Պերքլի (/ˈbɜːrkliː/ burk-lee), քաղաք Սան Ֆրանսիսքոյի արեւելեան ափին, Քալիֆորնիա։ Անուանուած է ի պատիւ ԺԸ. դարու անգլօ-իրլանտացի եպիսկոպոս եւ փիլիսոփայ Ճորճ Պերքլիի։ Սահմանակից քաղաքներն են Օքլենտը եւ Էմըրիվիլը հարաւէն, Օլպանի շրջան (Նիւ Եորք)ը եւ Քենսինկթոնի չկազմաւորուած համայնքը հիւսիսէն։
2010-ի մարդահամարի տուեալներով բնակչութիւնը կը կազմէ 112,580 հոգի։
Պերքլին կը համարուի Քալիֆորնիոյ համալսարանական համակարգի ամէնէն հին ճամբարը, որ կրօնական նիւթեր դասաւանդող աշխարհի ամէնէն մեծ համալսարանը կը համարուի։
Պերքլին ունի զով ամառ,միջերկրածովեան կլիմայ՝ չոր ամառով եւ թաց ձմեռով։
Օդին միջին ջերմաստիճանը Յունուար ամսուան ընթացքին, առաւելագոյնը կը կազմէ 13.6 °C եւ նուազագոյնը՝ 6.4 °C: Ամէնէն տաք ամսուան՝ Սեպտեմբերի առաւելագոյն միջին ջերմաստիճանը 22.1 °C է եւ նուազագոյնը՝ 13.3 °C: