Երիկամները (kidney) կ'ըլլան զոյգ իւրաքաչիւր անձի մէջ, որոնք կը գտնուինողնաշարի (vertebral column) երկու կողմերը,որովայնի խոռոչին ետեւի պատին վրայ եւստոծանիին (diaphragm) տակը: Երիկամները որովայնին մաս չեն կազմեր: Աջ երիկամը կը գտնուիլեարդին ետեւը, իսկ ձախը՝փայծաղին (spleen) ետեւը: Երիկամները կարմիր սրճագոյն լուբիայի նման, սահուն օրկաններ են: Իւրաքանչիւր երիկամ ունի 10-12 սմ. երկարութիւն, 5 սմ. լայնք, 3 սմ. խորութիւն եւ 120-140 կրամ ծանրութիւն: Անոնք կը շարժին վեր վար ստոծանիի շարժումներուն հետ,շնչառութեան ընթացքին: Երիկամներու վերին պատին փակած ենմակերիկամները (adrenal glands):
Իւրաքանչիւր երիկամ պաշտպանուած է պատեանով մը (capsule) եւ կազմուած է երկու շերտերէ՝
Արտաքին շերտ (cortex).
Ներքին շերտ (medulla).
Արտագին շերտին մէջ կը գտնուին երիկամի արտաթորումի գործօն միաւորները՝ nephron-ները, որոնք կազմուած են կծիկներէ (glomeruli): Արեան զտումը եւմէզի կազմութիւնը տեղի կ'ունենայ nephron-ներու կծիկներուն մէջ: Երիկամները կազմուած են 2-2.5 միլիոն nephron-ներէ:
Ներքին շերտը ունի 8 կոնաձեւ բաժիններ, որոնք կը կոչուին երիկամային բուրքեր (renal pyramids), որոնք կ'ընդունին nephron-ներուն մէջ կազմուածմէզը եւ կ'ուղղեն զայն դէպի երիկամային պզտիկ սկահակներ (calyces): Երկու-երեք պզտիկ սկահակներ միանալով կը կազմեն երիկամային երկու մեծ սկահակները, որոնք կը բացուին երիկամի աւազանին (renal pelvis) մէջ: Մէզը երիկամի աւազան հասնելէ ետք , կ'ուղղուի դէպի միզափող (ureter):
Երիկամները արտաթորութեան կարեւոր օրկաններ են: Անոնց արտազտիչ գործունէութիւնըմէզի գոյացումն է:
Երիկամները՝ երկուքը միասին, կ'ընդունին օրական մօտաւորապէս 200 լիթր արիւն, որ կը ձերբազատուի իր մէջ կուտակուած թունաւոր արգասիքներէն (waist products), աղերէն եւ ջուրի աւելցուքներէն: Շատ մը արգասիքներ, որոնք կը գոյանան մարմինի ընդհանուր նիւթափոխանակութեան (metabolism) ընթացքին կ'արտաթորուին երիկամներուն մէջ: Անոնք կը պարունակեն բորոկածնային-ազոթային (nitrogenous) արգասիքներ, օրինակ՝ միզանիւթ (urea), որ կը յառաջանայ սպիտակուցներու նիւթափոխանակումէն: Զտուած արիւնը ձգելով երիկամները կը վերադառնայսիրտ: Իսկ 200 լիթրԱրիւնէն գոյացած 2-2.5 լիթրմէզը կը մղուի դէպի միզափող, այնտեղէն միզապարկ (urinary bladder) եւ ապա՝ միզուկ (urethra):
Միզափողի երկարութիւնը 12-13 սմ. է: Կիներուն միզուկը 3.5-4 սմ. է, որ կը բացուիհեշտոցի (vagina) յառաջամասը: Իսկ տղամարդոց մօտ անիկա ունի 20 սմ. երկարութիւն, որուն վերջին բաժինը կը գտնուի առնանդամին (penis) մէջ: Տղամարդոց միզուկը կը կրէմէզին հետ նաեւ սերմնահեղուկը (semen)շագանագեղձի (prostate gland), սերմնաբշտիկի (seminle vesicle), ամորձիքներու (testicles) եւ սերմնածորանի (vas deferens) հեղուկները:
Երիկամներուն մէջ արտադրուած «Ռենին» (Renin)ներազդակը (hormone) առնչուած է երիկամներու ներզտիչ գործունէութեամբ: Երիկամները ինքնագործ օրկաններ են: Ջուրի եւ աղերու արտածորումը (excretion) կախեալ է արեան աղային բաղադրութենէն:
Կը ներծծեն արեան ճամբով իրեն հասած ջուրը եւ շաքարը.
Կը նպաստեն D կենսանիւթի արտադրութեան.
