Բարձր Հայք,Մեծ Հայքի առաջին նահանգը։
Բարձր Հայքը բաղկացած էր հետեւեալ 9 գաւառներէն.
Իր տարածքով Բարձր Հայք կը համապատասխանէ այժմեանԷրզրումի հիմնական մասին։ Ունէր ընդարձակ սարահարթեր եւ դաշտեր։
Ձմրան օդը խիստ ցուրտ է եւ առատ կը ձիւնէ, մթնոլորտային տեղումները բաւարար են։ Գլխաւոր գետըԵփրատն է, որուն մէջ Բարձր Հայքի սահմաններուն կը թափին կարգ մը վտակներ։
Բարձր Հայքը նշանաւոր էր իր սառնորակ աղբիւրներով, ոսկիով, պղինձով, աղահանքերով, քարածուխով, նաւթով եւ երկաթով։
Ք.Ա. երկրորդ հազարամեակին Բարձր Հայքի արեւմտեան շրջանները մտած են խեթական պետութեան մէջ։
Ք.Ա. 15-րդ դարէն Բարձր Հայքը,Տայքի մէկ մասըՓոքր Հայքին հետ միասին կը կազմէին Հայասա-Ազզի հայկական ցեղային միութեան տարածքը։
Ք.Ա. 189-էն Բարձր Հայք մտած է ՀայոցԱրտաշիսեան թագաւորութեան մէջ։ Նշանաւոր էր հեթանոսական հաւատքի կեդրոններով։
Նահանգին Եկեղիք գաւառինԵրիզա աւանին մէջ կը գտնուիԱնահիտ աստուածուհիին մեհեանը։ Նոյն գաւառինԹիլ աւանին մէջ կը գտնուէր պտղաբերութեան աստուածուհիին՝Նանէին մեհեանը։
Մեծ Հայքի արեւմտեան սահմանին գտնուելով՝ Բարձր Հայք հինէն ի վեր ենթարկուած է օտար տէրութիւններու յարձակումներուն։ 62-էն Բարձր Հայք մտած էԱրշակունեաց Հայոց թագաւորութեան կազմին մէջ։
ԸստՓաւստոս Բիւզանդի, Բարձր Հայքի Անի ամրոցին մէջ թաղուած են ՀայոցԱրշակունի թագաւորները։ 301-էն ետք Բարձր Հայքի Եկեղեաց գաւառին մեծ մասը դարձած էԳրիգոր Լուսաւորիչի տոհմին սեփականութիւնը։
Մեծ Հայքի 387-ի բաժանումէն ետք Բարձր Հայք կազմած է Հռոմէական Հայաստանի հիմնական մասերէն մէկը, որուն գերագոյն կառավարիչը կայսեր կողմէն նշանակուող կոմսն էր։ Նահանգը մասնատուած էր շարք մը նախարարութիւններու։ Բարձր Հայքի վարչական վիճակը կը փոխուի բիւզանդական Հուստինիանոս Ա. կայսեր կատարած վերափոխութիւններուն հետեւանքով։ Հայկական նախարարութիւնները կը վերցուին, 380-ական թուականներէն սկսեալ Բարձր Հայքի մէջ աստիճանաբար կ'ուժեղանայ բիւզանդական ազդեցութիւնը։
Է. դարու առաջին կէսին Բարձր Հայք դարձած է պարսկա-բիւզանդական պատերազմներու թատերաբեմ, նոյն դարու կէսերէն ենթարկուած է արաբական յարձակումներուն։ Նահանգը այնուհետեւ դարձած է Բիւզանդիոնի եւ արաբական արիւնոտ բախումներու թատերաբեմ։
885-էն Բարձր Հայք մտած է Բագրատունեաց Հայոց թագաւորութեան մէջ, բացառեալԿարինէն, որ կը շարունակէ մնալ խալիֆութեան սահմաններուն ռազմականը։
1314-ին ամբողջ Բարձր Հայքը ենթարկուած է ծանր հարկահանութեան, փակուած են եկեղեցիները, բնակչութեան մէկ մասը հաւատափոխ եղած է, ոմանք վաճառած են իրենց զաւակները կամ փախած այլեւայլ վայրեր։
1394-ին Բարձր Հայքը գրաւած ենԼենկ-թեմուրին հրոսակները եւ նահանգին բնակչութիւնը ենթարկուած է նորանոր արհաւիրքներու։ 1514-ին նահանգը գրաւած էօսմանեան Թուրքիան։ 1555 եւ 1639 թուականներուն թուրք-պարսկական պայմանագիրով Բարձր Հայքը վերջնականապէս անցած է Թուրքիոյ՝ ընդգրկելով Էրզրումի փաշայութեան մէջ։