Ռէյժան Բիեր Ռանտօ (անգլերէն՝Rajon Pierre Rondo,22 Փետրուար1986(1986-02-22)[2],Լուիսվիլ,Կենտուկի,Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկացի մասնագէտ պասքէթպոլիստ, խաղարկող։ Կը խաղայՊասքէթպոլի Ազգային հաւաքականի (NBA)«Սաքրամենթօ Քինկզ» ակումբէն։
Ծնած է Լուիուիլի Քենթաքի նահանգը։ Աւագ դպրոցի ասպարէզին անցուցած է Արեւելեան աւագ դպրոցը եւ Օուք Հիլի ակադեմիային մէջ, որը աւարտելէ ետք կրթաթոշակային ծրագիր ստացած է Քենթաքիի համալսարանը։ Համալսարանը երկու տարի անցնելով` Ռանտօն մուտք կը գործէ NBA-ի 2006 թուականի տրէֆթին մէջ, ուր ան կ'ընտրուի«Ֆէոնիքս Սանզը» եւ տրէֆթի իրաւունքներու հիման վրայ կը փոխանցուի«Պոսթըն Սելթիքսին»։
Սելթիքսի մէջ Ռանտօն կը կատարէր օգնական պահեստայինի դեր, մինչեւ որ 2007-08 մրցաշրջանի ժամանակահատուածին կը կարողանայ իր տեղը դրօշմել ակումբի մեկնարկային հնգեակին մէջ։ Նոյն տարի Ռանտօն կը հաղթէ NBA-ի գաւաթը՝ աստղային պասքէդպոլիստներՔեւըն Կառնէթի,Փօլ Փիրսի եւՌէյ Էլընի խմբակցութեամբ։
Առանձնակի յաջողութեամբ հանդէս եկած է2009 թուականի արևելյան վեհաժողովի կիսաեզրափակիչ խաղաշարերու ժամանակ։ Ռանտօյի նշանակալի խաղային որակի շնորհիւ «Սելթիքս» կը կարողանայ մրցակցութիւնէն դուրս մղել նախորդ տարուայ վեհաժողովի ախոյեան«Օրլանտօ Մեճիքին»։ 2014 թուականին կը տեղափոխուի«Տալաս Մավըրիքս»։
Ասպարէզի ընթացքին Ռանտօն երեք անգամ կը ճանաչցուի աստղ (NBA All-Star), 1 անգամ կ'ընտրուի All-NBA եւ 4 անգամ All-Defensive խորհրդանշական հաւաքականներու անդամ։ 2009–10 մրցաշրջանի ավարտին կը գրաւէ առաջին տեղը խլումներու քանակով, իսկ 2011–12-ին՝ արդիւնաւետ փոխանցումներով։[3]