Movatterモバイル変換


[0]ホーム

URL:


Jump to content
Ուիքիփետիա
Որոնել

Եգիպտոս

Եգիպտոս
Եգիպտոսի դրօշըԶինանշանը


Կը ներառնէԱղեքսանտրիոյ նահանգ, Ասուան?, Ասյութ?, Բուհեյրա?, Բենի Սուեյֆ?, Կահիրե?, Դակահլիա?, Դումյաթ?, Ալ-Ֆայում?, Ղարպիա, Կիզա, Իսմայիլիա?, Կաֆր աշ-Շեյխ (մուհաֆազա)?, Մատրուխ?, Էլ Մինյա?, Մինուֆիա?, Նոր Հովտի նահանգ?, Հյուսիսային Սինայ?, Պորտ Սաիդ (մուհաֆազա)?, Քալյուբիա?, Քենա?, Կարմիր ծով?, Շարկիա?, Sohag Governorate?, Հարավային Սինայ?, Սուեզ?, Լուքսոր? և Q475035?
Պետական լեզուԱրաբերէն[1]
ՄայրաքաղաքԳահիրէ
Օրէնսդիր մարմինԵգիպտոսի Խորհրդարան
Երկրի ղեկավարԱբդել Ֆաթթահ Ալ-Սիսի?
Կառավարութեան ղեկավարՄուստաֆա Մադբուլի?
Ազգաբնակչութիւն114 535 772 մարդ (2023)[2]
ՕրհներգԲիլադի, Բիլադի?
Կարգախօսمصر أمّ الدنيا
Հիմնադրուած է28 Փետրուար1922 թ.
ԱրժոյթԵգիպտական ​​ֆունտ?
Ժամային համակարգUTC+2, UTC+3։00[3] և Africa/Cairo?
Հեռաձայնային համակարգ+20
Համացանցի յղում.eg և مصر.?
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ0,731[4]

Եգիպտոս, պաշտօնապէս՝ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութիւն։ Երկիր մըն է հիւսիսայինԱփրիկէի մէջ։ Իր տարածքին մէջ կ'իյնայ նաեւՍինայի շրջանը, որ կը սեպուի երկրային կամուրջ դէպիԱսիա։ Եգիպտոսի տարածութիւնը 1.001.450 քառ. քմ. է։ Անոր դրացիներն ենԼիպիան՝ արեւմտուքէն,Սուտանը՝ հարաւէն ուԿազայի գօտին եւԻսրայէլը՝ արեւելքէն։ Երկրին հիւսիսը կը գտնուիՄիջերկրական ծովը, իսկ արեւելքէն՝Կարմիր ծովը։

Եգիպտոսը ամէնամեծ բնակչութիւն ունեցող ափրիկեան երկիրներէն մէկն է։ Բնակչութեան մեծամասնութիւնըՆեղոս գետի ափերուն կը բնակի, քանի որ հոն է որ հողագործութիւնը կարելի է։ Այլ շրջաններըՍահարայի անապատին մաս կը կազմեն։

Եգիպտացիներուն մեծ զանգուածը կ'ապրի քաղաքներու մէջ, ընդհանրապէսԳահիրէ եւԱղեքսանդրիա։

Հին եգիպտացիները ստեղծած են աշխարհիհնագոյն պետական կազմաւորումներն ուքաղաքակրթութիւնը, որու նուաճումներ ենհիերոգլիֆային գիրը,զարգացած քաղաքաշինութիւնը,միասնական դիցարանը եւկեդրոնացուած պետական կառավարման հնագոյն համակարգը[5]։Կիզայի բուրգերը,Մեծ Սֆինքսը, ինչպէս նաեւՄեմփիսի,Թեբէի աւերակներն ուԱրքաներու հովիտը կը կազմենՀին Եգիպտոսէն մեզի հասած պատմական ժառանգութեան մէկ մասը։ Ժամանակի ընթացքին Եգիպտոսը ենթարկուած էյոյներու,պարսիկներու,հռոմէացիներու,արաբներուի,օսմանեան թուրքերու եւնուբիացիներու ազդեցութեան։ Սինայի թերակղզին նշանաւոր է որպէսվաղ քրիստոնէական կրօնի կեդրոններէն մէկը, սակայն այս հանգամանքը չի խանգարեր, որպէսզի 7-րդ դարոււ Եգիպտոսը դառնայիսլամադաւան պետութիւն։Զարգացած միջնադարուն ձեւաւորուած էՄամլուքներու սուլթանութիւնը՝խաչակիրներու գլխաւոր հակառակորդներէն մէկըՄերձաւոր Արեւելքի մէջ։ 16-րդ դարէն մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը Եգիպտոսը յաջորդաբար կառավարուած էՕսմանեան եւԲրիտանական կայսրութիւններու կողմէ։ Ժամանակակից Եգիպտոսը ստեղծուած է 1922 թուականին՝ Բրիտանական կայսրութենէն անկախանալէն յետոյ։ Սակայն երկիրը փաստացիօրէնվերականգնած է ինքնիշխանութիւնը 1952 թուականին՝ ապստամբներու կողմէ վարչակարգի տապալումէն,Սուէզի ջրանցքի ազգայնացումէն, Ֆարուք I-ի աքսորէն եւ հանրապետութեան հռչակումէն յետոյ։ Անկախութենէն յետոյ Եգիպտոսը ներքաշուած էարաբա-իսրայէլական հակամարտութեան մէջ, եւ այդ ծիրէն ներս զբաղեցուցած էԳազայի հատուածը։ Յաջորդիւ սակայն վերջիններս ստիպուած եղած են ճանչնալԳազայի նկատմամբ Իսրայէլի իրաւունքները։ Ներկայիս Եգիպտոսի գլխաւոր արտաքին մարտահրավէրներն ենյետճգնաժամային բարդոյթները,ահաբեկչութեան սպառնալիքը եւ տնտեսական խնդիրները։

Ըստկառավարման համակարգի՝ Եգիպտոսըկիսանախագահական հանրապետութիւն է։ Երկրի պաշտօնական կրօնըսուննի իսլամն է[6], լեզուն՝արաբերէնը (բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը խօսիարաբերէնի եգիպտական բարբառով)։ Աւելի քան 95 միլիոն բնակչութեամբ՝ Եգիպտոսըհիւսիսային Ափրիկէի,Մերձաւոր Արեւելքի եւԱրաբական աշխարհի ամէնաբնակեցուած պետութիւնն է (այս ցուցանիշով՝ երրորդը՝Ափրիկէյի եւ տասնհինգերորդը՝ ամբողջ աշխարհի մէջ)։ Եգիպտոսի բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը կը բնակիՆեղոսի տելդային մէջ՝ շուրջ 40 000 քառ. քմ. տարածքի մէջ։ Սահարայի մաս կազմողանապատային շրջանները, որոնք կը կազմեն Եգիպտոսի տարածքի մեծ մասը, գրեթէ բնակեցուած չեն։ Եգիպտացիներու գրեթէ կէսը կը բնակի քաղաքային բնակավայրերու մէջ՝Գահիրէի,Աղեքսանդրիայի եւՆեղոսի գետի ափին տեղաբաշխուած միւս քաղաքներուն մէջ։

Եգիպտոսը տնտեսապէս զարգացած պետութիւն է՝ ամէնաբազմաճիւղը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ 2016 թուականին Եգիպտոսը շրջանցած էՀարաւափրիկեան Հանրապետութիւնը (ՀԱՀ)՝ դառնալովՆիճերիայէն յետոյ տնտեսապէս երկրորդ ամէնազարգացած պետութիւնըԱփրիկէ մայրցամաքին մէջ[7][8]։ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութիւնը անկախութենէն ի վեր կը հանդիսանայՄիաւորուած ազգերու կազմակերպութեան,Չմիացած երկիրներու շարժման,Արաբական լիկայի,Ափրիկեան միութեան,Իսլամական գոնֆերանսի եւ այլ կազմակերպութիւններոգ անդամ:

Պատմութիւն

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]
Հիմնական յօդուած՝Եգիպտոսի պատմություն։

Եգիպտական քաղաքակրթութիւնը ձեւաւորուած էԱփրիկէի հիւսիս-արեւելքը՝Նեղոս գետի ստորուն հոսանքի շրջաններուն մէջ։ Մ․թ․ա․ 10-6-րդ հազարամեակներուն Եգիպտոսի մէջ բնակող տոհմերն ու ցեղերը ապրած են թափառական կենցաղով՝ զբաղածհաւաքչութեամբ,որսորդութեամբ,ձկնորսութեամբ։Նոր քարի եւպղնձաքարի դարաշրջաններուն Եգիպտոսի բնակիչները անցում կը կատարեն նստակեցութեան․ կը սկսին զբաղիլ գլխաւորապէսերկրագործութեամբ եւանասնապահութեամբ։ Արտադրողական ուժերու զարգացման հետեւանքովտոհմատիրական կարգերը կը սկսին հետզհետէ քայքայուիլ եւ կը ձեւաւորուինվաղ դասակարգային յարաբերութիւններ[9]։

Հին Եգիպտոս

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]
Հիմնական յօդուած՝Հին Եգիպտոս։

Արդիւնքով՝ աստիճանաբար կը ձեւաւորուինառաջին պետական կազմաւորումները, որոնք միասնական պետութեան ստեղծումէն յետոյ կը վերածուին նահանգներու։ Վերջիններս շարունակաբար կռիւներ կը մղէին միմիանց դէմ՝ հարստութեան, իսկ աւելի ուշ՝ գերիշխանութեան համար։ Մ․թ․ա․ 4-րդ հազարամեակի մօտ կիսուն մանր միաւորումները կը համախմբուին երկու բեւեռներու շուրջ, որու հետեւանքով ալ հարաւի մէջ կ'առաջանայՍտորուն Եգիպտոսի թագաւորութիւնը՝ Պութօ կեդրոնով, իսկ հիւսիսի մէջ՝ Վերին Եգիպտոսը՝ Դերագոնպոլիս կեդրոնով։

Գիզայի բուրգերըհին աշխարհի յոթ հրաշալիքներից միակն է, որը պահպանվել է մինչ օրս։

Մ․թ․ա․ մօտ 3150 թուականին հիւսիսի թագաւոր Մենեսը երկարատեւ յամառ պայքարէ յետոյ կը հասնի առաւելութեան եւ ծունկի կը բերէ հակառակորդը[10]։ Այս դարակազմիկ իրադարձութենէն յետոյ կը ձեւաւորուի առաջին միասնական տինասդիան՝Ապիտոս մայրաքաղաքով, որն ալ կ'ազդարարէՀին Եգիպտոսի վաղ թագաւորութեան պատմութեան սկիզբը[11]։Վաղ թագաւորութիւնը կը ներառէ առաջին երկու տինասդիաներու պատմութիւնը[12]։ Յաջորդիւ՝ իշխանութեան գլուխ կ'անցնի երրորդ թագաւորական հարստութիւնը, որու ներկայացուցիչներէն Ճոսեր փարաւոնը կ'իրականացնէ վարչաքաղաքական բարեփոխումներ, որոնք միտուած էին կառավարման կուռ համակարգի ձեւաւորման։ Այս շրջանին փարաւոնի իշխանութիւնը կը յայտարարուի աստուածատուր, իսկ փարաւոնը՝ մարդ-աստուած։ Եգիպտոսն իր հզօրութեան գագաթնակէտին կը հասնի չորրորդ արքայատոհմի իշխանավարման շրջանին։ Եգիպտացիները կը սկսին արշաւանքներ ձեռնարկել հարեւան երկիրներու դէմ՝ դէպի հարաւ՝Նուպիա, դէպի արեւմուտք՝Լիպիա եւ հիւսիս-արեւելք՝Սինա եւՊաղեստին։ Այս շրջանին կառուցուած է աշխարհի հրաշալիքներէն մէկը՝Քէոփսի բուրգը։ Մ.թ.ա. 23-րդ դարուն կը սկսի Եգիպտոսի մասնատումը, որուն յաջորդած գահակալական կռիւներու արդիւնքով (ի սկզբանէ անիկա ուղղուած էր նաեւ արտաքին միջավայրի զավթիչներու դէմ) փարաւոններու իշխանութեան պատմութիւնը կը թեւակոխէ նոր փուլ։ Եգիպտոսի միաւորմամբ կը սկսի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային նոր վերելքը, որ կը տեւէ շուրջ երեք դար եւ յայտնի կը դառնայ «միջին թագաւորութիւն» անուանումով։ Մ․թ․ա․ 17-րդ դարունՆեղոսի տելդան կը նուաճեն հիքոսդները, որոնք ալ կը հիմնենԱւարիս մայրաքաղաքը։ Միջին թագաւորութենէն որոշ ժամանակ անցհիքսոսներու դէմ կը սկսին պայքարիլ Թեպէի շուրջ համախմբուած նոմերը, որոնք կը յաջողին վտարել հիքստերն ու հիմնադրել Եգիպտոսի նոր թագաւորութիւնը։

Աւելի ուշ, Եգիպտոսի տարածքը կ'ասպատակենլիպիացիները,նուպիացիները եւասորիները, որոնք ժամանակ առ ժամանակ կը խարխլեն թագաւորական իշխանութիւնն ու պետականութիւնը։ Այնուամենայնիւ, վերջիններուս դէմ պայքարելով յաղթանակ կը տանին եգիպտացիները՝ ազատագրելով իրենց երկիրը[13]։ Պսամետիկոս I փարաւոնը եւ իր յաջորդները սերտ առեւտրական յարաբերութիւններ կը հաստատենյոյներու,փիւնիկեցիներու,հրեաներու եւ այլ ժողովուրդներու հետ։

Եգիպտոսը Աքեմենեան տէրութեան կազմի մէջ

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]
Հիմնական յօդուած՝Եգիպտոսի աքեմենյան նվաճում։

Քաղաքակրթութեան յետագայ ծաղկումը կը վերաձեւէ արեւելքի քաղաքական սահմանները։ Մասնաւորապէս,Իրանական բարձրավանդակին մէջ աննախադէպ զարթօնք կ'ապրիպարսից թագաւորութիւնը՝ Աքեմենեան տէրութիւնը, որ զավթողական նկրտումներ ունէր իր հարեւաններուն նկատմամբ։Մ․թ․ա․ 525 թուականին աքեմենեան բանակը՝ արքայից արքայԿամբիւսես II-ի գլխաւորութեամբ, կ'արշաւէ Եգիպտոս։Նեղոսի տելդային մէջ՝ Պելուսիոնի մօտ, պարսից բանակը յաղթանակ կը տանի փարաւոն Պսամմետիկոս III-ի նկատմամբ։ Գրաւելով մայրաքաղաքՄեմփիսը՝ Կամբիւսեսն ինքզինք կը հռչակէ փարաւոն՝ հիմնելով նոր՝ քսանեօթերորդ տինասդիան։ Շուտով սակայն Կամբիւսեսը ստիպուած կ'ըլլայ վերադառնալՇոշ՝ Եգիպտոսը ձգելովսատրապութեան կարգավիճակի։ Քսանեօթերորդ արքայատոհմի բոլոր փարաւոնները (բացառութեամբ՝ Պետուբաստիս III-ի), որոնք կ'իշխանավարեն մ․թ․ա․ 525-402 թուականներու միջեւ, ինքնին Աքեմենեան տէրութեան արքայից արքաներն էին, որոնք կը ժառանգէինեգիպտական փարաւոնի տիտղոսը աքեմենեան թագի հետ միաժամանակ։ Ժամանակ առ ժամանակ եգիպտացիները կը կարողանան հուժկու ապստամբութիւն բարձրացնել օտարի տիրապետութեան դէմ, որոնք սակայն որեւէ հիմնարար արդիւնք չեն ունենար[14]։

Երեսուներորդ տինասդիան փարաւոններու ժամանակաշրջանի վերջին տինասդիան է, որ մեծապէս կը կառավարուի տեղացիներու կողմէ։ Մ․թ․ա․ 343 թուականին պարսից բանակը կը ջլատէ արքայատոհմի վերջին փարաւոնի՝Նեկտանեբ II-ի ուժերը։ Այնուամենայնիվ, այս միջադէպէն շատ չանցած տարածաշրջանը կը յայտնուի արտաքին լուրջ սպառնալիքներու առջեւ, որոնք ալ Աքեմենեան տէրութեան արքայից արքան կը ստիպեն պատրաստուիլ վճռական պատերազմի։


Գիզայի հնագիտական համալիրի համայնապատկերը։ Երևում է Քեոփսի բուրգը և Մեծ սֆինքսը
Գիզայի հնագիտական համալիրի համայնապատկերը։ Երևում է Քեոփսի բուրգը և Մեծ սֆինքսը


Պտղոմէոսեան եւ Հռոմէական ժամանակաշրջան

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]
«Ալեքսանդր Մակեդոնացին հիմնադրում է Աղեքսանդրիան»։ Հեղինակ՝ իտալացի նկարիչ Պլաչիդո Կոստանցա։ Աղեքսանդրիան Մակեդոնացու կողմից հիմնադրված առաջին խոշոր քաղաքն էր։

Իսոսի ճակատամարտէն յետոյ Եգիպտոս կը ներխուժէԱղեքսանդր Մակեդոնացին՝ յունամակեդոնական բանակի գլուխն անցած։ Պարսից լուծին տակ գտնուող այս երկրին մէջ արեւմտեան նուաճողը կ'ընդունին որպէս ազատարար եւ նոյն օրն ալ վերջինս կը հռչակեն փարաւոն։ Աղեքսանդր Մեծը մ․թ․ա․ 332 թուականին ձեռնամուխ կ'ըլլայմիջերկրածովեան Աղեքսանդրիա քաղաքի հիմնադրման, որ այնուհետեւ կը դառնայհելլենիստական աշխարհի կեդրոններէն մէկը։ Նշանաւոր զօրավարի մահուան յաջորդածԴիադոքսներու պատերազմի արդիւնքով Եգիպտոս կը հասնի Աղեքսանդրի հաւատարիմ զօրավարներէնՊտղոմէոսին։ Վերջինս կ'ընդունի եգիպտական բարքերն ու արարողակարգերը՝ հռչակուելով երկրի նոր փարաւոն։Պտղոմէոսեան հարստութեան առաջին ներկայացուցիչներու օրօքհելլենիստական Եգիպտոսը կը համարուէր Արեւելքի հզօրագոյն պետութիւններէն մէկը, իսկ անոր մայրաքաղաք Աղեքսանդրիան՝Արեւելեան Միջերկրականի մեծագոյն նաւահանգիստն ու առեւտրա-արհեստաւորական մշակութային կեդրոնը[15][16]։

Հռոմէացիներու դաւադրութիւններուն հետեւանքով մ․թ․ա․ 88 թուականինԵգիպտոսէն կը հեռանայ արքայազնՊտղոմէոս Դիոնիսոսը, որուն փոխարէն Սենատը այս երկրի ղեկավարի պաշտօնին կը նշանակէ իր կամակատար Պտղոմէոս XVI-ը (վերջինս իր կառավարման սկիզբը Եգիպտոսը կը կտակէհանրապետական Հռոմին)։ Իրավիճակը կը հարթուիՄեծ Հայքի թագաւորութեանարքայից արքայՏիգրան Մեծի ջանքերով, որ կ'օգնէ գահի օրինական ժառանգորդին հաստատուիլ սեփական երկրին մէջ։ Անկէ յետոյ Հայաստանը կարճ ժամանակ ազդեցութիւն ձեռք կը բերէ Եգիպտոսի մէջ։ Պտղոմէոսեան տինասդիայի վերջին ներկայացուցիչը հանդիսացողԿլէոպատրա VII-ը ինքնասպան կ'ըլլայ իր սիրեցեալի՝ Հռոմի եռապետՄարկոս Անտոնիոսի մահուընէն յետոյ։ Կարճ ժամանակ անց Եգիպտոսը կը նուաճէՕգոստոս Օկտավիանոսը՝ զայն դարձնելով հռոմէական նահանգ։ Հռոմէական բռնագրաւումէն յետոյ անգամ հելլենիստական մշակոյթը կը շարունակէ բարգաւաճիլ այս երկրին մէջ։

Առաջին դարուն Եգիպտոսի մէջ կը տարածուի քրիստոնէական կրօնը՝Սուրբ Մարկոս Աւետարանիչի գործօն ջանքերով[17]։Դիոկղետիանոս կայսեր բարեփոխումներու արդիւնքովհռոմէական տիրակալութիւնը կը բաժնուի երկու մասի, իսկ Եգիպտոսը կը դառնայԲիւզանդական կայսրութեան մէկ մասը։ Վերջինիս կառավարման տարիները նշանաւոր կը դառնան նաեւ քրիստոնեաներու աննախադէպ հետապնդումներով, մինչդեռ այս ժամանակաշրջանին ալ տեղի կ'ունենայԱստուածաշունչի Նոր կտակարանիեգիպտերէն թարգմանութիւնը։451 թուականի Քաղկեդոնի ժողովով կը ստեղծուիղպտի ուղղափառ եկեղեցին[18]։

Միջնադարեան Եգիպտոս

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Եգիպտոսը բիւզանդական գերագահութեան տակ կը մնայ մինչեւ7-րդ դարու առաջին տասնամեակները, որմէ ետք՝602-628 թուականներու բիւզանդա-պարսկական պատերազմներու արդիւնքով, կ'անցնիՍասանեան Պարսկաստանին։ 639-642 թուականներուն տարածաշրջանը կ'ենթարկուիԱրաբական խալիֆայութեան (Բարեպաշտ խալիֆաներու պետութեան) մուսուլմանական զօրքի ներխուժման եւ նուաճման։ Արաբները գրաւելովՆեղոսի տելդան՝ այստեղ կը բերեն իրենց հայրենի հողերուն մէջ ծագած նոր կրօնը՝իսլամը (մասնաւորապէս՝սիւննի ուղղութեան ուսմունքը

Այս ժամանակաշրջանին Եգիպտոսի մէջ տեղի կ'ունենան դարակազմիկ փոփոխութիւններ, որոնք կը նպաստեն երկրի էթնիկական եւ կրօնական կազմի շրջադարձային փոփոխութեան։ Մասնաւորապէս, ինչպէս այստեղ, այնպէս ալ նուաճեալ այլ տարածքներու մէջ, կը սկսին իսլամականացման եւ արաբականացման հարկադիր եւ կամընտրական գործընթացներ, որոնք առաւել ցայտուն կերպով կ'արտայայտուին Եգիպտոսի պարագային։ 639 թուականին 4000-նոցՕմայեան խալիֆայութեան զօրախումբերը՝Ամր իպն ալ-Ասի հրամանատարութեամբ, կ'արշաւեն Եգիպտոս։ Հելիոպոլիսի ճակատամարտին արաբական բանակը վճռական յաղթանակ կը տանի բիւզանդացիներուն դէմ՝ ամրապնդելով իրենց դիրքերը նուաճուածհիւսիսափրիկեան տարածքներուն մէջ։ Աղեքսանդրիան մուսուլմաններէն վերադարձնելու վերջին փորձը կը կատարէ Բիւզանդիայի կայսրԿոստանդ Բ-ն, որու նաւատորմը եւս ջախջախուած էՄիջերկրական ծովուն մէջ։

Վաղ միջնադարուն Դեղոսի տելդային մէջ կը հիմնադրուիՖուստատ քաղաքը, որ, սակայն, կ'աւերուիԽաչակրաց արշաւանքներու ժամանակ։ Աւելի ուշ՝ 986 թուականին, կը հիմնադրուի Եգիպտոսի ներկայիսմայրաքաղաք Գահիրէն, որ կը յաւակնէր դառնալ խալիֆայութեան ամէնահարուստ եւ ընդարձակ քաղաքը։

Աբբասեան տիրապետութիւն

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Աբբասեան խալիֆաները Եգիպտոսի մէջ կը սկսին վարել հարկային կոշտ քաղաքականութիւն, որու պատճառով վերջիններուս տիրապետութեան չորրորդ տարին այստեղ կը բռնկի ղպտական մասշտապային ընդվզում։ Ապստամբութիւնը ճնշելու նպատակով Աղեքսանդրիա կը ժամանէ Խորասանի կառավարիչ Ապտալլահ իպն Թահիր ալ-Խուրասանին, որ կը յաջողի պարտութեան մատնել ղպտի ապստամբական ուժերը։ Յաջորդիւ ղպտական ընդվզումներ տեղի կ'ունենան նաեւ 828 եւ 831 թուականներուն։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]
Նեղոսի հովիտըԼուքսորի մօտ։
Ժայռոտ լանդշաֆտՄարսա Ալամում։

Եգիպտոսը գլխաւորապէս կը գտնուի հիւսիսային լայնութեան 22-32 աստիճաններու եւ արեւելեան երկայնութեան 25-35 աստիճաններու միջեւ։ Ունի 1,001,450 քառ. քմ. տարածք (386, 660 քառակուսի մղոն)[19], որու շնորհիւ 30-րդն է՝ամէնամեծ տարածք ունեցող պետութիւններու շարքին։ Եգիպտոսի չափազանց չոր կլիմային պատճառով՝ երկրի բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը կեդրոնացած էՆեղոսի հովիտի եւտելդայի շրջանը, ինչ որ ենթադրել կու տայ թէ բնակչութեան 99 %-ը կը բնակի երկրի տարածքի 5.5% վրայ[20]։ Եգիպտացիներուն 98 %-ը կը բնակի երկրի տարածքի 3 %-ի վրայ[21]։

Եգիպտոսը արեւմուտքէն սահմանակից էԼիպիային, հարաւէն՝Սուտանին, իսկ արեւելքէն՝Իսրայէլին եւԿազայի հատուածին։ Շնորհիւ իր աշխարհագրական դիրքին՝ Եգիպտոսը մեծ դերակատարութիւն ունիաշխարհաքաղաքականութեան մէջ։ Ըլլալով միջմայրցամաքային պետութիւն՝ անիկա ցամաքային կամուրջ է Ափրիկէի եւ Ասիայի միջեւ, որ կը հատուի նաւարկելի ջրուղիով (Սուէզի ջրանցք)։ ՎերջինըՄիջերկրական ծովը,Կարմիր ծովի միջոցով կը կապէՀնդկական ովկիանոսին հետ։

Բացառութեամբ Նեղոսի հովիտին, Եգիպտոսի ռելիեֆի մեծ մասը կը կազմեն անապատները, որոնք ունին քանի մը ովասիսներ։ Քամիները կը ստեղծեն խոշոր աւազէդիւներ, որոնց բարձրութիւնը կը հասնի մինչեւ 100 ոտք (30 մետր)։ Եգիպտոսի մէջ կը գտնուիՍահարայի եւԼիպիական անապատներու մէկ մասը։ Այս անապատները պաշտպանած են արեւմտեան սպառնալիքներէն, պաշտպանած են Փարաւոններու թագաւորութիւնը եւՀին Եգիպտոսի մէջ համարուած՝ որպէս «կարմիր հողեր»։

Աղեքսանդրիան Եգիպտոսի մեծութեամբ երկրորդ քաղաքն է։ Միւս խոշոր քաղաքներէն ենԱսուաը,Ասյութը, երկրի ներկայիս մայրաքաղաք եւ խոշորագոյն քաղաքԳահիրէն,Էլ Մահալա Էլ Քուպրան,Կիզան, ուր կը գտնուինԵգիպտական բուրգերը,Հուրգատան,Լուքսորը,Գոմ Օմպոն,Սաֆագան,Պորտ Սայիտը,Շարմ էլ Շեյխը,Սուէզը, որ կը գտնուի Սուէզի ջրանցքի արեւելքը,Զակազիկը եւԷլ Մինիան։ Օվասիսներու կարգին ենՊահարիան,Դախլան,Ֆարաֆրան,Խարգան եւՍիվան։Պրոտեկտորատներու կարգին ենՌաս Մոհամմատ ազգային պարկը, Զարանիկ պրոտեկտորատը եւ Սիվա ովասիսը։

2015 թուականի Մարտ 13-ին յայտարարուած էնոր մայրաքաղաք կառուցելու պլաններու մասին[22]։

Կառավարման համակարգ

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]
Աբդել Ֆաթթահ Ալ-Սիսին Եգիպտոսի գործող նախագահն է։

Եգիպտոսի ներկայացուցիչներու պալատը, որու անդամները կ'ընտրուին հինգ տարի ժամկէտով, երկրի գլխաւոր օրէնսդիր մարմինն է։ 2010 թուականէն յետոյ երկրին մէջ խորհրդարանական առաջին ընտրութիւնները տեղի ունեցած են 2011 թուականի Նոյեմբերի եւ 2012 թուականի Յունուարի միջեւ, որու արդիւնքով ձեւաւորուած խորհրդարանը յետագային ցրուած է։ Յայտարարուած է, որ յաջորդ ընտրութիւնները տեղի կ'ունենան Սահմանդրութեան վաւերացումէն 6 ամիս անց՝ 2014 թուականի Յունուար 18-ին։ Այդ ընտրութիւնները տեղի ունեցած են երկու փուլով՝ 2015 թուականի Հոկտեմբեր 17-էն Դեկտեմբեր 2-ի միջեւ[23]։ Եգիպտական օրէնսդրութեան համաձայն՝ երկրի խորհրդարանը կը ձեւաւորուի նախքան նախագահի ընտրութիւնը, սակայն ժամանակաւոր նախագահԱտլի Մանսուրը տեղափոխած է ընտրութիւններու ժամկէտները[24]։ Եգիպտոսի նախագահական ընտրութիւնները տեղի ունեցած են 2014 թուականի Մայիսի 26-28-ը։ Մասնակցութեան ընդհանուր ցուցանիշը կազմած է 25,578,233 կամ ընտրողներու ընդհանուր թիւի 47.5%։ Մօտ 23 միլիոն 780 000 քուէ ստացած էԱպտըլ Ֆաթթահ Ալ-Սիսին կամ ձայներու ընդհանուր թիւի 96․9 %-ը, այն պարագային, երբՀամտեն Սապահին ստացած է 757,511 կամ ձայներու ընդհանուր թիւի 3.1%-ը[25]։

ՆախագահՄուհամմատ Մուրսիի գլխաւորածՄուսուլման եղբայրներու բռնապետական կառավարութեան դէմ տեղի ունեցած զանգուածային բողոքի ցոյցերէն յետոյ[26], 2013 թուականի Յուլիս 3-ին գեներալ Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ-Սիսին յայտարարած է իշխանութենէն Մուրսիի տապալման եւ 2012 թուականին ընդունուած Սահմանադրութեան կասեցման մասին։ Ձեւաւորուած է 50 հոգիէ բաղկացած սահմանադրական կոմիտէ, որ պէտք է զբաղեր Սահմանադրութեան բարեփոխմամբ։ Աւելի ուշ, Սահմանադրութեան նոր տարբերակը դրուած է հանրաքուէի եւ ընդունուած 2014 թուականի Յունուար18-ին[27]։

