Թունուզի տարածքին մարդը բնակութիւն կը հաստատէ հնագոյն ժամանակներէն։ Պահպանուած են ստորին, միջին եւ վերին պալէոլիթի գործիքներ։ Ք.ա 12-րդ դարուն Թունուզի տարածքին մէջ յայտնուած ենյոյները, ապա՝ փիւնիկեցիները։ Կարեւոր դեր խաղցած է փիւնիկցիներուն հիմնած Կարթագէնը։ Փիւնիկեան պատերազմներու հետեւանքով (Ք.ա 264—146) Կարթագէնը կործանուած է, Թունուզի տարածքը անցած էՀռոմին, մտած էԱփրիկէի տարածքին մէջ։ 1-ին դարուն Թունուզի մէջ տարածուած էքրիստոնէութիւնը։439-ին վանդալները նուաճած են Թունուզը եւ նպաստած ֆէոտալական յարաբերութիւններու ձեւաւորման։
534-ինԲիւզանդիան նուաճած է Թունուզը, իսկ VII դարու վերջերը՝արաբները։ 7-րդ դարու վերջը — 8-րդ դարու սկիզբը տիրապետող կրօնը դարձած էիսլամութիւնը։800-ին Թունուզը անջատուած է Աբբասեաններու խալիֆայութենէն, դարձած է ինքնուրոյն պետութիւն՝ Աղլապեաններու (800—909), ապա արաբական այլ թագաւորութեան իշխանութեան տակ։ XVI դ. Թունուզը զաւթած ենթուրքերը եւ դարձուցած ենՕսմանեան կայսրութեան նահանգ։1705-ին Հուսէյնեաններու թագաւորութիւնը հիմնած է ինքնուրոյն պետութիւն։ Արտաքին առեւտուրի աճը եւ ապրանքա-դրամական յարաբերութիւններու զարգացումը պայմանաւորեցին ընկերային վերափոխումները XIX դ.:
1830-ին ստեղծուեցան Թունուզի կանոնաւոր բանակի առաջին միաւորումները, հիմնուեցան պետական գործարաններ եւ ընկերութիւններ, բացուեցան աշխարհիկ ուսումնական հաստատութիւններ։1861-ին լիպերալ բարեփոխիչ Հայրատտին ատ-Թունուզիի նախագահութեամբ ընդունուեցաւ Թունուզի 1-ին սահմանադրութիւնը («Տեսթուր»)։
XIX դ. 50-ական թթ. եւրոպական դրամատէրերը բաժիններ ստացան Թունուզի մէջ։ Հարկային ճնշումը եւ եւրոպացիներուն արտօնութիւններ տրամադրելը դժգոհութիւն յառաջացուցին բնակչութեան մէջ եւ հանգեցուցին1864—1865-ի ապստամբութեան։1869-ինԱնգլիան,Ֆրանսան,Իտալիան Թունուզի մէջ հաստատեցին միասնական ֆինանսական հսկողութիւն։1881-ին ֆրանսական զօրքերը ներխուժեցին Թունուզ եւ ստիպեցին պայմանագիր ստորագրել խնամակալներուն։ Թունուզը փաստօրէն դարձաւՖրանսայի գաղութը։ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան ազդեցութեամբ Թունուզի մէջ զօրացաւ ազգային-ազատագրական շարժումը։1920-ին հիմնուեցաւ Թունուզի կոմունիստական կուսակցութիւնը։ Ազգային քաղքենիութիւնը1920-ին ստեղծեց լիպերալ-սահմանադրական կուսակցութիւնը (Տեսթուր, Տուսթուր)։ Ան կը պահանջէր սահմանադրական կառավարութիւն եւ արաբներու իրաւունքներու հաւասարեցումֆրանսացիներու հետ։1934-ին Հապիպ Պուրկիպան ստեղծեց Նոր տեսթուր ձախ ազգայնական կուսակցութիւնը, որ ազգային-ազատագրական շարժման ղեկավարութենէն դուրս մղեց նախկին տեսթուրի ղեկավարներուն, որոնք հիմնած էին Հին տեսթուր կուսակցութիւնը։1940—1942-ին Թունուզը գտնուած է «Վիշիի» կառավարութեան իշխանութեան ներքոյ, ապա զայն գրաւած են իտալական-գերմանական գործիչները։ Ֆաշիզմի դէմ յաղթանակը խթանեց ազգային-ազատագրական շարժումը։ Ֆրանսական գաղութային իշխանութիւնները որոշ զիջումներ ըրին։
1946-ին Թունուզը ստացաւ Ֆրանսական միութեան «Միացուած պետութեան» վիճակը։1947-ին սկսաւ գործադուլային լայն շարժում։1952-իՅունուարին մասսայական ձերբակալութիւններ եղան կոմկուսի եւ արհմիութիւններու ղեկավարներու շրջանին։ Թունուզի հարցը քննարկուեցաւՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովի 7-րդ եւ 8-րդ նստաշրջաններուն (1952 եւ1953)։1954-ինՖրանսան Թունուզին տուաւ ներքին ինքնավարութիւն, իսկ20 Մարտ1956-ին ճանչցաւ անոր անկախութիւնը։ Ընտրութիւններու ժամանակ Սահմանադիր ժողովին մէջ բոլոր տեղերը ստացաւ «Ազգային ճակատ» պուրժուա-դեմոկրատական խմբաւորումը՝ Նոր տեսթուր կուսակցութեան ղեկավարութեամբ։ Անոր առաջնորդ Հ. Պուրկիպան կազմեց կառավարութիւն։25 Յուլիսի1957-ին Թունուզը հռչակուեցաւ հանրապետութիւն, նախագահ ընտրուեցաւ Պուրկիպան։1957-ին Թունուզը տնտեսական եւ ճարտարագիտական օգնութեան համաձայնագիր կնքեց ԱՄՆ-ի հետ եւ հաւանութիւն տուաւ «Էյզենհաուըրի տոքթրինային»: Թունուզը քայլերու ձեռնարկեց Հիւսիսափրիկեան Դաշնակցութիւն (Թունուզ,Ալժիր,Մարոք) ստեղծելու ուղղութեամբ։1962-ին մշակուեցաւ Թունուզի զարգացման տասնամեայ ծրագիրը, որը հիմնուած էրայսպէս կոչուած տեսթուրեան սոցիալիզմի տեսակէտի հիման վրայ. տնտեսութեան մէջ 3 բաժանմունքներու (պետական, գործակցական եւ մասնաւոր) առկայութիւնը՝ պետութեան ղեկավար դերով։
Ընկերա-տնտեսական վերափոխումները կը հանդիպէին արքայական մենաշնորհի դրութիւններու եւ ներքին հետադիմութեան դիմադրութեան։1970-ին ծրագրի իրագործումը դադրեցաւ, առաջադիմական բարեփոխումներու կողմնակիցները դուրս եկան կառավարութենեն, խրախուսուեցաւ մասնաւոր դրամագլուխի ձեւը։1974-ին Հ. Պուրկիպան ընտրուեցաւ ցմահ նախագահ։ ԹունուզըՄԱԿ-ի (1956-ին),Արաբական պետութիւններու դաշնակցութիւններուն (1958-ին), Ափրիկէի միասնութեան կազմակերպութեան (1963-ին) անդամ է։ Արտաքին քաղաքականութեան ասպարէզին մէջ կը վարէ դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւն, հանդէս գալով գաղութատիրութեան վերացման, միջազգային լարուածութեան հետագայ թուլացման օգտին։1956-ին դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուած են Թունուզի եւԽՍՀՄ-ի միջեւ։1950—1960-ական թթ. կնքուեցաւ սովետա-Թունուզեան համաձայնագրեր (առեւտրական, վճարային, մշակութային եւ այլն),ԽՍՀՄ-ը ճարտարագիտական օժանդակութիւն ցոյցաբերեց արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու կառուցման գործին մէջ։
Թունուզի տարածքը կը ձգուի հիւսիսէն հարաւ,Միջերկրական ծովէն մինչեւՍահարա անապատը՝ մօտ 800 քմ երկարութեամբ։ Ափագիծը 1200 քմ է։ Հիւսիսի մէջ ծովափը բարձր է, տեղ-տեղ զառիթափ, արեւելեան կողմը՝ ցածրադիր, ծովալճակներով։ Նշանաւոր են Թունուզի, Համամետ, Տապես ծոցերը եւ Ճերպա, Քերքենա, Տալիտ կղզիները։ Ռելիեֆը գերազանցապէս բլրապատ է։ Տարածքի 1/3-ը զբաղուած է Թէլ Աթլասի եւ Սահարական Աթլասի արեւելեան լեռնաբազուկներով (1000—1200 մ. բարձրութեամբ) եւ միջլեռնային սարաւանդներով (Հիւսիսային եւ Բարձր Թէլ)։ Թունուզի լեռնաշղթայի արեւմուտքին կը գտնուի Շամբի լեռը (1544 մ)՝ երկրի ամենաբարձր կէտը։ Տարածքի մնացած մասը հիւսիսը կը զբաղեցնէ Թունուզի հարթավայրը (Ցած Թէլ), հարաւը՝ էս-Սահիլը (աշխարհագրական մարզ)։ Երկրի կեդրոնական մասի աղուտային անհոսք ցածրավայրերը՝ շոթերը (Ճերիտ, Էլ-Ղա-սա), ծովի մակարդակէն ցած են եւ եզրաւորուած են լեռներով։ Երկրաբանական տեսակէտէն Թունուզը կը բաժնեն հիւսիսային ծալքածածկութային սինկլինալային (Թէլ Աթլաս, աւլակոգեն Պերպերիտ՝ Թունուզի Աթլասին մէջ) եւ հարաւային՝ սալայատակային (Սահարական սալ) մասերու։
Թունուզի մեծ մասը մերձարեւադարձային, միջերկրածովային է՝ շոգ եւ չորամառով, համեմատաբար զով ու խոնաւձմեռով։ Ծայր հարաւը արեւադարձային, անապատային է՝ Սահարայէն հաճախակի փչող տաք քամիներով։ ԾովափինՅուլիսի միջին ջերմաստիճանը 26 °C է,Յունուարինը՝ 10 °C, հարաւը համապատասխանաբար՝ 33 °C եւ 11 °C: Տեղումներու առաւելագոյնը կ'ըլլայ Հիւսիսային Թելին մէջ (տարեկան՝ 1000—1500 մմ), Թելի մնացած մասերուն մէջ՝ 400—600 մմ, Թունուզի լեռնաշղթայէն հարաւ՝ 100—200 մմ՝։
Գետերը մեծ մասամբ ունին ժամանակաւոր կամ պարբերական հոսք (ունդներ)։ Խոշոր գետը Մեշերտան է, որուն ջուրերը կ'օգտագործուին ելեկտրականութեան հոսանք ստեղծելու նպատակներով։ Հիւսիսը կը գտնուին քփզերտա եւ Գարաետ Աշկել աղի լիճերը։
Հողաբուսական ծածկոյթին մէջ կը գերակշռեն միջերկրածովեան տիպերը։ Հիւսիսի մէջ տարածուած են տարչինագոյն քարպոնաթային, Աթլասի լեռները՝ գորշ անտառային, հարաւը՝ մոխրատարչինագոյն եւ աղակալած կիսաանապատային եւ անապատային հողերը։
Անտառները պահպանուած են լեռներուն մէջ, ներկայացուած են սաղարթաւոր եւ փշատերեւ ծառատեսակներով՝ յատկապէս կաղնի, խցանակաղնի,սոճի, կենսածառ։ Մեծ տարածութիւններ կը զբաղեցնեն մակւիսի թփուտները։ Չոր տափաստաններուն մէջ եւ կիսաանապատներուն մէջ կը գերակշռէ չորասեր խոտածածկոյթը, անապատներուն մէջ՝ էֆեմեր բոյսերը, աղուտներուն մէջ՝ օշանը, ունդներու հովիտներուն մէջ՝ ակացիան, կարմրանը։
Կենդանական աշխարհը համեմատաբար աղքատ է։ Պահպանուած ենհովազը, վայրի խոզը եւոչխարը։ Կիսաանապատներուն մէջ բնորոշ են վագրակատուն,շնագայլը, վայրի կատուն, աղուէսը եւ կրծողները։ Բազմազան եւ հարուստ է թռչնաշխարհը։ Շատ են սողունները։ Գիւղատնտեսութեան մեծ վնաս կը հասցնէ մորեխը։ Առափնեայ ջուրերը հարուստ են ձուկերով։ Թունուզին մէջ է Ճեպէլ-Պու-Խսեդմա արգելանոցը։
Բնակչութիւնը2015 թուականի կազմած է 11,037,225[17] մարդ։ Բնակչութեան 99%-֊ըարաբներն են։ Կան նաեւ եւրոպացիներ։ Պետական լեզունարաբերէնն է, կրօնը՝իսլամութիւն։ Միջին խտութիւնը՝ 1 քմ-ի վրայ 67 մարդ է։ Քաղաքային բնակչութիւնը 52% է (2015)։ Խոշոր քաղաքներն են Թունուզը, Աֆաքսը, Սուիսը, Պիզերթան, Կայրուանը։
Թունուզը խորհրդարանական հանրապետութիւն է։ Գործող սահմանադրութիւնը ընդունուած է1959-ին։ Պետութեան ղեկավարը եւ զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը նախագահն է։ Նախագահը կ'ընտրուի համաժողովրդական ընտրութիւններու արդիւնքով՝ 5 տարի ժամկէտով (Պեճի Սաիտ Էսեպսին ընտրուած է նախագահ31 Դեկտեմբեր2014-ին,Արաբական գարունէն ետք ներկայի նախագահը՝ Քայս Սայիտիին է)։ Կառավարութեան ղեկավարը Վարչապետն է։ Օրնսդրական բարձրագոյն մարմինը միապալատ խորհրդարանն է՝ Ազգային ժողովը։
Թունուզը ագրարային երկիր է՝ համեմատաբար զարգացած լեռնահանքային արդիւնաբերութեամբ։ Ափրիկեան երկիրներու մէջ առաջինն է ձիթապտուղի եւցորենի արտադրութեամբ, ֆոսֆորիտներու հանոյթով։ Անկախութիւն ստանալէն ետք ազգայնացուած են երկաթուղիները, առեւտրական նաւատորմը, քաղաքային փոխադրամիջոցը, կապը, որոշ դրամատուներ, օտարերկրացիներուն պատկանող հողերու մէկ մասը, սահմանափակուած են ֆրանսական դրամատէրերու դերը, հողատիրութիւնը։ Արտաքին առեւտուրի վրայ սահմանուած է պետական հսկողութիւն։ Պետութիւնը կը վարէ պետական, գործակցական եւ մասնաւոր բաժանմունքներու համագործակցելու քաղաքականութիւն։ Տնտեսութեան մէջ կը թափանցէԱՄՆ-ի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Շուէտի դրամագլուխը։ Դրամական միաւորը Թունուզեան տինարն է։
Կ'արտահանէ ֆոսֆորիտներ,նաւթ, սուբըրֆոսֆատ, մետաղի հանքաքար, ձիթաիւղ,գինի: Կը Ներմուծէ մեքենաներ եւ փոխադրական սարքաւորումներ, սննդամթերք, լայն սպառման ապրանքներ։ Առեւտրական հիմնական գործընկերներն ենԵւրոպայի տնտեսական համագործակցութեան երկիրները (յատկապէսՖրանսան),ԱՄՆ-ը։
Արդիւնաբերութեան առաջատար ճիւղը լեռնահանքային արդիւնաբերութիւնն է, յատկապէսնաւթի հանոյթը։ Կարեւոր են նաեւ մետալուրգիական, մեքենաշինական, նաւթավերամշակման, քիմիական արդիւնաբերութեան ճիւղերը։
Տնտեսութեան հիմքը գիւղատնտեսութիւնն է։ Հիմնական ճիւղերն են հացահատիկային մշակութիւնը եւ անասնապահութիւնը։ Ագրարային բարեփոխումներու հետեւանքով առաջացած են մասնաւոր եւ պետական դրամայինֆերմաներ, միջին եւ մանր գիւղացիական տնտեսութիւններ։ Ունեւոր գիւղացիներու միացման փորձեր կը կատարուին։ Գիւղացիներու զգալի մասը հողազուրկ կամ սակաւահող է։ Արտահանութեան համար կարեւորը ձիթապտուղի մշակութիւնն է։ Անասնապահութիւնը հիւսիսի մէջ եւ հիւսիս-արեւելքին մէջ ունի արօտավայրային, իսկ կեդրոնական եւ հարաւային շրջաններուն մէջ՝ քոչուոր եւ կիսաքոչուոր բնոյթ։ Կը բուծեն գլխաւորապէս մանր եւ խոշոր եղջերաւոր անասուններ, ինչպէս նաեւ ուղտեր, աւանակներ, ձիեր, ջորիներ։
Երկաթուղիներու երկարութիւնը աւելի քան 2,1 հազար քմ է, խճուղիներինը՝ 19 հազար քմ։ Կը կառուցուի Գաֆսա—Գաբես երկաթուղին։ Ծովային փոխադրամիջոցով կը կատարուի գրեթէ ամբողջ արտաքին առեւտուրը։ Գլխաւոր նաւահանգիստներն են՝ Սեխիրան, Սֆաքսը, Պիզերան, Թունուզը, Սուսը։ Միջազգային օդակայանը՝ Քա Էլ-Աուինայում (Թունուզ քաղաքի մօտ)։
Թունուզին մէջ գիր եւ գրականութիւն ստեղծուած է դեռեւս Ք.ա. I հազարամեակին մէջ՝ փիւնիկերէն։ Հռոմէական տիրապետութեան շրջանին համաշխարհային գրականութեան շարք մը ականաւոր ներկայացուցիչներ (Ապուլէյ, Օգոստոս Երանելի եւ ուրիշներ) եղած են Թունուզցի։ Սեփական գրականութեան ինքնատիպ գիծերը երեւցած են X—XI դդ.՝ ներբողագիր բանաստեղծներ Իպն Հանի ալ-Անտալուսիի (931—973) եւ Ալի ատ-Թունուզի (X դ.), գեդոնիստ գրողներ Իպրահիմ ալ-Խուսրիի, Իպրահիմ ար-Դակիկի եւ ուրիշներու ստեղծագործութիւններուն մէջ։ XII—XIV դդ.արաբ, դասական բանաստեղծութեան անկման շրջանին մէջ գերակշռած են արձակի ժանրերը։ Միջնադարու մեծագոյն գրողն է Ապտուռահման իպն թալտունը (1332—1406)։ XV դ. ստեղծուած է կենցաղային հարուստ գրականութիւն, XV—XVI դդ. ժողովրդական գրականութիւն՝ արաբերէնի Թունուզեան բարբառով։ XVIII դ. աշխուժացած է պալատական ներբողային բանաստեղծութիւնը։ XIX—XX դդ. բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններուն մէջ կը հնչեն ազգային-ազատագրական պայքարի զգացումները։1920—1930-ական թթ. ան նշանաւորուած է բանաստեղծ-նորարար Ապուլ-Քասիմ աշ Շապպիի (1909—1934), պատմաբան Աւի-ատ-Դուաժիի (1909—1949), հրապարակախօս Տահար Հատտատի (1901—1936) ստեղծագործութիւններով։ Ազգային վէպի կազմաւորումը կապուած է Պշիր Խրայէֆի եւ Մհամմետ Լարուսի ալ-Մութուիի անուններուն հետ։1960-ական թթ. գրականութեան մտան խումբ մը յառաջադէմ գրողներ, որոնք արձակ եւ թատերական գործերը կը գրեն արաբերէն, իսկ բանաստեղծութիւնը՝ ֆրանսերէն։ Երիտասարդ արձակագիրներ եւ դրամատուրգներ ստեղծագործութեան բնորոշ են գաղափարական եւ ոճական որոնումները։
Թունուզի տարածքին մէջ պահպանուած են քարէ դարու, փիւնիկեան, հռոմէական ժամանակներու արուեստի յուշարձաններ։ Միջին դարերուն ձեւաւորուած է իսլամական ճարտարապետութիւնը։ Դղեակներու շուրջ առաջացած են քաղաքներ, ընդհանուր կառուցապատման մէջ գերիշխող միջնաբերդով։ Միջնադարեան կերպարուեստին բնորոշ է արհեստական մարմարի քանդակազարդումը, անջնարակ եւ ջնարակուած խեցեղենի, գեղարուեստական ապակիի, ոսկերչական իրերու, գորգերու, արծաթով եւ ոսկիով ընդելուզուած զէնքերու պատրաստումը։ Մինչեւ1956-ը Թունուզին մէջ շինարարութիւնը կատարած են ֆրանսական ճարտարապետները, որոնք ձգտած են զուգորդել տեղական աւանդոյթները եւ եւրոպական սկզբունքները։ Երկրի անկախութենէն ետք կ'աշխատին Թունուզցի ճարտարապետները։1950—1960-ական թթ. արագ զարգացած է կերպարուեստի ագգային դպրոցը, ուր կը գոյակցին իրաւաբանական եւ նորաձեւական ուղղութիւնները։
Երաժշտական ֆոլքլորը (արաբական ճիւղը, առկայ է նաեւ պերպերականը) լատային հիմքով, մեթրոռիթմով, գործիքարանով (տարպուքա, դափ, թառ եւ այլն) ազգակից է արեւմտեան արաբական երկիրներու երաժշտութեան։ Դասական երաժշտութիւնը սկզբնաւորուած է XV դ.:1960-ական թթ. կը գործէ սիմֆոնիք նուագախումբը, ստեղծուած է Ազգային երաժշտանոց։ Խոշոր գործիչներէն էարաբ, երաժշտական մշակոյթի մասնագէտ Սալահ ալ-Մահտին։
Իսլամութիւնը արգելք հանդիսացած էթատերական արուեստի կազմաւորոման մինչեւ XIX դ.։1848-ին Մ. ալՆաղաշը արաբերէնի թարգմանուած է եւ բեմադրուած է Մոլիերի «Ագահը»: Ֆրանսացիներու տիրապետութեան օրով գործած են ֆրանսական թատերախումբեր։ Ազգային առաջին թատերախումբը ստեղծուած է դերասան Խ. Զազիրին,1950-ին։ Թունուզի հանրապետութիւն հռչակուելէն ետք Թունուզ քաղաքին մէջ կազմակերպուած է տեղական թատերախումբ։