Էր Ռիատ կամՌիատ (արաբերէն՝الرياض), Սաուտեան Արաբիոյ մայրաքաղաք։ Էր Ռիատը համանուն երկրին վարչական կերրոնն է, ինչպէս նաեւ թագաւորութեան ամենաբարձր շինութեան՝Kingdom Centre-ի գտնուելու վայրը։ Ըստ2010 թուականի բնակչութեան գնահատման Էր Ռիատի բնակչութիւնը կը կազմէ 4 878 473 մարդ[2]։
Քաղաքի անուանումը ծագած է հին արաբերէնովrawdha բառէն, որ կը նշանակէ այգիներու եւ ծառերու վայր։ Իրականութեան մէջ նաեւ քաղաքի փողոցներուն մէջ շատ են կանաչ տարածուիւնները։
Մոտ 4 հազար տարի առաջ ժամանակակից Էր Ռիատի տարածքին մէջ կ'ապրէին արաբական քոչուոր ցեղեր։18-րդ դարի սկիզբներուն Էր Ռիատը դարձաւուահհաբիտներու կեդրոն։1821 թուականին դարձաւ ուահհաբիտներու էմիրայութեան մայրաքաղաք Սաուտցիներու թագաւորութեան օրով[3]։
1902 թուականին Նաճտ շրջանի կեդրոնն էր։1932 թուականի աստիճանական միաւորման արդիւնքով ստեղծուեցաւ պետութիւն Էր Ռիատ մայրաքաղաքով։