2013 թուականին«Freedom House-ը» Եգիպտոսի մէջ քաղաքական իրաւունքներու ազատութիւնը 7 բալանոց համակարգով գնահատել է 5 միաւոր (գնահատման աղիւսակին մէջ 1-ը կը նշանակէ բացարձակ ազատ, իսկ 7-ը՝ բացարձակ ոչ ազատ), իսկ քաղաքացիական ազատութիւնները՝ դարձեալ 5, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Եգիպտոսն ազատութիւններու տեսանկիւնէն «մասամբ ազատ» պետութիւն է[28]։

Եգիպտական ազգայնականութիւնը, ի տարբերութիւն արաբական ազգայնականութեան, ունի աւելի հին պատմութիւն։ Անիկա սկսած է դեռեւս 19-րդ դարուն եւ դարձած արտայայտման դոմինանտ ձեւ 20-րդ դարու առաջին կիսուն՝ դրսեւորուելով հակագաղութատիրական պայքարի եւ մտաւորականութեան շրջանակներուն մէջ[29]։ Իսլամիստական գաղափարախօսութեան կրող հանդիսացողՄուսուլման եղբայրներուն գլխաւորաբար կ'աջակցին Եգիպտոսի միջին ցած խաւի ներկայացուցիչները[30]։

Արաբական աշխարհին մէջ Եգիպտոսը ունի ամէնահին շարունակուող խորհրդարանական կարգերու աւանդոյթը[31]։ Առաջին հանրային խորհրդարանը հիմնադրուած է 1866 թուականին։ Լուծարուած է 1882 թուականին՝ բրիտանական բռնագրաւման պատճառով։ Բռնագրաւումէն յետոյ բրիտանացիները թոյլատրած են միայն խորհրդատուական մարմնի գործունէութիւն։ 1923 թուականին, այդուհանդերձ, երբ հռչակուեցաւ երկրի անկախութիւնը, նոր սահմանադրութեամբ երկրին մէջ հաստատուեցաւ խորհրդարանական միապետութիւն[31]։

Մամուլի ազատութիւն

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

«Լրագրողներ առանց սահմաններիու» միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը 2017 թուականին, խօսքի ազատութեան համաշխարհային ինդեքսին մէջ, Եգիպտոսը 180 երկիրներու շարքին դասակարգած է 160-րդ հորիզոնականը։ 2015 թուականի Օգոստոս ամսուայ դրութեամբ՝ Եգիպտոսի մէջ դատապարտուած է 18 լրագրող։ 2015 թուականի Օգոստոսին ընդունուած հակաահաբեկչական նոր օրէնսդրութիւնը, ահաբեկչութեան թեմայով կեղծ տեղեկատուութիւն տարածելու համար, որ « կը տարբերի Եգիպտոսի պաշտպանութեան դեպարտամենտի տեսանկիւնէն», լրագրողներուն կը սպառնայ նախկին 25 000 ԱՄՆ տոլարի համար տուգանել 60 000 ԱՄՆ տոլարով[32]։

Ռազմական եւ արտաքին յարաբերութիւններ

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]
Եգիպտոսի պատվո պահակախմբի զինծառայողները ԱՄՆ ռազմածովային ուժերի ծովակալ Մայք Մյուլենի այցի ժամանակ։

Զինուորականները մեծ ազդեցութիւն ունին Եգիպտոսի քաղաքական եւ տնտեսական կեանքին վրայ եւ անոնք ենթակայ չեն հանրային կեանքի այլ հատուածներու վրայ գործադրուող օրէնքներուն։Զինուած ուժերը ունին բաւականաչափ իշխանութիւն, ազդեցութիւն եւ անկախ են պետութենէն։ Զինուած ուժերը կը համարուին եգիպտական «խոր պետութեան» բաղկացուցիչ մաս[33][34][35]։

Համաձայն Իսրայէլի Քնեսեթի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան կոմիտէի նախկին ղեկավարԵուվալ Շտայնիցի՝ Եգիպտոսի ռազմաօդային ուժերն ունեն նոյնքան ժամանակակից ռազմական ինքնաթիռներ, որքանԻսրայէլի ռազմաօդային ուժերը։ Շտայնիցի խօսքերով՝ Եգիպտոսն ունի արեւմտեան աւելի շատ թանկեր, հրետանի, հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներ եւ ռազմանաւեր, քանԻսրայէլի զինուած ուժերը[36]։ Իսրայէլը կ'ենթադրէ, որ Եգիպտոսը տարածաշրջանի երկրորդ պետութիւնն է, որն ունի լրտեսական արբանեակ՝EgyptSat 1[37], որ, ի յաւելումնEgyptSat 2-ի, արձակուած է 2014 թուականի Ապրիլ 16-ին[38]։

Եգիպտոսի նախկին նախագահՀոսնի Մուբարաքը և ԱՄՆ նախկին նախագահՋորջ Ու. Բուշը,Քեմփ Դևիդ, 2002 թվական։
ՆախագահԱբդել Ֆաթթահ Ալ-Սիսին և Ռուսաստանի նախագահՎլադիմիր Պուտինը,Սոչի, 2014 թվականի օգոստոս։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները տարեկան Եգիպտոսին կը տրամադրէ ռազմական օգնութիւն, որ 2015 թուականի տուեալներով, կազմած է 1,3 միլիարդ տոլար[39]։ 1989 թուականին Եգիպտոսը յայտարարուած է ԱՄՆ-ի ՆԱԹՕ-ի ոչ անդամ գլխաւոր դաշնակիցը[40]։ Այնուամենայնիւ, երկու երկիրներուն միջեւ առկայ յարաբերութիւնները վատացած են 2013 թուականին տեղի ունեցած եգիպտական յեղաշրջման պատճառով, երբ երկրին մէջ իշխանութեան եկան Մուհամմատ Մուրսին եւ «Մուսուլման եղբայրները»[41]։ Իսլամիստական ուժերու իշխանութեան գալէն յետոյ՝ Պարաք Օպամայի վարչակազմը դատապարտեց երկրին մէջ ոչ ժողովրդավարական իշխանութեան հաստատումը եւ չեղարկեց երկու երկիրներու միջեւ նախատեսուող ռազմական զօրավարժութիւնները[42]։ Այդուհանդերձ, երկու երկիրները կ'իրականացնեն որոշակի քայլեր՝ կարգաւորելու ԱՄՆ-ի եւ Եգիպտոսի յարաբերութիւնները։ Երկու երկիրներու կառավարութիւններն ալ կոչ կ'ընեն ընդհանուր ուժերով պայքարիլ ահաբեկչութեան եւ ահաբեկչական գործողութիւններու դէմ[43][44][45]։ Այդուհանդերձ,ԱՄՆ 2016 թուականի նախագահական ընտրութիւններու ժամանակ հանրապետականՏոնալտ Թրամփի ԱՄՆ նախագահ ընտրուելէն յետոյ, կարծես թէ, ջերմացած են երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւնները։ Ալ- Սիսին եւ Թրամփը հանդիպած են 2016 թուականի Սեպտեմբերին, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ասամպլիայի 71-րդ լիագումար նիստի բացման ժամանակ[46]։ Նախագահ Թրամփի կողմէ, մուսուլմանական 7 երկիրներ ճամբորդութիւններու արգելքին գծով՝ Եգիպտոսի բացակայութիւնը, նկատառուած է Ուաշինկթընի մէջ, չնայած Գոնկրէսը մտահոգութիւններ յայտնած էր Եգիպտոսի մէջ մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներու վերաբերեալ՝ յատկապէս այլախոհներու նկատմամբ[47]։ 2017 թուականի Ապրիլ 3-ին Ալ-ՍիսինՍպիտակ տան մէջ հանդիպած է Թրամփին, որ վերջին 8 տարուայ մէջ Եգիպտոսի նախագահի առաջին պաշտօնական այցն էր Ուաշինկթըն։ Թրամփը շնորհաւորած է Ալ-Սիսին Եգիպտոսի նախագահ ընտրուելու առիթով եւ շեշտած, որ ժամանակն է կարգաւորելու երկու երկիրներու յարաբերութիւնները[48]։