Կ'արտադրեններազդակ մը, որ կը գրգռէ ոսկրածուծը արտադրելու համար արեան կարմիր գնդիկներ.
Կ'արտադրեններազդակ Renin-ը որ կ'առնչուի արեանճնշումի կանոնաւորման հետ.
Կը հսկեն արտաբջիջային եւ ներբջիջային նիւթերու փոխանակումին ինչպէս նաեւ արտաբջիջային հեղուկի ծաւալին եւ բաղադրութեան վրայ:
Երիկամներու վերոյիշեալ աշխատանքներու եւ դերակատարութիւններու իրականացումը կախեալ է անոնց առողջական վիճակէն: Ոեւէ անհատ մէկ երիկամով կրնայ ապրիլ բնական ձեւով եւ առանց որեւէ մէկ դժուարութեան: Երիկամներն ալ մարմինի այլ օրկաններուն նման կրնան վատառողջ վիճակ ունենալ եւ չկարենալ գործել բնական ձեւով:
Երիկամի երակա-զարկերակային անբնական հանգուցաւորում (a-v aneurism): Այս անբնական կապակցութիւններով, զարկերակները,ճնշումի տակ կը վնասուին եւ կը բացուին ու տեղի կ'ունենայ արիւնահոսում,
Ընդոծին երիկամի ջրակալում (hydronephrosis), ուր երիկամը կը ծաւալի եւ կը կ'որսնցնէ իր բնական աշխատանքին թափը,
Զոյգ երիկամներ (double kidney), ուր երիկամները կրնան գործել բնական կամ անբնական ձեւով,
Պայտանման երիկամ (horseshoe kidney). այս պարագային երիկամը ընդհանրապէս կը գործէ բնական ձեւով,
Բազմապարկ երիկամ (polycystic kidney)՝ երիկամային աշխատանքը կրնայ անբնական ըլլալ:
Անիկա յաճախակիօրէն տեսնուածհիւանդութիւն մըն է եւ ընդհանրապէս կը պատահիկոկորդի ցպկայինբորբոքումներէ ետք: Երկու երիկամները միաժամանակ կ'ախտահարուին այսհիւանդութեամբ: Կծիկա-երիկամաբորբի ախտածնունդը հիմնուած է դիմադրողականութեան խանգարումներով եւ հակամարմիններու յառաջացումով որոշ մանրէներու դէմ: Այս բոլորը կը գործեն երիկամներու կծիկներուն վրայ եւ տեղի կ'ունենայ երիկամներու ամբողջական բորբոքում:
Կծիկա-երիկամաբորբը կը յատկանշուի մէզի մէջ յայտնուած արեան կարմիր գնդիկներով եւ սպիտակուցներով: Անիկա ընդհանրապէս անակնկալ եւ սուրբորբոքում մըն է, որ կ'ունենայ արագ զարգացումի ընթացք:
Երիկամներու այսբորբոքումը կրնայ մնայունբորբոքումի վերածուիլ: Այս պարագայինբորբոքումը կ'ըլլայ դանդաղ եւ յառաջընթաց: Մնայունբորբոքումով տեղի կ'ունենայ երիկամային անբաւարարութիւն (renal failure), երբ մարմինին մէջ կը կուտակուին թունաւոր նիւթեր: Երիկամի անբաւարարութեան պարագային հիւանդը կը կարօտիարհեստական երիկամի դարմանամիջոցին՝ արեան տրամալուծումին (hemodialysis): Իսկ այս դարմանամիջոցի ձախողութեան պարագային միակ փրկութիւնը այլ անձի մը երիկամի փոխպատուաստումն է (kidney transplant):
Անիկա ընդհանրապէս ցպկայինբորբոքում մըն է եւ կը պատահի առաւելաբար չափահասներու մօտ: Բորբոքումը հետեւանքն է ընդհանրապէս միզապարկի երկարատեւ եւ կամ չդարմանուածբորբոքումին: Անոր ախտանշաններն են՝ ջերմ, դող,քրտինք, գլխացաւ, թարախոտմէզ, որ կը պարունակէ նաեւարեան կարմիր գնդիկներ եւ սպիտակուց.
Երիկամի երակին արիւնախիցքաւորում (renal vein thrombosis): Արիւնախիցերուճնշումով երակը կը վնասուի, կը բացուի եւ արիւնահոսում տեղի կ'ունենայ .
