Նիմարաթա Նիքքի Հէյլի (ծնած Ռանտհաուա,20 Յունուար1972(1972-01-20)[1][2][3],Բամբերգ,Բամբերգ շրջան,Հարավային Կարոլինա,Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) Ամերիկացի քաղաքական գործիչ եւ դիւանագէտ է որ ծառայած է իբր Հարաւային Քարոլայնայի նահանգապետ 2011 թուականէն 2017, ինչպէս նաեւ ԱՄՆի դեսպան ՄԱԿի Յունուար 2017էն Դեկտեմբեր 2018:[6] Անդամ է Հանրապետական Կուսակցութեան։ Առաջին Ամերկացի-Հնդիկ անձն է որ ծառայած է նախագահական խորհուրդին մէջ։[7] Ան թեկնածու է 2024ի Հանրապետական Կուսակցութեան Նախագահական Թեկնածուի Ընտրութիւններուն։
Հէյլին միացաւ իր ընտանիքին հագուստի ընկերութիւն, որմէ ետք ստանցնեց հաշուապահի դերը ու յետոյ նախագահը Ազգային Կին Գործատէրներու Միութեան։ Ան ընտրուած է իբր Հարաւային Քարոլայնայի Խորհրդարանի Ներկայացուցիչ 2004 թուականին եւ ծառայած է երեք անգամ։ 2010 թուականին, իր երրորդ ծառայութեան ընթացքին, ընտրուեցաւ Հարաւային Քարոլայնայի նահանգապետ։ Ան Հարաւային Քարոլայնայի առաջին կին նահանգապետն էր, իսկ երկրորդ Հնդիկ ԱՄՆ նահանգապետ, Պոպի Ճինտալէն ետք (Լուիզիանա)։ Նահանգապետութեան ընթացքին, ստացաւ ազգային ուշադրութիւն իբր նահանգապետը որ Չարլսթոն եկեղեցու կրակոցին դէմ արշաւը առաջնորդեց։[8][9]
2017 Յունուարին, Հէյլի հրաժարեցաւ նահանգապետութենէ որպէսզի ստանցնէ ԱՄՆի ՄԱԿի դեսպանի դերը Տոնըլ Թրամփի նախագահական խորհուրդին մէջ։ ԱՄՆի Ծերակոյտի ընդունեց զինք 96–4 քուէներով։ Ան իր դեսպանութեան դերէն հրաժարեցաւ 31 Դեկտեմբերին, 2018:
Հէյլին յայտարարեց իր արշաւը ԱՄՆի նախագահութեան թեկնածութեան համար 2023 Փետրուարին։[10] Այոուաի հանդիպումներէն ետք, Հէյլին եւ Թրամփը մնացին երկու հաւանական նախագահութեան թեկնածուները Հանրապետական կուսակցութեան։