Դամասկոս աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն է, առաջին անգամ յիշատակուած է Ք.Ա. 2500-ին։ Եղած էՕմայեան խալիֆայութեան մայրաքաղաքը 661-750 թուականներուն։ Հին քաղաքը յայտնի է եօթ դռներով, որոնց մեծ մասը պահպանուած եւ վերանորոգուած է։ Անոնցմէ նշանաւորներն են Պապ Շարքի (արաբերէն՝باب شرقي)՝ արեւելեան դուռ) եւ Պապ Թուման (արաբ․՝ باب توما՝ Թովմասի դուռ)։
Դամասկոս քաղաքին մէջ կը գտնուի Սուրիոյ ամենամեծ եւ ամենահին համալասրանը։ Կը գործեն նաեւ յատուկ մասնագիտութիւններու համալսարաններ եւ հիմնարկներ քաղաքին շրջակայ տարածքներուն մէջ.
Անոնցմէ են՝
Սուրիոյ հիմնական համալսարանը,
Գիտութիւներու եւ Արուեստագիտութիւններու միջազգային համալսարանը,