Movatterモバイル変換


[0]ホーム

URL:


Jump to content
Ուիքիփետիա
Որոնել

Սամարղանտ

Բնակավայր
Սամարղանտ
ուզպ.՝Самарқанд
տաջ.՝Самарқанд
ռուս.՝Самарканд
պարս․՝سمرقند
Զինանշան

Երկիր Ուզպեքիստան
Տարածութիւն108±1 քմ²
ԲԾՄ702 մեթր
Պաշտօնական լեզուՈւզպեքերէն
Խօսուող լեզուներուզպեքերէն
Բնակչութիւն546 303 մարդ (1 Յունուար2020)
Ժամային գօտիUTC+5?
Հեռախօսային ցուցանիշ662
Փոստային ցուցանիշ140100
ՊարգեւներԼենինի շքանշան
Պաշտօնական կայքէջsamshahar.uz

Սամարղանտ[1] (ուզպեքերէն՝ Samarqand), աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մէկը։ Կը գտնուի ծովու մակերեսէն 702 մ. բարձրութեան վրայ։Ուզպեքիստանի մեծութեամբ երկրորդ քաղաքն է։

Հիմնադրուած է Ք․Ա․ Ը. դարուն։

Բնակչութիւնը՝ 546,303 (1 Յունուար, 2020)։

Աւելի քան երկու հազար տարի առաջ քաղաքը կարեւոր կեդրոն եղած էՉինաստանի եւԵւրոպայի միջեւ՝ գտնուելով Մետաքսեայ ճանապարհին վրայ, նաեւ եղած է միջնադարեան արեւելքի գիտութեան զարգացման կարեւորագոյն քաղաքներէն մէկը։ Տասնչորսերորդ դարուն դարձած էԼենկ-Թիմուրի կայսրութեան մայրաքաղաքը։

2001 թուականին Սամարղանտ ընդգրկուած էԵՈՒՆԵՍՔՕՀամաշխարհային ժառանգութեան կազմին մէջ[2]։

Բիւզանդական Շրջան

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Ալեքսանտր Մակեդոնացի կը գրաւէ Սամարղանտը՝ Ք.Ա. 329-ին։ Քաղաքըյոյներու կողմէ ծանօթ էր իբրեւ Մարաքանտա (Μαράκανδα)։

Մինչ Սամարղանտը զգալի վնասներ կը կրէ Ալեքսանտրի նախնական նուաճման ընթացքին, քաղաքը արագօրէն կը վերականգնի եւ կը ծաղկի նորհելլենական ազդեցութեան տակ: Կ'որդեգրուին նաեւ շինարարութեան հիմնական նոր ձեւեր: Երկարաւուն աղիւսները կը փոխարինուին քառակուսիներով եւ կը գործածուին որմնադրութեան բարձրակարգ միջոցներ:

Ալեքսանտրի նուաճումները յունական դասական մշակոյթը կը ներմուծենԿեդրոնական Ասիա, եւ որոշ շրջան մը յունական գեղագիտութիւնը մեծ ազդեցութիւն կ'ունենայ տեղի արհեստաւորներուն վրայ:

Սասանեան Շրջան

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Ք.Ա. 260-ին Սամարղանտը կը գրաւենՍասանեանները պարսիկները: Սասանեան իշխանութեան օրով, տարածաշրջանը կը դառնայմանիքէականութեան կարեւոր վայր մը եւ կը նպաստէ կրօնի տարածման՝ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ։

350-էն 375 թուականներուն Սամարղանտը կը գրաւուի սիոնիտ քոչուոր ցեղերու կողմէ, որոնց ծագումը կը մնայ հակասական: Քոչուոր խումբերու Սամարղանտ վերաբնակեցումը կը հաստատեն Դ. դարու հնագիտական ​​մնացորդները։

Տարածաշրջանին մէջ կը տարածուի Միջին Սիրտարիա աւազանի քոչուորներու մշակոյթը։

Ք.Ե. 710-ին, Քութայպա իպն Մուսլիմի օրով, Օմայատներու խալիֆայութեան զօրքերը կը գրաւեն քաղաքը՝ Թանկ Տինասթիային ձեռքէն:

Երկար ատեն, Սամարղանտը կը վերածուիիսլամական եւարաբական ուսման կեդրոնի:

Ժ. դարու պարսիկ գրող Իստախրի, վառ նկարագրութիւն կու տայ տարածաշրջանի բնական հարստութիւններուն  մասին.

Իւրաքանչիւր քաղաք եւ բնակավայր ունի ամրոց... Անիկա Ալլահին բոլոր երկիրներէն ամէնէն բեղմնաւորն է. անոր մէջ կան ամենալաւ ծառերն ու պտուղները, իւրաքանչիւր տան մէջ կան այգիներ, ջրամբարներ եւ հոսող ջուր:


Մոնկոլեան Շրջան

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Մոնկոլները կը գրաւեն Սամարղանտը 1220-ին:Ճէնկիզ խան կը սպաննէ բոլոր անոնք, որոնք ապաստանած էին միջնաբերդին եւ մզկիթին մէջ, կը կողոպտէ քաղաքը ամբողջութեամբ եւ կը զօրակոչէ 30.000 երիտասարդ եւ 30.000 արհեստաւոր:

Մարքօ Փոլօ ճանապարհորդը Սամարղանտը կը կոչէ «Սքանչելի քաղաք»[3]:

Ուլուղ Բէկի շրջան (1409-1449)

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

1417-1420 թուականներուն Լենկ Թիմուրի թոռնիկը՝ Ուլուղ բէկ, Սամարղանտի մէջ կը կառուցէ «մետրեսէ մը»` դպրոց, որ կը դառնայ Ռեճիստանի ճարտարապետական առաջին շէնքը։ Ուլուղ Բէկը այս «մետրեսէ»ն կը հրաւիրէ իսլամական աշխարհի մեծ թիւովաստղագէտներ եւ թուաբանագէտներ։

Ուլուղ բէկի օրով Սամարղանտը կը դառնայ միջնադարեան գիտութեան համաշխարհային կեդրոններէն մէկը։ ԺԵ. դարու առաջին կէսին Ուլուղ բէկի օրով կը զարգանայ գիտական ​​դպրոց մը:

ԺԶ.-ԺԸ. դարեր

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Աշտարխանիտ Իմամ Կուլի խանի օրով (1611-1642) Սամարղանտի մէջ կառուցուած են նշանաւոր ճարտարապետական ​​գլուխ գործոցներ։

1612-1656 կառուցուած են մզկիթներ եւ «մետրեսէ»։

ԺԸ.- ԺԹ. դարեր

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

1756 - 1868 թուականներուն, քաղաքը կառավարած են Պուխարայի մանղուտ էմիրները։

Ռուսական շրջան

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

1886-ին քաղաքը կը դառնայՌուսական Թուրքեստանի նորաստեղծ Սամարղանտի մարզի մայրաքաղաքը եւ աւելի մեծ արժէք կը ստանայ, երբ 1888-ին Անդրկասպեան երկաթուղին կը հասնի հոն։

Սովետական շրջան

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Սամարղանտը ՈւզպեքականԽՍՀ-ի մայրաքաղաքն էր 1925-1930 թուականներուն, մինչ այդ կը փոխարինուի Տաշքենթով։

Պաստկերասրահ

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]
  • Սամրղանտի հրապարակը

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան:9-րդ հրաշալիք։ էջ 53։ISBN 99941-56-03-9 
  2. Սամարղանտ՝ Քաղաքակրթութիւններու կեդրոն
  3. Սամարղանտը մինչեւ ԺԳ. դար
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/w/index.php?title=Սամարղանտ&oldid=236368» էջէն
Ստորոգութիւն:

[8]ページ先頭

©2009-2025 Movatter.jp