուղինtramway, իսկ1908-ին՝ ելեկտրականութիւն։1888-ին «Արեւելեան Երկաթուղին» Սելանիկը Կեդրոնական Եւրոպային կը կապէՊելկրատի (Սերպիոյ մայրաքաղաք) միջոցաւ։ Իսկ անոր կցուղին՝Կոստանտնուպոլսոյ հետ1986-ին։
ԺԹ․ դարուն, ՍելանիկըՕսմանեան Կայսրութեան չորրորդ գլխաւոր քաղաքն է (վարչականօրէն եւ քաղաքականօրէն)․ հոն է ուր պիտի ծնիԵրիտասարդ թուրքերու շարժումը՝Young Turks -İttihat ve Terakki Cemiyeti։[32][33][34]
Երիտասարդ Թուրքերու շարժումը եւ Ազգային շարժումներ
1871-1872 թուականներուն, Սելանիկին յունական համայնքը եւ փոքրաթիւ պուլկարական համայնքը իրարու կ՛ընդհարին երբ Սուլթանի հրովարտակով, քաղաքին մէջ կը հիմնուի անջատ պուլկարական ուղղափառ եկեղեցիի կեդրոն․ յոյները այս քայլը բնակչութեան պուլկարացման միջոց կը համարեն (տե՛սԱղբիւրներ թիւ՝ 16)։ Այս ընդհարումները ալ աւելի կը զարգանան 1903-իԱպրիլի դէպքերովBoatmen of Thessaloniki -յուն․՝Απριλιανά του 1903- ու կը տարածուին 1904-1908 թուականներուն, Մակետոնական ՊայքարիMacedonian Struggle Μακεδονικός Αγώνας ընթացքին։[35][36]
Այս ազգային շարժումներուն զուգահեռ,1896-էն սկսեալՕսմանեան կայսրութեան տարածքին,Պոլսոյ եւ Սելանիկի մտաւորական (անձնաւորութիւններ գլխաւորաբար թուրք ազգութեամբ եւ մասամբ մակետոնիոյ մէջ ապրող ազգերէն եւ նաեւ հայեր) եւ զինուորական խաւին մէջ արագ զարգացումով հանդէս կու գայ այլ շարժում մը որ կուսակցութեան կը վերածուի․Երիտասարդ Թուրքեր (Իթթիհատ Վէ Թէրաքքի)İttihad ve Terakki Cemiyeti ։ Անոր գաղափարախօսութիւնը սկզբնական քայլերուն հակակայսերապաշտութիւնն ու ժողովուրդի քաղաքականացումն է եւ նպատակը՝ տկարացած ու խաբեպատիր օսմանեան կայսրութեան արդիականացումը եւ անոր վարչակարգի վերածումը՝ ժողովրդավարական եւ եւրոպական տիպի սահմանադրական մենատիրութեան։
Երիտ-Թուրքերուն Յեղափոխութեան իբրեւ արդիւնք, Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ․ (ծանօթ նաեւ իբրեւ Կարմիր, Ջարդարար կամ Արիւնարբու սուլթան - հայ ժողովուրդին զանգուածային ջարդերուն համար-)1908-ինՅուլիս 24-ին Սահմանադրութիւն կը շնորհէ, սակայն1909-ին ետ կ՛առնէ զայն պահպանողական դասակարգին օգնութեամբ։ Շուտով երկրին ղեկը վերստինԵրիտ-թուրքերուն ձեռքը կ՛անցնի. անոնք 26Ապրիլին սուլթանը կը տապալեն ու գահ կը բարձրացնեն անոր եղբայրը՝ Մեհմետ Ե․MehmedV։
Ապտուլ Համիտը Սելանիկ կը բերեն, Երիտ-թուրքերուն կեդրոնը եւ զայն «կը բանտարկեն» Ալլադինի ընտանիքին առանձնատան մէջ․ հոն կը մնայ մինչեւ1912 թուականին։
Սելանիկին օսմանեան բանակի պետը՝ Հասան Թահսին Փաշա, տեսնելով թէ անիմաստ է դիմադրել յունական բանակին, բանակցութիւններէ ետք քաղաքը յոյներուն կը յանձնէ․ համաձայնութեան դաշինքը կը ստորագրուի 26Հոկտեմբերի իրիկուան դէմ մինչեւ 27 Հոկտեմբերի արեւածագին (քաղաքին բարեխօս Ս․ Տիմիթրի տօնին օրը)*։
1912 Հոկտեմբեր 29-ին (հին օրացոյցով), յունական բանակին մաս մը, գլխաւորութեամբ Յունաստանի թագաւոր Ղիորղոս Ա․ին, Սելանիկ կը մտնէ։
Պատերազմը կը վերջանայԼոնտոնի Դաշինքի (30Մայիս,1913) ստորագրութեամբ․Օսմանեան կայսրութիւնը վերջնականապէս կը քաշուի եւրոպական հողերէն եւ դաշնակցած երկիրները կը տիրանան եւ իրար մէջ կը բաժնուին Քոսովօն, Մակետոնեան եւ Թրակիոյ մեծ մասը։ Նաեւ, այս պատերազմին ընթացքին Ալպանացիները կ՛ապրին իրենց զարթօնքը․ ինչ որ պիտի առաջացնէԱլպանիոյ պետութեան հիմնումին։[39][40]
