Ամսուան ՅօդուածըԱրհեստական բանականութեան արագ զարգացում կը նշանակէարհեստական բանականութեան (ԱԲ) բնագաւառին մէջ արագ եւ լայնածաւալ աճի ժամանակաշրջան մը։ Այս զարգացումը սկիզբ կ'առնէ՝ 2010-ականներուն, սակայն զգալի աճ կ'արձանագրէ 2020-ականներուն։ Այս ժամանակաշրջանը երբեմն կը կոչուի նաեւ «Արհեստական Բանականութեան Գարունը». եզր մը, որ կը գործածուի զանազանելու համար զայն նախորդող «Արհեստական Բանականութեան Ձմեռներ»էն։ 2025-ի դրութեամբ, «ChatGPT»ն դարձած է աշխարհի տարածքին ամէնէն շատ այցելուող կայքերէն չորրորդը՝ զիջելով միայն«Կուկըլ»ին (Google),«Եություպ»ին (YouTube) եւԴիմատետրին (Facebook)։
Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր | Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուիՈւիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։ Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւյունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է2001-ի Յունուարին,Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝13 358-է աւելիարեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ2019-էն սկսեալԱրեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուիՈւիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած էարեւմտահայերէնով եւ ունի13 358 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