Ճէյմս Պրայս (10 Մայիս1838(1838-05-10)[1][2][3][…],Պելֆասթ[4] -22 Յունուար1922(1922-01-22)[2][3][5][…],Sidmouth,Դևոն,Դևոն,Անգլիա,Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն[4]), Բրիտանիայի ակադեմիայի անդամ, իրաւաբան եւ պատմաբան։
Պելֆասթի Ակադեմիային եւ Կլասքոյի համալսարանին մէջ ուսանելէ ետք, Պրայս ընդունուած է Օքսֆորտի Թրինիթի գոլէճը, ուրկէ փայլուն յաջողութեամբ տիրացած է իրաւաբանի տիտղոսին եւ 1862-ին արժանացած է Օրիէլի (Քինկ’զ գոլէճի) աշխատակիցի արքունի եւ ակադեմական բարձր կոչումին։
Քանի մը տարի, իբրեւ փաստաբան, աշխատած էԼոնտոնի մէջ, բայց 1870-ին հրաւիրուած է Օքսֆորտ, իրաւաբանական բաժանմունքի մէջ Քաղաքացիական Օրէնքի դասախօսի պաշտօն ստանձնելու համար։ Իբրեւ այդպիսին՝ Ճէյմս Պրայս մինչեւ 1893 շարունակած է իր պաշտօնավարութիւնը Օքսֆորտի մէջ։
Իրաւաբանութեան կողքին Ճէյմս Պրայս բարձրագոյն ուսման հետեւած էր պատմագիտութեան մէջ եւ 1864-ին լոյս ընծայած է «Հռովմէական Սրբազան Կայսրութիւնը» անուն իր աշխատասիրութիւնը, որ հմուտ պատմաբանի միջազգային հռչակին արժանացուց երիտասարդ մտաւորականին։
Ճէյմս Պրայս նուիրեալ հնախոյզ եղած է։ 1872-ին ան ճամբորդած էԻսլանտա, որպէսզի գտնէ «Իսլանտական Սակա»ներու երկիրը։ Իսկ 1876-ին, միեւնոյն հնախոյզի հետաքրքրութեամբ, ան բարձրացած է Արարատ Լերան գագաթը, ուր գտած էՆոյեան Տապանի մնացորդ հնագիտական իրեղէններ։ Հնախոյզի եւ պատմաբանի իր հետաքրքրութեամբ, այդ ժամանակէն սկսեալ, Ճէյմս Պրայս ոչ միայն մօտէն ուսումնասիրած է հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութիւնը, այլեւ լաւապէս ծանօթացած է հայ մշակոյթի մեծարժէք ժառանգութեան՝ դառնալով մեր ժողովուրդի ստեղծած արժէքներուն մեծ հիացող մը եւՀայաստանի ու հայութեան ազգային ոտնակոխուած իրաւունքներուն հաւատաւոր պաշտպան մը։ Պրայսի այդ հետազօտութեանց եւ պատմագիտական ուսումնասիրութեանց առաջին արգասիքը եղած է 1877-ին լոյս տեսած անոր «Անդրկովկաս» աշխատասիրութիւնը, որ տարածաշրջանի պատմութեան ընդհանուր արժեւորման մէջ յատուկ կեդրոնացումով գնահատումը կատարեց Հայաստանի ու հայութեան գրաւած տեղին ու արժէքին։
Միաժամանակ քաղաքական գործիչ եղած է Ճէյմս Պրայս, ատենի Ազատական կուսակցութեան հաւատարիմ անդամ, որ 1880-ին առաջին անգամ ընտրուեցած է Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի անդամ՝ Ազատական կուսակցութեան ցուցակով։ Մինչեւ 1907, Պրայս շարունակած է իր անդամակցութիւնը խորհրդարանին՝ գործադիր իշխանութեան մէջ եւս պաշտօններ ստանձնելով։
Յատկապէս Կլատսթոնի վարչապետութեան օրով, Ճէյմս Պրայս հասած է մինչեւ արտաքին գործոց փոխ-նախարարի պաշտօնին։ Վարած է նաեւ դեսպանութեան պաշտօններ։ 1907-ին ան նշանակուած էՄ. Նահանգներու մօտ Բրիտանիոյ դեսպան եւ այդ պաշտօնին վրայ մնացած է մինչեւ 1913՝ անգլեւամերիկեան երկարամեայ բարեկամութեան եւ գործակցութեան ամուր հիմերը դնելով։ Նոյն շրջանին, տասնամեակներու իր ծառայութեան համար, Պրայս արժանացած է Էդուըրտ 7-րդ թագաւորի Արժանաւորութեան Կարգին՝ Լորտի տիտղոս ստանալով եւ 1913-ին Լորտերու Պալատին անդամ ընտրուելով։