Պուլկարներն ալ աչք ունէին Սելանիկին վրայ, սակայն յունական բանակը աւելի արագ կը հասնի շնորհիւ վարչապետ Էլէֆթերիոս Վենիզելոսի դրդումներուն․ երբ Վենիզելոս կը հարցուի թէ յունական բանակը դէպի ո՞ւր շարժի, Սելանիկ կամ Մոնասդիրի (այժմ Վիդոլա, Հիւսիսային Մակետոնիա), ան կը պատասխանէ․- «Սելանիկ ամէն գնով!»։
Սելանիկը իր ազատագրումէն ետք կը պահէ օսմանեան կառավարական վարչաձեւը, որպէսզի քաղաքին ընկերային եւ տնտեսական վիճակը չլուծուի։ Իսկ քաղաքապետը՝ Օսման Սայիդ պաշտօնը կը պահէ մինչեւ1922, փոքր դադարներով։
Պալքանեան Ճակատը (կամ՝ Մակետոնական ՃակատըMacedonian Front) կը կազմուի․ տասնեակ հազարներով մարդուժ կ՛ունենայ եւ նպատակն է Սերպիոյ եւՌուսիոյ դիկունք կանգնիլ։
1915, 30 Դեկտեմբերին, Սելանիկի վրայԱւստրիոյ օդային յարձակումին իբրեւ հետեւանք, Դաշնակցած (ԱՆՏԱՆՏ) ուժերը կը ձեռբակալենԳերմանիոյ,Աւստրիոյ,Պուլկարիոյ եւԹուրքիոյ փոխ-հիւպատոսները եւ իրենց ընտանիքներն ու հարազատները։ Անոնց կը դնեն ռազմանաւի մը մէջ, իսկ դատարկ հիւպատոսարաններուն մէջ կ՛օթեւանեն իրենց ուժերը։
1917, Սելանիկի համայնապատկեր․ հաւանական է որ նկարուած է նախ կան Մեծ Հրդեհը․- Ծթ․՝ բացիկը կը պատկանէր ֆրանսացի զինուորականի մը որ Սելանիկէն մեկնեցաւ 1919 թ․ - հրատարակիչ՝Jacques Saul à Salonique․
1917-ին, վերոնշեալ երկու կառավարութիւնները կը միանան։Յունաստան կը կռուի ԱՆՏԱՆՏ-ի կողքին եւ Պատերազմի աւարտին կը գտնուի յաղթականներուն հետ։
Այս ժամանակաշրջաններուն, Սելանիկ կ՛ապաստանին մեծ թիւով գաղթականներ, գլխաւորաբար արեւմտեան Թրակիոյ շրջանէն, որոնք փախուստ կու տան պատերազմի գօտիէն։[40][41][42]
1917, 5 Օգոստոսին (հին օրացոյցով`18 Օգոստոս), Շաբաթ օր, կ․ե․ ժամը 5։00ին, Սելանիկի աղքատ գաղթական ընտանիքի մը բնակարանին մէջ ծագած հրդեհը (հետագային պիտի կոչուի Սելանիկի Մեծ Հրդեհը) արագօրէն կը տարածուի եւ 32 ժամուան մէջ, 1.000.000ք․մ․ տարածքաշրջան մը կ՛այրէ ( 9.500 տուն եւ բազմաթիւ շէմքեր) եւ անտուն կը ձգէ 70․000 հոգի։ Քաղաքին տնտեսական, վարչական, առեւտրական սպասարկութիւնները, զբօսավայրերը եւ համայնքներու գլխաւոր հոգեւոր, կրօնական կառոյցները իրենց արխիւներով հրոյ ճրագ կը դառնան։ Մարդկային զոհերը քիչ են՝ քանի մը ֆրանսացի զինուորներ։
Պետական սպասարկութիւնները արագօրէն կը հակազդեն, ու շաբաթ մը ետք 11 Օգոստոսին, կ՛որոշուի քաղաքին այրած մասին վերակառուցումը կազմակերպուած քաղաքային նոր ըմբռնումով եւ կը ստեղծուի արդի քաղաք մը։[34][43][44][45]
Սելանիկին Միջազգային Ցուցահանդէսին վայրը․ կը տեսնուի Ցուցահանդէսի յատկանշական OTE աշտարակը․
1922-ին Փոքր Ասիոյ աղէտէն եւ1923-1924 տարիներուն ընթացքին յոյն եւ թուրք բնակչութեանց փոխանակումէն ետք (Լոզանի ԴաշնագիրTreaty of Lausanne) Սելանիկ կը տեղաւորուին գաղթականներ Փոքր Ասիայէն, արեւելեան Թրակիակէն եւՊոնտոսէն, իսկ իսլամ բնակչութիւնը (թուրք եւ իսլամացած յոյներ) կը փոխադրուի Թուրքիա։ Քաղաքին կառոյցները բաւարար չեն եւ գաղթականներուն զանգուածային հոսանքը կը պարտաւորէ կառուցումը զուտ գաղթականական թաղամասերու, շէնքերու, ինչպէս օրինակ՝ Նէափոլի, Քալամարիա։[46]
1925-ին Սելանիկի Համալսարանը կը հիմնուի եւ1954-ին կ՛անուանուի Արիստոթելեան Համալսարան, ի պատիւ Արիստոթելի յոյն պատմաբան, գիտնական եւ փիլիսոփային, որՄեծն Աղեքսանտրի ուսուցիչն ալ եղած էր։
