Ըստ ժամանակակից վիճակագրութեան, Չուքչիներուն թիւը շուրջ 16.000-17.000 է, որոնց մեծամասնութիւնը կը բնակիՉուքոտքայի Ինքնավար Շրջանին մէջ։
Չուքչիներու աւանդական կեանքը սերտօրէն կապուած է բնութեան հետ։ Անոնք աւանդաբար կը զբաղին հիւսիսայինեղջերուներու հովուութեամբ, որսորդութեամբ եւձկնորսութեամբ (Անոնքփոկեր եւկէտեր կ'որսան, եւ եղջերուներ կը պահեն)։
Չուքչիներու զգեստները պատրաստուած են եղջերուներու կամարջերու կաշիէն, որոնք կը յարմարին կլիմայական խիստ պայմաններուն։
Ի. դարու զինուորական զգեստ
Անոնց հաւատքըշամանիստական է. կը հաւատան բնութեան ոգիներու, կենդանիներու, ինչպէս նաեւ՝փոթորիկի եւձիւնի ոգիներուն։ Շամանները կը կատարեն արարողութիւններ եւ բուժումներ[1]։
Անոնք իրենց սովորութիւնները կորսնցուցած են Ի. դարուն, երբ նստակեաց դարձած են եւ իրենց զաւակները ստիպուած եղած ենռուսերէն սորվիլ դպրոցը:
Ներկայիս անոնց լեզուն գրեթէ չի խօսուիր: Սակայն անոնք կ'ուզեն վերագտնել իրենց սովորութիւնները, եւ կարգ մը չուքչիներ կը լքեն իրենց տուները` դարձեալ իրենց պապերուն նման թափառաշրջիկ դառնալու համար եւ ապրելու իրենց ժողովուրդին աւանդական վրաններուն` եարանկաներուն մէջ[2]: