Movatterモバイル変換


[0]ホーム

URL:


Jump to content
Ուիքիփետիա
Որոնել

Ռիօ տը Ժաներօ

Ռիօ տը ԺաներօնՊրազիլի նախկին մայրաքաղաքն է[1]:

  • Ռիօ տը Ժաներոյի բնակիչները կ'անուանուին Քարիոքա:
  • Ռիօ Տը Ժաներօն ունի իր Քորքովատօն եւ Յիսուսի արձանը:
  • Քորքովատօն, որ փորթուգալերէն կը նշանակէ`«կուզը», այն գագաթն է, որուն վրայ շինուած է արձանը:
  • Այս գագաթին բարձրութիւնը կը հասնի 710 մեթրի եւ շրջապատուած է Թիխուքայի անտառով:
  • Գագաթը արձանին շինութենէն առաջ արդէն ծանօթ էր. հոն ոչ միայն պրազիլցիները կը սիրէին երթալ, այլ աշխարհի չորս կողմերէն կու գային զբօսաշրջիկներ, որովհետեւ հոնկէ կ'երեւէր Ռիօ տը Ժաներոյի ծովածոցին տեսարանը:
  • 1829-ին հոն շինուած է ճամբայ մը, իսկ 1884-ին հաստատուած է շոգեկառք մը` հասնելու համար մինչեւ գագաթ:
  • 1931-ին, շինուած է Յիսուս Փրկիչին արձանը: Աւելի քան հարիւր տարիներու ընթացքին զբօսաշրջիկները հոն կ'երթային պարզապէս տեսարանին համար: Սկզբունքով Յիսուսի արձանը շինուած է հաւատացեալներուն համար, սակայն ժամանակի ընթացքին բոլոր զբօսաշրջիկները սկսած են հոն ուղղուիլ: Անիկա աշխարհի ամէնէն մեծ արձաններէն մէկն է:
  • Յիսուս Փրկիչին արձանը ունի երեսունութ մեթր բարձրութիւն, իսկ անոր երկու բաց թեւերուն միջեւ լայնքը կը հասնի քսանութ մեթրի: Այս արձանը յղացած է ֆրանսացի Փոլ Լանտովսքի, իսկ երկու ճարտարապետեր` պրազիլցի Հէյթոր տա Սիլվա Քոսթա եւ ֆրանսացի Ալպեր Քաքէ զայն իրագործած են:
  • Այժմ Քորքովատոն եւ Յիսուս Փրկիչին արձանը Ռիոյի ամէնէն շատ այցելուած վայրն է:
  • 2007-ին արձանը նշանակուած է արդի աշխարհի նոր եօթը հրաշալիքներէն մէկը[2]:
  • Պրազիլ Ռիօ Տը Ժաներօ նահանգը Ճանչցած ԷՀայոց Ցեղասպանութիւնը: ԱնիկաՊրազիլի չորրորդ նահանգն էՓարանա,Սան Փաուլօ եւՍէարա նահանգներէն ետք, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութեան փաստը:
  • Ռիօ տը Ժաներոյի մէջ գտնուող «Մարաքանա» մարզադաշտը Պրազիլի իշխանութիւններուն կողմէ կրնայ վերանուանուիլ, անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Փելէի անունով: Այս մարզադաշտը բացուած է 1950-ին` հիւրընկալելու համար Մոնտիալի մրցումները, որոնց ընթացքին Պրազիլ կը պարտուիՈւրուկուէյէն:
Սանթա Թէրէզա կամուրջը, Ռիօ տը Ժաներոյի կեդրոնը։
Սանթա Թէրէզա կամուրջը, Ռիօ տը Ժաներոյի կեդրոնը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Պրազիլի նախկին մայրաքաղաքը
  2. Ռիօ տը Ժաներօ
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/w/index.php?title=Ռիօ_տը_Ժաներօ&oldid=213522» էջէն
Ստորոգութիւններ:

[8]ページ先頭

©2009-2025 Movatter.jp