Անձրեւը տեղումներու ձեւ մըն է, երբ մթնոլորտիջերմաստիճանի փոփոխութիւններու եւ խոնաւութեան խտացումին արդիւնքով ջրակաթիլները կ'իյնան գետինին վրայ՝ ծանրութեան ուժին շնորհիւ։ Անիկա կը կազմէ աշխարհի քաղցրահամջրային պաշարներուն հիմնական մասը[1]։
Անձրեւի ձեւաւորման եւ բաշխման մէջ կարեւոր դեր կը խաղան՝
Քաղաքային ջերմայինկղզիի ազդեցութիւնը, որ մեծ քաղաքներուն մէջ աւելի առատ եւ ուժգին անձրեւի պատճառ կը դառնան։
Երկիրի կլիմայական համակարգի միջին ջերմաստիճանի բարձրացումը, որ կը փոխէ տեղումներու համաշխարհային պատկերը՝ ստեղծելով աւելի խոնաւ պայմաններհիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան շրջաններուն մէջ եւ աւելի չոր պայմաններ՝արեւադարձային գօտիներուն մէջ։
Ժամանակակից եղանակագիտութեան մէջ տեղումներու քանակը կարելի է գնահատել նաեւ եղանակային «ռատար»ով։
Կլիմայական դասակարգումներ, ինչպէս Կյոփպէնի համակարգը, տեղումներու տարեկան միջին ծաւալը կը գործածեն տարբեր կլիմայական գօտիներ իրարու հետ համեմատելու համար[2]։