Եգիպտոսի զինուած ուժերն ունին զէնքի եւ զինամթերքի, ինչպէս նաեւ սպառողական ապրանքներու արտադրութեան բազմաթիւ գործարաններ։ Զինուած ուժերու զինանոցին մէջ առկայ են աշխարհի տարբեր պետութիւններու մէջ արտադրուած զինթեխնիկա եւ զինամթերք։ ՆախկինԽորհրդային Միութեան սարքաւորումները փոխարինուած են ամերիկեան, ֆրանսական եւ բրիտանական ժամանակակից սարքաւորումներով, որոնց մեծ մասը, յատուկ արտօնագրի առկայութեան ներքոյ, արտադրուած են Եգիպտոսի մէջ, ինչպէս օրինակԱբրամս Մ1 տիպի ամերիկեան թանկերը։ Մուհամմատ Մուրսիի տապալումէն յետոյ՝ Եգիպտոսի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւնները էականօրէն բարելաւուած են[49]։ Երկու երկիրները կը ձգտին զարգացնել ռազմական[50] եւ առեւտրական յարաբերութիւնները[51], որոնք կ'իրականացուին համագործակցութեան տարբեր ուղղութիւններով։ Վերջին տարիներուն էականօրէն զարգացած են նաեւՉինաստանի հետ յարաբերութիւնները։ 2014 թուականին Եգիպտոսը եւ Չինաստանը հաստատած են «բազմակողմ ռազմավարական գործակցութիւն»[52]։ 2019 թուականի Յուլիսին, ՄԱԿ-ի 37 երկիրներու դեսպաններ, ներառեալ Եգիպտոսը, ստորագրած են ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու յանձնակատարին ուղղուած միացեալ նամակ, որ կը սատարէր Չինաստանի գործողութիւններունույկուրներու նկատմամբ, որոնք տեղի կ'ունենային ՉինաստանիՍինծիան նահանգին մէջ[53]։

Արաբական պետութիւններու լիկայի գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուիԳահիրէի մէջ, իսկ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարը սովորաբար կ'ըլլայ եգիպտացի։ Այդ պաշտօնը ներկայիս կը զբաղեցնէ երկրի արտաքին գործոց նախկին նախարարԱհմետ Ապտուլ Կեյթը։ 1978 թուականին Արաբական պետութիւններու լիկայի գրասենեակը Եգիպտոսէն տեղափոխուած էԹունուս՝ ի բողոք Իսրայէլա-եգիպտական խաղաղութեան պայմանագրին։ Սակայն 1989 թուականին վերադարձած է Գահիրէ։Պարսից ծոցի միապետութիւնները, ներառեալԱրաբական Միացեալ Էմիրութիւնները[54] եւՍէուտական Արաբիան[55], միլիոնաւոր տոլարներ կը տրամադրեն Եգիպտոսին՝ տնտեսական դժուարութիւնները յաղթահարելու համար, որոնք առաջացած էին 2013 թուականի յեղաշրջումէն յետոյ[56]։

Նախագահ Ալ-Սիսին ԱՄՆ նախագահԴոնալդ Թրամփի հետ, 2017 թուականի մայիսի 21։

1973 թուականիԱրաբա-Իսրայէլական պատերազմէն եւ անոր յաջորդած խաղաղութեան պայմանագիրէն յետոյ, Եգիպտոսը դարձած է արաբական առաջին պետութիւնը, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է Իսրայէլի հետ։ Այդուհանդերձ, շատ եգիպտացիներու կարծիքով Իսրայէլը կը շարունակէ դիտարկուիլ որպէս թշնամի պետութիւն[57]։ Պատմականօրէն Եգիպտոսն ունեցած է միջնորդի դեր՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ առկայ հակամարտութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ։ Վերջինս աշխոյժօրէն ներգրաւուած էԻսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան եւ խաղաղութեան գործընթացի կազմակերպման մէջ[58]։Կազայի մէջ հրադադարի պահպանման եւ միջնորդութեան Եգիպտոսի ջանքերը, կարծես թէ կը խաթարուէին, երբ 2005 թուականին Իսրայէլը սկսաւ առաջնագիծէն տեղահանել իր բնակավայրերը, չնայած, Մուհամմատ Մուրսիի տապալումէն յետոյ, Կազայի մէջ Համասի կառավարութեան նկատմամբ հասունցող դժգոհութիւններուն[59]։ Այդ ընթացքին այնպիսի պետութիւններ, ինչպիսին Թուրքիան եւ Քաթարը, կը ցանկային ստանձնել միջնորդի դերը[60]։

Եգիպտոսի եւՄերձաւոր Արեւելքի ոչ արաբական միւս պետութիւններու յարաբերութիւնները, այդ կարգին նաեւԻրանի եւԹուրքիայի հետ, յաճախ կը լարուէին։ Իրանի հետ յարաբերութիւններու լարումը գլխաւորաբար պայմանաւորուած է Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի միջեւ առկայ խաղաղութեան պայմանագրով եւ Պարսից ծոցին մէջ Եգիպտոսի աւանդական դաշնակիցներով, որոնք թշնամական յարաբերութիւններ ունին Իրանի հետ[61]։ Թուրքիայի կողմէ, ներկայիս արգիլուած, «Մուսուլման եղբայրներուն» աջակցութիւնը եւ ներգրաւումըԼիպիայի քաղաքացիական պատերազմին մէջ, երբեմն կը լարէ Եգիպտոսի հետ վերջինիս յարաբերութիւնները[62][63]։

ԵգիպտոսըՉմիացած երկիրների շարժման եւՄիացեալ ազգերու կազմակերպութեան հիմնադիր անդամ է։ Սկսած 1983 թուականէն Եգիպտոսը կ'անդամակցէ նաեւՖրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան։ Երկրի նախկին փոխվարչապետՊութրոս Պութրոս-Ղալին 1991-1996 թուականներուն եղած էՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար։

2008 թուականին Եգիպտոսի մէջ հաշուարկուած է շուրջ երկու միլիոն Ափրիկեցի փախստականներ, ներառեալՍուտանի շուրջ 20,000 քաղաքացիներ, որոնքՄԱԿ-ի Փախստականների հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի կողմէ գրանցուած են որպէս փախստականներ, որոնք փրկուած են զինուած հակամարտութենէն կամ կը հայցեն ապաստան։ Եգիպտոսը, սահմանային վերահսկողութեան ժամանակ, յաճախ կը կիրառէ «կտրուկ, երբեմն մահացու» մեթոտներ[64]։

Վարչական բաժանում

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]
Հիմնական յօդուած՝Եգիպտոսի վարչական բաժանում։

Եգիպտոսը բաժնուած է 27 մուհաֆազաներու։ Իրենց հերթին մուհաֆազաները բաժնուած են շրջաններու։ Շրջանները ունին քաղաքներ եւ գիւղեր։ Իւրաքանչիւր մուհաֆազա ունի մայրաքաղաք եւ կեդրոնական քաղաք, որ շատ յաճախ կը կրէ մուհաֆազայի անունը[65]։

Կաղապար:Center

Պատկերասրահ

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]

Բնակչութիւն

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]
Բնակչութեան1960-2023 թուականների վիճակագրություն
ՏարիԲնակչութիւն
196027 997 745 ± 99 մարդ[66]
196128 785 879 մարդ[66]
196229 590 639 մարդ[66]
196330 409 962 մարդ[66]
196431 241 836 մարդ[66]
196532 083 955 մարդ[66]
196632 937 066 մարդ[66]
196733 798 820 մարդ[66]
196833 204 629 մարդ[66]
196935 510 567 մարդ[66]
197036 342 268 մարդ[66]
197137 152 209 մարդ[66]
197237 945 429 մարդ[66]
197338 733 784 մարդ[66]
197439 533 995 մարդ[66]
ՏարիԲնակչութիւն
197540 359 038 մարդ[66]
197641 212 513 մարդ[66]
197742 093 668 մարդ[66]
197843 005 773 մարդ[66]
197943 951 351 մարդ[66]
198044 931 971 մարդ[66]
198145 945 655 մարդ[66]
198246 991 385 մարդ[66]
198348 071 851 մարդ[66]
198449 190 419 մարդ[66]
198550 346 551 մարդ[66]
198651 545 011 մարդ[66]
198752 776 850 մարդ[66]
198854 011 214 մարդ[66]
198955 207 254 մարդ[66]
ՏարիԲնակչութիւն
199056 336 614 մարդ[66]
199157 387 589 մարդ[66]
199258 370 712 մարդ[66]
199359 307 778 մարդ[66]
199460 231 864 մարդ[66]
199561 168 397 մարդ[66]
199659 276 672 մարդ[67]
199763 094 069 մարդ[66]
199864 084 443 մարդ[66]
199965 097 777 մարդ[66]
200066 136 590 մարդ[66]
200167 204 189 մարդ[66]
200268 302 914 մարդ[66]
200369 432 477 մարդ[66]
200470 591 288 մարդ[66]
ՏարիԲնակչութիւն
200571 777 678 մարդ[66]
200672 798 031 մարդ[67]
200774 229 577 մարդ[66]
200875 491 922 մարդ[66]
200976 775 023 մարդ[66]
201078 075 705 մարդ[66]
201179 392 466 մարդ[66]
201280 721 874 մարդ[66]
201382 056 378 մարդ[66]
201794 798 827 մարդ[67]
2023114 535 772 մարդ[2]
2023107 476 864 մարդ[68]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել |Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 2 //(unspecified title)
  2. 2,02,1https://data.who.int/countries/818
  3. https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2021e/africa
  4. Human Development ReportՄիավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.
  5. Midant-Reynes Béatrix (2000)։The Prehistory of Egypt: From the First Egyptians to the First Kings։ Oxford: Blackwell Publishers 
  6. «Constitution of The Arab Republic of Egypt 2014»։sis.gov.eg։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2015 թ․ հուլիսի 18-ին։ արտագրուած է՝ 2017 թ․ ապրիլի 13 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն);|df= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  7. «South Africa just lost its spot as Africa's second largest economy»։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2017 թ․ նոյեմբերի 13-ին։ արտագրուած է՝ 2017 թ․ նոյեմբերի 11 |df= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն);|url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  8. «South Africa's Economy Falls To Third Behind Nigeria, Egypt»։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2017 թ․ դեկտեմբերի 1-ին։ արտագրուած է՝ 2017 թ․ նոյեմբերի 19 |df= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն);|url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  9. Midant-Reynes, Béatrix.The Prehistory of Egypt: From the First Egyptians to the First Kings. Oxford: Blackwell Publishers.
  10. «The Nile Valley 6000–4000 BCE Neolithic»։ The British Museum։ 2005։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2009 թ․ փետրվարի 14-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ օգոստոսի 21 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  11. Bard, Kathryn A. Ian Shaw, ed.The Oxford Illustrated History of Ancient Egypt. Oxford: Oxford University Press, 2000. p. 69.
  12. «The Fall of the Egyptian Old Kingdom»։ BBC։ 2011 թ․ փետրվարի 17։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2011 թ․ նոյեմբերի 17-ին։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ նոյեմբերի 3 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն);|df= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  13. «The Kushite Conquest of Egypt»։ Ancientsudan.org։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2011 թ․ փետրվարի 1-ին։ արտագրուած է՝ 2010 թ․ օգոստոսի 25 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  14. Shaw (2002) p. 383
  15. Bowman Alan K (1996)։Egypt after the Pharaohs 332 BC – AD 642 (2nd հրտրկթն․)։ Berkeley: University of California Press։ էջեր 25–26։ISBN 0-520-20531-6 
  16. Stanwick Paul Edmond (2003)։Portraits of the Ptolemies: Greek kings as Egyptian pharaohs։ Austin: University of Texas Press։ISBN 0-292-77772-8 
  17. «Egypt»։ Berkley Center for Religion, Peace, and World Affairs։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2011 թ․ դեկտեմբերի 20-ին։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ դեկտեմբերի 14 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն) See drop-down essay on "Islamic Conquest and the Ottoman Empire"
  18. Kamil, Jill.Coptic Egypt: History and Guide. Cairo: American University in Cairo, 1997. p. 39
  19. Goldschmidt Arthur (1988)։Modern Egypt: The Formation of a Nation-State։ Boulder, CO: Westview Press։ էջ 5։ISBN 978-0-86531-182-4։Արխիվացված օրիգինալից 6 September 2015-ին։ Վերցված է20 June 2015 |df= պարամետրը գոյություն չունի (օգնություն)
  20. «Background Note: Egypt»։ United States Department of State Bureau of Near Eastern Affairs։ 10 November 2010։ Վերցված է5 March 2011 |df= պարամետրը գոյություն չունի (օգնություն)
  21. Pierre Crabitès (1935)։Ibrahim of Egypt։ Routledge։ էջ 1։ISBN 978-0-415-81121-7։Արխիվացված օրիգինալից 9 May 2013-ին։ Վերցված է10 February 2013։ «... on July 9, 1805, Constantinople conferred upon Muhammad Ali the pashalik of Cairo ...» |df= պարամետրը գոյություն չունի (օգնություն)
  22. «Egypt to build new administrative and business capital»։BBC News։ 2015 թ․ մարտի 13։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2018 թ․ դեկտեմբերի 16-ին։ արտագրուած է՝ 2018 թ․ հունիսի 20 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն);|df= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  23. «Timetable for Egypt's parliamentary elections announced; voting to start 17 Oct»։ Ahram Online։ 2015 թ․ օգոստոսի 30։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2015 թ․ սեպտեմբերի 4-ին։ արտագրուած է՝ 2015 թ․ սեպտեմբերի 11 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  24. Stanwick Paul Edmond (2003)։Portraits of the Ptolemies: Greek kings as Egyptian pharaohs։ Austin: University of Texas Press։ISBN 0-292-77772-8 
  25. «El-Sisi wins Egypt's presidential race with 96.91%»։English.Ahram.org։ Ahram Online։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ հուլիսի 31-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հուլիսի 28 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  26. «Think Again: The Muslim Brotherhood»։ Al-Monitor։ 2013 թ․ հունվարի 28։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2017 թ․ փետրվարի 2-ին։ արտագրուած է՝ 2016 թ․ դեկտեմբերի 7 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  27. «Who's Who: Members of Egypt's 50-member constitution committee»։Al-Ahram։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2013 թ․ սեպտեմբերի 3-ին։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ սեպտեմբերի 1 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  28. «Egypt»։Freedom in the World 2013։ Freedom House։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2013 թ․ փետրվարի 4-ին։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ փետրվարի 7 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  29. Jankowski, James. "Egypt and Early Arab Nationalism" in Rashid Khalidi, ed.The Origins of Arab Nationalism. New York: Columbia University Press, 1990, pp. 244–45
  30. Dawisha Adeed (2003)։Arab Nationalism in the Twentieth Century։ Princeton: Princeton University Press։ էջեր 264–265, 267 
  31. 31,031,1Brown Nathan J.։«Mechanisms of Accountability in Arab Governance: The Present and Future of Judiciaries and Parliaments in the Arab World»։ Programme on Governance in the Arab Region։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ հունիսի 5-ին 
  32. Gehlen, M. (2015)Al-Dschasira-Journalisten zu drei Jahren Haft verurteiltArchived 30 August 2015 at the Wayback Machine., Zeit Online, 29 August 2015
