Նէյմարը ծնած է վաճառականներու ընտանիքի մէջ։ Ան ունէր մէկ քոյր՝ Ռաֆայէլան։
Նէյմարը1999 թուականին ընդունուեցաւ «Սանթոս» ակումբի ակադեմիան։ Դեռ երիտասարդ տարիքին ան հանդիպումներ կ'ունենար առաջին խումբին հետ։ Նէյմարով հետաքրքրուած էին Եւրոպական շարք մը ակումբներ՝Ռէալ Մատրիտը, Արսենալը, Պարսէլոնան, ՉԷլսին եւՄանչեսթըր Սիթին։ Նէյմարը ընտանիքին հետ միասին տեղափոխուեցաւ Սան Փաուլօ, ուր ընդունուեցաւ տեղի ակադեմիան։ Զինք կնքեցին «Նոր Ռուպինիօ» մականունով։ Մասնագէտները անոր խաղը կը գնահատէին հրաշալի եւ զինք կը նկատէին իբրեւ ապագայ ֆութպոլի աստղ։ 12 տարեկանին Նէյմարը տեղափոխուեցաւ Ռէալ Մատրիտի ակադեմիան, բայց կարճ ժամանակ անց վերադարձաւՊրազիլ, ուր արդէն մաս կը կազմէր Սանթոսի ակադեմիաին։ ԱնՍանթոսի մէջ կրկին կը փայլէր եւ կը ցուցադրէր հրաշալի խաղ։ Սանթոսի ղեկավարութիւնը 1 միլիոն ռէալ կ'առաջարկէ Նէյմարի ընտանիքին, որ ֆութպոլիստը մնար ակումբի ակադեմիայի մէջ։ Ան նաեւ հրաւիրուեցաւՊրազիլի Մ-15 տարեկաններու հաւաքականին եւ մասնակցեցաւՀարաւային Ամերիկայի մրցաշարին։
2008 թուականին Նէյմարը կնքեց իր առաջին մասնագիտական պայմանագիրըՍանթոսի հետ՝ մինչեւ2013 թուական։Սանթոսը Նէյմարին չկորսնցնելու համար սահմանած էր բարձր հրաժարագին եւ բարձր աշխատավարձ, սակայն շարք մը ակումբներ կը պայքարէին Նէյմարի համար։ Մարտ 7,2009 թուականին իր առաջին խաղը ունեցաւՍանթոսի գլխաւոր խումբին հետՕեստէ ակումբին դէմ՝ փոխարինման դուրս գալով Մաուրիսիօ Մոլինոյի փոխարէն։ Մէկ շաբաթ ետք Մոժի-Միրին ակումբին դէմ ան խաղին մէջ նշանակեց իր առաջին կոլը հիմնական խումբի կազմով։ Մարտ 24, 2009 թուականին լուրեր տարածուեցան, որ Նէյմարով հետաքրքրուած են Մոսկուայի ԲԿՄԱ-ն եւ իտալականՄիլանը։
2010 թուականի գարնան, Նէյմարը նուաճեց առաջին տիտղոսը, յաղթելով Լիգա Պաուլիստա մրցաշարը Սանթոսի կազմով։ ԱՆ ճանցուեցաւ այդ առաջնութեան լաւագոյն ֆութպոլիստը։ Ապրիլ 15-ինՊրազիլի գաւաթի 1/16 եզրափակիչինՍանթոսը կը մրցէր Գուարանի ակումբի դէմ։ Այդ խաղով Նէյմարը հարուածեց 5 կոլ եւ այդ խաղը Սանթոսը յաղթեց 8-1 հաշուով։ Այդ մրցաշարին ՆէյմարըՍանթոսի հետ դարձաւ չէմբեըն հարուածելով 11 կոլ, դարձաւ առաջնութեան լաւագոյն ռմբարկու։ Նէյմարը ամրանՈւեստ Հէմին ստացաւ 15 միլիոն եւրոյի առաջարկ, իսկ Չելսիին 20մլն Եւրոյի առաջարկ, կապոյտները մերժուելով պատրաստ էին վճարել 26 միլիոն Եւրօ։Օգոստոս 20-ին Նէյմարը որոշեց մնալ ակումբին մէջ ըսելով, որ ան 5 տարուան պայմանագիր ունիՍանթոսի հետ։ Նոյն թուականի