Երիկամի զարկերակի խցում, որ կը յառաջացնէ երիկամի քայքայում եւ նոյնիսկ երիկամի մահ:
Երիկամի մէջ կազմուած քարերը կ'ունենան զանազան բաղադրութիւններ եւ տարբեր-տարբեր չափեր ու ձեւաւորումներ: Երիկամային քարերը կրնան մնալ առանց որեւէ մէկ ախտանշանի երկար տարիներ: Անոնք կրնան երկար ժամանակ մնալ անշարժ եւ կամ շարժիլ ու ուղղուիլ դէպի միզափող եւ յառաջացնել միզափողի զանազան աստիճանի խցում, որ պայմանաւորուած է քարերու չափէն: Պզտիկ քարերը անցնելով միզափողէն կը հասնին միզապարկ, իսկ մեծ քարերը կը մնան նստակեաց միզափողին մէջ եւ կը խցեն զայն՝ մասնակի կամ ամբողջովին:
Nephrotic syndrome, երբ տեղի կ'ունենայ երիկամային բնասպիտի (protein) առատ արտաթորում: Անոր ախտանշաններն են՝ սպիտակուցներու առատ ներկայութիւնմէզին մէջ,սրունքներու չրակուտակում եւ երիկամներու մնայուն վնաս:
Երիկամի աշխատանքի սուր եւ անակնկալ ձախողութիւնը (acute renal failure) կը յառաջանայ երիկամներու անակնկալ-սուրբորբոքումներէ եւ վնասէ ետք,շագանակագեղձի ծաւալումով, միզափողի քարային խցումով, մարմնական ընդհանուր սուր ջրանուազումով, սրտանօթայինհիւանդութիւններով.շաքարախտի եւ զարկերակային բարձրճնշումով:
Սուր եւ անակնկալ ձախողութիւնը կ'ունենայ շատ արագ զարգացում, որ կանխելի է շտապ դարմանումով:
Անիկա հետեւանքն է երկարատեւ մնայունշաքարախտի եւ զարկերակային բարձրճնշումի ինչպէս նաեւ երիկամներու ընդհանուր բջիջայինբորբոքումի: Անիկա կը յատկանշուի երիկամներու մնայուն մասնակի կորուստով եւ փճացումով: Մնայուն ձախողութիւնը կ'ունենայ երկար ընթացք, որ կը տեւէ ամիսներ եւ տարիներ:
Անիկա շաքարախտի նման կը յատկանշուի երիկամային ախտաբանական մնայուն փոփոխութիւններով, սպիտակուցներու առատ ներկայութեամբ մէզին մէջ եւ երիկամային մնայուն ձախողութեամբ:Շաքարախտի եւ զարկերակային մնայունգերճնշումի ախտաբանական վնասները վերջնական են եւ անդարմանելի:
Տարբեր պտուղներու եւ բանջարեղէնի օգտագործումը սովորական թելադրանք է, սակայն կարգ մը ամերիկացիներ քիչ կ'օգտագործեն այդ սննդարար ուտելիքները, ըսուած է Journal of Renal Nutritionին մէջ հրապարակուած նոր հետազօտութեան մէջ: Այս մէկը յատկապէս կը վերաբերի երիկամներու քրոնիք հիւանդութիւն ունեցող չափահաս անձերու, որոնք կ'ուտեն քիչ քանակութեամբ պտուղներ եւ բանջարեղէն, քան այդ հիւանդութիւնը չունեցող նման մարդիկ, յայտնած են Վըրճինիայի համալսարանի բժշկական դպրոցի գիտնականները: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնի տուեալներուն համաձայն՝ մօտաւորապէս 37 միլիոն չափահասԱմերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ունին երիկամներու քրոնիք հիւանդութիւն: Այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ, երբ երիկամները չեն կրնար արդիւնաւէտ ձեւով զտել մարդու արեան թափոնները: Այս վիճակը կրնայ յանգեցնել արեան բարձր ճնշման, սիրտի հիւանդութիւններու եւ կաթուածի: Հետազօտութեան համար գիտնականները վերլուծած են 1988-2018 թուականներուն առողջութեան եւ սնունդի վերաբերեալ ազգային հարցումներու տուեալները:
Հետազօտողները յայտնաբերած են, որ 1988-1994 թուականներուն երիկամներու քրոնիք հիւանդութիւն ունեցողներու 52 առ հարիւրը շատ քիչ քանակութեամբ պտուղներ եւ բանջարեղէն օգտագործած է՝ բաղդատելով այդ հիւանդութիւնը չունեցող մարդոց 48 առ հարիւրին հետ: 2003-2010 թուականներուն, երիկամներու քրոնիք հիւանդութիւն ունեցողներու 46 առ հարիւրը շատ քիչ պտուղներ եւ բանջարեղէն օգտագործած է՝ բաղդատելով մնացեալ 41 առ հարիւրին հետ։ Իսկ 2011-2018 թուականներուն, երիկամներու քրոնիք հիւանդութիւն ունեցողներու 48 առ հարիւրն է, որ շատ քիչ պտուղներ եւ բանջարեղէն օգտագործած է՝ մնացեալ 46 առ հարիւրին հետ բաղդատելով: