Նիհիլզմ բառը յայտնի դարձած է ռուս գրող Իվան Տուրգենեւի շնորհիւ:
Նիհիլիզմ (լատ.՝ nihil՝ ոչինչ)փիլիսոփայականուսմունք, որ կը բացառէկեանքի ենթադրելի իմաստի գոյութիւնը։ Աւելի յաճախ նիհիլիզմը կ'արտայայտուի գոյացական (existential) նիհիլիզմով, որու համաձայն կեանքը չունի որեւէ առարկայական նպատակ, իմաստ եւ արժէք[1]։ Բարոյական նիհիլիզմը կը համարուի, որ գոյութիւն չունի սերունդէ սերունդ փոխանցուողբարոյականութիւն եւ որեւէ ձեւաւորուողբարոյական արժէք մտացածին բնոյթ կը կրէ։ Նիհիլիզմը կրնայ ընդունիլ նաեւհմտաբանակ (epistemologica) կամէաբանական (ontological) ձեւեր, պնդելով, որ որոշակի առումովիմացութեան գոյութիւնը հնարաւոր չէ կամ որիրականութիւնը փաստացի գոյութիւն չունի։
Սահմանումը յաճախ կ'օգտագործուի զարտուղութեան հետ յարաբերութեան մէջ՝ գոյութեան անիմաստութիւնը զգալէն յառաջացող ընդհանուր հիասթափութեան վիճակը բացատրելու նպատակով, երբ մէկը կը հասկնայ կանոններու, օրէնքներու եւ տիպարներու անհրաժեշտութեան աւելորդութիւնը[2]։Ֆութուրիզմը (Futurism), Քայքայումը (deconstructionism)[3] եւ այլ շարժումներ տարբեր ժամանակներու մէջ եւ տարբեր բնագիրներով բնորոշուած են որպէս նիհիլիսթիք։
Նիհիլիզմը օգտագործուած է նաեւ տարբեր ժամանակաշրջանները բնութագրելու համար, օրինակ՝Ժան Պոդրիլար եւ ուրիշներ ապագայապաշտութիւնը անուանած են նիհիլիստիք ժամանակաշրջան[4]։ Որոշքրիստոնեայաստուածաբաններ եւ կրօնական այլ հեղինակութիւններ կը պնդեն, որ ապագայապաշտութիւնը[5] եւ արդիապաշտութիւններու այլ տեսակէտ[3] կը բացառեն միաստուածութեան գաղափարը, որ իր հերթին նիհիլիզմ կը յառաջացնէ։
Միջին դարերուն մէջ գոյութիւն ունէր նիհիլիզմի ուսմունքը, որ բանադրանքի կ'ենթարկուի Ալեքսանտր Գ. կողմէ1179-ին։ Նիհիլիզմի ուսմունքը, որ սխալմամբ կը վերագրաւէր Պետրոս Լոմպարտացին, կը ժխտէր Քրիստոսի մարդկային բնոյթը։
Արեւմտեան փիլիսոփայութեան մէջ «նիհիլիզմ» սահմանումը կը ներմուծէ գերմանացի գրող ու փիլիսոփայ Ֆ. Հ. Յակոբի (Friedrich Heinrich Jacobi )։ Այդ հասկացութիւնը օգտագործած են մեծ թիւով փիլիսոփաներ։ Søren aabye kierkegaard նիհիլիզմի սկզբնաղբիւր կը համարէրքրիստոնէութեան ճգնաժամն ուՖրէտէրիք Նիցչէի(friedrich nietzsche) «գեղագիտական» աշխարհընկալման տեսութեան տարածումը (համաձայն այդ տեսութեան, Աստուած եւ կրօնական հաւատքը թուացեալ ու կարգավիճակէն զուրկ երեւոյթներ են՝ «Աստուած մահացած է»)։ Օզուըլտ Սփենկլըր (Oswald Arnold Gottfried Spengler) նիհիլզմը կ'անուանէ ժամանակակից Եւրոպական մշակոյթի բնորոշ գիծ։ Այդ մշակոյթը, անոր խօսքերով, «մայրամուտ» եւ «հին արժէքներու մերժում» կ'ապրի, ինչ որ պատճառ կը հանդիսանայ, որ անիկա զարգացման աւելի բարձր մակարդակներու չհասնի։ Մարթին Հայտեկըր (Martin heidegger) Նիհիլիզմը կը դիտարկէր, որպէս արեւմուտքի պատմութեան գլխաւոր շարժում, որ կրնայ հանգեցնել համաշխարհային ողբերգութեան։
Մերեոլոգիական նիհիլիզմը (mereological nihilism) տեսակէտ մըն է, որու համաձայն մասերէ կազմուած առարկաներ (ինչպէս տարածական, այնպէս ալ ժամանակի մէջ գոյութիւն ունեցողառարկաները) գոյութիւն չունին։
Գոյապաշտ նիհիլիզմը (existential nihilism) տեսակէտ մըն է, որու համաձայն կեանքը որեւէ իմաստ եւ արժէք չունի։ Գոյապաշտ նիհիլիզմը կը պնդէ, որ մարդը կամ նոյնիսկ բոլոր մարդիկ միասինտիեզերքի համեմատ որեւէ նշանակութիւն չունին։ Կեանքի անիմաստութեան գաղափարը շատ յաճախ կը հանդիպի գոյապաշտական դպրոցներու մէջ։
Բարոյական նիհիլիզմը (moral nihilism) կը բացառէ բարոյականութեան գոյութիւնը, գոյութիւն չունին բարոյական եւ ոչ բարոյական արժէքներ։
Քաղաքական նիհիլիզմը (political nihilism) անհրաժեշտ չի համարեր քաղաքական եւ հասարակական բազմաթիւ կառոյցներու գոյութիւնը, ինչպիսիք ենկառավարութիւնը,ընտանիքը եւօրէնքը[7]։
Նիհիլիզմը հոգեբաններու ուսումնասիրութիւններուն մէջ
Էրիք Ֆրոմը (Erich fromm) կ'առաջարկէր նիհիլիզմը հոգեբանական պաշտպանութեան տեսակ մը համարել։ Ան կը կարծէր, որ մարդու կեդրոնական խնդիրը սեփական գոյութեան մասին ունեցած մարդու ներքին կարծիքն է, հակասութիւնն է «աշխարհի մէջ իր դերին» նկատմամբ եւ այն, որ մարդ ինքզինք վեր կը համարէ բնութենէն, քանի որ կրնայ ճանչնալ ինքզինք։ Ֆրոմ կը պնդէ, որ մարդու զարգացումը տեղի կ'ունենայ երկու հիմնական ձգտումներու ձեւաւորման իբրեւ արդիւնք. դէպի ազատութիւն, եւ դէպի օտարացման ձգտում։ Մարդու զարգացումը աւելի յաճախ կ'ընթանայ «ազատութեան» ձգտման ուղղութեամբ, բայց իւրաքանչիւր մարդ չի կրնար օգտուիլ անկէ, սեփական օրկանիզմին մէջ յառաջացած հոգեկան ապրումները կը ստիպեն անոր երթալ «օտարացման» ուղղութեամբ։ Իբրեւ արդիւնք մարդը կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը (կամ Եսը)։ Կը յառաջանայ պաշտպանական մեքենականութիւն մը՝ «փախուստ ազատութենէն», որու բնորոշ ենսադիզմի (sadism) ումազոխիզմի (masochism) տարրերը, քայքայում (destructivism) , մարդու աշխարհը աւերելու հակում, անմիջականօրէն՝ քոնֆորմիզմ (Conformisme)։
↑For example,Leffel Jim; Dennis McCallum։«The Postmodern Challenge: Facing the Spirit of the Age»։ Christian Research Institute։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2006-08-19-ին։ արտագրուած է՝2015-09-03։ «…the nihilism and loneliness of postmodern culture...»Կաղապարն օգտագործում է հնացած|coauthors= պարամետրը (օգնութիուն)