Հնագոյն բնակիչները եղեր են Էրըուաքներու (The Arawak are a group of indigenous peoples) հնդկական ցեղերը։ Անոնց կղզին կ'անուանէին Հայմաքա («Աղբիւրներու կղզի»․ լաւ ջուրի առկայութեան համար)։1494 թուականինՔրիստափոր Քոլումպոսը յայտնաբերեց կղզին եւ այն՝ ի պատիւՍպանիոյ թագաւորական ընտանիքի, անուանեց Ֆերտինանտի եւ Իզապէլայի կղզի։ Բայց այդ անուանումը չարմատաւորուեցաւ եւ պահպանուեցաւ հնդկական անուանումը՝ Ճամայքա ձեւով[6]։
Մինչեւ 1962 թուականը Ճամայքան կը գտնուէր Անգլիայի տիրապետութեան տակ։ 1962 թուականի Օգոստոսի 6-ին ձեռք կը բերէ անկախութիւն։ Կը գործէ Սահմանադրութիւն (1997 թուականի բարեկարգութիւնով եւ փոփոխութիւններով)։ Պետութեան պաշտօնական ղեկավարը կը համարուի բրիտանական միապետը՝ Մեծ Բրիտանիոյ թագուհիԷլիզապեթ II-ը, ներկայացուած զօրավար-նահանգապետի կողմէ, որ կը նշանակուի Ճամայքայի վարչապետի խորհուրդով։ զօրավար-նահանգապետը կը ստորագրէ բոլոր օրէնսդրութիւնները եւ կը նշանակէ վարչապետ։ զօրավար-նահանգապետին կից կը գործէ խորհրդակցական հիմնարկ՝ բաղկացած 6 հոգիներէ - Գաղտնի խորհուրդ։ Զօրավար-նահանգապետը վարչապետի խորհուրդով կը նշանակէ նաեւ կառավարութեան անդամները։
Ճամայքայի բնակչութիւնը 2004 թուականի Յուլիսի դրութեամբ կը կազմէր 2 միլիոն 713 հազ. 130 մարդ, բնակչութեան խտութիւնը 1 քառ. քմ. կը կազմէր 243 մարդ։ Ճամայքայի բնակչութեան միջին տարիքը 26,8-ն է, 28,2 %-ը կը կազմեն 14 տարեկանէն ցած, 65 %-ը՝ 14-ից մինչեւ 64 տարեկան, 6,9 %-ը 65 տարեկանէն բարձր բնակիչները։