Սեպտեմբերին Նէյմարը ղեկավարութենէն պահանջեց հեռացնել ակումբի գլխաւոր մարզիչ Դորիվալ Ճունիորին, անոր համար է, որ մարզիչը հնարաւորութիւն չի տուաւ Նէյմարին 11 մեթրանոց իրականացնելու, սակայն ակումբի ղեկավարութիւնը կը մերժէ։ Յաջորդ օրը Նէյմարը ներողութիւն կը խնդրէ իր արտասանած խօսքերոն համար։ Քանի մը խաղ յետոյ մարզիչը հեռացաւ աշխատանքէն։2010 թուականիՀոկտեմբերին երկրի թերթերը գրեցին, որ Նէյմարը Գրեմիօ ակումբի դէմ յաղթանակէն յետոյ, ընկերներուն հետ միասին վարձած էր մարմնավաճառներ։ Այդ լուրը լսելով՝Սանթոսի նախագահ Լուիս Ալպերթօ Ռիպէրիոն անմտութիւն համարեց, եւ ըսաւ, որ ֆութպոլիստը նման բան ընել չէր կրնար։ Յունիսին Նէյմարը ակումբի հետ յաղթեց Լիբերտադորեսի բաժակը, իսկ Նէյմարը եզրափակչին երկու խաղերուն հարուածեց մէկ կոլ։ Այդ խաղէն յետոյ ան ճանչցուեցաւ մրցաշարի լաւագոյն խաղացող։
Ամրան մէկ շարք եւրոպական ակումբներ Նէյմարի համար պատրաստ էին վճարել 45 միլիոն Եւրօ։
Յուլիս 27-ին Նէյմարը ձեւակերպեց Պրազիլի առաջնութիւնը «Ֆլամենգոյի» դէմ խաղով։ Ան շրջանցելով մրցակցի բոլոր ֆութպոլիստներուն, գրաւեց դարպասը, որու վերաբերեալ պրազիլցի յայտնի ֆութպոլիստ Կարեկան ըսած է. «Այսպիսի կոլեր միայն հզօրագոյն ֆութպոլիստները կրնան հարուածել։ Այնպիսի տպաւորութիւն էր, որ ես վիդեխաղ կը դիտէի։ 11 թիւը կրող մարզաշապիկը չէր պատկաներ Նէյմարին, բայց ան հասաւ դրան։ Ան հարուածեց այնպիսի կոլ, որ չէր կրնար հարուածել անգամ Պելէն» ։ Ինքը Պելէն, Նէյմարին համարած էր աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստը։ Այդ կոլի համար ՆԷյմարը ստացաւ տարուան լաւագոյն կոլ մրցանակը:
2011 թուականի ՕգոստոսինՍանթոսը պայմանագիրը երկարաձգելու առաջարկ կատարեց Նէյմարին, իսկ Ռէալ Մատրիտը Նէյմարի համար պատրաստ էր վճարել 58 միլիոն եւրօ։ Հոկտեմբէր 29-ին ան 4 կոլ հարուածեց «Ատլեդիքօ Պարանաենսէ» ակումբի դարպասը։ Նոյեմբեր 9-ին Նէյմարը երկարաձգեց Սանթոսի հետ գործող պայմանագիրը մինչ2014 թուականՅուլիս 13-ին։ Նէյմարի տարեկան աշխատավարձը կազմ էր 6,5 միլիոն Եւրօ, իսկ անոր գինը 75 միլիոն Եւրօ։Սանթոսը ակումբի նախագահի խօսքերով, Ռէալ Մատրիտի մարզիչԺոզէ Մոուրինեոն պայմանագրին մէջ նշած էր, որ Նէյմարը պարտաւոր է չփոխել իր սանրուածքը, իսկ «Սանթոսի» մէջ ան կարող է ընել ցանկացած սանրուածք։ Մրցաշրջանի աւարտէն յետոյ Նէյմարը ճանչուեցաւ Պրազիլի առաջնութեան տարուան լաւագոյն ֆութպոլիսդ, Հարաւային Ամերիկայի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիսդ։