1926, 3 Հոկտեմբերին Սելանիկի Ա․ Միջազգային ՑուցահանդէսինThessaloniki International Fair բացումը կը կատարուի։
Միջպատերազմեան շրջանը կը յատկանշուի բանուորական շարժման աշխուժութեամբ։ Գաղթական բանուորները մեծ մղում կու տան այս շարժումներուն։1930-ական թուականներու սկիզբէն եւ մինչեւ Իոաննիս Մեթաքսասի ազգայնամոլ վարչակառքին կերտումին (1936), Սելանիկի մէջ ամենօրեայ երեւոյթ են բանուորական բողոքի ցոյցերը եւ գործադուլները։ Բանուորական զօրաշարժը իր գագաթնակետին կը հասնի Մայիս1936-ին ծխախոտի գործարաններու բանուորներուն մեծ գործադուլով եւ 9 Մայիսի արիւնահեղ բողոքի ցոյցով․ բռնատիրական վարչակառքի բիրտ դիմադրումը պատճառ կ՛ըլլայ 12 զոհերու․ առաջին զոհը՝ 25 տարեկան շարժավար Թասոս Թուսիս։ Անոր դիակին վրայ մօրը ողբէն ներշնչուած, յոյն միջազգային համբաւի արժանացած բանաստեղծ Ղիանի Ռիցոս կը գրէ «Դամբանագիրը»Ο Επιτάφιος The Epitaph ։[47]
Բ․ Համաշխարհային Պատերազմի սկիզբին, Իտալացիները կը ռմբակոծեն Սելանիկը․ 232 հոգի մեռեալ, 871 վիրաւոր եւ 800-է աւելի քանդուած կամ լրջորէն վնասուած շէնքեր։Յունաստան կը դիմադրէ ու կը յաղթէ, սակայն կը յաջորդէ գերմանացիներուն ներխուժումը։ Վերջինները Սելանիկը կը գրաւեն, 9 Ապրիլ,1941-ին։ Ներխուժումէն ամիս մը ետք, 15 ՄայիսինՅունաստանի առաջին դիմակալ (գերիշխանութեան դէմ ընդիմութիւն) կազմակերպութիւնը կը հիմնուի՝ «Ազատութիւն»"Ελευθερία" , կ՛ունենայ համանուն թերթը եւ քաղաքին առաջին ապօրինի տպարանը։
Պատերազմէն ետք, Սելանիկը կը վերակառուցուի, ճարտարարուեստը թափ կ՛առնէ1950,1960 եւ1970 թուականներուն։ Քաղաքին ճարտարապետական հարստութիւնը զբօսաշրջիկներ կը ներգրաւէ։1988-ին Սելանիկին Քրիստոնէական եւ Բիւզանդական յուշարձաններէն շատերըԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկին մէջ կը ներառնուին։
1978, 20 Յունիսին կը պատահի մեծ երկրաշարժը․ 49 մեռեալ, 220 վիրաւոր եւ 1,2 միլիառի նիւթական վնասներ։
1997-ին, ՍելանիկըԵւրոպայի Մշակութային Մայրաքաղաքը կը դառնայ եւ2014-ին՝ Եւրոպայի Երիտասարդութեան Մայրաքաղաքը։
2004-ին, Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական Խաղերուն ընթացքին, Սելանիկը կը հիւրասիրէ ոտնագնդակի մարզախաղերը։
2014-ին ՍելանիկըԵւրոպայի Երիտասարդութեան մայրաքաղաքը կը դառնայ։
Այժմ ՍելանիկըՅունաստանի, հարաւ արեւելեան Եւրոպայի եւԷգէական Ծովուն գլխաւոր նաւահանգիստներէն է եւ կը դիւրացնէ Պալքանեան երկիրներուն առեւտուրը։ Նաեւ հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի ուսանողներու կեդրոնն է։[52][53][54][55]
[56]Սելանիկ քաղաքը կազմուած է 6 քաղաքապետութիւններէ եւ մէկ Քաղաքապետական Միաւորումէ՝ ՓիլէաΠυλαία եւ ԽորդիադիΧορτιάτη քաղաքապետութիւններ․ անոնքՍելանիկի Քաղաքային Տարածքը կը կազմեն․-
Սելանիկի Մեծ Հրդեհէն (1917) ետք, պետական սպասարկութիւնները արագօրէն հակազդելով, քաղաքին վերակառուցումը կը յանձնեն խումբ մը ճարտարապետներու, որոնց կը գլխաւորեն՝ Թոմաս ՄաուսոնThomas Mawson եւ Էրնեսդ ՀեպրարտErnest Hebrard ։ Քաղաքին պատմական կեդրոն կը զարգանայ Հանրապետութեան հրապարակինΠλατεία Δημοκρατίας հիւսիս արեւմտեան կողմը․ հրապարակը աւանդաբար Սելանիկին կեդրոնը եւ անոր ազգային պողոտաներու ցանցին քիլոմեթրաչափի մեկնակետը կը համարուի։
