Կարի մեքենայ, կը կիրարկուի կարի, հիւսուածեղէնի, կօշիկի, ինչպես նաեւ առօրեայ կեանքին մէջ։
Կարի մեքենաները կ'ըլլանսովորական կարի,շրջակարի,գաղտնակարի,կոճակի, եւ այլն։
1790-ին, կարի մեքենաները յայտնագործուած են հագուստի ընկերութիւններուն մէջ, ձեռքով կարի աշխատանքներու ծաւալը նուազեցնելու համար:
Պատմութիւնը կը սկսի 1755-ին, Լոնտոնի մէջ, երբ գերմանացի ներգաղթող Չարլզ Ուէյզընթըլ (Charles Weisenthal) արտօնագիր կը ստանայ ասեղ մը հնարելու, որ պիտի օգտագործուէր կարի համար: Սակայն անոր հնարած մեքենային մասին յիշատակութիւն չկայ:
Արդիական կարի մեքենայ
Առաջին կարի մեքենային գիւտարարը կը համարուի անգլիացի Թովմաս Սեյնթը:
Տնային կարի մեքենաները նախատեսուած են մէկ անձի համար, որպէսզի կարէ առանձին իրեր՝ միաժամանակ օգտագործելով մէկ կարի տեսակ[1]:
Աւելի ուշ, 1810-ին,Գերմանիոյ մէջ, Պալթասար Քրեմզ (Balthasar Krems) ստեղծած է գլխարկներ կարող մեքենայ մը:
1880 թուականի կարի մեքենայ
ժամանակակից մեքենայի բոլոր հիմնական տարրերը կը միաւորուին 1844-ի սկիզբին, երբ անգլիացի Ճոն Ֆիշըր կը յայտնագործէ մեքենայ մը, որ թէեւ նախատեսուած էր ժանեակի արտադրութեան համար, բայց ըստ էութեան անիկա բանող կարի մեքենայ էր:
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։