Փետրուար 62012թուական ին Նէյմարը տապլ ձեւակերպեց Պալմերիասի դարպասը. ատոր 100-րդ կոլն էր իր մասնագիտացուած գործը։ Մարտ ամսուն ըստ Մասս Մետիայի լուրերու՝Պարսելոնան արդէն պայմանաւորուած էր Նէյմարի հետ, եւ ան տարեկան պիտի ստանար 14,5 միլիոն Եւրօ։ Մարտ 8-ին Նէյմարը Ինտերնացիոնալի դէմ խաղին երեք կոլ հարուածեց։ Մարտ 30-ին ան երեք կոլ հարուածեց Գուարատինգետային եւ բարձրացաւ 4-րդ հորիզոնական Սանթոսի» բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբարկուի ցուցակը՝ շրջանցելով Ռոբինիոյին։ Ապրիլ 29-ին Նէյմարը երեք կոլ հարուածեց Սան Բաուլոյի դարպասը։ Հոկտեմբեր [[2012] թուական]ին Նէյմարը ստացաւ «Գեղեցիկ խաղ» մրցանակը՝ դառնալով երկրորդը Պելեէն յետոյ, որ արժանացած է այս մրցանակին։ Նաեւ այդ մրցաշրջանին ան ճանչցուեցաւ առանջնութեան լաւագույն ռմբարկու՝ հարուածելով 42 կոլ 47 խաղով, իսկ այդ կոլերէն մեկը, որ հարուածած էր Ատլեդիքօ Մինիերոյի դարպասը, ճանչցուեցաւ առաջնութեան լաւագոյն կոլ։
Յունուար 192013 թուականինԼիգա Պաուլիստա մրցաշարով ան առաջին խաղին հարուածեց երկու կոլ, ուրՍանթոսը յաղթեց Սաո Բերնարդոյին 3-1 հաշուով։ 4 օր ետք Նէյմարը Բոտաֆեգոյի դէմ խաղով նոյնպէս կոլ նշանակեց, եւՍանթոսը յաղթեց 3-0 հաշուով։Լիգա Պաուլիստա մրցաշարի պատասխան խաղով Սանթոսը կրկին յաղթեց «Սաո Բերնարդոյին» նոյն՝ 3-1 հաշուով։ Նէյմարը այդ խաղին դարձաւ կոլի եւ երկու կոլային փոխանցման հեղինակ։Մարտ 182013թուականին Նէյմարը յայտարարեց թէ. «Լաւ է երբ առաջարկ ստացած ես եւրոպական մեծ ակումբներէն, բայց ես այս պահուն մտադրութիւն չունիմ փոխելու ակումբ»:
Նէյմարի հայրը, որ նաեւ իր գործակալն էր, յայտնեց, որ Աշխարհի առաջնութենէն յետոյ Նէյմարը պատրաստած է տեղափոխուիլ Եւրոպա։ Մայիս 262013 թուականին Նէյմարը իր վերջին հանդիպումը կատարեց Սանթոսի կազմով Ֆլամենգոյի դէմ։ Այդ խաղով ան խաղաց 90 վայրկեան, եւ խաղը աւարտեցաւ 0-0 հաշուով։
Մայիս 262013 թուականին սպանականՊարսելոնան պաշտօնապէս յայտարարեց Նէյմարին ձեռքբերման մասին։ ԸստՄարկա պարբերականի՝Պարսելոնան Նէյմարի համար վճարած է 50 միլիոն Եւրօ, իսկ տարեկան 7 միլիոն Եւրօ։ Նէյմարը ինքը հաստատեց այս տեղեկութիւնը Թուիթթըրի միջոցով։ Յաջորդ օր յայտարարուեցաւ, որ կնքուած է 5 տարուան պայմանագիր։ Նէյմարի դրանսֆերը Պարսելոնայի պատմութեան մեջ երկրորդն էր ամենաթանկ դրանսֆերներու մեջ՝ Զլատան Իբրահիմովիչէն յետոյ։ Յունիս 3-ին Կամպ Նոու մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Նէյմարի ներկայացումը, ուր ներկայ էին 56 500 հանդիսական։ Այդ օրը յայտնի դարձաւ, որՊարսելոնան Նէյամրի համար վճարած է 57 միլիոն Եւրօ եւ Նէյմարի հրաժարագինը կազմեց 190 միլիոն Եւրօ։
