Կորնթոս (կամ Քորինթոս), ((յունարէն) եւ հին յուն․՝Κόρινθος / Kórinthos)․Պելոպոնեսի քաղաք եւ գլխաւոր նաւահանգիստ։ Կորնթոս նահանգին մայրաքաղաքը։ Պելոպոնեսի Շրջանային Միաւորի երրորդ մեծ քաղաքն է 30 177 բնակչութեամբ, ըստ 2011-ի մարդահամարին։
Կորնթոսը հին համանուն քաղաքին շարունակութիւնն է եւ աշխարհի ամենահին քաղաքներէն է․ փաստագրուած աղբիւրները կը հասնին մինչեւ Ք․ա․ 5000 թուական։ Հին Կորնթոսը, Աքրոքորինթօ ժայռին ստորոտին բնակելի վայր մըն է։
Քաղաքը ենթակայ եղած էր եւ է երկրաշարժի յաճախակի զօրաւոր ցնցումներու։
1858 թուականին երկրաշարժի պատճառով, Կորնթոսի հին քաղաքը ծանօթ իբրեւ՝Հին Կորնթոս, հիմնովին կը քանդուի. Նոր քաղաքը կը կառուցուի Լեխէօ հին նաւահանգիստին հարաւ արեւելեան կողմը,Կորնթոսի Ծոցին ափերուն։
Սակայն,1928 Ապրիլ 22-ի սարսափելի երկրաշարժը Կորնթոսը գետնի հաւասար կը դարձնէ։ 5․000 ընտանիքներ անտուն կը մնան։ Քաղաքը կը վերակառուցուի լրիւ հետեւելով հակաերկրաշարժային օրէնքներուն։
1981 Փետրուար 24-ին զօրաւոր երկրաշարժին, վնասները քիչ են շնորհիւ կառուցման հակաերկրաշարժային օրէնքներուն։
Կորնթոսը ծովեզերիայ քաղաք է, ծովու մակերեսէն 10մ․ բարձրութեամբ։ Կը գտնուի Կորնթոսի Ծոցին արեւելեան մասին,Կորնթոսի Նեղուցին ծայրամասին, ուր Պելոպոնեսը Կեդրոնական Յունաստանին կը միանայ։ Շրջապատուած է Լեխէօի ծովեղերիայ շրջանէն ու Էքսամիլիա եւ Քսիլոքերիզա գիւղական շրջաններէն։ Քաղաքը այս վայրին կը գտնուի1858 թուականէն ետք, երբ հզօր երկրաշարժ մը Հին Կորնթոսը հիմնովին կը քանդէ։ Կորնթոսը կը գտնուիԱթէնք եւ Փաթրաս քաղաքներուն միջեւ եւ կը հանդիսանայ գլխաւոր խաչմերուկ մը։ Շնորհիւ 21-րդ դարուն կառուցուած նոր մայրուղիին եւ Քաղաքացիական Երկաթուղիին ան հասանելի է բոլորէն։ Նոր քաղաքը, կառուցուած 19-րդ դարուն երկրորդ կէսին, հիմնուեցաւ արդի քաղաքի տեսլականով ․ ուղղահայեաց ճամբաներ որոնք ծով կ՛առաջնորդեն։
Քաղաքին հարաւային մասը, կոչուած Իոնիա, անկարգ կառուցում ունի, որովհետեւ յառաջատաբար եւ առանց ձեւաւորումի կը զարգանայ, մանաւանդ երբ կ՛ողողուի Փոքր Ասիոյ աղետէն փրկուած գաղթականներէն։ Քաղաքին սուրբն է՝ Պօղոս Առաքեալը։
Քաղաքին կեդրոնին մեծ մասը մայթի վերածուած է եւ հոն կը գտնուի շուկան։
Ժողովրդային հաւաքի վայր է ծովեզերիայ«Քալամիա»ն․ հոն հաւաքուած են սրճարաններ, ժամանցի վայրեր եւ ունի լաւ կազմակերպուած ծովափ։
Կորնթոսը Յունաստանի ճարտարարուեստի գլխաւոր կեդրոններէն է։ Կորնթոսի զտարանը Եւրոպայի քարիւղի ամենամեծ զտարաններէն մէկն է։ Նաեւ, Կորնթոսի շրջանին շուրջ կ՛արտադրուին խեցեգործական իրեր, պղինձէ պարաններ, խէժ, բռաքար, կաշի, մարմար, բժշկական իրեր, հանքային ջուր եւ խմիչքներ, քարիւղի արտադրութիւններ եւ աղ։ Սակայն 2005 թուականէն, շարք մը ճարտարարուեստի գործարաններ նուազեցուցին իրենց գործողութիւնները․ խողովակներու հսկայ գործարանը, հիւսուածեղէնի գործարանը եւ մսեղէնիգործարկութիւն մը։
Կորնթոսին նաւահանգիստը քաղաքին հիւսիսային մասին եւԿորնթոսի Ջրանցքին հիւսիս արեւմտեան մուտքին կողմը կը գտնուի։ Կը ծառայէ շրջանի տեղական ճարտարարուեստի եւ գիւղատնտեսութեան կարիքներուն։ Արուեստական նաւահանգիստ մըն է, որ կը զարգանայՋրանցքին բացումով։