Անիկա կը զբաղեցնէ գրեթէ երկու միլիոն քառակուսի քիլոմեթր տարածք (աւելի քան 760.000)։ Մեքսիքան հինգերորդ խոշոր երկիրն էԱմերիկայի մէջ, 13-րդ երկիրն աշխարհի մէջ եւ 2-րդ ամէնախոշոր սպանախօս երկիրը՝ ըստ տարածքի չափերու (Արժանթինէն յետոյ)։
Բնակչութիւնը կը գերազանցէ աւելի քան 120 միլիոնը[11]: Մեքսիքան աշխարհի 11-րդ ամէնախիտ բնակեցուած անկախ պետութիւնն է աշխարհի պետութիւններուն մէջ եւ առաջինը՝ սպանախօս երկիրներու մէջ։ Այն նաեւԼատին Ամերիկայի երրորդ ամէնաբնակեցուած երկիրն է։ Մեքսիքան դաշնային հանրապետութիւն է եւ վարչականօրէն բաժնուած է 31 նահանգներու եւ 1 մայրաքաղաքային ինքնավարութիւն ունեցող դաշնայինՄեքսիքօ շրջանի միջեւ։
Նախաքոլումպոսեան ժամանակաշրջանին Մեքսիքայի տեղաբնիկ ժողովուրդները եղեր ենհնդիկները: Այս տարածքներուն մէջ ստեղծեր են իրենց մշակոյթը եւ ազգային առանձնայատկութիւնները՝ացտեկները,մայաները եւ շատ այլ ցեղեր։1521 թուականին Մեքսիքայի ներկայիս տարածքը գրաւեր ենսպանացի (conquistadors) տիրողները՝Էռնան Քորթեսի գլխաւորութեամբ։ Նուաճումէն յետոյ, այն վերածուեցաւ Մեքսիքայի հաւասար նահանգի եւ ստացաւՆոր Սպանիա անուանումը։ Բազմաթիւ խռովութիւններու պատճառով1821 թուականին սպանական կառավարութիւնը պաշտօնապէս կը ճանչնայ Մեքսիքայի Միացեալ Նահանգներու անկախութիւնը, որպէսՍպանիայէն անկախ երկիր։ Յետ անկախացման ժամանակահատուածը կը բնութագրուի տնտեսական անակայունութեամբ եւ անիկա նաեւ դարձաւ տարբեր իրադարձութիւններու պատճառ։
Մեքսիքայի հիմնական բնակիչները մեքսիքացիներն են, որոնք ձեւաւորուած են սպանացիներու, բնիկ հնդկացիներու, մասամբ՝ նաեւ սեւամորթներու միախառնման հետեւանքով։ Պաշտօնական լեզուն սպաներէնն է, սակայն բնիկ ժողովուրդները՝ ացթեկները, մայաները, հուասթեկները եւ այլք, կը խօսին մայրենի լեզուներով եւ կը պահպանեն իրենց մշակութային առանձնայատկութիւնները։Խոշոր քաղաքներն ենՄեքսիքօն,Կուատալախարան,Մոնթեռեյը,Փուեպլան։
Հին շրջանին (մինչեւ 16-րդ դար) Մեքսիքայի տարածքին զարգացած եղած են հնդկացիներու (թոթոնակներ, թոլթեկներ, ացթեկներ, մայաներ) գեղարուեստական մշակոյթները։ Զբաղուեր են խեցեգործութեամբ եւ փայտէ իրերու, մանր քանդակներու պատրաստմամբ։
Սակայն սպանացիներու կողմէ Մեքսիքայի նուաճումը կործանարար ազդեցութիւն ունեցաւ հնդկացիներու ինքնատիպ մշակոյթի վրայ։ Այդուհանդերձ, բնիկներու գեղարուեստական աւանդոյթները որոշակիօրէն ներգործեցին գաղութային շրջանին ձեւաւորուած արուեստի վրայ, եւ երկու մշակոյթներու համատեղումը կանխորոշեց Մեքսիքայի հետագայ ազգային արուեստի աւանդոյթները։
Ներկայիս Մեքսիքան Լատինական Ամերիկայի առաւել զարգացած երկիրներէն է. կ'արդիւնահանեն արծաթ, ոսկի, նաւթ, գունաւոր եւ հազուագիւտ մետաղներ։ Կը մշակեն ցորեն, բրինձ, շաքարեղէգ, սրճենի, եգիպտացորեն (հայրենիքը Մեքսիքան է)։
Մայրաքաղաք Մեխիկոն աշխարհի խոշորագոյն քաղաքներէն է, ուր կը զուգակցուի հին դարերու ու ժամանակակից ճարտարապետութիւնը։Հանրայայտ են գեղանկարիչներ Տիեկօ Ռիվերան, Խոսէ Օրոսքոն, Տավիտ Սիքեյրոսը, Ֆրիտա Քալոն, գրողներ Քառլոս Ֆուենթեսը, Օքթավիօ Փասը եւ ուրիշներ։
Ամէնաբարձր լեռըՕրիսապա գործող կոնաձեւ հրաբուխն է՝ 5675 մեթր բարձրութեամբ, որ կը գտնուի նաեւ 18.491 ծովի մակարդակէն բարձրութեան վրայ[18]: Մեքսիքայի ընդհանուր տարածքը կը կազմէ 1.972.550 քմ²: Անիկա տարածքի մեծութեամբ աշխարհի 14-րդ ամէնախոշոր պետութիւնն է, իսկ սպանախօս երկիրներու մէջ՝ երկրորդը։ Սահմանակից է հիւսիսէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն (3,141 քմ), իսկ հարաւէն՝Կուաթեմալային եւՊելիզին: Ափերը կ'ողողենԽաղաղական ովկիանոսի ջուրերը։
Մեքսիքանկենսաբանական աղբիւրներով աշխարհի 18-րդ առաջատար երկիրն է։ Այստեղ տարածուած են աւելի քան 200,000 տարբեր տեսակներ, որոնք կը կազմեն աշխարհի կենդանական աշխարհի եւ կենսաբազմազանութիւններու 10-12%-ը։ Մեքսիքան աշխարհի մէջ առաջատարն է՝սողուններու տարածուածութեամբ (707 յայտնի տեսակներ), երկրորդը՝կաթնասուններու տարածուածութեամբ (438 տեսակներ), չորրորդը՝երկկենցաղներու բազմազանութեամբ (290 տեսակներ)։ Չորրորդ տեղը կը զբաղեցնէ նաեւբոյսերու թիւով (26000 տեսակի բոյսեր)։ Անոնց 2500 տեսակները կը համարուին վտանգուած տեսակներ եւ արձանագրուած են կարմիր գիրքին մէջ։
2002 թուականի տուեալներով, Մեքսիքան երկրորդ ամենաարագ անապատացող երկիրն է աշխարհի մէջ։ Այս ցուցանիշով ան կը զիջի միայնՊրազիլիային: Մեքսիքայի տարածքի 170,000 քմ² տարածքը կանաչ գօտիներ են՝անտառներ,ազգային զբօսավայրեր եւազգային արգելոցներ: Ատոնք իրենց մէջ կը ներառեն 34 կենսոլորտային պահուստներ (անփոփոխ էքօհամակարգեր), 67 ազգային զբօսավայրեր, 4 բնական յուշարձաններ (պաշտպանուած է անժամկէտ իրենց գեղագիտական, գիտական կամ պատմական արժէքը) եւ այլն։
Ացթեքա մարզդաշտը, աշխարհի 6-րդ ամենամեծ մարզադաշտը
1968 թուականին Մեքսիքայի մէջ տեղի ունեցեր են XIX Ողիմպիական խաղերը՝ Մեքսիքան դարձնելով առաջին լատին-ամերիկեան երկիրը, ուր մեկնարկեր են խաղերը[19]: 1970 եւ 1986 թուականներուն այստեղ տեղի ունեցեր ենֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան խաղերը[20]:
Մեքսիքայի ամէնայայտնի մարզաձեւը ֆութպոլն է։ Կ'ենթադրուի, որ ֆութպոլը Մեքսիքա բերած են քոռնեցի հանքագործները 19-րդ դարու վերջաւորութեան։ 1902 թուականին բրիտանական ազդեցութեամբ ձեւաւորուեցաւ հինգ-թիմային լիկան[21][22]:
Անթոնիօ Քարպախալը առաջին ֆութպոլիստն էր, որ յայտնուեցաւ աշխարհի խաղերուն[24] եւ Հուկօ Սանչեսը IFFHS կողմէ դարձաւ20-րդ դարու լաւագոյն CONCACAF խաղցող[25]:
Մեքսիքայի մասնագիտական պեյսպոլի լիկան կը կոչուի Liga Mexicana de Beisbol: Թէեւ կը զիջիՄիացեալ Նահանգներուն, Քարիպեան երկիրներուն եւՃափոնի թիմերուն, Մեքսիքայի խումբը նոյնպես ունեցեր է միջազգային ձեռքբերումներ։
2013 թուականին Մեքսիքայի պասքէթպոլի խումբը յաղթեց Ամերիկայի պասքէթպոլի առաջնութեան խաղերուն եւ ձեռք բերաւ2015 թուականի առաջնութիւնը հիւրընկալելու պատիւը[26]:
Յայտնի մարզաձեւերէն է ցլամարտը։ Գրեթէ բոլոր խոշոր քաղաքներուն մէջ կան ցլամարտի հրապարակներ։Մեխիկոյի Plaza México-ն ամէնամեծ ցլամարտի կեդրոնն է աշխարհի մէջ։ Այն կը տեղաւորէ 55,000 մարդ։
1990 թուականէն Մեքսիքան կը գտնուի բնակչութեան առողջութեան անցումային փուլի մէջ, մահուան ախտանիշներու ցուցանիշները նոյն են ինչպէսԳերմանիայի եւՃափոնի նման բարձր զարգացած երկիրներուն մէջ[29]: Բժշկական ենթակառուցուածքները զարգացած են գլխաւորապէս խոշոր քաղաքներու մէջ[30][31], մինչդեռ գիւղական բնակչութիւնն ունի առաջադէմ բժշկական սարքաւորումներու կարիք, եւ հիւանդ յաճախորդները ստիպուած են մօտ բնակավայրեր տեղափոխուիլ համապատասխան բժշկական օգնութեան կամ խնամքի համար։
Պետութեան կողմէ ֆինանսաւորուող մեքսիքական սոցիալական անվտանգութեան հիմնարկը (IMSS) եւ Պետական աշխատողներու սոցիալական անվտանգութեան եւ ծառայութիւններու հիմնարկը (ISSSTE) էական դեր կը խաղան առողջապահութեան եւ սոցիալական անվտանգութեան հարցերուն մէջ։ Մեծ կարեւորութիւն ունին նաեւ մասնաւոր առողջապահական ծառայութիւնները, որոնք կ'ապահովեն բժշկական ծառայութիւններու 13%-ը[32]:
Հանրային համալսարաններու մէջ յաճախ տեղի կ'ունենան բժշկական վերապատրաստումներ։ Կուատալախարայի համալսարանը ամերիկացի ուսանողներուն վերապատրաստելու պայմանագիր ունիՄիացեալ Նահանգներու հետ։ Մասնաւոր բուժօգնութեան, դեղօրայքի արժէքը Մեքսիքայի մէջ աւելի ցած է, քանՀիւսիսային Ամերիկայի այլ գործընկերներու մօտ[30]:
Մասնաւոր պիզնես դպրոցները նոյնպէս կը համապատասխանեն միջազգային չափանիշներուն։PADE եւEGADE պիզնես դպրոցները, Փանամերիկեան համալսարանը եւ Մոնթերեյի արուեստագիտական եւ բարձրագոյն կրթութեան հիմնարկը համաձայն «Ուոլ սթրիթ ճըրնըլի» տուեալներուն կը գտնուին գլխաւոր տասնեակին մէջ[37]:
Ըստ կառավարման համակարգին՝ Մեքսիքան Դաշնային հանրապետութիւն է, որ կը կառավարուի Մեքսիքայի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած պաշտօնական թեկնածուն՝ նախագահի անունէն։ Նախագահի կառավարութիւնը հիմնուած է1917 թուականին ընդունուած Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու հիման վրայ։ Սահմանադրութիւնը կը ներառէ երեք բաժիններ՝ ժողովրդավարութիւն եւ հանրապետութիւն, պետական եւ քաղաքական կառավարութիւններ[38]: Ըստ սահմանադրութեան Մեքսիքայի իւրաքանչիւր նահանգ ունի ինքնավարութիւն, սակայն պէտք է առաջնորդուի սահմանադրութեան դրոյթներով։ Մեքսիաքայի ենթակայ իւրաքանչիւր տարածք ունի հանրապետական կառավարման համակարգ եւ կը կառավարուի գործադիր մարմնի՝ նահանգապետի կամ Մեքսիքայի նախագահի կողմէ նշանակուած այլ պաշտօնեայի կողմէ[39]:
Մեքսիքայի նախագահը Մեքսիքայի բարձրագոյն պետական պաշտօնեան է[40]։ Մեքսիքայի նախագահը կ'ընտրուի 6 տարի ժամկէտով, իսկ ընտրութիւնները տեղի կ'ունենան մէկ փուլով։ Յաղթողը կ'որոշուի հաւաքած ձայներու մեծամասնութեամբ։2012 թուականին Մեքսիքայի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններու շնորհիւ Մեքսիքայի նախագահ ընտրուեցաւԷնրիքէ Փենիա Նիէթօն։
Մեքսիքական Սահմանադրութիւնը հիմնուած է հետեւեալ սկզբունքներուն վրայ՝
Մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներն ու ազատութիւնները
Մեքսիկայի իշխանութեան օրէնսդիր ճիւղը Երկպալատ խորհրդարանն է[41], որ կազմուած է հանրապետական կառավարմամբ ծերակոյտէ եւ պատգամաւորներու պալատէ։ Մեքսիքայի ծերակոյտի կամ խորհրդարանը կրնայ ընդունիլ օրէնքներ, յայտարարել պատերազմ, հաւաքել հարկեր եւ տուրքեր, հաստատել միջազգային պայմանագրեր այլ երկիրներու հետ եւ վաւերացնել դիւանագիտական նշանակումները։
Մեքսիքայի իշխանութեան օրէնսդիր մարմնի՝ խորհրդարանին վերաբերող փոփոխութիւնները կը կատարուին քուէարկութիւններու միջոցով։ Մեքսիքայի մէջ կը գործէ ազատ ընտրական իրաւունքը եւ քուէարկութեան կրնան մասնակցիլ 18 տարիքը լրացուցած բոլոր անձինք։ Սեռական եւ տարիքային սահմանափակումներ չկան։ Պատգամաւորներու պալատը կազմուած է 500 պատգամաւորներէ, որոնք կը կազմեն խորհրդարանի մէկ մասը։
500 պատգամաւորներէն 300-ը կ'ընտրուին դաշնային ընտրատարածքին մէջ կատարուող մեծամասնական ընտրութիւններու շնորհիւ։ Մնացած 200-ը միայն կ'ընտրուին համամասնական ընտրութիւններով։ Մեքսիքայի ստորին միւս պալատը՝ ծերակոյտը կազմուած է 128 ծերակուտականներէ։ Անոնցմէ 64-ը կ'ընտրուին մեծամասնական, իսկ մնացած 64-ը համամասնական եւ առանձին քուէարկութիւններու միջոցով։
Մեքսիքայի արդարադատութեան գերագոյն մարմինը եւ հանրապետական կառավարման իշխանութեան երրորդ ճիւղը Մեքսիքայի Միացեալ Նահանգներու դատական մարմինն է։ Մեքսիքայի գլխաւոր դատարանը արդարադատութեան օրէնսդիր դատարաններն են։ Այն կազմուած է ուսումնական, միութիւններու եւ մարզային դատարաններէ, ինչպէս նաեւ դատական դաշնային խորհուրդէ։
Մեքսիքայի դաշնային ոստիկանութիւնը Մեքսիքայի ոստիկանական գերագոյն մարմինը[42], որ բաժնուած է տարբեր գործակալութիւններու։ Այն յաճախ կը կոչուի նաեւ ոչ այնքան տարածուած եւ ոչ գրական"Federales" եզրով։ Որպէս կանոն, Մեքսիքայի դաշնային ոստիկանութեան աշխատակիցները զինուած են ատրճանակով եւ կը կրեն մուգ կապոյտ կամ մոխրագոյն մարտական համազգեստ։
Մեքսիքայի դաշնային ոստիկանութիւնը ստեղծուեր է չորս տարբեր դաշնային կանխարգելիչ կազմակերպութիւններու1998-1999 թուականներու միաձուլումէն յետոյ, Մեքսիքայի Միացեալ Նահանգներու մէջ թմրադեղեր աճող սպառնալիքը կանխելու նպատակով։ Մեքսիքայի դաշնայինոստիկանութիւնը կը ներառէ դաշնային ճանապարհային ոստիկանական եւ ֆինանսական ոստիկանութեան բաժիններ[43], որոնք կը կոչուին նաեւ քննչական եւ ազգային անվտանգութեան կեդրոններ։
Մեքսիքայի դաշնային ոստիկանութեան զինուած ուժերը կը համարուին Մեքսիքականբանակի 3-րդ ռազմական ոստիկանութեան գումարտակը։ Մեքսիքայի Դաշնային ոստիկանութիւնը կը ներառէ նաեւ քննչական բաժանմունք։Մեքսիքայի զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարըՄեքսիքայի նախագահն է։
Մեքսիքայի արտաքին քաղաքականութեան մեջ կարեւոր նշանակութիւն ունին Մեքսիքայի նախագահը եւ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը[44]: Մեքսիքայի սահմանադրութեան 89-րդ յօդուածի 10-րդ կէտի դրոյթները կը սահմանեն, որ Մեքսիքայի կառավարութիւնը եւ բնակչութիւնը կը պարտաւորուի յարգել այլ պետութիւններու Միջազգային օրէնքը, պետութիւններու իրաւական հաւասարութիւնը, անոնց ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը։ Մեքսիքացիները կը պարտաւորուին չմիջամտել այլ երկրներու ներքին եւ արտաքին գործերուն, հակամարտութիւններուն տալ խաղաղ կարգաւորում եւ խթանել միջազագային տարբեր կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան զարգացումը[45][46]:
Մեքսիքան շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու աշխոյժ մասնակից եւ հիմնադիր է։ Այս երկիրը կը համարուի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ)[47][48], Իպերօ-ամերիկեան պետութիւններու համագործակցութեան[49] եւ Ռիօ խումբի աշխոյժ մասնակից-անդամ[50]: 2008 թուականին Մեքսիքան ստացեր է 40 մլն տոլար ՄԱԿ-ի ընդհանուր պիւտճէէն[51]: Պետութիւնը եղեր է Լատին-ամերիկեան տնտեսական Կազմակերպութեան անդամ[52][53]:
Մեքսիքայի զինուած ուժերը կազմուած են երկու տարբեր ստորաբաժանումներու միջեւ[54]: Առաջին բաժինը Մեքսիքայի ցամաքային ուժերն են, որոնք իրենց մէջ կը ներառեն Մեքսիքայի ռազմաօդային ուժերը։ Երկրորդ բաժինը Մեքսիքայի ռազմածովային ուժերն են, որուն մէջ կը մտնէ Մեքսիքայի ծովային նաւատորմը[55]: Մեքսիքայի զինուած ուժերը կը պահպանեն զգալի ենթակառուցուածքներ, որուն մէջ կը մտնեն առարկաներու նախագծման, հետազօտական եւ փորձարկման զէնքերը, փոխադրական միջոցները, օդանաւերը, նաւատորմի նաւերու մեծ մասը, պաշտպանական համակարգեր եւ տարբեր տեսակի էլեկտրոնիկա[56]:
Վերջին տարիներուն Մեքսիքան բարելաւած է իր զինուորական մեթոտները, հրամանատարութիւնը եւ արուեստագիտական կառոյցները։ Մեքսիքայի զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը կը համարուի Մեքսիքայի նախագահը։ Մեքսիքան հնարաւորութիւն ունի արտադրելու միջուկային զէնք, սակայն ան չէ օգտուած այդ հնարաւորութիւնէն։ Պատմականօրէն, Մեքսիքան բացառութեամբ երկրորդ աշխարհամարտին, կը համարուի չէզոք երկիր[57]: Մեքսիքան կը համարուի Մեքսիքայի եւ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ երկիրներէն մէկը։
Մեքսիքան կամ Մեքսիքայի Միացեալ Նահանգները կառուցուածքով դաշնային երկիր է։ Մեքսիքան վարչականօրէն բաժնուած է 31 նահանգներու եւ մայրաքաղաքային ինքնավարութիւն ունեցող Մեքսիքա քաղաքին միջեւ։ Մեքսիքայի իւրաքանչիւր նահանգ ունի իր ինքնավարութիւնը, առանձին սահմանադրութիւնը եւ դատական մարմինը։ Նահանգները կը կառավարուին նահանգապետներու կողմէ, որոնք կ'ընտրուին 6 տարի ժամկէտով։
Մեքսիքայի հայ գաղութը կազմաւորուեր է1920-ական թուականներէն յետոյ։ Հայերը կեդրոնացած են գլխաւորապէս Մեքսիքոյի մէջ, մասամբ ալ՝ Փուեպլա քաղաքին մէջ։ Ներկայիս անոնց թիւը մօտ 400 է, սակայն համայնքը դեռ կազմաւորուած չէ. չունի հաւաքատեղի կամ ազգային որեւէ կազմակերպութիւն։
Մեքսիքայի նշանաւոր հայ գործարարներէն են՝ Ս. Փալունեանը եւ Շ. Քրտիկեանը, ճարտարագէտ Ճ. Նշանեանը, ֆիզիքոս Շ. Հաճեանը, աստղագէտ դոկտոր Պ. Փիշմիշը եւ այլք։ Մեքսիքոյի մէջ ապրեր ու ստեղծագործեր է բանաստեղծ եւ թատերագիր Մկրտիչ Հաճեանը, Մեքսիքայի կառավարութեան կազմի մէջ աշխատեր է հայազգի Խոսէ Սարուխանը (Սարուխանեան)։
↑Parsons Alan, Jonathan Schaffer (May 2004)։Geopolitics of oil and natural gas։ Economic Perspectives։ U.S. Department of State
↑«Mexico Topography»։ Nationsencyclopedia.com։ հոկտեմբերի 16, 2007։ արտագրուած է՝ մայիսի 30, 2010
↑«2016 Binational Olympics»։ San Diego Metropolitan։ December 2003։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ Սեպտեմբեր 30 2007-ին։ արտագրուած է՝ հոկտեմբերի 7, 2007
↑«About CONCACAF»։ The Confederation of North, Central American and Caribbean Association Football (CONCACAF)։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ Հոկտեմբեր 6 2007-ին։ արտագրուած է՝ հոկտեմբերի 7, 2007
↑«Recruiter's scoreboard Highlights» (PDF)։The Wall Street Journal/Harris Interactive survey of corporate recruiters on business schools։ արտագրուած է՝ Հոկտեմբեր 4 2007
↑«Third Title, First Chapter, About Electoral systems» (PDF)։Código Federal de Instituciones y Procedimientos Electorales (Federal Code of Electoral Institutions and Procedures) (Spanish)։ Congress of the Union of the United Mexican States։ օգոստոսի 15, 1990։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2017-10-10-ին։ արտագրուած է՝ հոկտեմբերի 3, 2007
↑«Third Title, First Chapter, About Electoral systems, Article 11-1» (PDF)։Código Federal de Instituciones y Procedimientos Electorales (Federal Code of Electoral Institutions and Procedures) (Spanish)։ Congress of the Union of the United Mexican States։ Օգոստոս 15 1990։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2017-10-10-ին։ արտագրուած է՝ Հոկտեմբեր 3 2007
↑«Articles 80 to 93»։Political Constitution of the United Mexican States։ Congress of the Union of the United Mexican States։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ Նոյեմբեր 13 2006-ին։ արտագրուած է՝ Հոկտեմբեր 3 2007
↑«Articles 90 to 107»։Political Constitution of the United Mexican States։ Congress of the Union of the United Mexican States։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ նոյեմբերի 13, 2006-ին։ արտագրուած է՝ հոկտեմբերի 3, 2007
↑Internal Rules of the Ministry of Foreign Affairs (օգոստոսի 10, 2001)։«Article 2, Section 1» (Spanish)։ Ministry of Foreign Affairs։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ Յունիսի 11, 2008-ին։ արտագրուած է՝ Մարտի 28, 2009
↑Political Constitution of the United Mexican States (փետրվարի 5, 1917)։«Article 89, Section 10» (Spanish)։ Chamber of Deputies։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ օգոստոսի 25, 2007-ին։ արտագրուած է՝ Մարտի 28, 2009