Երկրորդ մրցաշրջանը Պարսելոնայի կազմին Նէյմարը սկսաւ բաւական յաջող։ Այդ մրցաշրջանին «կապոյտագոյները» ունէին հզօր յարձակողական եռեակ՝Լիոնէլ Մեսսին, Լուիս Սուարեսը եւ Նէյմարը։Սեպտեմբեր 132014 թուականին Նէյմարը երկու գնդակ հարուածեց Աթլեդիկ Պիլբաոյի դարպասը, որոնք յաղթական էին Պարսելոնայի համար։ Սեպտեմբերի 27-ին Նէյմարը առաջին հեթ-տրիկը ձեւակերպեց Պարսելոնայի կազմին, Գրանատա ակումբի դէմ խաղին, իսկ խաղը աւարտեցաւ կապոյտագոյներու ջախջախիչ յաղթանակով՝ 6-0։
2017-ի Օգոստոս 3-ին Պարսելոնան յայտարարեց, որ Նէյմարի պաշտօնական ներկայացուցիչները կատարած են €222 միլիոն վճարի չափ այլ ակումբ տեղափոխուելու համար[2][3][4]Նէյմարը միացաւ Փարի Սէյն Ժերմէն ակումբին մրցանիշային €222 միլիոն փոխադրավճարով, մէկ պայմանագրով, որ պիտի գործէ մինչեւ 2022-ը[5] Ան Խաւիէր Փասթորէն «որպէս նուէր» ստացաւ 10 համարի շապիկը:[6]
Նէյմարը չափազանց կրօնական մարդ է։ Ան անպայման շաբաթը մէկ անգամ այցելած է եկեղեցի եւ մասնակցած է նաեւ բարեգործական միջոցառումներու։Նէյմարը նաեւ ընկերութեան սեփականատէր է, որ իր հետ միասին կառավարած է իր ֆութպոլային կուռքը՝Ռոնալտոն։19 տարեկանին Նէյմարը հայր դարձաւ։ Իր ընկերուհի Գարոլինան այդ ժամանակ 17 տարեկան էր։ Անոնք ունեցան որդի, որուն անունը դրին Տէյվիտ Լուքա։Ան դարձաւ շարք մը յայտնի ապրանքանիշերու դէմքը՝Nike,Red Bull GmbH,Sony,InBev,Unilever,Volkswagen։
Հայրը՝ ՆԷյմար տա Սիլվա Սանթոս, մայրը՝ Նատին Գոնսալվես։ Նէյմարը ունի փոքր քոյր՝ Ռաֆաելլա Բեկրան տա Սիլվա Սանթոս։2009 թուականին Նէյմարը սկսաւ հանդիպիլ բրազիլուհի Գարոլինա Նոգեյրա Դանտասի հետ։ Օգոստոս 242011 թուականին Գարոլինան, որ այդ ժամանակ 17 տարեկան էր. Նէյմար որդի մը ունեցաւ, որուն կոչեցին Տէյվիտ Լուքա Նոգեյրա Դանտաս տա Սիլվա Սանթոս։ Որդոյն ծնունդէն յետոյ զոյգը բաժնուեցաւ։ Այժմ Նէյմարը կ'ապրիՍպանիա, իսկ որդին՝ Տէյվիտ Լուքան, մօր՝ Գարոլինայի հետ Սան Փաուլու քաղաքը։2013 թուականին լուրեր տարածուած էին, որ Նէյմարը հանդիպած է բրազիլուհի դերասանուհի Բրունա Մարկեզինիի հետ։ Սկիզբը անոնք գաղտնի պահած էին իրենց յարաբերութիւնները, սակայն որոշ ժամանակ անց ֆութպոլիստը խոստովանեցաւ իր նոր սիրավէպի մասին։ Այս յարաբերութիւնները սակայն երկար չտեւեցին,2014 թուականին զոյգը յայտարարեց բաժանման մասին։