  33. Cambanis Thanassis (2010 թ․ սեպտեմբերի 11)։«Succession Gives Army a Stiff Test in Egypt»։The New York Times (Egypt)։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2011 թ․ հոկտեմբերի 27-ին։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ նոյեմբերի 3 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  34. Cambanis Thanassis (2010 թ․ սեպտեմբերի 11)։«Succession Gives Army a Stiff Test in Egypt»։The New York Times։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2011 թ․ մայիսի 3-ին։ արտագրուած է՝ 2010 թ․ սեպտեմբերի 11 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  35. Marshall, Shana (2015 թ․ ապրիլի 15)։«The Egyptian Armed Forces and the Remaking of an Economic Empire»։Carnegie Endowment for International Peace։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2015 թ․ հուլիսի 9-ին։ արտագրուած է՝ 2015 թ․ հունիսի 23 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  36. Steinitz Yuval (2006 թ․ դեկտեմբերի 4)։«Not the peace we expected»։Haaretz։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2009 թ․ ապրիլի 17-ին։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ փետրվարի 8 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  37. Katz Yaacov (2007 թ․ հունվարի 15)։«Egypt to launch first spy satellite»։The Jerusalem Post 
  38. Stephen Clark (2014 թ․ ապրիլի 16)։«Egyptian reconnaissance satellite launched by Soyuz»։ Spaceflight Now։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ ապրիլի 19-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ ապրիլի 18 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  39. «Obama restores US military aid to Egypt over Islamic State concerns»։The Guardian։ 2015 թ․ մարտի 31։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2016 թ․ դեկտեմբերի 14-ին։ արտագրուած է՝ 2016 թ․ դեկտեմբերի 14 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  40. «The U.S. gives Egypt $1.5 billion a year in aid. Here's what it does.»։The Washington Post։ 2013 թ․ հուլիսի 9։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2015 թ․ հուլիսի 15-ին։ արտագրուած է՝ 2017 թ․ օգոստոսի 26 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  41. Sharp, Jeremy M. (2014 թ․ հունիսի 5)։«Egypt: Background and U.S. Relations»։ Congressional Research Service։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ սեպտեմբերի 9-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 8 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  42. Holland, Steve, Mason, Jeff (2013 թ․ օգոստոսի 15)։«Obama cancels military exercises, condemns violence in Egypt»։Reuters։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 14-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 8 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  43. Iqbal, Jawad (2015 թ․ մայիսի 7)։«Business as usual for Egypt and the West»։ BBC։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2015 թ․ օգոստոսի 1-ին։ արտագրուած է՝ 2015 թ․ հունիսի 23 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  44. «Egypt 'has key role' in fight against Islamic State – Kerry»։ BBC։ 2014 թ․ սեպտեմբերի 13։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 4-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 18 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  45. Adler, Stephen, Mably, Richard (2014 թ․ մայիսի 15)։«Exclusive: Egypt's Sisi asks for U.S. help in fighting terrorism»։Reuters։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 23-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 18 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  46. «Egypt's Sisi congratulates US President elect Donald Trump»։ Ahram Online։ 2016 թ․ նոյեմբերի 9։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2016 թ․ նոյեմբերի 9-ին։ արտագրուած է՝ 2016 թ․ նոյեմբերի 9 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  47. Reuters. (10 February 2017). "Analysis: Trump presidency heralds new era of US-Egypt ties ". (Jerusalem)Jerusalem Post websiteArchived 15 April 2017 at the Wayback Machine. Retrieved 10 February 2017.
  48. Baker Peter, Walsh Declan (2017 թ․ ապրիլի 3)։«Trump Shifts Course on Egypt, Praising Its Authoritarian Leader»։The New York Times (en-US)։ISSN 0362-4331։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2019 թ․ փետրվարի 15-ին։ արտագրուած է՝ 2019 թ․ փետրվարի 10 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  49. Naumkin, Vitaly (2014 թ․ օգոստոսի 13)։«Russia, Egypt draw closer»։ Al-Monitor։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ օգոստոսի 17-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 8 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  50. «Russia, Egypt seal preliminary arms deal worth $3.5 billion: agency»։Reuters։ 2014 թ․ սեպտեմբերի 17։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 14-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 8 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  51. Anishchuk, Alexei (2014 թ․ օգոստոսի 12)։«Russia to boost trade with Egypt after Western food ban»։ Yahoo News։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 14-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 8 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  52. "China's Egypt OpportunityArchived 27 September 2015 at the Wayback Machine.".The Diplomat. 24 December 2014
  53. «Which Countries Are For or Against China's Xinjiang Policies?»։The Diplomat։ 2019 թ․ հուլիսի 15 
  54. Wilson, Nigel (2014 թ․ հոկտեմբերի 13)։«Saudi Arabia and UAE to Prop Up Egypt With $5bn Aid Boost»։International Business Times։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 19-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 17 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  55. Knickmeyer, Ellen (2013 թ․ օգոստոսի 18)։«Saudi King Offers Support to Egyptian Military»։The Wall Street Journal։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2015 թ․ ապրիլի 11-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 17 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  56. "Saudi King Abdullah visits Egypt's SisiArchived 7 February 2015 at the Wayback Machine.". Al-Jazeera. 20 June 2014.
  57. "Massive Israel protests hit universities" (Egyptian Mail, 16 March 2010) "According to most Egyptians, almost 31 years after a peace treaty was signed between Egypt and Israel, having normal ties between the two countries is still a potent accusation and Israel is largely considered to be an enemy country"
  58. Maddy-Weitzmann, Bruce (1997)։Middle East Contemporary Survey: 1995, Volume 19; Volume 1995։ Moshe Dayan Center։ էջ 265։ISBN 978-0-8133-3411-0 
  59. "This time, Gaza fighting is 'proxy war' for entire MideastArchived 16 October 2014 at the Wayback Machine.". CNN News. 1 August 2014.
  60. Hanna, Michael W. (2014 թ․ օգոստոսի 13)։«The Sisi Doctrine»։Foreign Policy։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 13-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 8 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  61. Shama, Nael (2013)։Egyptian Foreign Policy: Against the National Interest։ Routledge։ էջեր 129–131 
  62. Cagaptay, Soner, Sievers, Marc (2015 թ․ մարտի 8)։«Turkey and Egypt's Great Game in the Middle East»։Foreign Affairs։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2015 թ․ հունիսի 23-ին։ արտագրուած է՝ 2015 թ․ հունիսի 23 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  63. Mezzofiore, Gianluca (2014 թ․ սեպտեմբերի 30)։«Boycott Turkey Movement Grows in Egypt After Erdogan's Inflammatory UN Speech»։International Business Times։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 22-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 17 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  64. Soussi, Alasdair (2008 թ․ նոյեմբերի 9)։«Desperate on the Border»։Jerusalem Report։ արխիւացուած էբնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ հոկտեմբերի 31-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ սեպտեմբերի 30 |url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
  65. Pierre Beckouche (2017)։Europe's Mediterranean Neighbourhood։ Edward Elgar Publishing։ էջ 121։ISBN 978-1-78643-149-3 
  66. 66,0066,0166,0266,0366,0466,0566,0666,0766,0866,0966,1066,1166,1266,1366,1466,1566,1666,1766,1866,1966,2066,2166,2266,2366,2466,2566,2666,2766,2866,2966,3066,3166,3266,3366,3466,3566,3666,3766,3866,3966,4066,4166,4266,4366,4466,4566,4666,4766,4866,4966,5066,51Համաշխարհային բանկի տվյալների բազաՀամաշխարհային Դրամատուն.
  67. 67,067,167,2https://www.citypopulation.de/Egypt-Cities.html
  68. https://www.worldometers.info/world-population/egypt-population/
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/w/index.php?title=Եգիպտոս&oldid=239289» էջէն
Ստորոգութիւններ:
Թաքուն ստորոգութիւններ:

[8]ページ先頭

©2009-2025 Movatter.jp