Քաղաքին պատմական կեդրոնին շուրջը հաւաքուած են խանութներուն մեծամասնութիւնը, պետական սպասարկութիւնները, տեսարժան վայրերը եւ զբօսայգիները։ Այս շրջանը կը յատկանշուի իր բազմաթիւ պատմական շէնքերով, կամարաշարքերով, փակուղիներով եւ որոշ շէնքերու Art Nouveau եւ Art Deco ճարտարապետական ոճով։[57][58][45]
1980-էն ի վեր, Վերին ՔաղաքըAno Poli Սելանիկի Մեծ Հրդեհէն (1917) փրկուած ու պահպանուած ըլլալովԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկին մաս կը կազմէ։ Հին քաղաքին հիւսիսային եւ ամենաբարձր մասին կը գտնուի։ Կը յատկանշուի նեղ, փոքր եւ քարայատակ փողոցներով, հին հրապարակներով եւ բնակարաններով, որոնք հին յունական եւ Օսմանեան ճարտարապետութեան պատկերն են։[58][53][45]
Այս շրջանը քաղաքին գլխաւոր մուտքն է, շնորհիւ «Մոնասթիրիու», «Լակատա» եւ «26 Հոկտեմբեր» պողոտաներուն, ինչպէս նաեւ մայրուղիին (Ա1) որ կը հանգի քաղաքին կեդրոնը։
Հիւսիս-արեւմտեան Սելանիկին տարածքին մէջ կը գտնուին՝ Երկաթուղագիծի Հին Կայանը, Երկաթուղագիծի Նոր Կայանը, Նաւահանգիստին առուտուրի եւ ճամբորդներուն բաժինը, 1898-ին կառուցուած Կազի Ընկերութեան շէնքը (այժմ Շրջանային Կեդրոնական Մակետոնիոյ կեդրոնական համալիրը), Արտաքաղաքային Հանրակառքերու Կայանը ΚΤΕΛΜακεδονία, 1894-ին կառուցուած Երկաթուղագիծի Փոքր Կայանը (այժմ Սելանիկի Երկաթուղագիծի Թանգարանը) եւ 200-է աւելի դարաւոր ձիթենիներէ ստեղծուած է Յիշատակի Պուրակը։
Նաւահանգիստին կողմը բազմաթիւ պանդոկներ եւ հին պահպանուած ճարտարարուեստական շէնքեր կը գտնուին։ Պահպանուած ճարտարարուեստական շէնքերը վերանորոգուած են ու կը գործածուին իբրեւ բազմատիպ մշակութային կեդրոններ, ինչպէս օրինակ՝ հինգ յարկանի Ջաղացքը (1924), քաղաքին ջրաբաշխական կեդրոնը որ այժմ Ջրամատակարարման Թանգարանն է եւ քարաշէն կաշեգործարանը՝ այժմ՝ պանդոկ (1913)։[58][59][60][61]
Սելանիկի կեդրոնը բաւական ընդարձակ է եւ հոն հաւաքուած են շուկայի գլխաւոր մասը, պետական սպասարկութիւնները, տեսարժան վայրերը եւ զբօսայգիները։ Հարուստ է հնագիտական վայրերով եւ յուշարձաններով․ հին յունական, հռոմէական, Հէլլենիստական, բիւզանդական, օսմանեան եւ արդի ժամանակներէն։ Ինչպէս նաեւ՝ թատրոններով (պետական թէ անձնական), համերգասրահներով, պատկերասրահներով, թանգարաններով։ Ասոնցմէ մի քանին, ինչպէս նաեւ Վերին Քաղաքը,ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկին մաս կը կազմեն։[45]
Սելանիկի շրջանին մէջ գտնուած Մակետոնական գերեզմանները կը ցուցնեն Հելլենիստական ժամանակներու հարստութիւնն եւ բնակիչներուն գեղարուեստական զգայնութիւնը։[66][67][68]
Բ․ - Գ․ դարաշրջանին կառուցուած Հռոմէական Շուկան զոյգ սրահով․ Սիւները քանդակուած են զանազան ներկայացումներով։ Սիւները յժմ կը գտնուինԼուվրի թանգարանը։ Նշանաւոր են հրապարակը, բաղնիքներն եւ երաժշտանոցը․ վերջինը ներկայիս իբրեւ ամրան թատրոն կը գործածուի։[15]
Սելանիկի ամրացման համար կառուցումներ՝ Սպիտակ Աշտարակը եւ Վարտարիին ամրոցը (1546)։[70][72]
Օսմանեան Սրբավայրեր․ նորակառոյց մզկիթներ եւ կամ մզկիթի վերացուած եկեղեցիներ։ Սելանիկի Մեծ Հրդեհին ժամանակ, ասոնց մեծամասնութիւնը հրոյ ճրագ դարձաւ․ այժմ կըպահպանուին՝Hamza Bey Mosque,Yeni Mosque, Alaca Imaret Mosque, Τζαμί του Λεμπέτ։[70]
Բաղնիքներ․ 1444 կը կառուցուի Սելանիկի առաջին օսմանեան բաղնիքը, Յունաստանի տարածքին ամենամեծը՝ Համամ ՊէյըBey Hamam։ Պահպանուած ուրիշ բաղնիքներ՝ Փասա ՀամամΠασά Χαμάμ , Եահուտի ՀամամΓιαχουντί Χαμάμ, Ենի ՀամամΓενί Χαμάμ։[70]
Բացի վերոնշեալ ժամանակաշրջաններու յուշարձաններէն, Սելանիկը հարուստ է ճարտարապետական ԺԹ․, Ի․ դարերու եւ ժամանակակից շրջանի կառոյցներով․ բնակարաններ, գործատեղեր, կամարաշարքեր, փակուղիներ, որոնցմէ շատեր՝Art Nouveau եւArt Deco ճարտարապետական ոճով։[58]
Սելանիկը լի ու լի կ՛օգտագործէ իր հարուստ եւ բազմատեսակ մշակութային ժառանգութիւնը։
Տարեկան հերթականութեամբ զանազան եղելութիւններ կը պատահին, օրինակ՝ Սելանիկի Միջազգային Ցուցահանդէսը, Սելանիկի Շարժապատկերի Փառատօնը, Փաստագրային ֆիլմերու փառատօնը, Տիմիդրիա, Գիրքերու փառատօնը եւայլն․։ Ասոնց զուգահեռ տեղի կ՛ունենան նաեւ քաղաքապետութեան եւ կամ Շրջանային Տարաշքաշրջանին կողմէն ծրագրուած զանազան ձեռնարկներ։[75][45]
Επταπύργιο թարգմ․՝Եօթնաշտարակը, Սելանիկի Վերին Քաղաքի Սիքէոն շրջանը
Սելանիկի Նկարչութեան Թանգարանը
Սելանիկի Ռազմագիտական թանգարանը
Մակետոնական Պայքարի Թանգարան
Սելանիկ նաւահանգիստ․ Ճամբորդներու Կայանը
Լատատիքա թաղամաս․ Սելանիկ․ նկար՝ 2006
Ստորեւ Սելանիկի իտալացի ճարտարապետ Վիդալիանօ ՓոզելիիVitaliano Poselli գործերը․ Սելանիկ ապրեցաւ ու գործեց 1886-1918 թուականներուն։ Նաեւ քաղաքին մէջ ապրեցաւ եւ գործեց ճարտարապետ եւ ճարտարագէտ՝ Փիետրօ Առիկոնի Pietro Arrigoni (1856-1940)
Եէնի Ծամի (թարգմ․ Նոր Մզկիթ)
Ալլադինի առանձնատունը․ հարաւ-արեւելեան Սելանիկ
Մակետոնիոյ-Թրակիոյ Շրջանային կառավարման շէնքը
Սելանիկի Դրամատան շէնքը, Սակարանի հրապարակ
Սպիտակ Առանձնատունը․Villa Bianca Սելանիկ, ճարտարապետ Փյեդրօ Առիկոնի - Այժմ Սելանիկի Քաղաքապետարանի Պատկերասրահ․ Հարաւ-արեւելեան Սելանիկ
Վերջին տասնամեակին թափ առած է զբօսաշրջիկութիւնը, տարիէ տարի կը կրկնապատկուին Սելանիկ եւ անոր յարակից շրջանները այցելող զբօսաշրջիկները։ Միայն 2018 թուականին, այցելած են մօտ 3․000․000 միլիոն զբօսաշրջիկներ։[75]
Սելանիկի մէջ կը գործէ Արիստոթելեան Համալսարանը իր բոլոր ճիւղերով՝ Գրական, Գիտական, Բժշկական, Բազմարուեստի, Ճարտարագիտական, Փիլիսոփայական, Մանկավարժական, Համակարգիչի Ճարտարարուեստի, Արուեստագիտութեան, մարզական։ Կան նաեւ քիչ թիւով անձնական համալսարաններ եւ ուսումնարաններ։
Սելանիկը ունի խիտ, ընդարձակ, իրարու հաղորդակցող լայնածաւալ հանրային փոխադրամիջոցներ։ Արագընթացը՝métro պատրաստ պիտի ըլլայ 2022-ին։ Իսկ երկաթուղագիծը կը կապէ զայն ամբողջՅունաստանին հետ եւ նաեւ Պալքանեան երկիրներուն հետ։ Ասոնք կապուած են նաւային եւ օդային փոխադրամիջոցներուն։
Սելանիկի Միջազգային Օդակայանը: Սելանիկի Միջազգային ՕդակայանըΔιεθνής Κρατικός Αερολιμένας Θεσσαλονίκης (իր ներքին ու արտաքին համաշխարհային ծաւալի թռիչքներով) կը գտնուի քաղաքէն 15քմ․ դէպի հարաւ։
Սելանիկին մէջ կը հրատարակուին քաղաքական, մարզական, զանազան նիւթերով օրաթերթեր, պարբերաթերթեր։ Նաեւ կը գործեն ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի բազմաթիւ կայաններ։
Շատ հիմ ժամանակներէն, Մակետոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջաններուն մէջ ապրած են հայեր։ Անոնց թիւը կ՛աւելնայ ԺԱ․ եւ ԺԵ․ դարերուն, իսկ ԺԸ․ դարուն որոշ տեղեկութիւններ կ՛ունենանքԷջմիածնի Աբրահամ Կաթողիկոսին կողմէն, 1737-ի Յունուարի «Թէքիրտաղու (Ռոտոսթօ-Արեւելեան Թրակիա) Առաջնորդութեան» ղրկած կոնդակին մէջ։[76]
Սելանիկին մէջ, տեղւոյն հայկական գաղութին կազմութեան մասին արձանագրութիւններ կամ հետքեր կան ԺԸ․ դարէն սկսեալ։ Հայկական համայնքը կը կազմակերպուի ԺԹ․ դարուն վերջաւորութեան։ Ի․ դարասկիզբի առաջին տասնամեակին արդէն կ՛ունենան եկեղեցի եւ ազգապատկան շէնք մը։[77][78][79]
Փոքր Ասիոյ աղէտին հետեւանքով, յոյներուն հետ 10․000 հաշուող հայ գաղթականներ կը հասնին քաղաքը եւ Մակետոնիոյ եւ Թրակիոյ ուրիշ քաղաքներուն մէջ ալ, ուր արդէն կ՛ապրէին քիչ թիւով հայ ընտանիքներ, կը տեղաւորուին 8 - 9․000 հայ գաղթականներ։
Սելանիկի Ս․ Աստուածածին եկեղեցին եւ ազգապատկան շէնքը․ 1902-1903 թ․Ճարտարապետ՝ Վիդալիանօ Փոզելի
Համայնքին թիւը կ՛աճի եւ հիւսիսային Յունաստանի հայկական համայքները կարգաւորելու համար, Սելանիկին մէջ Մակետոնիոյ եւ Թրակիոյ Թեմը կ՛առաջանայ իր Ազգային թեմական իշխանութեամբ։
Սելանիկի գաղութը բեղուն շրջան մը կը բոլորէ։ Ազգային իշխանութեան կողքին կ՛ունենայ դպրոցներ, հարուստ մամուլ, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններ։
Միջպատերազմեան շրջանին եւ Բ․ Համաշխարհային Պատերազմին վերջաւորութեան համայնքին թիւը կը նուազուի ներգաղթի եւ արտագաղթի պատճառով։ Համայնքին թիւը մեծ անկում կը կրէ․ կը նուազի 5/6-ով եւ անմիջական անդրադարձ կ՛ունենայ համայնքի ազգային, կրթական, մարզական եւ մշակութային կեանքին մէջ։
Յունահայերու զանգուածային ներգաղթէն եւ արտագաղթէն ետք,Յունաստանի հայկական գաղութը կը վերակազմուի եւ կը վերածուի 1 թեմի, 15 համայնքներով, (30 Մարտ 1958-ի Յունահայոց Թեմական Ժողովին ընթացքին)։[78][79]
Խորհրդային Միութեան փլուզումով եւՀ․Հ․ վերահաստատման առաջին դժուար տարիներուն, մասնաւորաբար 1991 - 2001 թուականներուն, Սելանիկ կը հասնին տնտեսական գաղթականներ։ Այժմ մօտ 15․000 հայեր կ՛ապրին Սելանիկի քաղաքային տարածքաշրջանը, սակայն համայնքին մէջ արձանագրուած են միայն 1․200 հոգի, մնացեալը դժբախտաբար հեռու կը մնայ հայ գաղութին կեանքէն։
1956-էն, եկեղեցւույ կից շէնքին մէջ, կը վերաբացուի հայկական վարժարանը «Մալաքեան-Գասպարեան Ծաղկոց» անունով, սակայն շաբաթօրիայ բնոյթով․ կը գործէ շաբաթ օրերը եւ ունի մօտ 90 աշակերտներ։[78][77][79]
«Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թեսաղոնիկէի (Սելանիկ) «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղ․ աշխուժ գործունէութիւն ունի։ Իր հովանաւորութեան տակ կը գտնուի «Մասիս» Պարախումբը, բեղուն աշխատանքով։
1997-ին, Սելանիկը կը հանդիսանայ «Եւրոպայի Մշակութային Մայրաքաղաք»ը։ Շնորհիւ քաղաքին Թաղային Մարմնոյ եւ Համազգայինի մասնաճիւղի վարչութեան տարած հետեւողական աշխատանքներուն Թեսաղոնիկէի «Եւրոպայի Մշակութային Մայրաքաղաք»ի կազմակերպիչ յանձնախումբին մօտ, ծրագիրներուն ցանկին մէջ կը ներառնուի «Հայկական Ամիս»ը։ Ելոյթները տեղի կ՛ունենան1997 Հոկտեմբեր ամսուն բացառիկ յաջողութեամբ։
Թեսաղոնիկէ - Սելանիկ, քաղաքին անունին պատմականը․ Սելանիկի պատմութեան Հիմնարկ, Սելանիկի քաղաքապետութիւն, 1985, էջ՝ 5-21․"Θεσσαλονίκη - Σαλονίκη. Η ιστορία του ονόματος της πόλης", στο "Η Θεσσαλονίκη", Κέντρο Ιστορίας Θεσσαλονίκης, Δήμος Θεσσ/νίκης, 1985, σ. 5-21.
Samuel N. C. Lieu, Dominic Montserrat,From Constantine to Julian: A Source History, 1996, Routledge Կոստանտինէն Յուլիանոսին՝ Պատմական Աղբիւր, 1996, էջ՝ 59
Explorer (2004) Սելանիկ, էջ 16 -Θεσσαλονίκη
2․300 տարի Սելանիկի հիմնումէն - Աթէնքի Կաճառի Արձանագրութիւններ, 1985, հատոր 60, 2-րդ գլուխ, հեղ․ Մ․ Սաքելարիու
Սելանիկը Ազատ Քաղաք Հռոմէական Կայսրութեան մէջ - Plinius Secundus, Naturalis Historia, Liber IV, 33:"Thessalonice liberae condicionis"
Սուրբ Պողօսին Կեանքն ու Նամակները, էջ՝ 304-314 - W. J. Conybeare, J. S. Howson,The Life and Epistles of St. Paul, 1987, Wm. B. Eerdmans Publishing,
Սելանիկի քաղաքային զարգացումը, անոր հիմնումէն մինչեւ Ղալերիոսի ժամանակ․ Հնագիտական Ընկերութիւն, Աթէնք, 1996 M.Vitti, Η πολεοδομική εξέλιξη της Θεσσαλονίκης από την ίδρυσή της ως το Γαλέριο
Պատահարը ծանօթ իբրեւ՝ «Սելանիկի ջարդը»․Το γεγονός έχει μείνει στην ιστορία ως«Σφαγή της Θεσσαλονίκης» David Stone Potter,The Roman Empire at Bay: Ad 180-395, - 2004, Routledge էջ՝ 567-570
Գիտական կոչունքաճառ, հովանաւորութեամբ Մակետոնական Ուսումներու Ընկերութեան․ Ա․ արձանագրութիւններ, էջ 87-95 «Նիղրիդա - Վիսալդիան պատմութեան ընդմէջէն» Նիղրիդա, 1995, Տիմիդրիցայի Կռիւը, 1185թ․, Պետրոս Վլախաքոս․Πέτρος Βλαχάκος, Η μάχη στο Δημητρίτσι (1185 μ.Χ.), Πρακτικά Α΄ Επιστημονικού Συμποσίου «Η Νιγρίτα – Η Βισαλτία δια μέσου της Ιστορίας» (υπό την αιγίδα της Εταιρείας Μακεδονικών Σπουδών). Νιγρίτα 1995, σελ. 87-95
Գ․ Գոցիոփուլոս - Զիլոթիներուն շարժումը, Սելանիկ (1342-1349)․ Աստուածաբանական եւ Ընկերային գիտաշխատութիւն, գլուխ 4․ «Ապստամբութեան Աստուածաբանութիւնը-Ազատագրում եւ Զիլոթիներուն Շարժումը» ,էջ՝ 156-163 եւ գլուխ 5՝ «Քրիստոնէութիւն եւ Ընկերային հարցեր» էջ 164-169, Սելանիկ 1997, Κ. Κωτσιόπουλος,Το κίνημα των Ζηλωτών στην Θεσσαλονίκη (1342-1349): Θεολογική και Κοινωνιολογική διερεύνηση, κεφάλαιο 4 «Η Θεολογία της Επανάστασης–Απελευθέρωσης και το Ζηλωτικό κίνημα» σελ. 156-163 και κεφάλαιο 5 «Χριστιανισμός και Κοινωνικά Προβλήματα» σελ. 164-169, Θεσσαλονίκη (1997)
«Բիւզանդիոն եւ Վենետիկ» ուսումնասիրութիւն՝ Դիւանագիտական եւ Մշակութային կապեր․ Քեմպրիճի համալսարանի մամուլ, էջ 371։ Byzantium and Venice: A Study in Diplomatic and Cultural Relations. Cambridge University Press. p. 371.
«Մակետոնիոյ պատմութիւնը», 1354-1833, Ափոսթոլոս Վաքալոփուլոս․ Սելանիկ, 1992, էջ 99։Απόστολος Βακαλόπουλος, Ιστορία της Μακεδονίας, 1354-1833, σελ. 99, εκδόσεις Βάνιας, Θεσσαλονίκη (1992), σελίδα 99
Մէջբերում Mark Mazower-ի գիրքէն «Ուրուականներու քաղաքը», Սելանիկ -2006, էջ՝ 75․ - Քաղաքը արագօրէն կը մեծնար ու կը տարածուէր Սպանիայէն եկող գաղթականներով․ 1520 թուականին 30․000 բնակիչներունկէսէն աւելին հրիաները կը կազմէին եւ Սելանիկը դարձած էր Արեւելեան Միջերկրականի գլխաւոր նաւահանգիստներէն մին-։«Καθώς οι Ισπανοί πρόσφυγες έφταναν στις προβλήτες κατά διαδοχικά κύματα, η πόλη μεγάλωνε αλματωδώς. Το 1520 περισσότεροι από τους μισούς από τους 30.000 κατοίκους της ήταν Εβραίοι και η ίδια είχε μεταβληθεί σε ένα από τα σπουδαιότερα λιμάνια της Ανατολικής Μεσογείου», Mark Mazower,Θεσσαλονίκη, Η πόλη των φαντασμάτων, σελ. 75, Εκδόσεις Αλεξάνδρεια (2006)
Ռոզամոնտ Մաք Քիդդըրիք, Քրիստոֆըր Ալլմանտ, Քեմպրիճի նոր Միջնադարեան Պատմութիւնը, էջ 779 -Rosamond McKitterick, Christopher Allmand, The New Cambridge Medieval History, p. 779
Սեֆարտի հրիաներ․ սպանահրէկան համայնքի պատմութիւն, 14րդ -20րդ դար, Քալիֆորնիոյ Համալսարանի մամուլ, 2000, էջ 8 - Esther Benbassa, Aron Rodrigue,Sephardi Jewry: A History of the Judeo-Spanish Community, 14th-20th Centuries, σελ. 8, University of California Press (2000)
Richard J. Crampton,A Concise History of Bulgaria, 1997, Cambridge University Press σσ. 75-76 και John Meyendorff,The Orthodox Church: Its Past and Its Role in the World Today, «1871 թ․ Փետրուարին, Սուլթանի հրովարտակով, Պուլկարիոյ ուղղափառ եկեղեցին կ՛անջատուի Պոլսոյ Տիէզերական Կաթողիկոսութենէն[81]Ecumenical Patriarchate of Constantinople (կեդրոնը Ֆանարի, Պոլիս) եւ կը հիմնուի ինքնավար Պուլկարական էկզարքութիւնըBulgarian Exarchate , որ տարրական կապ կը պահէ Տիէզերական Կաթողիկոսութեան հետ։ 1872թ․ Տիէզերական Կաթողիկոսը Անթիմօ Ե․ եկեղեցական Ժողով կը հրաւիրէ։ Հոն կը դատապարտուի կրօնական ազգայնամոլութիւնը եւ Պուլկարական էկզարքութիւնը հերձուածական կը յայտարարուի։ 1945 թուականին Պուլկարիոյ Եկեղեցին ներողամտութեան դիմուն կը կատարէ Պոլսոյ Տիէզերական Կաթողիկոսութեան Գահին եւ այնուհետեւ կանոնաւոր ընթացքի մէջ կը մտնէ։» 1981, St Vladimir's Seminary Press էջ 153
«Հայ Դատ» - 11րդ դասարանի պատմութեան դասագիրք․ Երիտ-թուրքերու շարժումը եւ անոնց յեղափոխութիւնը, էջ 16-17, 23-24, հեղինակ՝ Ռուբինա Փիրումեան, Լոս Անճելըս, 1994
↑ելեկտ․ գիրք,Վաղ միջնադարեան Պալքանները․ 6րդ դարէն - 12րդ դար գիտաուսումնասիրութիւն․The Early Medieval Balkans: A Critical Survey from the Sixth to the Late Twelfth ,Century John V. A. Fine, John Van Antwerp Finehttps://books.google.gr/books?id=YbS9QmwDC58C&pg=PA140&redir_esc=y
↑Մակետոնիոյ թանգարանի հիմնարկ, Մակետոնիան 17րդ դարէն մինչեւ Յունական Պետութեան հիմնումը․ Իոաննիս ԽասիոդիսΗ Μακεδονία από τις αρχές του ΙΗ’ αιώνος έως την ίδρυση του ελληνικού κράτουςhttp://www.imma.edu.gr/imma/history/07.html
↑Մակետոնիոյ թանգարանի հիմնարկ, Ազգային պահանջներ, ընհարումներ եւ զարգացումներ Մակետոնիոյ մէջ, Վասիլիս Ղունարիս․Εθνικές διεκδικήσεις, συγκρούσεις και εξελίξεις στη Μακεδονία, 1870-1912http://www.imma.edu.gr/imma/history/09.html
↑Ելեկտ․ թերթΑσβεστοχώρι online, Մայիս 9, 2012 «Թասոս Թուսիս առաջին զոհը Մայիս 9-ի մեծ ցոյցին»http://www.asvestohori.gr/?p=1371Archived 2015-09-27 at the Wayback Machine.
↑79,079,179,279,3Ազատ Օր, արխիւ․ «Թեսաղոնիկեան հայ գաղութը՝ անցեալին եւ ներկայիս», (Արտատպուած «Յունահայ Տարեգիրք»էն, «Նոր Օր» - 1927) Գրեց՝ Ա.Յ. ՄԱԿԱՐԵԱՆhttps://azator.gr/?p=1012