Մալթայի մէջ մարդկային առաջին բնակավայրերը գտնուած են Ք.ա. IV հազարամեակի ընթացքին։ Ք.ա. XIII դ. Մալթան գաղութացուցած են փիւնիկեցիները։ Ք.ա. VI դ. դարձած է Կարթագէնի տիրոյթը։ Ք.ա. 218-ին Մալթան անցած էՀռոմի կազմին մէջ: Ք.ա395-870-ին գտնուած է Բիւզանդիոնի,870-1091-ին՝արաբներու տիրապետութեան տակ։1091-ին Մալթան նուաճած են նորմանները եւ միացած է Սիսիլիային։1530-ին Մալթայի մէջ հաստատուած է Յովհանեաններու ասպետական ընտանիքը։ XVI դ. բազմիցս ենթարկուած էթուրքերու յարձակումներուն։1775-ին տեղի ունեցած է բնակչութեան խոշոր ապստամբութիւն տեղի ասպետներու ֆեոտալական շահագործման դէմ։1798-ին Մալթան գրաւած ենՆափոլիոն I-ի զօրքերը,1800-ին՝Մեծն Բրիտանիան: Վերջինս Մալթան դարձուցած է իր գաղութը։ Մալթայի ռազմագիտական նշանակութիւնը մեծցած էՍուեզի ջրանցքի բացումէն (1869) ետք։ Մալթան դարձած է Մեծն Բրիտանիոյ ռազմածովային խոշոր խարիսխըՄիջերկրական ծովուն մէջ։Առաջին համաշխարհային պատերազմէն (1914-1918) ետք Մալթայի մէջ ազատագրական շարժման թափը Մեծ Բրիտանիոյ հարկադրած է1921-ին Մալթային տալ ինքնավար գաղութի կարգավիճակ։1930-ին քաղաքական սրուած պայքարի պայմաններուն մէջանգլիական իշխանութիւնները վերցուցած են ինքնավարութիւնը։Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին (1939-1945) Մալթան ենթարկուած է իտալական եւ գերմանական յարձակման։ Յետպատերազմեան տարիներուն զօրացած է ազգային-ազատագրական եւ բանուորական շարժումը։
1947-ի սահմանադրութեամբ վերականգնուած է ներքին ինքնավարութիւնը։1958-ին հակա-անգլիական զանգուածային ելոյթներու պատճառով, երկրին մէջ մտած է արտակարգ դրութիւն, իսկ1959-ին վերցուած է1947-ի սահմանադրութիւնը։
1962-ինՄեծն Բրիտանիան հարկադրուած Մալթային դարձեալ տուած է ներքին ինքնավարութիւն, իսկ21 Սեպտեմբեր1964-ին՝ անկախութիւն Բրիտանական համագործակցութեան շրջանակներուն մէջ։
1964-ին Մալթան դարձած էՄԱԿ-ի անդամ։ Միաժամանակ անկախ ՄալթայինՄեծ Բրիտանիան պարտադրած է «փոխադարձ պաշտպանութեան մասին» համաձայնագիր՝ 10 տարի ժամկէտով, որմով իրաւունք կը ստանար Մալթայի մէջ պահել զինուած ուժեր, փաստօրէն Մալթան կը դառնարՆԱԹՕ-ի ռազմական խարիսխ։
1962-1971-ին իշխանութեան գլուխը կանգնած է ազգայնական կուսակցութեան (հիմնադրուած է1924-ին) կառավարութիւնը, որուն վարած քաղաքականութիւնը կը հակասէր Մալթայի ազգային շահերուն եւ կ'առաջացնէր ժողովրդական զանգուածներու դժգոհութիւնը։
1971-ի համընդհանուր ընտրութիւններուն յաղթեց ժրաջան կուսակցութիւնը (հիմնադրուած է1920-ին), որուն առաջնորդ Դ. Մինտոֆֆը կազմեց կառավարութիւն։ Նոր կառավարութիւնը միջոցներ ձեռնարկեց Մալթայի ինքնիշխանութիւնը ամրապնդելու. երկրէն դուրս բերուեցաւՆԱԹՕ-ի՝Եւրոպայի հարաւային գօտիի ռազմածովային ուժերու շտապը, չեղեալ յայտարարուեցաւ1962-ի անկլօ-մալթայական համաձայնագիրը, արգիլեց ամերիկեան 6-րդ նաւատորմի նաւերու մուտքըՎալեթա նաւահանգիստէն։ Մալթան կը վարէ չմիանալու, բոլոր երկիրներուն հետ խաղաղ գոյակցութեան քաղաքականութիւն։
1974-ին Մալթան հռչակուեցաւ հանրապետութիւն, պետութեան ղեկավարը դարձաւ նախագահը (մինչ այդ զինք կը ղեկավարէր Մեծն Բրիտանիոյ թագուհին)։
Մալթան հանրապետութիւն է։ Պետութեան գլուխը նախագահն է, օրէնսդրական մարմինը՝ ներկայացուցիչներու պալատը, գործադիր իշխանութիւնը կ'իրականացնէ կառավարութիւնը։ Ընտրական իրաւունքէն կ'օգտուին 18 տարին լրացուցած բոլոր քաղաքացիները։
Մալթան կ'ընդգրկէ 2 մեծ (Մալթա, 246 քմ2 եւ Կոցօ, 67 քմ2) եւ շարք մը փոքր կղզիներ։ Հարաւային եւ հարաւ-արեւմտեան ափերը զառիթափ են, հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելքը՝ ցած, յարմար նաւահանգրուաններով։ Ռելիէֆի մէջ կը գերիշխեն մինչեւ 240 մ բարձրութեան կարստային սարաւանդները (Մալթա կղզիի մէջ)։ Կլիման միջերկրածովեան է։ Փետրուարի միջին ջերմաստիճանը 12 ° է,Օգոստոսինը՝ 25 °, տարեկան տեղումները՝ մօտ 530 մմ։ Մակերեւութային հոսքը աղքատ է։ Կը տիրապետէ բուսականութեան միջերկրածովեան տիպը։
Մարդիկ առաջին անգամ յայտնուեր են Մալթայի մէջ մօտ Ք.ա. 5900 թուականին. այս մէկը ապացուցեր են հնագոյն հողերու հետազօտութիւնները[4]։ Առաջին նէոլիթեան մարդիկ հաւանաբար այստեղ եկեր են Սիսիլիայէն (մօտ 100 քմ կամ 62 մղոն դէպի հիւսիս), բայց ԴՆԹ հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ անոնքՄիջերկրածովեան տարբեր շրջաններէն են, ներառեալ Եւրոպան եւ Ափրիկէն[4]։ Անոնք գլխաւորապէս եղեր են ֆերմերային եւ ձկնորսական համայնքներ, որոնք երբեմն զբաղուեր են նաեւ որսորդութեամբ։ Հաւանաբար ապրեր են քարանձաւներու եւ բաց օթեւաններու մէջ։ Յետագայ հարիւրամեակներու ընթացքին հաղորդակցեր են այլ մշակոյթներու հետ, որոնք իրենց հետքը ձգած են տեղացիներուն վրայ, որու մասին կը վկայեն խեցեգործական կառուցուածքները եւ խեցեգործութեան գունային երանգները։ Հողագործութեան եղանակները կը վատթարացեն հողերու որակը, զանոնք ենթարկելով մաշումի, իսկ տարիներու ընթացքին կղզիները աստիճանաբար կը չորնան, անհնարին դարձնելով գիւղատնտեսութեամբ զբաղուիլը։ Այդ տեղի ունեցեր է նաեւ կլիմայի տաքութեան պատճառով եւ կղզիները դարձեր են անմարդաբնակ մօտ հազարամեակ մը[4]։
Tarxien, գեր կինըԶսպանակե մոտիվներ մեկալիթեան տաճարէն , Հնագիտութեան Ազգային թանգարան
Գաղութացման երկրորդ ալիքը կու գայ Սիսիլիայէն՝ Ք.ա. մօտ 3850 թուականին։ Մալթայի պատմութեան առաւել յիշարժան շրջաններէն մէկը կը համարուի տաճարներու շրջանը, որ սկսած է Ք.ա. մօտ 3600 թուականին։ Կոզոյի Աղանթիայի տաճարը կը համարուի առանձին կանգուն հնագոյն տաճարներէն մէկը աշխարհի վրայ։ Համալիրի անուանումը կու գայ մալթայերէնġgant բառէն, որ կ'արտացոլէ տաճարի չափերու մեծութիւնը։
Տաճարներէն շատերը ունին հինգ կիսաշրջանաձեւ սենեակներու տեսք, որոնք կը միաւորուին կեդրոնին մէջ։ Կ'ենթադրուի, որ ատոնք կրնան ներկայացնել աստուածութեան գլուխ, ձեռքեր եւ ոտքեր, քանի որ ամենատարածուած արձաններէն մէկը՝ գտնուած այդ տաճարներուն մէջ, այդ գէր կինն է՝ պտղաբերութեան խորհրդանիշը։ Քաղաքակրթութիւնը, որ տաճարներ կը կառուցէ, գոյութիւն ունեցեր է մօտ 1500 տարի, մինչեւ Ք.ա. 2350 թուականը, որմէ ետք այդ մշակոյթը հաւանաբար վերացած է։ Կան բազում ենթադրութիւններ, թէ ինչ կրնար կատարուիլ այդ քաղաքակրթութեան հետ, գուցէ ամբողջովին վերացեր է, կամ ուծացուեր, բայց հաշուի առնուած է, որ խորտակումը տեղի ունեցեր է կլիմայի եւ երաշտի պատճառով[5]։
Տնտեսապէս զարգացած երկիր է, ուր կը տիրապետէ արտասահմանեան, յատկապէսանգլիական դրամագլուխը։ Անկախութեան տարիներուն Մալթայի մէջ ստեղծուած են արդիւնաբերական նոր ճիւղեր, կապուած մետաղամշակման, քիմիական արդիւնաբերութեան հետ, կ'աւելնայ շինանիւթերու արդիւնաբերութիւնը, ընդլայնուած է սպասարկման ոլորտը (յատկապէս հիւրանոցային)։2014-ին արտադրուած է 2,2 մլր կվտ/ժ ելեկտրական ուժ[6]: Արդիւնաբերութեան առաջատար ճիւղերն են հագուստի եւ սննդահամի արտադրութիւնը։ Կան կաշիի-կօշիկի, խեցեղէնի, քիմիական ոչ մեծ գործարաններ։ Խոշոր ձեռնարկութիւններէն է նաւանորոգարանը։ Մալթա կղզիէն կ'արդիւնահանուի շինաքար, կերակուրի աղ։ Կը մշակուի տարածքի 40%-ը։ Կը զբաղուին հացահատիկային բաժանմունքի, բանջարեղէնի մշակութեամբ, պտղաբուծութեամբ, այգեգործութեամբ, ծաղկաբուծութեամբ, անասնապահութեամբ, առափնեայ շրջանները՝ ձկնորսութեամբ։
Հիմնական ծովային նաւահանգիստն ու օդակայանը Լուքան է, ինքնաշարժներու հանգոյցը՝Վալեթան: Երկաթուղի չկայ։ ինլքնաշարժներու ճամբաները՝ 3,1 հազար քմ[7] են։ Կ'արտահանէ սարքաւորումներ. հանքային վառելիք, իւղեր եւ նաւթամթերքներ. գիրքեր եւ թերթեր. կը ներմուծէ՝ սննդամթերքներ, քիմիկատներ, վառելիք, արդիւնաբերական եւ փոխադրամիջոցային սարքաւորում։ Արտաքին առեւտուրին մէջ առաջատար դեր ունինՄեծն Բրիտանիան,ԱՄՆ-ը,Իտալիան,Քանատան եւ այլն[8]:
2014-ին ծնունդներու թիւը կազմած է 1000 բնակչին՝ 10, մահացածները՝ 9[9]: Կը գերակշռէ ոչ վարակիչ ախտաբանութիւնը, չարորակ նորագոյացութիւններ, շաքարախտ, հիբերթոնիք «hypertonic» հիւանդութիւն եւ այլն։ Վարակիչ հիւանդութիւններէն առաւել տարածուած են մանկական հիւանդութիւններ, որովայնային տիֆը։